Քաղաքական եւ ընկերային կեանքը շրջափակման մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի Հանրապետութիւնը 82 օրերէ ի վեր կը մնայ շրջափակման մէջ՝ թշնամիին կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով։

Արցախի եւ Ազրպէյճանցի ներկայացուցիչներու հանդիպումները, միջազգային պարտաւորեցնող տարբեր որոշումները, կոչերն ու յորդորները կը մնան ապարդիւն։ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը կը փորձէ յաղթահարել ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք քաղաքական եւ ընկերային կեանքը շրջափակուած Արցախի մէջ․

* Պաքուի Եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները Արցախի մէջ հանդիպեցան

Իվանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ, 1 մարտին տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը: Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝ կողմերը քննարկեցին Լաչինի միջանցքով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ անցքը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը: Քննարկումի նիւթ եղան նաեւ Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերուն մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն կողմէ կենսոլորտի դիտարկման կարելիութիւնը։ Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատելու ուղղութեամբ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտարարեց, որ «Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական բնոյթի հարցեր` Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան ծիրէն ներս:

Պաքու, իր կարգին յայտարարեց, թէ քննարկուեցան «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերը Ազրպէյճանի մէջ համարկելու հարցը` երկրի սահմանադրութեանն եւ օրէնքներուն համապատասխան»:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կառավարութեան նիստին հակադարձեց Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ համարկելու՝ Պաքուի յայտարարութիւններուն՝ հաստատելով, որ կողմնակից են կապերու, համագործակցութեան՝ բոլոր տարբեր երկիրներու, նաեւ դրացի երկիրներու հետ, բայց կը բացառուի որեւէ համարկման գործընթաց։ Ան ընդգծեց, որ անկախ դժուարութիւններէն եւ զանազան ճնշումներէն` հաւատարիմ պիտի մնան Արցախեան շարժման գաղափարներուն եւ անկախութեան ճանապարհէն ոչ մէկ քայլի նահանջ պիտի ըլլայ։ «Անոնք, որոնք չեն կիսեր շարժման տրամաբանութիւնը, այս գլխաւոր, միակ տրամաբանութիւնը, ապա մեզի հետ քալելու իրաւունք չունին», ըսաւ ան:

* «Սարսանգ»-ի ջրամբարի մակարդակի նուազման պատճառով նաեւ հոսանքի արտադրութեան ծաւալները կրնան նուազիլ

Արցախէն կ’ահազանգեն, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին ջրամբարին մակարդակը աննախադէպ` 25 մեթրով նուազած է: Ջրամբարը լեցնելու համար, ըստ Արցախի ջրային կոմիտէի նախագահին, առնուազն 2 տարի կը պահանջուի:

«Եթէ խօսենք օգտակար ծաւալի մասին, 60 տոկոսէն աւելին արդէն իսկ օգտագործուած է», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Արցախի ջրային կոմիտէի նախագահ Գէորգի Հայրիեան:

Ան դիտել տուաւ, որ 9 Յունուարէն Արցախի մէջ ելեկտրականութեան մեծ մասը ապահովող «Սարսանգ»-ի կայանի գերծանրաբեռնուածութիւնն է պատճառը. որքան հոսանքի արտադրութեան ծաւալները աւելնան, այնքան աւելի շատ ջուր կը պահանջուի: Հայաստանէն Արցախ մտնող բարձրավոլթ ելեկտրագիծի վնասուելուն պատճառով բնակիչները արդէն աւելի քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր տեղական ելեկտրականութիւն կը սպառեն, այդ ալ՝ պարբերական անջատումներով:

Սարսանգի ջրամբարը

Տեղական միւս ջրելեկտրակայանները ամբողջական հզօրութեամբ չեն գործեր: 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի ջրելեկտրակայաններուն մեծ մասը` 30-ը, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած է:

«Ունինք աշխատող նաեւ 5 հատ փոքր ՀԷԿ, որոնք, սակաւաջուր ժամանակ է հիմա` յունուար, փետրուար ամիսները, կ’աշխատին իրենց հզօրութեան ընդամէնը 20 տոկոսի չափով: Հիմնական ծանրաբեռնուածութիւնը «Սարսանգի ՀԷԿ-ի վրայ է», նկատել տուաւ Հայրիեան:

Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումի ընթացքին պայմանաւորուած են, որ Շինուհայր-Ստեփանակերտ միակ բարձրավոլթ օդային գիծը վերանորոգուի, սակայն, Հայաստանէն Արցախ հոսանքի մատակարարումը չվերականգնեցաւ. հայ մասնագէտները տակաւին չեն կրնար մօտենալ բարձրավոլթի վնասուած հատուածը։ Այս մասին յայտնեց «Արցախէներգօ»-ի պատասխանատուն:

* Ազրպէյճանցիները կրակած են Մարտունիի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանք կատարող գիւղացիներու ուղղութեամբ

28 փետրուարին եւ 1 մարտին, ազրպէյճանցիները կրակ բացին Արցախի Մարտունի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիներու տրակտորներու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով գիւղատնտեսական աշխատանքները կանգ առած են: Իսկ 2 Մարտի կէս գիշերին Ասկերանի, Մարտակերտի և Մարտունիի գրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումներուն կողմէ թշնամիին ստորաբաժանումները՝ տարբեր տրամաչափի զէնքերով խախտած են հրադադարը։

«Ազրպէյճանի գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը վկայեն Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր` ներառեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումէն բխող յանձնառութիւններն անվերապահօրէն կատարելու չկամութեան մասին», կը նշէ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ազերիները կրակած են տրակտորներու ուղղութեամբ

* «Եռակողմ յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրում չի նախատեսուիր». Լաւրով

Լաւրովի եւ Պայրամովի մամլոյ ասուլիսը, Պաքու, 27 փետրուար

Պաշտօնական այցելութեամբ, 27 փետրուարին Պաքու այցելած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին` Ճէյհուն Պայրամովի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի հարցին։

Ան հաստատեց, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ հսկիչ անցագրային կէտերու հաստատում չի նախատեսեր։ Սակայն ան չբացառեց Հայաստանը Արցախին կապող ճամբուն վրայ թեքնիք ստուգման յաւելեալ միջոցներու ներդրումը:

* Մեծ գումարներ պիտի ներդրուի Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, կը յայտարարէ Ալիեւ 

2021-էն 2022, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ աշխատանքներուն վրայ ծախսած է շուրջ 4 միլիառ տոլար: 2 մարտին յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, նշելով, թէ այս տարի կը նախատեսուի այդ նպատակներուն համար յատկացնել առնուազն 1.7 միլիառ տոլար:

«Մենք զերոյէն կը կառուցենք նոր քաղաքներ եւ գիւղեր՝ օգտագործելով ժամանակակից քաղաքաշինութիւնը եւ օգտագործելով «խելացի քաղաք» եւ «խելացի գիւղ» հասկացութիւնները», ըսաւ ան: 

Յարգանքի տուրք` Սումգայիթի ջարդերուն 35-րդ տարելիցին

28 փետրուարին, Սումկայիթի ջարդերուն 35-րդ տարելիցին Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական եւ հոգեւոր ներկայացուցիչները Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցանեցին Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակին:

Համալիրին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ տէր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Յիշեցնենք, որ 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին մէջ Հայաստանի հետ վերամիաւորուելու պահանջով տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերը ճնշելու համար Խորհրդային Ազրպէյճանի հայաբնակ շրջաններու մէջ սկսան հայ բնակչութեան ջարդեր եւ զանգուածային տեղահանութիւններ:

Խորհրդային Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան առաջին զոհերը դարձան Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակիչները:

27-29 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ նախապէս ծրագրուած ծրագիրով տեղի հայերուն դաժանաբար սպանեցին, խոշտանգեցին, թալանեցին եւ այրեցին անոնց տուները:

* Արցախի մշակութային հարստութիւնը ներկայացուեցաւ առցանց ցուցահանդէսով

Ամերիկայի Հայկական եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանները, միաւորելով հայկական թանգարաններու հաւաքածոները, մէկ հարթակի վրայ կը ներկայացնեն Արցախի մշակութային հարստութիւնը՝ «Արցախի գանձեր» առցանց ցուցադրութեամբ:

Այս համագործակցութիւնը կը կամրջէ 16 հայկական թանգարաններ, որոնք տարիներու ընթացքին հաւաքած են հայոց մշակոյթի ու պատմութեան խօսուն վկայութիւնները եւ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած են այդ արժէքները պահպանելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ:

Ցուցադրութեան համադրողներէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի գիտական գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Ամերիկայի Հայկական թանգարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին որոշած են միասին առցանց ցուցադրութիւն կազմակերպել:

«Նկատի առնելով վերջին իրադարձութիւնները, որոնց պատճառով մենք Արցախի մէջ մշակութային մեծ ժառանգութեան կորուստ ունեցանք, որոշուեցաւ առաջին ցուցադրութիւնը նուիրել Արցախի մշակութային ժառանգութեան», նշեց ան:

Յայտնենք, որ ցուցադրութեան մասնակցեցան հետեւեալ թանգարանները` «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» թանգարան (Տիթրոյթ), Ամերիկայի Հայկական թանգարան (Պոսթոն), Արարատ Էսքիճեան թանգարան (Լոս Անճելըս), Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարան (Ստեփանակերտ), Համազգային հայագիտական միութիւն (Պոսթըն), Հայաստանի Ազգային գրադարան (Երեւան), Հայաստանի Պատմութեան թանգարան (Երեւան), Հայկական լուսանկարներու պահպանման արխիւային ծրագիր (Պոսթըն), Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ (Երեւան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան (Լիբանան-Անթիլիաս), Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան (Երեւան), Պատմաերկրագիտական թանգարան (Մարտակերտ), «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարան (Էջմիածին), Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն (Վենետիկ), Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւն (Վիեննա), «Տապան» թանգարան (Մոսկուա):

«Փորձեցինք այս փոքր ցուցադրութեամբ կարելի եղածին չափ ներկայացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը», նշեց Երանեան:

Շրջափակման 78 օրուան ընթացքին Արցախի մէջ 300 երեխայ ծնած է

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին, մինչեւ 27 փետրուարը Արցախի ծննդատուներուն մէջ ծնած է 300 երեխայ, նշուած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ։

Տեղեկագիրին համաձայն` Ազրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագծի պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ’առերեսուին լուրջ խնդիրներու` կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու պակասի հետ:
Արցախէն Հայաստան հիւանդներու տեղափոխումը կը շարունակուի իրականացուիլ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ: 26 փետրուարի դրութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 127 հիւանդ:

*Տաղանդաւոր բանաստեղծգրականագէտԱրցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը ոչ եւս է

Կեանքէն անսպասելիօրէն հեռացաւ տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրականագէտ, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Սարգիսի Յակոբեանը:

Վարդան Յակոբեան

Յակոբեան ծնած է 1948 թուականին, Արցախի Հադրութի շրջանի Արփագէտուկ (Քարինգ) գիւղը: Ուսանած է հայրենի գիւղի եօթամեայ, Պաքուի N 152 եւ հայրենի շրջանի Հին Թաղերու միջնակարգ դպրոցներուն մէջ: Բանաստեղծութիւններ սկսած է գրել տասնմէկ տարեկանէն: Դպրոցական տարիներուն զբաղած է նաեւ գեղանկարչութեամբ եւ ստեղծագործող դպրոցականներու մարզային ողիմպիականին առաջնութիւնը շահած է «Եղնիկն ու լիճը» գեղանկարին համար:

Վ. Յակոբեան Պաքուի N 152 դպրոցին մէջ ուսանողութեան ժամանակ, 9-րդ դասարանին, կոմերիտմիութենէն հեռացուած ու մեղադրուած է «շիրազեան ազգամոլութեան» մէջ: Ան ազերիական հաւատաքննիչներու ճնշման տակ ստիպուած տեղափոխուած եւ ուսումը շարունակած է հայրենի շրջանի Հին Թաղեր գիւղը:

1965 թուականին բանաստեղծութիւններ ուղարկած է Շիրազին: Անոր քաջալերանքը ստանալէ ետք Վարդան Յակոբեան կնքուած է (անձնագրային անունը` Սլաւիկ) գրական անուամբ: Պաքու, 60-ական թուականներուն, տակաւին ուսանողութեան տարիներուն, երկու տարի աշխատած է Պաքուի 26 կոմիսարներու անուան մշակոյթի հայկական տունը` իբրեւ ասմունքող: 1969 թուականին աւարտած է Պաքուի մանկավարժական հիմնարկը եւ աշխատանքի անցած` Ստեփանակերտի «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի մշակոյթի բաժինին մէջ, նախ իբրեւ գրական աշխատող, ապա` բաժինի վարիչ, խմբագիրի տեղակալ:

1983 թուականէն սկսեալ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը աշխատած է Արցախի Գրողներու միութեան մէջ` իբրեւ կազմակերպութեան ղեկավար:

Հիմնադրած եւ խմբագրած է` «Արցախ» հանդէսը, «Եղիցի Լոյս», «Պըլը-Պուղի», «Յարութիւն», «Նարեկ», «Դպրատուն» պարբերականներն ու «Արցախ» հրատարակչութիւնը:

Հեղինակ է բանաստեղծական, գրականագիտական եւ մշակութաբանական եօթը տասնեակէ աւելի ժողովածուներու, որոնք տպագրուած են Երեւանի, Ստեփանակերտի, Մոսկուայի, Պաքուի մէջ եւ այլուր:

Հեղինակ է շարք մը թատրերգութիւններու («Հայելիներ», «Քո սէրը քո տունն է», «Ես հրաժարւում եմ ինձանից», «Արցախեան բալլադ» եւ այլն), որոնք բեմադրուած են ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ մայր Հայաստանի պետական եւ ժողովրդական թատրոններու մէջ:

Վ. Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները տպագրուած են` ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, ուքրաներէնով, պարսկերէնով, վրացերէնով, պուլկարերէնով, անգլերէնով եւ այլ լեզուներով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական օրհներգին հեղինակն է:

Վ. Յակոբեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան վարչութեան նախագահն էր: Երկար տարիներու համալսարանական-մանկավարժական աշխատանքի փորձ ունէր, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութիւն, գրականութեան տեսութիւն դասաւանդած է Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ան համատեղութեան կարգով իր հիմնադրած «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանի նախագահն էր:

Նախաձեռնող խումբի յանձնարարութեամբ ղեկավարած է Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդի 1988 թուականին պատմական նստաշրջանի կայացման աշխատանքները:

Ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամ:

* Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի երկինքը» մանկական գեղանկարի մրցոյթ-ցուցահանդէս

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ 2 մարտին տեղի ունեցած է «Արցախի երկինքը» մանկական գեղանկարի մրցոյթ-ցուցահանդէս:

Փրոֆէսոր Գրիգորի Գաբրիէլեանցի անուան հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին գեղանկարներ ներկայացուցած են 112 մասնակից:

«Հիմնադրամը, կարեւորելով արուեստի դերը երեխաներու զարգացման եւ ազատ ժամանցի կազմակերպման համար, նախաձեռնած է «Արցախի երկինքը» խորագիրով մանկական գեղանկարներու մրցոյթ: Հինգ տարի առաջ ստեղծած է «Արցախի երկինքը» խորագրով լուսանկարներու շարք:

«Երեխաները ոգեշնչուելով Գաբրիէլեանցի լուսանկարներէն, գեղանկարչական տարբեր միջոցներով ստեղծած են Արցախի իրենց երկինքը», ըսած է հիմնադրամի պատասխանատու Լուսինէ Գասպարեանը:

Անոր խօսքով` մասնագիտական յանձնաժողովի գնահատումով երեք տարիքային խմբերու մէջ մրցանակային առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւած է 9 մասնակից, որոնք պարգեւատրուած են նուէրներով: