Ազրպէյճան կը խախտէ հրադադարը՝ կրակելով խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանցիները դարձեալ կրակեցին իրենց արտերուն մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ

Ամարասի հովիտի խաղողի այգիներուն մէջ, 15 մարտին երեք քաղաքացիներ երկրագործական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին յայտնուեցան յարակից ազրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրձիգներով արձակուող անկանոն կրակոցներու տակ:

Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կրակոցներուն պատճառով կանգ առած են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Տուժողներ չկան:

Ռուս խաղաղապահները յայտնեցին, որ 14 մարտին հրադադարի խախտում արձանագրած են Մարտունիի մէջ։

Միւս կողմէ, Ազրպէյճան դարձեալ տարածեց ապատեղեկատութիւն, իբր հայկական դիքապահները կրակած են Ազրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները հերքեցին եւ ապատեղեկատուութիւն որակեցին զանոնք։

Ստեփանակերտ կը հերքէ Հայաստանէն Արցախ զինուորներու եւ զէնքի փոխադրութեան մասին Ազրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները 13 մարտին անգամ մը եւս ապատեղեկատուութիւն տարածեցին այն մասին, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ծառայողներուն ընկերակցութեամբ Հայաստանէն Արցախ զինուորներ ու զէնք տեղափոխուած է` կից հրապարակելով ինքնաշարժներու փոքր շարասիւնի տեսանիւթ մը:

Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ թշնամիին հրապարակած տեսանիւթին մէջ ոչ թէ ռազմական, այլեւ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան պատկանող ինքնաշարժներ են: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան աշխատողները Արցախի խաղաղ բնակիչներուն՝ ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ ուղղուած են դէպի Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղը:

«Հաշուի առնելով այդ ճանապարհի լեռնային ու խիստ դժուարանցանելի բնոյթը` Արցախի փրկարարները ստիպուած էին Ուազ մեքենաներով կազմակերպել քաղաքացիներու փոխադրումը: Իսկ ռուս խաղաղապահները կատարած են իրենց գործառոյթները` ապահովելու համար քաղաքացիական անձերու անվտանգութիւնը, առաւել եւս` 5 մարտի ներթափանցման յարձակումէն ետք առաջացած լրացուցիչ վտանգներու պայմաններուն մէջ», կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ստեփանակերտ կը հերքէ 5 մարտին Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին հանդիպումը արցախցիներու հետ

Պաշտօնական Ստեփանակերտ հերքեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը 5 մարտին հանդիպում ունեցած է Ղարաբաղի հայերուն հետ:

14 մարտին, Պերլինի մէջ, Գերմանիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ 5 մարտին, երբ ազրպէյճանցիներու յարձակման պատճառով Արցախի մէջ երեք ոստիկաններ սպաննուեցան, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ Ղարաբաղի հայերուն հետ: Թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ տեղի ունեցաւ այդ հանդիպումը՝ Ալիեւ չյայտնեց:

«Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Արցախի նախագահի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեան ըսաւ, որ 5 մարտին հանդիպում տեղի չէ ունեցած: 

Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած է Պաքու

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած է Պաքու` հանդիպման:

Յիշեցնենք, որ 1 մարտին հաղորդուած էր Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հանդիպման մասին:

Ազրպէյճանի ԱՓԱ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այժմ Ազրպէյճան կ’առաջարկէ յառաջիկայ օրերուն 2-րդ հանդիպումը կատարել Պաքուի մէջ` քննարկելով այսպէս կոչուած «վերահամարկման» եւ Արցախի մէջ «ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացման» հարցերը:

Ստեփանակերտը պատրաստ է հանդիպման, բայց` ո՛չ Պաքուի մէջ եւ ո՛չ ալ Ազրպէյճանի օրակարգով

Պաշտօնական Ստեփանակերտը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ այնտեղ, ուր նախորդ հանդիպումը կատարուած էր: 1 մարտին կողմերը հանդիպած էին Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդեց, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ըլլան մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիք հարցեր` «առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման»:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց, թէ տագնապի համապարփակ կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ հաստատուած ձեւաչափով` «կողմերու հաւասար իրաւունքներու եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Ազրպէյճան կը սկսի Թալիշ գիւղի եւ մինչեւ տարեվերջ՝ Բերձորի բնակեցմանը

Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ ազրպէյճանական կառավարութիւնը կը ծրագրէ մինչեւ այս տարուան վերջը սկսիլ Բերձորի բնակեցմանը:

«Ենթադրաբար, Զաբուխ ու Սուս գիւղերուն մէջ պիտի բնակեցուի 296 ընտանիք», յայտարարեց Ասատով` յիշեցնելով, որ այս օրերուն արդէն Թալիշ գիւղին մէջ 20 ընտանիք հաստատուած է:

Յիշեցնենք, որ Բերձոր քաղաքը, Աղաւնոն ու Սուսը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան համաձայն, անցեալ տարուան օգոստոսին:

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը գրաւեցին 3 հոկտեմբեր 2020-ին: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց այդ գիւղին մէջ լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկին մասին:

Ազրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով խիստ նուազած են Սարսանգի ջրային պաշարները

Արցախի Հանրապետութեան Ջրային կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արարատ Խաչատրեան յայտնեց, որ Սարսանգի ջրային պաշարները խիստ նուազած են եւ ջրամբարի ջուրի մակարդակը ամէն օր կը նուազի 50 սանտիմեթրով:

(լուսանկարը՝ armgeo.am-ի)

«Արցախի ելեկտրականութեան միակ աղբիւրը այժմ Սարսանգի ջրամբարն է: Համեմատելով անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածի հետ` ունինք աւելի քան 8 մեթր ցածր նիշ», մանրամասնեց Խաչատրեան:

Անոր գնահատմամբ` ընթացիկ տարուան մէջ հնարաւոր չէ վերականգնել ջուրի մակարդակը` հասցնելով տարեսկիզբի ցուցանիշին։ Ան յոյս յայտնեց, որ գարնան, գետերու վարարումներով Սարսանգի ջուրի ծաւալը կը մեծնայ, բայց նոյնիսկ այդ պարագային գոհացուցիչ մակարդակի չի հասնիր:

Յիշեցնենք, որ 9 յունուարէն ի վեր վնասուած է Հայաստանէն Արցախ մտնող ելեկտրականութեան բարձրաոլթ գիծը եւ Ազրպէյճանը թոյլ չի տար զայն նորոգելու։ Այդ իսկ պատճառով Արցախի ելեկտրականութիւնը հիմնականօրէն Սարսանգէն կ’ապահովուի։ Պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ մնացած է 5 փոքր ջրաելեկրտակայաններ, որոնք միայն 20 տոկոսով կ’աշխատին։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախին

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու նպատակով Բերձորի միջացքի շրջափակումէն ի վեր Արցախին նուիրաբերած է 100 թոն պարէնամթերք (մակարոնեղէն, հնդկաձաւար, բրինձ, շաքարաւազ), 200 թոն ալիւր,  211,000 կգ գետնախնձորի սերմ եւ 21,600 լիթր արեւածաղկի ձէթ:


Ստեփանակերտի մէջ ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ կազմակերպուած է

Ստեփանակերտի մէջ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան հովանաւորութեամբ 16 մարտին,  կազմակերպուած է ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ` նուիրուած կանանց միամսեակին:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ մրցոյթին նպատակն էր նպաստել աշակերտներու գեղագիտական դաստիարակութեան եւ ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացման, աջակցիլ գործնական հմտութիւններու ձեռքբերմանը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կապը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են անսահմանափակ քանակով ձեռքի աշխատանքներ` «գորգագործութիւն», «գոբելեն», «խեցեգործութիւն»,  «հուլունքագործութիւն», «նկարչութիւն»,  «քանդակ» եւ այլ ճիւղերէն, որոնք կը խորհրդանշեն Մայրութեան եւ գեղեցկութեան խորհուրդը:

Մրցանակային առաջին տեղը գրաւած է Ասկերանի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը,երկրորդը՝ Ստեփանակերտի, իսկ երրորդը` Մարտակերտի մանկապատաներակն ստեղծագործական կեդրոնները: