Հայաստանի մէջ հաշուառուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 101 848 անձ․ Արցախն այս շաբաթ


«Ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ լուծարել ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը». Սամուէլ Շահրամանեան

Խումբ մը արցախցիներ մուտք գործեցին Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան գրասենեակը` պահանջելով հանդիպում նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին հետ:

Ցուցարարներուն ընդառաջ եկած Շահրամանեան առաջարկեց յաջորդ շաբաթ հանդիպում մը կազմակերպել:

Շահրամանեան նշեց, որ ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ լուծարել ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը։ «Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած չէ, ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը, ես ասոր պատասխանը պիտի տամ հանրային ձեւով, յառաջիկային ես այս բոլոր հարցերուն պիտի անդրադառնամ, ե՛ւ այդ փաստաթուղթին, ե՛ւ այն փաստաթուղթին, որ ընդունուած է ռազմական գործողութիւնները կանգնեցնելու նպատակով, որ 20 սեպտեմբերին` 24 ժամ յետոյ, ռազմական գործողութիւնները կանգնած են: Որեւէ մէկուն մօտ թող կասկած չյառաջանայ, որ եթէ մենք իմանայինք, որ մենք կրնայինք յաղթել այդ ռազմական գործողութիւններուն, մինչեւ վերջ պիտի երթայինք: Մենք խնայած ենք մեր տղոց, քաղաքացիական բնակչութեան կեանքը», պնդեց ան:

Կարմիր խաչը Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 29 սեպտեմբերէն 16 հոկտեմբեր, Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան: ԿԽՄԿ-ի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Ազատութեան» յայտնեց, որ Արցախի մէջ կը շարունակուի քաղաքացիներու որոնումը:

Ան ճիշդ տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ քանի՛ հոգի դիմած են իրենց՝ անյայտ կորսուած իրենց հարազատները գտնելու համար:  «Կը կարծեմ՝ մօտակայ օրերուն կարենանք աւելի յստակ տուեալներ տրամադրել: Խօսքը շարք մը քաղաքացիներու մասին է, որոնց հարազատները չեն կրնար գտնել նաեւ բենզինի պահեստի պայթիւնի հետեւանքով եւ ոչ միայն: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ ցաւօք, փնտռուող աձերու թիւը փոքր չէ», աւելցուց Ամատունի:

Ըստ անոր՝ ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչները նաեւ ուտելիք, ջուր եւ մաքրութեան պարագաներ կը տրամադրեն Արցախի մէջ զանազան պատճառներով մնացած փոքր թիւով անձերուն: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չյստակացուց, թէ քանի՛ անձեր կան:

 

Հայաստանի մէջ հաշուառուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած է 101 848 անձ

Ներքին գործոց նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը եւ վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը կառավարութեան «Հումանիտար կեդրոն»-էն ներկայացուցին Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մադասիրական խնդիրներու լուծման ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրները:

Նազելի Բաղդասարեանը նշեց, որ Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի դպրոցներուն մէջ ընդգրկուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 15 264 երեխայ, որոնցմէ 4 736-ը Երեւանի, 2 816-ը Կոտայքի, 2083-ը Արարատի, 1295-ը Արմաւիրի, 892-ը Լոռիի, 721-ը Գեղարքունիքի, 708-ը Արագածոտնի, 633-ը Շիրակի, 588-ը Սիւնիքի, 471-ը Տաւուշի, 321-ը Վայոց ձորի մարզերուն մէջ:

Արցախէն տեղահանուածները Գորիսի մէջ, 29 սեպտեմբեր 2023, լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» 

Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը տեղեկացուց, որ 17 հոկտեմբերին դադրեցուցած են բռնի տեղահանուածներու հաշուառումը Հայաստանի տարածքին գործող 64 մարդասիրական կենտրոններէն ներս։ Ըստ տուեալներու հաշուառուած եւ նոյնականացուած է 101 848 բռնի տեղահանուած անձի տուեալներ, որոնցմէ 48 964-ը` արական սեռի, 52 884-ը` իգական: Հաշուառուածներէն 12 404-ը 65 եւ աւելի տարիքային խումբի անձիք են, 30 000-ը` մինչեւ 19 տարեկան:

 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներուն մէջ 72 փոքրիկ ծնած է

Բռնի տեղահանութեան պատճառով ստեղծուած ծանր դրութեան մէջ արցախահայ ընտանիքներուն մէջ կը շարունակուին լոյս աշխարհ գալ փոքրիկներ՝ մխիթարութիւն եւ յոյս պարգեւելով իրենց հարազատներուն։

ՀՀ առողջապահութեան փոխնախարար Արմէն Նազարեանը յայտարարած է, որ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներուն մէջ 72 երեխայ ծնած է:

«Երեխաներէն 37–ը ծնած են Երեւանի, իսկ 35–ը` մարզերուն մէջ», ըսած է ան:

 

Շուրջ 500 զոհ Արցախի մէջ` ռազմական գործողութիւններուն եւ վառելիքի պահեստի պայթիւնին հետեւանքով

Արցախի վրայ 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակման եւ 25 սեպտեմբերին պենզինի պահեստի պայթիւնի հետեւանքով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, շուրջ 500 արցախցի զոհուած է: Հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են:

լուսանկարը՝ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան

Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Յունան Թադեւոսեանը «Ազատութեան» տեղեկացուց, որ ռազմական գործողութիւններէն զինուորականներու զոհերուն թիւը կ’անցնի 200-ը, երկու տասնեակ ալ քաղաքացիական մարդ: Գրեթէ նոյնքան մարդ ալ այս պահի տուեալներով զոհուած է 25 սեպտեմբերին Արցախի մէջ տեղի ունեցած պենզինի պահեստի պայթիւնէն: Յունան Թադեւոսեանի խօսքով` հաստատուած է 220 զոհ կայ: Անոնցմէ մօտ 150-ը անճանաչելի են:

Զոհերի աճիւնները եւ մասունքները պայթիւնի տարածքէն հանուած եւ տեղափոխուած են Երեւանի դատաբժշկական փորձաքննութեան կեդրոն` ՏՆԹ թեստի միջոցով նոյնականացում իրականացնելու համար: Կան նաեւ 50 -է աւելի անհետ կործաներ:

Ըստ անոր՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան վառելիքի պահեստին մէջ եղած պայթիւնը մեծ հաւանականութեամբ, անվտանգութեան կանոնները չպահպանելու հետեւանքով եղած է։ Պայթիւնի ժամանակ այդ տարածքին մէջ կային մօտ 600 հոգի։ 

Թադեւոսեանը կը վստահեցնէ, որ Արցախի մէջ այս պահուն իրենց ցանկութեամբ մնացած է 8-10 մարդ․ «Մէկ մասը հոգեկան խնդիրներ ունէր, մէկ մասն ալ անճար մարդիկ էին, կ’ուզէին մնալ իրենց քաղաքը եւ տարհանման պահուն կ’ըսէին` ասիկա իմ հողս է, եւ ես կ’ուզեմ այստեղ մեռնիլ, նաեւ կային կարող մարդիկ»:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները օրերս տեսանիւթ հրապարակած են, նշելով, թէ Ստեփանակերտի մէջ 30 մարդու համար բացած են աջակցութեան կեդրոն, որու ծառայութիւններէն օգտուած է 11 անձ:

 

Ազրպէյճանի յարձակումին պատճառով տասնեակներով արցախցիներ, ներառեալ մանուկներ եւ կիներ, խոշտանգուած են

Արցախի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին պատճառով, տասնեակներով արցախցիներ, որոնց կարգին մանուկներ եւ կիներ խոշտանգուած են՝ անոնց մարմինները անդամախեղուած են: «Եւ ասիկա կը վկայէ, որ այս անձիք, բնականաբար, ենթարկուած են իմ կողմէ յիշատակուած վերաբերմունքի յստակ տեսակներուն, անոնց մէջ կան երեխաներ, կանայք», «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան:

Ստեփանակերտի ապաստարաններէն մէկը, 19 սեպտեմբերի յարձակման օրերուն, լուսանկարը՝ «Սիվիլնեթ»-ի

Ըստ անոր՝ այս պահուն, յստակ թիւ կարելի չէ նշել, նաեւ բացառուած չէ, որ նման դէպքեր կրնան արձանագրուածէն աւելին ըլլալ: «Մենք այս պահուն կը փորձենք իրականացնել փաստահաւաք աշխատանքները, ամփոփել, վերջնական տեսքի բերել, եւ նաեւ ատիկա է պատճառը, որ մեր ներկայացուցած զեկոյցը այս պահուն նախնական բնոյթ կը կրէ, որովհետեւ հետագային հնարաւոր է, որ հոն արձանագրուած տեղեկատուութիւնը որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկուի», ընդգծեց Մանասեան:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 19 հոկտեմբերին յայտնեց, որ արցախցիներու խոշտանգման եւ անոնց նկատմամբ այլ յանցագործութիւններ արձանագրող իր նախնական զեկոյցը իբրեւ հիմնական ապացոյց ներկայացուեցաւ Լա Հէյի դատարանին մէջ՝ Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործին մէջ:

«Հրապարակուած զեկոյցը անգլերէնով ոչ միայն ուղարկուած է բոլոր գործընկերներուն, այլ ներկայացուած է նաեւ Հաագայի դատարան՝ որպէս հիմնական ապացոյց», ըսաւ Մանասեան:

 

Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 3000 անձեր դուրս եկած են Հայաստանէն

Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 3000 անձեր դուրս ելած են Հայաստանէն: Ըստ «Արմենպրես»ի՝ 19 հոկտեմբերի կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: 

Ան կոչ ուղղեց Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթը չընկալելու իբրեւ յառաջիկայ գործողութիւններու ծրագիր:

«Մենք աւելի քան 100 միլիոն դոլարի յատկացում ըրած ենք, մենք ամենատարբեր ծրագիրներ պիտի ընենք», ըսաւ Փաշինեան:

 

 

 

Արցախի պետական աշխատողները կը նկատուին իրենց պաշտօնէն արձակուած՝ կարգ մը բացառութիւններով

Նկատի ունենալով 20 սեպտեմբերէն ետք Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, 1 հոկտեմբեր 2023էն սկսեալ, պետական եւ համայնքային հիմնարկներու, պետութեան եւ համայնքներու կողմէ հիմնադրուած, ինչպէս նաեւ անոնց մասնակցութեամբ կազմակերպութիւններու, պետութեան եւ համայնքներու կողմէ ստեղծուած հիմնարկներու աշխատողները կը նկատուին իրենց պաշտօններէն արձակուած՝ բացառութեամբ ղեկավար եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, պատգամաւորներու եւ դատաւորներու:

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին՝ բացառութիւն կը կազմեն Արցախի նախագահը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, պատգամաւորները, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարը, դատաւորները, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը, Գլխաւոր դատախազը, պետական նախարարը, նախարարները, նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետը, պետական կառավարման այլ մարմիններու ղեկավարները, Բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահը, ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան պետը եւ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետը, շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարները, համայնքներու ղեկավարները, պետութեան կողմէ հիմնադրուած ընկերութիւններու (բացառութեամբ պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու) եւ հիմնադրամներու ղեկավարները, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմքերով՝ առանց վարձատրութեան:

«Հրամանագիրով կը սահմանուի, որ 1 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Արցախի Հանրապետութեան անունէն տրուող փաստաթուղթերը վաւերական են», փոխանցեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

 

Ալիեւ այցելեց բռնագրուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, կառավարական շէնքեր եւ լուսանկարուեցաւ Արցախի զինանշանին կողքը: Լուսանկարը տարածուեցաւ ազրպէյճանական «Թելեկրամ»-ի ալիքներով:

Ան յայտարարեց, որ բանտարկուած, «այսպէս կոչուած, ղարաբաղեան անջատողկաններու առաջնորդները արժանի պատիժը պիտի կրեն»: Ան վիրաւորական եւ հեգնական մեկնաբանութիւններ հնչեցուց Լեռնային Ղարաբաղի նախկին հայ ղեկավարներուն՝ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հասցէին:

Իլհամ Ալիեւ Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ, լուսանկարը՝ Ազրպէյճանի նախագահականէն

«Ազրպէյճանի դրօշը կը ծածանի Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) մէջ, եւ անիկա պէտք է անոնց համար դաս ըլլայ», ըսաւ Ալիեւ:

Ալիեւ նշեց, որ «ղարաբաղցի անջատողկանները» երբեք ուշադրութիւն չեն դարձուցած իր նախազգուշացումներուն այն մասին, որ «Ազրպէյճան վաղ թէ ուշ կա՛մ դիւանագիտական, կա՛մ զէնքի ուժով պիտի ազատագրէ Ղարաբաղը»:

«Անոնք կը կարծէին, թէ իմ ըսածներս դատարկ խօսքեր են: Ո՛չ: Բոլոր ըսածներս իրականացուցի, այդ մէկը բոլորը գիտեն, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, եւ թող չմոռնան Հայրենական պատերազմը եւ հակաահաբեկչական միջոցառումները», ըսաւ ան:

Ալիեւ դատապարտեց նաեւ արեւմտեան երկիրները՝ ըսելով, որ երբ հայերը «կը գրաւէին Ազրպէյճանի հողերը, ոչ մէկ երկիր Ազրպէյճանին սատարեց կամ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեց»:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ալիեւ Ստեփանակերտի մէջ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի դրօշը եւ խօսք արտասանած, իսկ Արցախի նախագահի նստավայրի շէնքին վրայ տեղադրուած է Ազրպէյճանի զինանշանը:

Բացի այդ, Ալիեւ Ազրպէյճանի դրօշը բարձրացուցած է Մարտակերտ քաղաքի, Սարսանգի ջրամբարի տարածքին, Իվանեանի եւ Ասկերանի մէջ:

Ալիեւ Ֆիզուլիի մէջ ըսած է` «շատերը կը կրկնէին, որ տագնապին զինուորական լուծում չկայ: Մենք ցոյց տուինք, որ կայ, եւ վերջերս անգամ մը եւս ցոյց տուինք, թեման փակուած է: Ղարաբաղի տագնապի թեման վերջնականապէս փակուած է»:

Ֆիզուլի տեղափոխուած խումբ մը ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումի ընթացքին Ալիեւ ըսած է, թէ «Մեծ վերադարձ» ծրագիրով նախատեսուած է, որ 2026 թուականի վերջին Ֆիզուլիի շրջանին մէջ 22 հազար մարդ պիտի բնակի, իսկ Ղարաբաղի եւ «Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ»` 140 հազար մարդ:

 

Արցախի կառավարութիւնը պէտք է պահուի Հայաստանի մէջ. Վահրամ Բալայեան

«Արցախի կառավարութիւնը պէտք է պահուի Հայաստանի մէջ», «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանը։

«Ապագայի համար ատիկա պէտք է, որովհետեւ կը կարծեմ՝ յանձնուիլը սխալ է։ Ի վերջոյ ես կը կարծեմ՝ միջազգային ատեաններու, տարբեր գործընկերներու հետ պէտք է տարուին աշխատանքներ, որովհետեւ երկիրը բռնազաւթուած է, ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանական գործողութիւններ կատարուած են, եւ պէտք է ըլլայ մարմին մը, որ կարենայ այդ ամէնը ներկայացնել իրաւական հարթութեան մէջ եւ փորձել արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանել։ Դուք տեսնում էք ռազմաքաղաքական զարգացումները տարածաշրջանում ու յարակից շրջաններում, ամէն ինչ բաւականին արագ է ընթանում ու ամէն պահի կարող է նոր իրավիճակ ստեղծուել, մեզ համար կարող է շահեկան իրավիճակ ստեղծուել, եւ պէտք է այդ ամէնին ինչ-որ կերպ պատրաստ լինել։ Դա նաեւ թոյլ կը տայ արցախահայութեան հետ կապուած, մասնաւորապէս, ընկերային հարցերը լուծել, Հայաստանում համարկուելու, արցախահայութեան հաւաքականութիւնը պահելու համար», ընդգծեց Բալայեան։

Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան

Անդրադառնալով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան դադրեցման մասին հրամանագիրը չեղարկելու մասին յայտարարութիւններուն՝ Բալայեան ըսաւ, որ հրամանագիրը իրաւական տեսանկիւնէն ուժ չունի: «Այդպիսի հրամանագիր չի կրնար ըլլալ։ Անիկա չունի իրաւական հենք։ Ի հարկէ հնարաւոր է Սահմանադրական դատարան դիմել՝ հրամանագրին սահմանադրականութեան հարցով։ Այդ հարցին շուրջ քննարկումները պէտք է երկար ու կշռադատուած ըլլան», ըսաւ ան։

 

«Հայաստան» հիմնադրամը օգնութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հաղորդագրութեամբ կը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու Հայաստան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, տասնեակ բեռնատարներով մարդասիրական օգնութիւն բաշխուած է Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն՝ մարզերու մէջ գործող իր գործընկեր հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով։

Հրատապ աջակցութիւնը կը ներառէ հազար ընտանիքի համար նախատեսուած 40 թոն պարէն (բրինձ, մագարոն, հնդկաձաւար, ձէթ, թխուածքաբլիթ, գետնախնձոր, թէյ, սուրճ եւ այլն), մանկական սնունդ, տնտեսական ապրանքներ, հագուստ եւ առողջապահական պարագաներ։ Արարատի մարզին մէջ աջակցութենէն օգտուած է 220, Վայոց Ձորի մէջ՝ 100, Սիւնիքի մէջ՝ 320, իսկ Գեղարքունիքի մէջ 340 տեղահանուած ընտանիք։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի օգնութիւնները տեղահանուած արցախցիներուն (լուսանկարը՝ Հայաստան հիմնադրամին)

Հիմնադրամը կը նախատեսէ ընդլայնել աջակցութեան տրամադրման աշխարհագրութիւնը՝ ընդգրկելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերը: Շուրջ 400 միլիոն դրամ արժողութեամբ մարդասիրական օգնութեան երկրորդ փուլը պիտի ներառէ կենցաղային իրեր՝ մահճակալներ, տաքացուցիչներ, տաք հագուստ, սնունդ, անկողնային եւ առողջապահական պարագաներ: Հիմնադրամի աջակցութենէն յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի օգտուի աւելի քան երկու հազար ընտանիք:

Հիմնադրամը կոչ կ’ուղղէ նուիրատուութիւններ ընել օգնելու տեղահանուած մեր հայրենակիցների համար նախատեսուած շարունակական աջակցութեան հրատապ ծրագիրեր իրականացնելու համար։ Առցանց նուիրատուութիւններու եւ դրամատնային փոխանցումներու համար կրնաք այցելել www.himnadram.org/hy/donate կայքը։

 

Կիկիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ՝ աջակցութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն կը տեղեկացնեն, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը, առաւել քան 100,000 հաշուող արցախահայութեան բռնի տեղահանումին պատճառով կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու տեղահանուածներուն: Այս յանձնախումբի անդամներն են՝ Անուշաւան արք․ Դանիէլեան (առաջնորդ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմին), Թորգոմ եպս․ Տօնոյեան (առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին), իրաւաբան Ժիրայր Հապիպեան (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու շրջակայից Հայոց թեմին) եւ Յակոբ Լուսարարեան (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան):

Սրբազան հայրերը կ’այցելեն Գարեգին Բ․ կաթողիկոսը (լուսանկարը՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ֆէյսպուքեան էջէն)

Յանձնախումբին անդամները եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցան Հայաստան։ 18 հոկտեմբերին սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ։ Այնուհետեւ յանձնախումբի անդամները այցելեցին Երեւանի, Պռոշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն ամենէն շուտ ժամանակի մէջ դուրս գալու վճռականութեամբ: Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սերգէյ Մովսիսեանի հետ: Յանձնախումբը տեղահանուած ընտանիքներուն կատարեց նիւթական յատկացումներ:

 

Ֆրանչիսկոս պապը կոչ կ’ուղղէ` պահպանելու Արցախի վանքերն ու կրօնական վայրերը

Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղած է պահպանելու եւ յարգելու Արցախի վանքերն ու կրօնական պաշտամունքի վայրերը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի առնչուած իմ մտահոգութիւնս չի տկարանար: Գաղթականներու ծանր մարդասիրական կացութենէն բացի, ես պիտի ուզէի դիմել յատուկ կոչով` ի պաշտպանութիւն այս շրջանի վանքերուն եւ պաշտամունքի վայրերուն», յայտարարած է ան։

Գանձասարի վանական համալիր (լուսանկարը՝ Wikipedia Commons-ի)

«Յոյսով եմ, որ…պիտի ապահովուի անոնց նկատմամբ յարգանքն ու պաշտպանութիւնը` իբրեւ տեղւոյն մշակոյթի մէկ մասը, հաւատքի դրսեւորում եւ եղբայրութեան նշան, ինչ որ կարելի կը դարձնէ համատեղ կեանքը` հակառակ տարբերութիւններուն», ըսած է պապը:

 

 «Ազրպէյճան պէտք է ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը» Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբ

 Եւրոպական Խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ Ազրպէյճան պէտք է ապահովէ Ղարաբաղի հայերու մարդու իրաւունքները, ներառեալ իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ պայմաններ ստեղծէ կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի համար:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մտահոգութեամբ հետեւիլ 19-20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն եւ Լաչինի միջանցքի իննամսեայ շրջափակումէն ետք, արցախցիներու զանգուածային արտագաղթին պատճառով ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին:

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նիստը (լուսանկարը՝ «Ազդակ»-էն)

«Հրամայական է շարունակական անխոչընդոտ մարդասիրական աջակցութիւն ապահովել անոնց, որոնք դեռ Արցախի մէջ մնացին եւ զանազան կարիքներ ունին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք հեռացան: Նախորդ շաբաթ, Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց 10.45 միլիոն եուրոյի չափով մարդասիրական օգնութեան լրացուցիչ ծրարի մը մասին՝ ի յաւելումն 2020-էն ի վեր արդէն տրամադրուած 20.8 միլիոն եուրոյին», կ’ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Անոր մէջ, լուսարձակի տակ կ’առնուի այն, որ պէտք է պաշտպանուին եւ երաշխաւորուին տեղւոյն բնակչութեան մշակութային ժառանգութիւնը եւ սեփականութեան իրաւունքները՝ յիշեցնելով, որ Ազրպէյճան պէտք է կատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 22 սեպտեմբերին նշուած միջանկեալ միջոցները:

Եւրոպական Միութիւնը կ’ակնկալէ համաներում բոլոր արցախցիներուն նկատմամբ։ «Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք նախագահ Ալիեւի հրապարակային արտայայտութիւնները Ղարաբաղի հայերուն հետ խաղաղ ապրելու եւ անոնց իրաւունքները պահպանելու պատրաստակամութեան մասին: Ազրպէյճան ունի յստակ առաջնային պատասխանատուութիւն բնակչութեան ճակատագիրին համար. պէտք է տրամադրուին շօշափելի, յստակ եւ թափանցիկ երաշխիքներ: Իբրեւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց՝ մենք կ’ակնկալենք համապարփակ համաներում բոլոր արցախցիներուն համար, ներառեալ անոնց ներկայացուցիչներուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: