Դէպի բուրաւէտ յուշեր. Տիրուկին հետ


…Ու միտքն ակամայ թափով մ՛ինքնաբեր
Կը թռչի հեռուն՝ տունը հայրենի.
Է՜, կեանքն ուրիշ էր, սրտերն ալ տարբեր
Այն լեռներուն մէջ վեհ ու ամեհի…

Լեւոն Շանթ

Տիրուկ Մարգարեան Կարպետեան

Գանատա մեր հաստատուելէն ի վեր, կանաչաւուն բնութեան սիրահար սիրտս, թխկիներու փարթամ տեսքով տարուած աչքս եւ աշնան գոյնզգոյն զգեստի երանգներով հրապուրուած հոգիս կ’երազէին կանաչապատ տարածքի մը մէջ եւ կամ պարտէզով շրջապատուած` մե՜ծ պատուհաններով տուն մը ունենալ։

Փառք Աստուծոյ, երազս կատարուեցաւ, սակայն դիւրին չէր այդ նպատակիս հասնելու ճանապարհը, որուն վերջաւորութեան ընտանեօք տէրը դարձանք ի’մ երազներուս տան, ուր մուտքի դռնէն քայլ մը ներս նետելուս պէս հսկայ պատուհանին ետեւը սպասող ծառերուն ճիւղերն ու անհամար տերեւները փսփսալով զիս կանչեցին` կանաչի անհունին մէջ մտքովս սաւառնելու։

– Ի՜նչ լաւ…կրնամ ժամերով նստիլ հոն ու ճանապարհորդել դէպի անհուն սէրս` հայրենիք, ու անոր հրաշագեղ բնութիւնը մտաբերելով սուրճս վայելել, մտածեցի այդ պատուհանը առաջին իսկ տեսնելուս եւ որոշեցի բազկաթոռ մը տեղադրել ու օրական քանի մը անգամ հոն նստիլ եւ անջատուիլ առօրեայի ճնշուած իրականութենէն։ Արդեօք կրցա՞յ իրականացնել այդ պարզագոյն երազս….ա՜խ, երանի՜, երանի՜։ Այո’, «Երանի՜» կ’ըսեմ, որովհետեւ հո՛ս, Թորոնթոյի մէջ, տուն մը ունենալու սիրոյն՝ ամսական վճարումներու հասնիլը, կեանքի հեւքն ու ամէնօրեայ պարտականութիւններու եռուզեռը գլուխ կը դարձնեն։ «Երանի՜» կ’ըսեմ, որովհետեւ մէկ ու կէս տարի է ի վեր` ո’չ միայն հոն նստիլը, այլ՝ բազկաթոռ մը տեղադրելու որոշումս անգամ մոռցած եմ։

Անցեալները, աննշան դիպուածով մը, վերյիշեցի անցեալին որոշած ու չիրականացուցած որոշումս։ Տղաս բանակումէն վերադարձաւ ու աղտոտած կտաւէ աթոռը դրաւ պատուհանին դէմ։ Հականեխիչ անձեռոցիկով աթոռը մաքրեցի, աւելի մօտեցուցի պատուհանին, որպէսզի շուտով չորնայ ու ես գացի տան գործերս ընելու։ Ժամ մը վերջ, յոգնած, վայրկեանի մը համար նստայ հոն՝ հանգստանալու, սակայն` սկիւռներուն խաղավայրը, թռչուններուն օրօրոցը եւ ռաքուններուն խոռոչը հանդիսացող ծառերուն տերեւները, մանաւանդ անոնցմէ դեղնածները, սիւքին հետ խաղալով ծափահարեցին ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, բայց զիս փոխադրեցին Հայաստանի ոսկի աշնան գիրկը, ուր տերեւներով ծածկուած գետիններուն դպչող քայլերէս յառաջացող խշշան տերեւներու արձագանգը սուլեց ականջիս մէջ։

Դպրոցական տարիներուս՝ «Հայաստանի ոսկի աշունը» նախադասութիւնը յաճախ կարդացած էի ու տարիներ ետք անոր գովքը հիւսած էի աշակերտներուս, բայց ինչպէ՞ս կրնաս չապրած, չվայելած ու չզգացած պահդ, ամենայն ճշգրտութեամբ, փոխանցել այլոց։ Մանկութենէս ի վեր միայն ամառները ճամբորդած եմ Հայաստան, իսկ 2011-ի Հոկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով, Ուշի գիւղին մէջ, հայրենիքիս ոսկի աշնան անմոռանալի համն ու հոտը ամբողջ զգայարանքներովս զգացի։ Հայաստանցիները կ’ըսեն՝ «Ո’չ մի բան հենց էնպէս չի’ պատահի, ի վերուստ է ծրագրուած…», եւ ճիշդ ալ այդպէս եղաւ։ Ամուսինս ու ես, Երեւանի մէջ հանդիպեցանք մեզի շատ սիրելի պոլսահայ անուանի գրող, հրապարակագիր, «Մարմարա» թերթի երկար տարիներու խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանին, տիկնոջը՝ Սուզանին եւ այդ օրերու փոխխմբագիր օրիորդ Մաքրուհի Յակոբեանին, որոնք արդէն միեւնոյն գիշերը պիտի մեկնէին Պոլիս։ Օրիորդ Մաքրուհին գիրքեր ու «Մարմարա» թերթէն քանի մը թիւեր տուաւ ինծի եւ խնդրեց, որ զանոնք յանձնեմ մեզի բոլորովին անծանօթ պարոն Մարգար Շարապխանեանին։ Հեռաձայնի թիւն ալ գրեց թուղթի մը անկիւնը եւ ըսաւ. «Գնա՛, անպայման ծանօթացի՛ր, հոյակապ անձնաւորութիւն մըն է, շատ գոհ պիտի մնաս եւ իր միջոցաւ շատերու հետ պիտի ծանօթանաս»։

Յաջորդ օրն իսկ զանգեցի, շատ քաղցր ու հաճելի արեւմտահայերէնով կը խօսէր զրուցակիցս։ «Ես Ուշի գիւղ կը բնակիմ, ուրբաթ օր Երեւան պիտի գամ, որովհետեւ Գրողներու միութեան շէնքին մէջ գիրքի մը շնորհանդէսին ներկայ պիտի գտնուիմ», ըսաւ ան։ Շէնքին դիմացը տեսնուիլ առաջարկեցի՝ «Չէ’, դուք կ’ըսէք որ ուսուցչուհի էք եւ գրականութեամբ կը զբաղիք, ուրեմն եկէք Գրողներու միութեան շէնքին երկրորդ յարկի դահլիճին մէջ տեսնուինք, շնորհանդէսին ալ ներկայ կ’ըլլաք», պատասխանեց ան։ «Իսկ Ձեզի ինչպէ՞ս պիտի ճանչնամ», հարցումիս ի պատասխան, զուարդախոհութեամբ` «Ճերմակ մազերով, ակնոցաւոր, չակերտեալ երիտասարդ մըն եմ», ըսաւ եւ ծիծաղեցաւ։ Ժամադրուեցանք։ Շնորհանդէսը սկսելէ առաջ մտայ դահլիճ, ալեհերները շատ էին հոն, քիչ մը շրջեցայ ու արեւմտահայերէն լսելուս պէս մօտեցայ պարոն Մարգարին, որ կը զրուցէր գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեանին հետ։ Երբ երկուքին հետ ծանօթացայ` «Այս ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն է», ըսի եւ հետեւեալը աւելցուցի՝ «Մարգարը, Մարգարիտան եւ Մարգարեանը իրարու հետ համախմբուած են…այս ի՜նչ զուգադիպութիւն»։ Խնդացինք։ Մարգարիտան առաջարկեց, որ իրենց քով նստիմ, իր հեռաձայնի թիւը տուաւ ինծի եւ ըսաւ. «Զանգի’ր, պայմանաւորուենք եւ Ուշի գնանք՝ Շարապխանեաններին հետ Համաստեղի ծննդեան 116-րդ ամեակը նշելու»։

Մարգարիտային հետ ապագային մտերմացանք եւ անոր շնորհիւ շատ մը նշանաւոր գրողներու եւ երեւելի դէմքերու հետ ծանօթացայ, որպէս հիւր ուսուցիչ՝ դպրոցներ եւ համալսարաններ այցելեցի եւ արեւմտահայերէնի դասեր տուի, նոյնիսկ անոր հրատարակած Արամ Հայկազի «Մոռացուած էջեր» գիրքերուն կարգ մը հատորներուն վերջնական սրբագրութիւնը ըրի։
Ամուսինիս ու Մարգարիտային հետ գացինք Ուշի, ու ես ինքզինքս գտայ ոսկեգոյնի երանգներու ծալքերուն անկանխատեսելի աշխարհին մէջ, ուր նախակրթարանի դասագիրքերուս մէջ գրուած ու գծագրուած ոսկի աշուններուն հրաշքը մանրամասնութեամբ ըմբոշխնեցի։ Ինքնաշարժէն քանիցս իջայ, նկարեցի ու նկարուեցայ, մինչեւ որ ուշացումով հասանք այն դպրոցը, որ Շարապխանեաններու ջանքերով վերանորոգուած էր։ Լուսաւոր սրահի ամպիոնին կեցած աշակերտները, իրենց անթերի ելոյթներով, անմահ գրող Համաստեղի գործերէն ընտրանի մը ներկայացուցին։ Զգացախառն պահեր ապրեցայ այդ վայրկեաններուն, եւ Հալէպի սիրելի աշակերտներէս նոր բաժնուած ըլլալուս համար կամայ-ակամայ սկսայ լալ․ կարօտը կը սեղմէր կոկորդս։
Հանդիսութեան աւարտին պարոն Մարգարին հետ շրջեցանք դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ տեսանք Համաստեղի անունը կրող դպրոցի հսկայ գրադարանը, ապա ուղղուեցանք Շարապխանեաններուն տունը, ուր ծանօթացանք տիկին Էլիզին։ Հոն տեղեկացանք, որ Շարապխանեան զոյգը Գանատայէն տեղափոխուած են Հայաստան եւ Ուշի գիւղը բնակելով օգտակար դարձած են գիւղացիներուն եւ աշխատանքի առիթներ հայթայթած անոնց։

Տան մուտքին ձախ կողմը, գրադարանին մօտ, տեղադրուած էր տեսակաւոր ուտեստներով լի երկար սեղան մը, որուն շուրջ նստած էին գիւղապետը` դպրոցի տնօրէնը, քանի մը ուսուցիչներ, գիւղին երեւելի դէմքերը, դրացիները…անշուշտ, մենք ալ միացանք անոնց։ Բաժակաճառերով ու քաղցրահամ խօսակցութիւններով լիառատ սեղանին շուրջ նստողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Շարապխանեան ամոլին, որոնք իրենց անձնական ջանքերով Ուշի գիւղի կենսական կարիքները ապահոված էին։ Շնորհակալական խօսքերուն ի պատասխան` պարոն Մարգարը ոտքի կանգնեցաւ, բաժակը բարձրացուց. «Հայաստանը մեր տունն է, հետեւաբար շնորհակալութիւն յայտնելու կարիք չկայ, ես ո՛չ մէկ բան ըրած եմ», ըսաւ ու ժպտելով նայեցաւ սեղանին եւ հոն տեղադրուած կարգ մը ուտելիքները ցոյց տալով ըսաւ. «Տեսէ՛ք, ասոնք ես չեմ գնած, բոլորը դո՛ւք բերած էք։ Ամէն առաւօտ դուռը կը զարնուի, Էլիզին կը հարցնեմ՝ «Ո՞վ էր դուռը զարնողը», «Դրացին է՝ մածուն բերաւ, ուրիշ մը՝ կաթ բերաւ, միւսը՝ մեղր բերաւ, բերա՜ւ ու բերա՜ւ…», կը պատասխանէ ան։ Ես ալ կ’ըսեմ. «Աս ի՞նչ է, ասոնք մեզի ուտելիք գնելու առիթ չեն տար»։ Տեսա՞ք, դուք էք բերողը, հետեւաբար, ե՛ս շնորհակալ եմ», – ու բոլորս լիաթոք քրքջացինք։

Առատաձեռն, ազնիւ, հեզ, խոհեմ, հայրենասէր, ազգասէր, հիւրասէր, բոլորին օգնող եւ բոլորին կողմէ սիրուած, յարգարժան մարդ մըն էր պարոն Մարգարը, միեւնոյն ժամանակ շատ խորիմաց, խիստ, ճիշդ գնահատական տուող եւ իսկական տաղանդը արժեւորող գրական գործիչ (Գրողներու միութեան մէջ զանազան առիթներով հիացած եմ իր վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները ունկնդրելով)։ Մաքրամաքուր եւ կայտառ դաշնակցական մըն էր ան, որ իր խօսքին ճշգրտութիւնը ապացուցած էր ի՛ր իսկ ապրած կեանքի օրինակով։

Երեկոյի աւարտին դուռէն ներս մտան խումբ մը աշակերտներ՝ իրենց ուսուցիչին առաջնորդութեամբ, եւ արտասանութիւններով ու երգերով աւելի ճոխացուցին այդ աննախադէպ խնճոյքը։ Յանկարծ պարոն Մարգարը տեղէն ցատկեց՝ «Կեցցէ՛ք» գոչեց եւ անոնց հետ սկսաւ արտասանել իր գրած` «Հայե’ր, երթա՛նք Հայաստան» բանաստեղծութիւնը, որուն իւրաքանչիւր նախադասութիւնը պարոն Մարգարին բաց թեւերուն խրախուսիչ շարժումներով աւելի կ’իմաստաւորուէր, մանաւանդ որ ինք այդ տողերուն իմաստը գործադրած ու տարիներ առաջ եկած եւ հաստատուած էր Հայաստան` հայրենիքը աւելի ծաղկեցնելու նպատակով։

Կը յիշեմ, թէ ան ինչպէ՛ս Ապրիլ 24-ին, Ուշիէն Երեւան կը բերէր աշակերտները եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին դէմ իրենց հոգու պարտքը տալէ ետք, անոնք կու գային ծնողքիս ճաշարանը, եւ պարոն Շարապխանեանը, համբերութեամբ, հայրենասիրութեան մասին կը խօսէր անոնց, իսկ իրենք բանաստեղծութիւններ արտասանելով՝ հպարտանալու առիթ կ’ընծայէին իրենց սիրելի առաջնորդին։ Անմոռանալի յիշատակներ, որո՞ւն միտքէն կ’անցնէր, որ տարիներ ետք մենք Գանատա պիտի փոխադրուինք եւ Շարապխանեաններուն հարազատներուն հետ պիտի մտերմանանք․․․

Մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ պարոն Շարապխանեանին մահուան ցաւալի գոյժը լսեցի։ Այսպիսի բիւրեղ անձ մը քանի՞ տարին մէկ աշխարհ կու գայ…։ Թող անոր յիշատակը անմար մնայ ու ապրած կեանքը օրինակ դառնայ օտար ափերուն մէջ ծուարած հայորդիներուն։ Խունկ ու մոմ իր յիշատակին։

Մէկ վայրկեան նստիլ կամեցած էի այդ պատուհանին դէմ, սակայն երկար ժամեր անցած էին ու լուսինը սկսած էր ծառին տերեւներուն ետեւը պահուըտելով աչխփուկ խաղալ յիշողութիւններով թարմացած հոգիիս հետ, ուր կ’ուրուագծուէր Շարապխանեններու տան երկրորդ յարկի պատշգամէն պարզուած Ուշի գիւղի աշնանային ոսկեայ հրաշագեղ համայնապատկերը։

Այդ անմոռանալի գիշերուան յաջորդող օրն իսկ, օրօրուող կարմիր բազկաթոռս տեղաւորեցի պատուհանին քով ու մէկուկէս տարուան երազանքս իրականացնելով, նուազագոյնը օրական կէս ժամ սկսայ նստիլ հոն եւ աշնան օրերուն արեւը հոգւոյս գրպաններուն մէջ լեցուցած՝ սուրճիս շոգիներուն խառնեցի հին ու նոր օրերու յիշատակներու բուրվառին ծուխն ու բոյրը։