Արցախահայերուն կը տրուի փախստականի կարգավիճակ․ Արցախն այս շաբաթ


Բռնի տեղահանուած արցախահայերուն կը տրուի փախստականի կարգավիճակ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն պիտի տրուի փախստականի եւ «ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ»:

Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը նման քայլի կը դիմէ՝ արձանագրելու Արցախի քաղաքացիներուն «փախստական լինելու հանգամանքը, որպէսզի ե՛ւ տեղական, ե՛ւ միջազգային առումով անոնց իրաւունքները պաշտպանելու հնարաւորութիւնները աւելի ընդլայնուին»:

Ըստ Փաշինեանի` որոշումը տալէն ետք Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենան դիմելու՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար:

Արցախցի տեղահանուածներ Գորիսի մէջ, լուսանկարը՝ usanogh.am-ի

«Այս որոշման նախագիծը մենք բազմիցս քննարկած ենք ամենալայն ձեւաչափերով եւ մեզի համար կարեւոր եղած է յանգիլ որոշումի մը, որ առաւելագոյնս հնարաւորութիւն կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն բոլոր իրաւունքները պաշտպանել», պատճառաբանեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Մարդոց ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ-փախստականի կարգավիճակ տալով, ներառեալ` անոնց գոյքային իրաւունքներու հետագայ հետապնդման եւ պաշտպանութեան համար պիտի ստեղծուի իրաւական հիմք, որմէ ետք անոնք արագացուած կարգով պիտի ստանան ՀՀ քաղաքացիութիւն»:

Աւելի ուշ Ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ «Կապոյտ անձնագիրները Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն տրուած են որպէս ճամբորդական փաստաթուղթեր, բայց անոնք քաղաքացիութիւնը հաւաստող փաստաթուղթեր չեն եւ ասիկա արձանագրուած է նաեւ եւրոպական դատարաններու վճիռներուն մէջ»:

 

Աւելի քան 10 հազար արցախցիներ լքած են Հայաստանը. Բեգլարեան

Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 10 հազար անձ լքած է Հայաստանը, յայտնեց Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը APRI Armenia վերլուծական կեդրոնի «Առաջընթաց անորոշութեան պայմաններումէ» համաժողովի ժամանակ, կը յայտնէ «Արցախպրես»-ը:

«Շատերը կրնան հեռանալ Հայաստանէն, բայց շատերը կրնան մնալ, եւ ատոր համար պէտք է պայմաններ ստեղծուին: Կարեւորը հասկնալն է, որ խնդիրը քաղաքական է, ոչ թէ մարդասիրական: Մենք պէտք է նայինք պատճառներուն, այլ ոչ թէ հետեւանքներուն», դիտել տուաւ ան:

Բեգլարեան կը կարծէ, որ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը կը կրեն ե՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները, ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւնները: Ան դժգոհութիւն յայտնեց ՀՀ կառավարութեան ռազմավարական նպատակի բացակայութենէն:

«Անոնք ընտրեցին ձուլման ճանապարհը, եւ ես կը ցանկայի տեսնել մարդոց վերադարձը հայրենիք գոնէ բարձր ինքնավարութեան մակարդակով` միջազգային երաշխիքով:

Ռուս խաղաղապահներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները ձախած են իրենց առաքելութիւնը: Այժմ, հայերու Արցախ վերադարձի համար, իտէալականօրէն անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու տեղակայումը: Բացի այդ, Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից տարածքները պէտք է ապառազմականացուին», նշած է ան:

Բեգլարեանի կարծիքով Հայաստանի իշխանութիւնները կեդրոնացած են միայն անձնական կարիքները լուծելու վրայ, սակայն խնդրին պէտք է մօտենալ Արցախի ժողովուրդի շահերուն, արցախցիներու հաւաքական իրաւունքներու տեսանկիւնէն։

«Այս մէկ ամսուան ընթացքին ՀՀ իշխանութիւնները յայտարարութիւններ ըրեցին ֆինանսական աջակցութեան մասին, սակայն մարդիկ ստացած են ընդամէնը 100 հազար դրամ, թէեւ կան բազմաթիւ կարիքներ, որոնք բաւարարելու համար աւելի շատ միջոցներ կը պահանջեն: Խնդիրը նաեւ այն է, որ որոշումները կը կայացուին առանց Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու տեսակէտները հաշուի առնելու», եզրափակեց նախկին պաշտօնեան:

 

«Ինչո՞ւ ցարդ սուգ չէ յայտարարուած Արցախի վերջին պատերազմի զոհերու յիշատակին». Ա. Բեգլարեան

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կը հարցադրէ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ցարդ սուգ չէ յայտարարած Արցախի վերջին պատերազմին եւ վառելանիւթի շտեմարանին մէջ պատահած պայթումի զոհերու յիշատակին:

Արտակ Բեգլարեանը «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ, լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի

«Նման տարողութեամբ ողբերգութիւնը, երբ շուրջ 500 անձեր զոհուած են, անոր գումարած Արցախի ժողովուրդի ամբողջական հայրենազրկումը, առաւել քան համապետական եւ համազգային սուգի հիմք կը հանդիսանան: Որքան ալ փաստօրէն սուգը շատ է մեր կեանքին մէջ, այդպիսի խորհրդանշական պետական արարողակարգերը եւ անոնց բացակայութիւնը ցոյց կու տան իշխանութիւններու գաղափարախօսական վերաբերումը իրադարձութիւններու նկատմամբ: Սուգ յայտարարելու վերջին կարելիութիւնը, ըստ իս, 29 Հոկտեմբերն է՝ պատերազմի 40-րդ օրը…», ըսաւ Բեգլարեան:

 

Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հարցը սեղանին է. Գանատայի արտաքին գործոց նախարար

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուելու ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հարցը սեղանին է, բայց չմանրամասնեց, թէ արդեօք Գանատայի կառավարութիւնը ընդհանրապէս կը ծրագրէ՞ զանոնք կիրարկել եւ ի՞նչ ձեւով։ Ան կը պատասխանէր լրագրողի մը հարցումին, որ կը վերաբերէր Արցախի դէմ սեպտեմբերի յարձակումէն ետք Գանատայի գործողութիւններուն, եւ որ արդեօք Թրիւտոյի կառավարութիւնը լրջօրէն կը դիտարկէ՞ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հարցը:

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Երեւանի մէջ՝ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ (լուսանկարը՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան)

Ժոլի պատժամիջոցները կապեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելուն: «Ամէն ինչ սեղանին է: Այդուհանդերձ, մենք կ’ակնկալենք, որ յարգուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Եւ մեզի համար այդ մէկ բան կը նշանակէ եւ կը հետեւինք անոր», ըսաւ ան:

Ժոլի նոյն բանը ըսած էր ամիս մը առաջ՝ Արցախի վրայ ռազմական յարձակումէն ետք Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու կոչ ուղղող գանատացի պատգամաւորներուն՝ յայտնելով. «Ամէն ինչ սեղանի վրայ է, պատժամիջոցները կարելի են»:

Երեւանի մէջ Ժոլին նշեց նաեւ, որ Գանատան նաեւ կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան՝ յարգելու Արցախէն վերջերս տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը եւ բարեխճութիւն դրսեւորելու` նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի վերականգնման, բնիկ հայերուն ապահով վերադարձին համար:

Ան յայտարարեց Արցախէն հեռացած հայերուն մարդասիրական օգնութեան համար Գանատան պիտի տրամադրէ 4 միլիոն տոլար:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումը։ Ժոլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։

 

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ազպէյճանի մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) Պաքուի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին, Արայիկ Յարութիւնեանին, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանին, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին եւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին:

լուսանկարը՝ «Ազդակ»-էն

«Արմէնպրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ԿԽՄԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարիելման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի ըսաւ, որ այցը տեղի ունեցած է 20ց հոկտեմբերին եւ ձերբակալուածներուն հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատել հարազատներուն հետ»:

Ամատունի ընդգծեց, որ Հոկտեմբեր ամսուն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս տեսակցեցած են անոնց հետ: Տեսակցութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ունենան:

 

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Արցախի մէջ կը շարունակէ փնտռել հայեր

Կարմիր Խաչի միազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հայաստանեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու սրացումէն ետք անցած է մէկ ամիս եւ իրենք կը շարունակեն աշխատիլ տարածաշրջանի մէջ եւ շրջիլ քաղաքի կեդրոնական վայրերուն եւ լեռնային գիւղերու մէջ` փնտռելով մարդիկ եւ օգնել այնտեղ մնացածներուն:

ԿԽՄԿ-ի որոնաղական աշխատանքները Արցախի մէջ (լուսանկարը՝ ԿԽՄԿ-ի ֆէյսպուքեան էջէն)

«Քիչ թիւով մարդիկ կը շարունակեն մնալ իրենց տուները․ մէկ մասը իրենց ընտրութեամբ, միւս մասը` ինքնուրոյն հեռանալ չկարենալու պատճառով:

Մենք կը տրամադրենք անոնց սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն, նաեւ կ’օգնենք կապ հաստատել հարազատներու հետ կամ հնարաւորութիւն ստեղծել Հայաստան տեղափոխուելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Մէկ այլ հաղորդագրութեամբ կոմիտէն յայտնեց, որ 19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու սրացումէն ի վեր, ԿԽՄԿ-ի աշխատակիցները օգնեցին Հայաստան տեղափոխել 220 աճիւններ, որոնց մէջ նաեւ վառելանիւթի պահեստին մէջ պատահած պայթումի զոհերը:

 

Բռնագրաւեալ Արցախի մէջ՝ ԱզրպէյճանԹուրքիա ռազմափորձեր

23 հոկտեմբերին սկսան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2023» միացեալ մարտավարական ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ’ունենան տարբեր վայրերու մէջ, ներառեալ Պաքու քաղաքի, Նախիջեւանի եւ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին երկու երկիրներու զանազան տեսակի զօրքերու անձնակազմերու ընդհանուր առմամբ մինչեւ 3000 ներկայացուցիչներ, 130 սպառազինութիւններ, մինչեւ 100 հրետանային զինատեսակներ, առաւել քան 20 օդուժի եւ թռչող սպառազինութիւններ եւ ճարտարապետական սարքեր:

Ռազմափորձերուն ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը պիտի յատկացուի զօրքերու մարտական համակարգուածութեան ապահովման:

 

Ազրպէյճան 10 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ Արցախի եւ յարակից շրջաններուն մէջ

Յառաջիկայ երեք տարիներուն, Ազրպէյճան առաւել քան 10 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ Արցախի եւ յարակից տարածքներուն մէջ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան» գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկրին կառավարութեան մօտիկ աղբիւրները:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները գործակալութեան փոխանցած են, որ 2024-էն 2027, երկրի պետական պիւտճէին մէջ «մեծ ծախսերու համար նախատեսուած ելեւմտական միջոցներու 29.4 առ հարիւրը պիտի ուղղուի Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ սկսած ծրագիրներու իրականացման»:

«Մինչեւ 2027 Պաքու կը նախատեսէ ամրապնդել այս շրջաններուն մէջ գտնուող զինուորական ենթակառոյցները, պիտի կառուցուին ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, մարզական եւ ընկերային կառոյցներ», կը հաղորդէ աղբիւրը:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ քաղաքային ոստիկանական բաժանմունք մը հաստատեց, յայտարարեց Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Վիլայաթ Էյվազով:

Ան տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտէն բացի պարէտ նշանակուած է նաեւ Խոճալուի մէջ:  

Ստեփանակերտի մէջ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պարէտ նշանակեց Արցախի ամբողջական հայաթափումէն երկու շաբաթ ետք:  

 

Տարահանուեցան Արցախի պատմական երկրագիտական թանգարանի, Ստեփանակերտի պատկերասրահի հաւաքածոները

Եթէ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ պետութիւնը ոչ մէկ միջոցի չձեռնարկեց փրկելու իր մշակութային ժառանգութիւնը, այս անգամ պատկան մարմինները բաւականին աշխուժ աշխատեցան: Այս մասին «Ալֆա նիւզ»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսաւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը:

«Տարհանուեցան Արցախի պատմական երկրագիտական թանգարանի եւ Ստեփանակերտի պատկերասրահի հաւաքածոները: Հակարիի կամուրջին վրայ այդ ինքնաշարժները եւս թալանուեցան Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ», ցաւով նկատեց Շահվերդեան ու նշեց, որ այդ հաւաքածոները հիմնականօրէն կրցան տեղափոխել Հայաստան:

0

Ան խորհուրդ տուաւ, որ մեր հարցերը մենք մեզի փորձենք լուծել, որովհետեւ ասիկա մեր պատմութիւնն ու ցաւն է.

«Մեծ հարց դարձաւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, որ մնաց Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ միօրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Մենք չենք խօսիր միայն պատմական մշակութային կառոյցներու մասին: Այս հարցը բաղկացած է երկու մասէ` մէկը անշարժ մշակութային ժառանգութիւնն է, երկրորդը շարժական մշակութային ժառանգութիւնը, օրինակ` թանգարանային հաւաքածոները, արուեստի գործերը: Այս ուղղութեամբ 2020 թուականի պատերազմէն ետք քանի մը հանրային գործիչներ ստեղծեցին Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հանրային խորհուրդ կազմակերպութիւնը», նշեց Շահվերդեան:

Նախկին նախարարը փոխանցեց, որ 1050-էն աւելի արուեստի գործեր մնացին Շուշիի, պետական եւ մասնաւոր թանգարաններու մէջ: Մենք ունեցանք 17 թանգարանային հաւաքածոներ, որոնց մէջ կը ներառուին նաեւ պատկերասրահներու մէջ պահուող արուեստի գործերը:

 

Նուպար եւ Աննա Աֆէեան 2 միլիոն տոլար կը յատկացնեն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան եւ «Աֆէեան» հիմնադրամի համանախագահ Աննա Աֆէեան յայտարարեցին, որ 2 միլիոն տոլար օժանդակութիւն կը յատկացնեն առաւել քան 100,000 բռնի տեղահանուած արցախցիներուն։ Այն մասին կը հաղորդէ «Նոր յառաջ»-ը։

«Նիւթական աջակցութիւնը պիտի ուղղուի քանի մը բնագաւառներու, ինչպէս՝ նախնական կարիքներու բաւարարման, բժշկական եւ ընկերային-հոգեբանական աջակցութեան, նաեւ երկարաժամկէտ կրթական կարելիութիւններու ստեղծման», կ’ըսուի Աֆէեան ամոլի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

«Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամը կը շարունակէ օգնել արցախցի ընտանիքներուն

«Աննա Աստուածատուրեան» բարեգործական հիմնադրամը կը շարունակէ օգնել արցախահայերուն։ Արցախի մէջ ծնած երեխաներու ընտանիքներուն աջակցելէն բացի, հիմնադրամը կ’օգնէ այն ընտանիքներուն, որոնք այս դժուարին ժամանակահատուածին մէջ կը փորձեն յաղթահարել հայրենիքի կորուստը, ունին ընկերային լրջագոյն խնդիրներ։

 «Աննա Աստուածատուրեան» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչները օրերս Աննա Աստուածատուրեան Թերքոթի գլխաւորութեամբ այցելեցին Երեւանի, Սիսիանի, Մասիսի, Խաչփառի եւ Բերդիկի ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն, լսեցին անոնց խնդիրները, գնահատեցին կարիքները։

Աննա Աստուածատուեան կ’այցելէ տեղահանուած արցախցի ընտանիքներուն (լուսանկարը՝ «Աննա Աստուածատուրեան» բարեգործական հիմնադրամին)

«Արցախէն բռնի տեղահանուած 500 ընտանիքի տրամադրած ենք կենցաղային եւ առողջապահական պարագաներ՝ տարբեր չափերու 700 տակդիր, ինչպէս նաեւ 200 փաթեթ մանկական սնունդ։ Բացի այդ, մենք եւս 1000 ընտանիքի յատկացուցած ենք նաեւ խոհանոցային սպասք, մանկական եւ մեծահասակներու համար հագուստ։ Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 2500 ընտանիք ստացած է աջակցութիւն։ Ի հարկէ, ասոնք առաջնային կարիքներու համար են, բայց մեր հայրենակիցներուն նախ եւ առաջ պէտք է սէր եւ ուշադրութիւն, որ այսօր աւելի քան երբեւէ կենսական է», ըսաւ Աննա Աստուածատուրեանը ընդգծելով, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ ընել հնարաւորը, որ իւրաքանչիւր արցախցի Հայաստանի մէջ իրեն լիարժէք զգայ, չկորսնցնէ ապագայի նկատմամբ հաւատքը։

Հիմնադրամը կը շարունակէ նաեւ «Սէր Արցախ» բարեգործական ծրագիրը, որ մեկնարկած է 2022-ին՝ նպատակ ունենալով արժեւորել պատմական հողի վրայ ընտանիք կազմելու եւ երեխաներու ապագան այնտեղ կերտելու դերն ու կարեւորութիւնը: Հիմնադրամը Արցախի մէջ ծնած երեխաներու ընտանիքներուն տրամադրած է նուէր-տուփեր։ Մէկ տարուան մէջ յատկացուած է  2500 նուէր-տուփ, որմէ 1290-ը շրջափակման ընթացքին։ Այս աջակցութենէն կը շարունակեն օգտուիլ նաեւ օգոստոսին եւ սեպտեմբերին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ փոքրիկներ լոյս աշխարհ բերած արցախցի բռնի տեղահանուած մայրերը։

 

Արցախը մնայուն ներկայութիւն՝ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւն հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2-7 հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.

Ա. Պահպանել Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանիշերը

ՀՄԸՄ-ը ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշերու աւանդապահ միութիւն է։ Եռագոյն դրօշը, 1918ի Հանրապետութեան զինանշանը, փառերգը եւ անկախութեան խորհուրդը անիկա պահպանած է 70 տարիներ, երբ Հայաստան կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը։ Այսօր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի Հանրապետութեան կորուստի իրականութեան դիմաց, ՀՄԸՄ-ը իր պարտքը եւ պարտաւորութիւնը կը նկատէ տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշերը՝ այդ խորհրդանիշերուն ընդմէջէն վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը։ Առ այդ, Պատգամաւորական ժողովը առաջադրեց՝

 1) ՀՄԸՄ-ի բոլոր ակումբներուն մէջ այսուհետեւ Եռագոյնի կողքին պատուել Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։

 2) ՀՄԸՄ-ի հրապարակային թէ բոլոր ներքին հանդիսութիւններուն, սկաուտական հաւաքներուն եւ մարզական հանդիպումներուն ծածանել նաեւ Արցախի դրօշը։

 3) ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մարզական խումբերը եւ սկաուտական միաւորները իրենց տարազներուն վրայ կրեն Արցախը խորհրդանշող «պաճ»-եր։

 4) ՀՄԸՄ-ի դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին։

Բ. Հաստատել «ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»-ը

«ՀՄԸՄ-ի Արցախ հիմնադրամ»-ը պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները։

Հիմնադրամին եկամուտները պիտի գոյանան.

 – ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու տարեկան ձեռնարկներու հասոյթներու որոշ տոկոսէն։

 – ՀՄԸՄ-ականներու անդամատուրքերուն վրայ այս նպատակին համար կատարուած յաւելումներէն։

– ՀՄԸՄ-ի համակիր շրջանակին մէջ կատարուելիք ժողովրդային հանգանականութիւններէն։

Գ. Մշակել Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներու համար ծրագիրներ

ՀՄԸՄ-ը յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու փոքրիկները՝ անոնց համար մշակելով դաստիարակչական-սկաուտական յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն կատարած էր Արեւմտահայաստանէն Պոլիս ապաստանած գաղթականներու զաւակներուն եւ որբերուն։

 

ՀամազգայինըԱրցախի մանուկներուն կողքին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ Արցախի «Ծիլ» տիկնիկային արուեստանոցը Երեւանի մէջ պիտի սկսի տիկնիկագործութեան դասընթացքներ Արցախի 7-14 տարեկան փոքրիկներու համար: Երեխաները ոչ միայն պիտի պատրաստեն տիկնիկներ, այլեւ պիտի կարդան արցախեան բարբառով հեքիաթներ ու բեմադրեն զանոնք:

25 հոկտեբերին «Ծիլ» արուեստանոցի դերասանները Գիւմրիի «Շիրվանեան» կեդրոնին մէջ՝ արցախցի տեղահանուած փոքրիկներուն համար  ներկայացուցին Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայ մուկը» պատմուածքը՝ արցախեան բարբառով։

Տիկնիկային թատրոն՝ Գիւմրիի մէջ (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին)

«Մեզ համար կարեւոր է Արցախի բարբառի պահպանումը: Մանուկները հնարաւորութիւն պիտի ունենան գործնական պարապմունքներու ժամանակ ծանօթանալ տիկնիկային արուեստի հետաքրքիր աշխարհին», նշուած է Համազգայինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մէկ այլ նախաձեռնութեամբ Համազգայինը Մասիս քաղաքին մէջ արդէն իսկ սկսած են 9-12-րդ դասարանի աշակերտներու համար հայոց լեզուի գիտելիքներու ամրապնդման ուղղուած անվճար դասընթացքները, որոնք պիտի օգնեն աշակերտներուն ամրապնդել գիտելիքները եւ պատրաստուիլ դպրոցական ու համալսարանական քննութիւններուն: