Պարոն Մարգար Շարապխանեանը. անզուգական տնօրէնն ու մենտորը


Արցախի ճգնաժամային օրերուն, երբ կը պատրաստուէինք նշել Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ անկախութիւնները վարժարանէն ներս, երկու օր անքուն կը մտածէի, թէ ի՞նչ պատգամ պիտի տամ մեր աշակերտութեան, երբ մղոններ հեռու Արցախը կը յանձնուի ոսոխին եւ Հայաստանը պատանդ է առնուած դաւաճաններու ձեռքը:

Մտաբերեցի իմ աշակերտական օրերս, երբ ողորմած պարոն Մարգարը հանդէս կու գար մեր աշակերտական առաւօտեան հաւաքներուն, ուր միասնաբար կ’աղօթէինք եւ կ’երգէինք քայլերգը: Մենք հասակ առինք ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի յարկին տակ մեր պատմութեան անկիւնադարձային տարիներուն՝ 1988-ի երկրաշարժն ու Արցախի ազատագրական պայքարի ծնունդը եւ յաջորդող տարիներու Արցախի գոյամարտը եւ զոյգ պետութիւններու անկախացումները: Պարոն Մարգարը անողոք մեզի քարոզեց լոկ հայրենասիրութիւն՝ գնահատել եւ ապրեցնել մեր մշակոյթը, ծառայել ի շահ մեր ժողովուրդին եւ հայրենադարձութիւնը համարել որպէս հայապահպանման լաւագոյն միջոցը: Մարդասիրական ծառայութիւն ջամբեց ան երկրաշարժի եւ Արցախի պատերազմի օրերուն եւ պահանջատիրութեան ջահը վարեց եւ վերանկախացման յոյսը ներշնչեց մեր մանուկ հոգիներուն մէջ, երբ բռնապետութիւններու ձեռքն էին մեր հայրենի հողերը:

35 տարիներ ետք, հայրենիքի նման պայմաններու տակ, վարժարանի որպէս ներկայ տնօրէն, դիմեցի պարոն Մարգարի օրինակին՝ մղելու աշակերտները դէպի անողոք պայքար եւ անշահախնդիր ծառայութիւն:

Մէջբերեցի ՝ «Արձագանգ»-ի 11-րդ համարին մէջ (1972) գրուած իր խօսքերէն՝

«Եւ թող բոլորը իմանան, թէ դուն ունիս զաւակներ, որոնք հպարտ ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, երբ ծառայեն քեզի ու կը զոհուին քեզի համար։
Կ’արհամարհեմ զանոնք, որոնք չեն սիրեր կամ կ’ուրանան քեզ։ Անոնք պարզապէս չեն ճանչցած քեզ, եւ կամ ցամքած է արիւնը հայուն իրենց երակներուն մէջ։
Կ’երդնում իմ երիտասարդութեան վրայ, թէ քեզ պիտի սիրեմ ու պիտի ծառայեմ քեզի մինչեւ վերջին շունչը իմ։

Թող ես ոչնչանամ, եթէ քեզ ուրանամ, ու թող գոյութիւնս անհետանայ, եթէ քեզ մոռնամ, ո՛վ իմ հմայիչ ժողովուրդս։
Ու կը հաւատամ …
Ու կը հաւատամ, թէ պիտի գայ օ՛ր մը, երբ քու հայրենի հողերուն վրայ վերստին պիտի փայլի ազատութեան Արեւը, պիտի վերստին ծածանի արդարութեան Դրօշը, եւ այն ատեն դուն դարձեալ պիտի առնես այն՝ ինչ քուկդ էր արդէն, իմ պաշտելի՜ ժողովուրդ – ՀԱ՜Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ»։

Ճիշտ այս երդումով ալ ան եւ դպրոցի անձնակազմը դաստիարակեցին մեր սերունդը, անդադար քարոզելով, որ մենք ՀՕՄ-ի վարժարանէն ներս պիտի զինուինք գիտելիքներով եւ ազգային գիտակցութեամբ եւ ապա դառնանք մեր դատին եւ ազգութեան առաքեալները: Այն սերունդը, որ չունեցաւ բախտաւորութիւնը ունենալու երկրորդական կարգի ուսում մեր վարժարանէն ներս, իրօք կատարեց իր ազգային առաքեալի պարտականութիւնները թէ՛ օտարներուն՝ հայութեան եւ մեր դատին մասին դաստիարակելով եւ թէ՛ օտար վարժարաններ յաճախած հայ աշակերտները միութենական կեանքին շուրջ համախմբելով:

Պարոն Մարգարը, հանգստեան կոչուելէն ետք չի դադրեցաւ իր աշխատանքը դպրոցի վերաբերեալ: Ան շարունակեց խնամել իրեն աշակերտած շրջանաւարտները միշտ հետաքրքրուելով իրենց կեանքի յաջողութիւններով, ինչպէս՝ բարձրագոյն ուսում, ընտանիք, միութենական կեանք: Ան կ’ուզէր տեսնել, որ իր ջամբած ոգին կը դրսեւորուէր մեր կենցաղով՝ ի սպաս մեր ազգի վերելքին:

Որպէս իր խօսքին տէրը, պարոն Մարգարը փոխադրուեցաւ Հայաստան ինչպէս միշտ կը ցանկար նաեւ մեզի համար: Թէեւ մեզմէ ֆիզիքապէս հեռու, ան չի դադրեցաւ դպրոցով հետաքրքրուելէ: Յաճախ կապի մէջ էր հետս յատուկ հետաքրքրութիւններ ցոյց տալով մեր դպրոցի աճման, հայեցի դաստիարակութեան եւ անդադար կը խրատէր զիս: Երիտասարդ տարիքէս ի վեր ան քաջալերած էր իմ հետաքրքրութիւնս հայ գրականութեան եւ պատմութեան հանդէպ եւ՝ մէջս տեսնելով սէր կրթութեան հանդէպ, կը խրախուսէր, որ ուսանիմ որպէս ուսուցիչ եւ վերադառնամ մեր վարժարան, ապա՝ ըլլամ տնօրէն:

Երբ 2017-ին նշանակուեցայ վարժարանի տնօրէն՝ հետեւեալ նամակները փոխանակեցինք իրարու, որ լաւագոյն ձեւով կը նկարագրէ իր յատուկ քաջալերանքի ոճը:

«Բարեւ պարոն Մարգար,
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի ձեր խնամքին, քաջալերանքին եւ ներշնչիչ օրինակին: Այս շաբաթ յայտարարեցին, որ զիս նշանակած են դպրոցի տնօրէն: Այս պատիւին ես պիտի չի կարենայի արժանանալ առանց ձեր եւ մեր վարժարանի տարած աշխատանքին մեր սերունդին վրայ: Ինչ մեծ բախտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն, որ հիմա ինծի կը վստահուի շարունակել այն գործը, զոր դուք անձնուիրութեամբ եւ օրինակելիօրէն սկսաք 38 տարիներ առաջ:
Ներփակ կը գտնէք պաշտօնական նամակը կրթական մարմինէն:
Կրկին երախտապարտ եմ սիրելի պարոն Տնօրէն: Ձեր եւ ձեր նմաններուն շուքին տակ մենք հասակ առինք, հիմա պիտի շարունակենք այս սուրբ գործը:
Մեծ սիրով եւ կարօտով՝
Րաֆֆի»։

«Սիրելի Րաֆֆի, մեզի հասած ուրախ լուրը շատ ուրախացուց զիս եւ Էլիզը: Որոշումին արժանի ես: Յովիկը գրեց, թէ պատմական որոշում մըն է Րաֆֆիին տնօրէն նշանակելնին: Ես միշտ կողքիդ եմ ու պիտի ըլլամ նաեւ ապագային: Չես կրնար երեւակայել, թէ որքան կ’ուրախանամ, երբ մտածեմ, որ Թորոնթոյի մէջ կառուցածս լաւ ձեռքերու մէջ է ներկայիս ու կը յառաջդիմէ իմ փափաքածիս պէս:»
2 յուլիս 2017

«Ուրախութիւնս մեծ է, երբ Թորոնթոյէն կը տեղեկանամ, թէ յաջող կերպով կը վարես քեզի յանձնուած, մեր սիրելի դպրոցին տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը: Ապրիս տղաս, հազա՛ր ապրիս: Բարեւներ ու ջերմ համբոյրներ բոլորիդ անխտիր: Քեզ սիրող ու տարած գործդ միշտ գնահատող՝ Մարգար: Բարեւներ բոլորին: Միշտ սիրով ու միշտ կողքիդ՝ Մարգար»։
2 դեկտ. 2017

Մեր սերունդին մէջ կ’ուզէր տեսնել իր տարած աշխատանքին արդիւնքը, որ եղաւ իր ամենէն մեծ վարձատրութիւնը եւ որուն միջոցաւ ան հանգիստ գիտէր, որ մինչեւ այն ատեն որ մեր գաղութի ղեկը իր նախկին աշակերտներուն ձեռքն էր, անպատճառ թորոնթոհայութիւնը լաւ ձեռքերու մէջ էր:

2008-էն ի վեր, մեր աշակերտները շարունակեցին օգտուիլ իր խրատներէն, եւ իր կենցաղը շարունակեց մնալ որպէս ներշնչում մեր աշակերտական դէպիՀայաստան տարեկան ճամբորդութիւններու միջոցաւ: Ամէն տարուան ճամբորդութեան իր եւ իր տիկնոջ՝ տիկին Էլիզի հրաւէրով, մեր աշակերտները կ’այցելէին իր բնակած գիւղը՝ Ուշի, ուր ծանօթանալով պարոն Մարգարին՝ մեր աշակերտները նաեւ կը ծանօթանային մեր վարժարանի արմատներուն, եւս զգալով անոր ուժն ու կարեւորութիւնը: Իրենց աչքերով կը տեսնէին, թէ պարոն Մարգարը եւ տիկին Էլիզը ինչպէ՞ս Ուշի գիւղին ի նպաստ աշխատանքներ կը տանէին նոյն գուրգուրանքով՝ ինչպէս մեր վարժարանի առաջին երկու տասնամեակներու ընթացքին:

Ստորեւ կ’ուզեմ մէջբերել 2015-ի յօդուածէս բաժին մը՝ նուիրուած մեր աշակերտներու Ուշի այցելութեան, պատկերացում տալու ընթերցողին պարոն Մարգարին հետ իմ ապրումներու մասին:

Աստուած պարոն Տնօրէնին հոգին լուսաւորէ, իր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ: Կը խոստանանք շարունակել մեր սուրբ գործը։

Ուշի գիւղ

Մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանի առաջնորդութեամբ այցելեցինք Ուշի գիւղ, ուր ան ներկայիս կը բնակի իր տիկնոջ հետ: Մասնաւորաբար այցելեցինք գիւղի վարժարանը, որուն մեծապէս նպաստած էր պարոն Մարգարը: Հոն մեր աշակերտները առիթը ունեցան շփուելու տեղացի աշակերտներուն հետ: Երբ առիթը տրուեցաւ, որ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան դիմաց խօսք առնեմ, ներկաներուն ուզեցի ներկայացնել, թէ պարոն Մարգարը ինչպէս տպաւորած էր զիս՝ որպէս իմ աշակերտութեան տարիներու տնօրէն:

Մեր վարժարանէն ներս էր, ուր մեր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանը 1988-ին մեզ տեղեկացուց Արցախի շարժման մասին եւ ահաւոր երկրաշարժին լուրերը մեզի փոխանցեց: Ան առաւօտեան մեր հաւաքներուն, մեր խղճերը բացաւ մարդասիրական գործունէութեան, մեր փոքր հասակին: Իսկ 1991-ին՝ կը յիշեմ ինչպէս մեծ խանդավառութեամբ պարոն Մարգարը մեզի փոխանցեց Արցախի անկախացման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախացման լուրերը, որոնք մենք դիմաւորեցինք ծափերով, ուռաներով եւ «Մեր հայրենիք» երգելով:

Պարոն Մարգարը թէեւ հիմա մղոններ հեռու է, բայց միշտ հոգեպէս ներկայութիւն է իմ առօրեայէն ներս: Անկեղծօրէն, երբ ամէն առտու հասնիմ դպրոց, կարծես զինքը կը տեսնեմ տնօրէնին գրասենեակին դիմաց մեծ ժպիտով: Իր ակնոցներուն ետէն պահանջկոտ նայուածքներ կը յարին ինծի, որոնք անխօս կ’արտայայտուին որպէս ազգային խիղճ, ինչպէս անցեալին: Ան կը չափէր մեր «հասակը», մեր հոգեկան հասակը, մեր հոգւոյն մէջ հասակ առնող հայրենասիրութեան հասակը, դպրոցի առաքելութեան յաջողութիւնը կ’ուզէր տեսնել մեր մէջ: Եւ մինչեւ օրս, այդ նոյն նայուածքով կը դիմաւորէ զիս, կէս քայլ մը ետ, նախ խիստ նայուածքով կը չափէ, որուն շուտով կը յաջորդէ իր ժպիտը՝ մինչ գլուխը թեթեւ մը կը ճօճէ իր հաւանութիւնը տալով: Դժուար է հասկնալ այդ ինչ կը նշանակէ, եթէ հասակ չէիր առած պարոն Մարգարին շուքին տակ, դպրոցի շրջանաւարտները սակայն կը հասկնան, անշշուկ ըսել կ’ուզէ՝«Լաւ է տղաս, «հասակ» նետած ես»: Ի վերջոյ, որպէս մեր ութերորդ դասարանի գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դաստիարակ՝ պատիւը ունեցան մեզմէ շատերը իր շունչով եւ յատուկ ապրումով լսելու Խրիմեանի «Երկաթէ շերեփ»-ի ճառը, Թէհլիրեանի սխրագործութեան պատմութիւնը, Դանիէլ Վարուժանի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Պատմութիւններ, որոնք մարմնաւորուեցան մեր դիմաց, ներշնչեցին մեզ եւ դրոշմուած մնացին մեր մտքերուն մէջ, մինչեւ օրս:

Պարոն Մարգարը եւ իր նմանները մեծ ազդեցութիւն ունեցան իմ կեանքի որոշումներուն վրայ, նամանաւանդ ազգային կեանքէն ներս: Ան միշտ մղեց զիս եւ շատ ուրիշ շրջանաւարտներու դէպի ազգային ծառայութիւն:

Ուխտագնացութեան ընթացքին մեր 19 աշակերտները իրենց հայրենասիրութեամբ, հպարտանքով լեցուցին հոգիս եւ աւելի հասկցայ պարոն Մարգարին ունեցած ապրումները իր շրջանաւարտներու հանդէպ:

Երէցներ, ծնողներ, միութենական ղեկավարներ եւ դաստիարակներ, ձեր առօրեայ որոշումներով կը կանխորոշենք մեր հաւաքական ապագան: Թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բաներու համար կը քաջալերենք եւ կը վարձատրենք մեր հասակ առնող պատանին, ի վերջոյ կը ձեւաւորէ մեր ճակատագիրը:

Մեր լեզուն ամէն գնով պաշտպանենք, մեր մշակոյթը մեր տուներու եւ հաստատութիւններու մէջ ապրեցնենք: Մեր դարաւոր դատի պայքարը թարմ պահենք դաստիարակելով մեր նոր սերունդը, որպէսզի ըլլան պահանջատէր: Փաստուած ամենէն լաւ ձեւը այս յաջողեցնելու համար՝ օրինակ ըլլալն է մեր հասակ առնող նոր սերունդին, ինչպէս պարոն Մարգար կը շարունակէ ըլլալ մեզի համար:

Սխալ է նախապաշարումով նոր սերունդը անուանել անհայրենասէր եւ վերագրել մեր դժբախտութիւնները անոր՝ ենթադրելով, որ ան անկարող է: Դժբախտաբար, մեր պատմութեան էջերուն մէջ դիւրաւ կարելի է գտնել ազգակործանները – դաւաճանը, անհոգը, անձնասէրը, օտարամոլը, շահագործողը. ամէն սերունդ, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդը, ունեցած է եւ ունի եւ պիտի ունենայ այսպիսի անհատներ:

Դժբախտութիւնը կը գերիշխէ, երբ կենդանի սերունդները չեն կրնար ոգեւորել եւ ներշնչել նոր սերունդը եւ անոր համար կարենան ստեղծել պայմաններ, որոնց տակ իրենց մէջ պիտի ծլին ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնաճանաչման սերմերը:

«Մենք ըրինք, հիմա ձեր կարգն է»․ ահաւասիկ խօսք մը, որ յաճախ կը լսէ նոր սերունդը, երբ ան կ’ուզէ լսել՝ «Ապրի՛ք, մենք ձեր կողքի՛ն ենք»։ Ղեկը հարկաւո՛ր է տալ երիտասարդին, բայց նաեւ՝ անո՛ր թիավարութեամբ առաջնորդուիլ, ո՛չ թէ յանձնել նաւը եւ մնալ ցամաք հեռադիտակով դիտելու անոր երթը: