«Բռնագրաւման տակ մնացած է առաւելագոյնը 40 արցախցի». Արցախն այս շաբաթ


«Արցախի մէջ մնացած է առաւելագոյնը 40 հայ»

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը X-ի (Twitter) իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանական գրաւման տակ մնացած է առաւելագոյնը 40 արցախցի:

«Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է բռնապետական Ալիեւի վարչակարգին կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան․ աւելի քան 99,96%-ը բռնի տեղահանուած է:

Արտակ Բեկլարեան (լուսանկար՝ ԱՀ կառավարութեան)

Ներկայիս ազրպէյճանական գրաւման տակ մնացած է առաւելագոյնը 40 արցախցի, եւ անոնցմէ ոմանք էթնիկ հայեր չեն. ունին ռուսական ծագում», կը յայտնէ Բեգլարեանը:

 

Արցախի ողբերգական պայթիւնի զոհերուն նախնական թիւը 212 է

Արցախի մէջ սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններուն, բռնի տեղահանութեան ծանր օրերուն` 25 սեպտեմբերին վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած չարաբաստիկ պայթիւնը իսկական դժոխք դարձաւ արցախցիներուն համար: Պատերազմի զոհերուն գումարուեցան եւս հարիւրաւորներ, այրուածքներով ու մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներով հարիւրաւորները տեղափոխուեցան հիւանդանոցներ, նոյնքան մարդու ճակատագիր տակաւին յայտնի չէ: 

(լուսանկարը՝ MediaHub-ի)

MediaHub-ը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի քննչական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ հաւաքագրուած տուեալներուն համաձայն, պայթիւնին զոհ դարձած է 212 քաղաքացի: Հայաստանեան ու արտասահմանեան հիւնադանոցներ տեղափոխուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ, անոնց մէկ մասի առողջական վիճակը ծայրայեղ ծանր է: 

Մինչեւ 4 հոկտեմբեր-ը Արցախի փրկարարներու կողմէ այդ տարածքին մէջ իրականացուած որոնողական եւ փրկարարական աշխատանքներու արդիւնքով տարհանուած դիերուն մէկ մասը կարելի եղած է ճանչնալ, 150 անճանաչելի դիակ կը գտնուի դատաբժշկական փորձաքննութեան բիւրոյի մէջ: 

Նշենք, որ Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին մօտ գտնուող, Պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող վառելիքի պահեստի տարածքին մէջ 500-է աւելի մարդ կը գտնուէր, ներառեալ` կանայք ու երեխաներ: Նախնական վարկածով պայթիւնը եւ անոր հետեւած հրդեհը անվտանգութեան կանոնները չպահպանելու հետեւանք է:

 

Կարմիր խաչը կը շարունակէ Արցախի մէջ մնացած անձերու որոնումները

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն կը շարունակէ Արցախի մէջ մնացած անձերու, որոնց կարգին տարեցներու, հիւանդներու եւ հաշմանդամներու որոնումները:

Ըստ կոմիտէի երեւանեան գրասենեակին` նախորդ օրերու այցելութիւններուն ընթացքին բաժնուած են ուտելիքի եւ մաքրութեան վերաբերող իրերու ծրարներ, կարելի եղած է նաեւ վերականգնել երեք անձերու կապը Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ:

Կոմիտէն կը նշէ, որ այցելութիւններուն կը մասնակցին նաեւ ԿԽՄԿ-ի բժիշկները, կը կատարեն մարդոց առողջական վիճակի գնահատում եւ կը հոգան անոնց բժշկական կարիքները:

 

ՄԱԿ-ի երկրորդ առաքելութիւնը մեկնեցաւ Արցախ

Ըստ «Թրենտ» ազրպէյճանական լրատուական գործակալութեան՝ 9 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի առաքելութեան երկրորդ խումբը անցաւ Աղտամով եւ ուղղուեցաւ դէպի Ասկերան-Ստեփանակերտ։

«Առաքելութեան նպատակն է՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալ եւ որոշել բնակիչներուն մարդասիրական կարիքները: Խումբին մէջ ընդգրկուած են ՄԱԿ-ի զանազան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ», կը հաղորդէ ազրպէյճանական աղբիւրը:

Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ 1 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը, Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Վլատանքա Անտրէեւայի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղ եւ զեկոյցին մէջ «ցեղային զտումներու» մասին որեւէ նշում չէ կատարած:

 

ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան Արցախ մուտքը Պաքուի կողմէ չէ արտօնուած 

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան ընդունած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութիւնը, զոր կը գլխաւորէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Կրթութիւն 2030» ստորաբաժանումի տնօրէնի պաշտօնակատար Սոպհի Տաւիլը:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը Հայաստան գործուղուած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կրթութեան ոլորտին մէջ կարիքներու գնահատման նպատակով:

Կարեւոր նկատելով առաքելութեան Հայաստան գործուղումը՝ Մարտիրոսեան ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ շուրջ 9 ամիս տեւած շրջափակման եւ անոր յաջորդած 19 սեպտեմբերի ռազմական յարձակումին պատճառով Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն հարցերը, մասնաւորապէս կրթութեան իրաւունքի ապահովման հարցը:

Փոխնախարարը մտահոգիչ նկատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնին առաջարկին՝ Ազրպէյճանի կողմէ մերժումը՝ դիտել տալով, որ այդ պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու դիտարման եւ գոյքագրման նպատակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան մուտքը չէ ապահովուած դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան եւ նորարարութեան տնօրինութեան ղեկավարը վերահաստատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու տեղահանուած աշակերտներու եւ ուսանողներու կրթութեան անընդհատութեան ապահովման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն:

 

«Հայերը Կրնան Վերադառնալ Ղարաբաղի Մէջ Իրենց Տուները». Մամետով

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 12 հոկտեմբերին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Էլնուր Մամետով մէջ յայտարարած է, որ «Ազրպէյճանը 20 սեպտեմբերին Հայաստանի 30 տարուան ապօրինի բռնագրաւումէն ետք ի վերջոյ վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստանը կրկնած է ցեղային զտման եւ քաղաքային բնակչութեան դէմ շարունակական վայրագութիւններու անհիմն մեղադրանքները, որոնք չեն արտացոլացներ այն իրականութիւնը, որ տեղի ունեցած է Ղարաբաղի տնտեսական շրջանին մէջ»:

Մամետովի հաւաստումով` Ազրպէյճանը չէ ներգրաւուած եւ պիտի չներգրաւուի Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ ցեղային զտման կամ յարձակման որեւէ ձեւի մէջ: Ըստ անոր, Ազրպէյճանը յստակացուցած է բարձրագոյն մակարդակով, որ Ղարաբաղի հայերը Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են եւ անոնք պէտք է հաւասար հիմունքներով գործադրեն նոյն իրաւունքները, զորս կը գործադրեն Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները: Հայերը, յայտարարած է Մամետով, կրնան վերադառնալ Ղարաբաղի մէջ իրենց տուները, անոնց ապահով վերադարձին համար պայմաններ պիտի ստեղծուին: Ազրպէյճանը կ՛ուզէ պահպանել իր բազմազգ կառուցուածքը:

Թէեւ յայտարարութեամբ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ պիտի մնան մինչեւ 2025 թուականը, սակայն 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումէն ետք, երբ աւելի քան 100 հազար բնակիչներ լքեցին Արցախը, Քրեմլինէն յայտարարեցին, թէ յստակ չէ` յառաջիկային ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ խաղաղապահներուն:

 

Ֆրանսան ՄԱԿի մէջ պիտի պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձին վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրել

Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրին մէջ պիտի պահանջէ որդեգրումը բանաձեւի մը, որ պայմաններ պիտի ստեղծէ հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձին համար, յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան` Ծերակոյտին մէջ արտասանած խօսքին մէջ:

Քոլոնան աւելցուցած է, որ այդ պայմանները պէտք է ներառեն Ղարաբաղի հայերու, ներառեալ պատմամշակութային իրաւունքներու պահպանման ամուր երաշխիքներ: Ատոր համար անհրաժեշտ է այդտեղ մնայուն միջազգային ներկայութիւն, եւ Ֆրանսայի բոլոր ջանքերուն նպատակը ատոր հասնիլն է:

«Բոլորն ալ կը հասկնան Միջին Արեւելքի ճգնաժամի լրջութիւնը, սակայն պէտք է նաեւ դիտարկել Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ: Այո՛, Ազրպէյճանը ծրագրած եւ կազմակերպած է աւելի քան 100 հազար հայերու Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանութիւնը, ասիկա չափազանց ծանր յանցագործութիւն է, որուն չի կրնար չհետեւիլ հակազդեցութիւնը», ըսած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

 

Պաքու «կը դատապարտէ եւ կը մերժէ» Քոլոնայի «անհիմն» մեղադրանքները

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Քոլոնայի` Ծերակոյտին մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ իրենք «վճռականօրէն կը դատապարտեն եւ կը մերժեն Ազրպէյճանին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները»:

Ինչպէս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է` «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն հայերու ծրագրուած վերաբնակեցման մասին Քոլոնայի յայտարարութիւնները կը հակասեն այս հարցին մէջ միջազգային ընտանիքին եւ նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետի` 21 սեպտեմբերին յայտնած դիրքորոշումին»:

Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Ֆրանսան Հայաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը չկատարելուն ուղղուած արձագանգի բացակայութեան համար եւ կոչ ուղղած դադրեցնելու իր կործանարար պահուածքն ու Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած սպառնալիքները:

 

«Ղարաբաղի մէջ տակաւին հայկական զինուած խումբեր կան». Ալիեւ

«Ներկայիս (Ղարաբաղի մէջ) կ’ընթանայ տարածքի զտումը զինուած խմբաւորումներէն», յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ տակաւին կան որոշ խումբեր, որոնք կը թաքնուին մեր տարածքին մէջ: 20 սեպտեմբերէն ետք եւս Ղարաբաղի մէջ զինուած սադրանքներ եղած են: Տարածքը բաւական մեծ է, լեռնային է եւ պատուած է անտառներով, ուրեմն մեզմէ որոշ ժամանակ կը պահանջուի զայն զինուած հրոսակախումբերէն մաքրելու համար», յայտարարեց Ալիեւ։

Ան նաեւ ըսաւ, որ «Պաքու երախտապարտ է Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուող միջնորդական ջանքերու համար»՝ աւելցնելով. «Ռուսիա մեր դրացին եւ դաշնակիցն է, նաեւ Հայաստանի դաշնակիցն է: Այդ երկիրը մեր տարածաշրջանին մէջ է` տարբերութեամբ այն պետութիւններուն, որոնք հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին: Եւ բնական է, որ մեր երկիրներու պատմութիւնը կ’ենթադրէ ռուսական կողմի միջնորդութիւնը»։

 

Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ 22 դիտակէտեր փակած են

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումէն ի վեր Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 7 եւ 15՝ մնայուն եւ ժամանակաւոր դիտակէտեր փակած է Ասկերանի, Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ, կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Խաղաղապահներու գործունէութեան մասին 11 հոկտեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի բնակեցուած շրջաններ ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ:

Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ են 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ: Համաձայնագիրով` զօրակազմը տեղակայուած է 5 տարի ժամկէտով, որ եւս հինգ տարիով կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտին չպահանջէ, որ առաքելութիւնը դուրս բերուի Արցախէն:

 

«Ցեղային զտումներու հիմնաւոր կասկածներ կան». ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը կը դատապարտէ Ազրպէյճանը

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց «Մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւը եւ համանուն խորհրդատուութիւնը:

Բանաձեւը կը դատապարտէ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները: Վեհաժողովը ճշդեց, որ Արցախի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հեռացած է իր հայրենիքէն՝ ֆիզիքական ոչնչացման վտանգին եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան երկարամեայ հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով: 

Վեհաժողովը ճշդեց, որ ցեղային զտումներու իրականացման հիմնաւոր կասկածներ կան: Նշեց, որ ցեղային զտումներու իրականացումը՝ իբրեւ ռազմական կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, կրնայ պատճառ դառնալ անհատական քրէական պատասխանատուութեան:

Վեհաժողովը կոչ կ’ուղղէ Նախարարներու կոմիտէին՝ Ազրպէյճանի նկատմամբ ձեռնարկելու դիտարկման գործընթացի՝ հիմք ընդունելով Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ ստանձնած յանձնառութիւններու կատարման վերաբերեալ 1994-ի հռչակագիրը:

Կոչ ուղղուեցաւ Նախարարներու կոմիտէին եւ Խորհրդարանական վեհաժողովին միջեւ յաւելեալ ընթացակարգի սկսելու՝ իբրեւ պատասխան Ազրպէյճանի կողմէ կանոնադրական պարտաւորութիւններու լուրջ խախտման:

Բանաձեւը կը յայտնէ, որ եթէ Ազրպէյճան իր պարտաւորութիւնները չկատարէ, այլ ընտրութիւն չ’ունենար, բացի 2024-ին ԵԽԽՎ-ի առաջին նստաշրջանին վիճարկել Ազրպէյճանի պատուիրակութեան յանձնարարութիւնը (ինչ որ կը նշանակէ, որ ԵԽԽՄ-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը առնուազն ժամանակաւորապէս կը դադրեցուի):

Վեհաժողովը կ’անդրադառնայ վերջին երկու շաբաթներուն առաւել քան 100 600 հայերու Լեռնային Ղարաբաղէն հեռանալու փաստին, կ’արձանագրէ անոր պատճառները՝ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի կողմէ սկսած ռազմական գործողութիւնները եւ անոր նախորդած՝ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով ստեղծուած ճգնաժամը:

Վեհաժողովը խորապէս համոզուած է, որ Արցախի բնակչութեան ողբերգական արտագաղթը պէտք չէ ընդունուի իբրեւ նոր իրականութիւն:

Վեհաժողովը հասցէական կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին՝ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերադարձը ապահովելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ ապահովելու տարածաշրջանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բանտարկուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները:

Բանաձեւը կ’անդրադառնայ իրենց հայրենիքէն Արցախի հայերու բռնի տեղահանութեան պատճառով յառաջացած մարդասիրական ծանր իրավիճակին եւ կ’ընդգծէ Հայաստանին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ՝ Եւրոպական խորհուրդի գործողութիւններուն միջոցով:

Վեհաժողովը կ’ակնկալէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը՝ կազմակերպելու միջազգային կառոյցներու բարձր մակարդակի փաստահաւաք այցելութիւններ:

 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն մօտաւորապէս 30 հազարը երեխաներ են. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Արցախի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններուն պատճառով աւելի քան 100 հազար մարդ տուժեց եւ ապաստանեցաւ Հայաստան, հաղորդեցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հայաստանի գրասենեակէն:

Ըստ հաղորդումին, Հայաստան տեղափոխուածներուն մօտաւորապէս 30 հազարը երեխաներ են:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ կ’աշխատի Հայաստանի կառավարութեան հետ: Մեր ուշադրութեան առանցքը կը կազմէ այս երեխաներուն եւ ընտանիքներուն անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը», գրուած է «Էքս»-ի իրենց պաշտօնական էջին վրայ:

 

ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցները լուծեցին Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտաւորապէս 1300 ընտանիքի կեցութեան եւ առօրեայ կենցաղային հարցերը

ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցները` Հայ օգնութեան միութիւնը, «Թեւանիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը, անհատ քաղաքացիներու օժանդակութեամբ, լծուեցան Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու աջակցութեան:

(լուսանկարը՝ ՀՅԴ ԳՄ-ի)

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն տեղեկացուցին, որ Երեւանի գրեթէ բոլոր վարչական շրջաններու կուսակցական գրաենեակները վերածուեցան աջակցութեան կեդրոններու, ուր ո՛չ միայն կուսակցականներու, այլեւ մեր քաղաքացիներու աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ բաժնուեցան հաւաքուած առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները` հագուստ, առողջապահական եւ անկողնային պարագաներ, սնունդ, դեղորայք եւ այլ ապրանքներ:

«Այս պահի դրութեամբ լուծուեցան մօտաւորապէս 1 300 ընտանիքի կեցութեան եւ առօրեայ կենցաղային հարցերը: Արցախահայ հայրենակիցներու օժանդակութեան ուղղուած աշխատանքները չեն դադրիր նաեւ այս պահուն:

«Բարեսիրական նպատակներով 1910 թուականին հիմնադրուած ՀՅԴ ուղեկից կառոյց Հայ օգնութեան միութիւնը բռնի տեղահանուած արցախահայերուն կարիքները հոգալու նպատակով արդէն իսկ սկսած է համահայկական դրամահաւաքի», նշուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

 

ՀՀ կառավարութիւնը բռնի տեղահանուած արցախցիներուն 6-ամսեայ ընկերային աջակցութիւն պիտի տրամադրէ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 12 հոկտեմբերի նիստին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու վեցամսեայ ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը:

(լուսանկարը՝ ՀՀ կառավարութեան)

Ըստ նախագիծին, բռնի տեղահանուածներուն պիտի տրամադրուի ամսական 40 հազարական դրամ` ժամանակաւոր կացարաններու մէջ բնակելու եւ 10 հազարական դրամ` հոսանքի, կազի եւ ջուրի ծախսերը վճարելու համար:

 

«Արցախբանկ»պիտի վերադարձնէ Արցախի մէջ գրաւ դրուած ոսկեայ իրերը

«Արցախբանկ»-ը պիտի վերադարձնի Արցախի մէջ գրաւ դրուած ոսկեայ իրերը` առանց վարկային պարտաւորութիւններու մարման:

Դրամատան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «կը նախատեսուի որոշակի աջակցութիւն ցուցաբերել 19 սեպտեմբերին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով Արցախը հարկադրուած լքած եւ ֆինանսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներուն»: