«Նուիրատուներու գնահատանքի երեկոյ»՝ Հայ կեդրոնին մէջ


Հինգշաբթի, 16 մարտին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին կազմակերպած «Նուիրատուներու գնահատանքի երեկոյ»-ն, կեդրոնի սրահին մէջ:

Հանդիսավար Նայիրի Շարապխանեանը կատարեց երեկոյի բացումը եւ ձեռնհասօրէն գործադրութեան դրաւ ձեռնարկին յայտագիրը: «Այս երեկոյ, սրահին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անհատ իրարու միացնողը՝ անցնող տարիներու ընթացքին Հայ կեդրոնին նիւթապէս սատարած ըլլալն է: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը միշտ հանդէս եկած է նոր եւ նորարար ծրագիրներով` ի նպաստ թորոնթոհայ համայնքին: Բոլոր ծրագիրները միշտ ալ հասած են իրենց լրումին եւ պսակուած են յաջողութեամբ,  շնորհիւ ձեզի նման նուիրատու գործընկերներու նշանակալից ներդրումին», ըսաւ Շարապխանեան:

Ապա, ան Հայ կեդրոնի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն, ըսելով, որ նուիրատուներուն  անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ է, որ կեդրոնը կրցաւ դիմակայել իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ամրապնդեց իր կենսունակ մնալու դիմակայութիւնը՝ գանատահայ յաջորդ սերունդներուն համար:

Շարապխանեան յաջորդաբար, հրաւիրեց` Յակոբ Թորոսեանը, որ ներկայացուց կեդրոնի Արագ բնակարանային նախաձեռնութիւնն (Rapid Housing Initiative) ու Երկարատեւ խնամքի (Long Term Care) ծրագիրը, Արփի Թիթիզեանը, որ ներկայացուց Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը, Գարինա Հասըրճեանը, որ ներկայացուց Սառա Քորնինկ կեդրոնի (Sara Corning Centre for Genocide Education) նորութիւնները, եւ Ռոզալի Ուաննէսը, որ նորութիւններ յայտնեց Թորոնթոյի հանրային մէկ տարածքին մէջ զետեղուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի ծրագրին մասին:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեանը: «Այսօր, մեր գաղութը ունի տարիներ առաջ գաղթած անդամներ, այստեղ նոր գաղթած անդամներ եւ հոս ծնած ու հոս մեծցած անդամներ: Այսօր, այս շէնքին մէջ դաստիարակուած սերունդ մը ջահը վերցուցած է եւ կը շարունակէ պայքարը մեր նպատակները իրականացնելու: Այս բոլորը կը պարտինք ձեզի, սիրելի ժողովուրդ. վստահ ենք, որ ձեր շարունակական աջակցութեամբ տակաւին շատ յաջողութիւններ պիտի տեսնենք ու միայն պիտի զօրացնենք մեր գաղութն ու սուրբ հայրենիքը», Աճէմեանը ըսաւ:

Ներկաները գինիի եւ աղանդերի սեղանին շուրջ նշեցին համայնքին յաջողութիւնները: