Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան կ’ամփոփէ իր տնօրինութեան տասը տարիներու գործունէութիւնը եւ կը ներկայացնէ նոր ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան վերջերս հրատարակուած զեկոյցով մը ամփոփեց իր տնօրինութեան տասը տարիներու գործունէութիւնը վեր հանելով Բաժանմունքի ձեռքբերումներն ու՝ կատարուած աշխատանքը: Ան նաեւ ներկայացուց նոր ռազմավարական ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները՝ 2023-2027 թուականներուն համար։
Հայկական բաժանմունքի առաքելութեան վերամշակուած բնաբանն է՝ «Հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»։
«Կը շարունակենք կեդրոնացած մնալ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ, յատկապէս արեւմտահայերէնի վրայ, միաժամանակ ներմուծելով նոր տարրեր, որոնք ներկայիս անհրաժեշտ են հայութեան, ինչպէս՝ գիտական հետազօտութիւններ, ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ քաղաքականութիւններ մշակելու միտումով, եւ քննական մտածողութեան զարգացում՝ ազգային հարցերուն աւելի լաւ լուծումներ բերելու համար», կը նշէ Փանոսեան:
Բաժանմունքը՝ լիովին գնահատելով հայ ազգի երկու հատուածներու միջեւ փոխկապակցութիւնը, այնուամենայնիւ կը մնայ սփիւռքակեդրոն, որ հիմնուած է ո՛չ միայն այն փաստին վրայ, որ հայ ժողովուրդի երկու երրորդը կ’ապրի Հայաստանէն դուրս, այլեւ ցուցիչ է աւելի խորունկ փիլիսոփայական հեռանկարի մը. «Սփիւռքը ազգին եւ հայ ինքնութեան անբաժան մասնիկն է, եւ ան պէտք է սնանի եւ զարգանայ, եւ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ անոր», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:
Ըստ զեկոյցին, Հայկական բաժանմունքի հնգամեայ ծրագիրը մասնաւորապէս կը կեդրոնանայ հետեւեալ չորս ուղղութիւններու վրայ․
1․ Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը՝ հովանաւորելով լեզուի իւրացումի եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներէն՝ մինչեւ լեզուն ամրապնդող թեքնաբանական նախաձեռնութիւններ:
2․ Մշակութային ստեղծագործական աջակցութիւն, ուր շեշտը կը դրուի թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արուեստներու փոխակերպող դերին վրայ հասարակութիւններու եւ անհատներու կեանքին մէջ:
3․ Հետազօտական աջակցութիւն եւ թարգմանութիւններ, որոնք կը խթանեն հասարակական/ընկերային գիտութիւններու ոլորտին մէջ քննական մտածողութիւնը եւ փաստացի հիմք կը հանդիսանան քաղաքականութեան մշակումի համար, յատկապէս Հայաստանի մէջ:
4․ Համալսարանական կրթաթոշակներ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայագիտութեան եւ ժամանակակից խնդիրներու, ինչպէս նաեւ զարգացող երկիրներու մէջ հայ ընթացաւարտ թեկնածուներու վրայ:
Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին անցնող տասը տարիներու գործունէութեան եւ յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագրին մասին աւելի մանրամասն կրնաք ծանօթանալ կարդալով Ռազմիկ Փանոսեանի զրոյցը իր ամբողջութեամբ: