Օնթարիոյի միացեալ խորհուրդը գործի լծուած


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արցախի վերջին տարաժամ իրադարձութիւնները ցնցեցին ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ սփիւռքի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները, որոնք անվարան փութացին օգնութեան։ Սփիւռքի ցայտուն օրինակներէն մէկը՝ գանատահայութիւնը, բնականաբար, չէր կրնար ձեռնածալ մնալ եւ ինչպէս միշտ պիտի հասնէր օգնութեան։


Ուստի, կրակին մէջէն անցնող ու Հայաստան ապաստանող արցախահայութեան օգնելու որոշում կայացուց Օնթարիոյի հայկական միացեալ մարմինը եւ նիւթական, մարդասիրական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեց՝ Արցախէն բռնի ուժով տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն։


13 հոկտեմբեր 2023-ին, Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդի իրագործած աշխատանքներու տարողութիւնն ու մանրամասնութիւնները իմանալու համար, Հայ կեդրոն այցելեցի եւ անձամբ ականատեսը դարձայ խորհուրդի անդամներուն եւ կամաւորներուն մեղուաջան աշխատանքին ու տեսայ սեղաններուն վրայ հոգատարութեամբ զետեղուած հազարաւոր նոր եւ որակաւոր իրերը, որոնք մօտ օրէն պիտի ուղարկուին Հայաստան՝ տրամադրուելու հոն ապաստան գտած մեր արցախահայ քոյրերուն ու եղբայրներուն։


Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդի անդամ եւ մարդասիրական օգնութիւնները համակարգող Խորէն Մարտոյեանի հետ ունեցած զրոյցիս ընթացքին՝ ան կարեւորեց այս նախաձեռնութեան անհրաժեշտութիւնն ու ըսաւ, որ Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդ ձեւաւորուած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք եւ միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած մեր հայրենակիցներու, նամանաւանդ արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն։


«Այսօր եւս, այս դժնդակ պայմաններում եւ ի տես ներկայի ցաւալի իրադարձութիւններին, մենք չենք կարող լուռ ու մունջ կանգնիլ եւ չօգնել բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներին, որոնք կորցրեցին իրենց տունը, զաւակներն ու հարազատները։ Հիմա, աւելի քան երբեւէ, արցախահայութիւնը սփիւռքին կարիքը ունի, եւ մենք միասին պետք է յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն», դիտել տուաւ Մարտոյեան։


Միացեալ խորհուրդին այս նախաձեռնութիւնը սկսած է հոկտեմբերի սկիզբը, Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն եւ արցախահայ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարած յանցագործութենէն եւ բռնի տեղահանութենէն ետք։


Նուիրահաւաքի ժամկէտին եւ միատեղուած իրերու՝ Հայաստան հասցնելու թուականին մասին հարցումիս որպէս պատասխան, Խորէն Մարտոյեան ըսաւ. «Ընդամէնը երկու շաբաթ է մնացել այս ծրագրի աւարտելուն, վերջնաժամկէտը Հոկտեմբերի 28-ն է, որից յետոյ՝ Նոյեմբերի առաջին շաբթուայ ընթացքում տարաներն ու արկղները (քոնթէյնըր) կը տեղաշարժուեն եւ Հայաստան կը հասնեն մօտաւորապէս Յունուարի առաջին շաբաթը։ Այս առթիւ ուզում եմ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել՝ Metras Shipping and Forwarding ընկերութեանը, ի դէմս անոր նախագահ պարոն Վահամ Փիրջանեանին, որ միշտ թեւ ու թիկունք է կանգնել մեզ եւ լաւագոյն ձեւով աջակցել՝ փոխադրման հետ կապուած աշխատանքները իրականացնելու, իսկ այս անգամ, արկղները դէպի Հայաստան փոխադրելու ամբողջ ծախսը պարոն Փիրջանեան վերցրեց իր վրայ»։


«Մենք այդ ժամանակ լծուեցինք աշխատանքի ու հիմա արդէն 10 օրերէ աւելի է, որ առաջ ենք տանում աշխատանքները։ Այս աշխատանքներին միացել է գրեթէ ողջ գանատահայութիւնը, ո՛չ միայն Թորոնթոյի, այլեւ Մոնթրէալի եւ Վանգուվերի մեր քոյրերն ու եղբայրները: Համայնքային առումով, գանատահայութիւնը կողք-կողքի եկած` ի կատար է ածելու եւ յաջողցնելու է այս ծրագիրը», յայտնեց ան։



Խորէն Մարտոյեան վստահեցուց, որ նպաստը հայրենիք հասնելու ժամանակ ինք Հայաստան պիտի մեկնի եւ անձամբ պիտի բաժնէ գանատահայութեան կատարած նուիրահաւաքը արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն։ Ան երկու շաբթուան տեւողութեամբ պիտի գտնուի Հայաստան եւ զանազան վայրերու (Երեւանի, Ջերմուկի, Վանաձորի, Գիւմրիի, Հանքաւանի, Ծաղկաձորի, Սպիտակի), գիւղերու կամ ջամբարներու մէջ իջեւանած կամ ապաստան գտած արցախահայութեան պիտի բաժնէ ղրկուած օժանդակութիւնը եւ էական իրերը, որոնք ձմեռնային հագուելիքներ, վերարկուներ, ծածկոցներ, կօշիկներ, մոյկեր, գրենական պիտոյքներ եւ այլ կարեւոր իրեր են։


Արցախի երիտասարդներուն եւ նոր սերունդին ուղղուած ու մօտիկ ապագային, քայլ առ քայլ, իրականացուելիք արդիական ծրագիրներու աւետիսն ալ ստացայ զրուցակիցէս։
Առ այսօր, Հայ կեդրոնին մէջ նուիրահաւաքի եռուզեռը կը շարունակուի, իսկ թորոնթոհայութիւնը՝ մեծէն-փոքր, ամենայն աշխուժութեամբ, կը փորձէ դժուարին պարագաներու մէջ եղող եւ իր բնօրրանէն բռնի ուժով հեռացող արցախահայութեան վէրքերուն դեղն ու դարմանը դառնալ։ ֍