Մայր Աթոռը պիտի պահպանէ Արցախի թեմը․ Արցախն այս շաբաթ


Մայր Աթոռը պիտի չլուծարէ Արցախի թեմը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ ժողովին ընթացքին, որուն կը նախագահէր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որոշուեցաւ պահպանել Արցախի թեմը։

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան պետութեան առջեւ ծառացած յետ-պատերազմեան մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հիմնահարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր ժառագութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերը:

Ժողովի առաջին օրը զեկոյցով հանդէս եկան Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանy:

«Արցախի թեմի լուծարումը տեղի չունենար, ինչպէս, ցաւօք սրտի, լուծարուեցաւ Արցախի պետականութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ի ուրախութիւն բոլորիս յայտարարեց, որ Արցախի թեմը պիտի չլուծարուի, այլ՝ գործառոյթները քիչ կը պիտի փոխուին, եւ ան իր նպատակներուն համար պիտի ծառայէ: Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք մեր սրտին մէջ պիտի ունենանք երազանք` նորէն վերադառնալու Արցախ», ըսաւ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը։

 

Պէտք է զբաղիլ Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներու վերադարձի հարցերով. Շահրամանեան 

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի վերաբերող յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ զբաղիլ՝ Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներուն վերադարձը ապահովելու հարցով:

«Ատիկա մեր օրակարգային հարցերէն մէկն է, եւ մենք պիտի սկսինք քննարկումներու, ներառեալ ՝ ճանապարհներու որոնումներու այդ հարցի լուծման համար», ըսաւ ան: 

Նախագահ Սամուէլ Շահնազարեան՝ հարցազրոյցի ընթացքին (լուսանկարը՝ Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին)

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ «Արցախի ի՞նչ կարգավիճակով», Շահրամանեան ըսաւ. «Ատիկա քննարկումներու, բանակցութիւններու հարց է, ինծի կը թուի՝ բնակչութեան վերադարձի հարցով, շահագրգռուած են տարբեր քաղաքական կեդրոններ՝ եւրոպական, ամերիկեան, ռուսական, ատով շահագրգռուած է, ինծի կը թուի, նաեւ Ազրպէյճանը, որովհետեւ մեղադրանքներ կը հնչեն նաեւ միջազգային հանրութեէն, որ իրենք նպաստած են բնակչութեան բռնի տեղահանման: Եւ այդ հարցի շուրջ, ինծի կը թուի, պէտք է սկսիլ բանակցութիւններու»:

19-20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Գրեթէ բոլոր շրջանները կ’ենթարկուէին բուռն հրետակոծութեան, եւ պարզ էր՝ այդ իրավիճակի մէջ մենք պէտք է ամէն ինչ ընէինք՝ դիմադրելու համար: «Ռազմական գործողութիւնները սկսելէն ժամեր ետք ես հասկցայ, որ մենք մինակ ենք ազրպէյճանական այդ նախայարձակումին դէմ: Ռուսական կողմը դիտորդի կարգավիճակին մէջ էր, մենք պէտք է ինքնորոյն ունակ ըլլայինք կարգաւորելու մեր հարցերը: Պաշտպանութեան բանակը այլ ուժային կառոյցներու, նաեւ` մեր բնակչութեան հետ միասին սկսած է ռազմական գործողութիւններու պատասխան գործողութիւնները եւ նոյնինքն այդ գործողութիւններուն շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ ազրպէյճանական կողմէն բանակցութիւններու սկսիլ: Մեզի համար պարզ էր, որ անհրաժեշտ է կանգնեցնել ռազմական գործողութիւնները, քանի որ ուժերը անհամեմատ էին եւ որքան երկար շարունակէինք, այդքան զոհեր եւ կորուստներ կ’ունենայինք », նշեց Շահրամանեան` աւելցնելով, որ իր նպատակը` իբրեւ Արցախի նախագահի` կը կայանար անոր մէջ, որ ըստ կարելւոյն արագ կանգ առնէին ռազմական գործողութիւնները, եւ խուսափէին աւելի շատ զոհերէ»:

28 սեպտեմբերի իր վիճայարոյց հրամանագիրին մասին Շահրամանեան յայտարարեց հետեւեալը. «Նախագահի հրամանագիրը, որ մեծ քննարկման առարկայ դարձած է, որուն գինը բնակչութեան անվտանգ դուրսբերումն էր, նաեւ այդ փաստաթուղթի առաջին կէտով նախատեսուած էր, որ նաեւ զինծառայողները կրնային անվտանգ դուրս գալ, մեր բնակչութիւնը՝ իրենց սեփական մեքենաներով եւ գոյքով:

Երկրորդ կէտը կը նախատեսէր լուծարել պետական համակարգը, որուն արդիւնքով Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է դադրէր գոյութիւն ունենալէ: Երրորդ կէտը կը նախատեսէր, որ մեր բնակչութիւնը, ծանօթանալով ազրպէյճանական կողմի ներկայացուցած համարկումի ծրագրին, պէտք է ինքնուրոյն եւ կամաւոր որոշում կայացնէր՝ մնա՞լ, դո՞ւրս գալ, թէ ետ վերադառնալ Արցախ՝ ապրելու: Այդ փաստաթուղթը լայն քննարկում ստացած է, եւ կը մեղադրեն, որ Արցախի նախագահը ստորագրած է փաստաթուղթ, որով կը լուծարէ Արցախի Հանրապետութիւնը: (…) կը քննարկուի այդ փաստաթուղթին մէկ կէտը, բայց մեր բնակչութիւնը չի գիտեր հիմնական այդ փաստաթուղթի ընդունման պատճառը, որ թոյլ տուած է մեր բնակչութեան անվտանգ դուրս գալ Արցախէն: Շատ չխորանալով այդ փաստաթուղթի մէջ՝ ես կ’ուզեմ յայտարարել, որ մենք գիտենք այդ փաստաթուղթին ուժն ու կարողութիւնները, եւ մենք դեռ ժամանակ պիտի ունենաք անդրադառնալու այդ փաստաթուղթին»:

 

Երեւանի մէջ՝ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ Արցախցի այլ պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ փակ քննարկում

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 1 նոյեմբերին Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ դռնփակ քննարկումի մը, զոր նախաձեռնած էր երկու տարի առաջ ստեղծուած «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութեան նախագահ Սուրէն Պետրոսեանը: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արցախի ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Արցախի իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ, քանի մը պատգամաւորներ եւ Հայաստանէն հասարակական գործիչներ:

Քննարկումի նիւթերուն վերաբերող յայտարարութիւն չկատարուեցաւ: Աշոտ Ղուլեանը լրագրողներուն հաստատեց, որ հայկական Արցախի էջը փակուած կարելի չէ համարել: «Այդպէս չէ, որ մենք մէկ հանդիպման ժամանակ յստակ արդիւնք կ’ակնկալենք, բայց կը կարծեմ, այս խօսակցութիւնը սկսած է եւ պիտի անպայման շարունակել», նշեց ան։

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք իրավիճակի պատասխանատուներու հարց քննարկուա՞ծ է, թէ՝ կատարուելիք աշխատանքներու, Արթուր Հայրապետեան, որ Արցախի մարմնակրթութեան ոլորտը համակարգող փոխնախարար եղած է, ըսաւ՝ երկուքն ալ. «Ե՛ւ, ե՛ւ, բայց աւելի շատ յառաջիկայ քայլերու համար` ինչ ընենք, որ կարենանք հող պատրաստել, որպէսզի օր մը կարենանք վերադառնալ մեր հայրենիք»:

Հանդիպման մասնակցողները թէեւ փակ քննարկման մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին, բայց յայտնեցին, թէ եկած են համաձայնութեան, որ իրենց ջանքերը պիտի կեդրոնացնեն Արցախի պետականութեան կենսունակութիւնը վերադարձնելուն: Հակառակ Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած հրամանագիրին՝ փաստաբան Արա Զոհրաբեան պնդեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կարելի չէ լուծարել։ «Ատիկա իրաւական ուժ չունի, չի կրնար միջնորդաւորուած ընտրուած նախագահը լուծարել հանրաքուէով անկախացած պետութեան գոյութիւնը, չի կրնար պետութիւնը լուծարել: Կու գայ դեկտեմբեր ամիսը, կը տեսնենք», ընդգծեց ան:

Այս հանդիպումին նախաձեռնած Սուրէն Պետրոսեանը եւս շեշտեց հետեւեալը «Ոեւէ մէկուն կողմէ չի կրնար ուղղակի լուծարուիլ»՝ աւելցնելով, որ հաւանականութիւն կայ՝ չեղեալ նկատելու զայն։

 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներ կը դիմեն Հայաստանի քաղաքացիութեան

Արցախէն բռնի տեղահանուած մեծ թիւով անձեր կը դիմեն՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար: 2 նոյեմբերին կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Գորիսի մէջ տեղահանուած արցախցիներ օգնութիւն ստանալու հերթին մէջ (լուսանկարը՝ Astrig Agopian/Getty Images)

«Ի հարկէ, մենք կը սպասէինք, որ այդ գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ: Մեր խնդիրն այն է, որ հնարաւորինս արագ այդ գործը կազմակերպենք: Ի հարկէ, ատիկա նաեւ ունի օրէնսդրական որոշ նրբութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուին: Այստեղ նաեւ բոլորս՝ կառավարութիւնը եւ պետական մարմինները, պէտք է հնարաւորինս արագ աշխատինք, բայց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերէն եւ եղբայրներէն որոշ համբերութիւն կ’ակնկալենք, որպէսզի հնարաւորինս ընթացակարգերով առաջ շարժուինք, արագութեան պատճառով իրաւական խնդիրներ չառաջացնենք», նշեց Փաշինեան:

 

Կարմիր խաչի աշխատակիցները սեպտեմբերի վերջէն Արցախի 48 բնակիչի օգնած են Հայաստան տեղափոխուելու

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները սեպտեմբերի վերջէն սկսած օգնած են Հայաստան տեղափոխուելու Արցախի 48 բնակիչի, որոնք նման ցանկութիւն յայտնած են, «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ժամանակ  յայտնած է Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունին։

Կարմիր խաչի աշխատակիցները կ’օգնեն Արցախ մնացած տարեցի մը

«Փոխադրումը կազմակերպուած է անոնց ցանկութեամբ, ներառեալ` հարազատներու հետ վերամիաւորուելու նպատակով», նշած է Ամատունին:

Ան նաեւ ընդգծած է` խօսքը սեպտեմբերի վերջէն հոկտեմբերի վերջի ժամանակահատուածի մասին է:

 

Վաթսուն չորս արցախցիներ մահացած են բռնի տեղահանութեան ընթացքին

Վաթսուն չորս արցախցիներ մահացած են բռնի տեղահանութեան ընթացքին՝ ճամբուն վրայ ուտելիքի, դեղորայքի եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան պատճառով: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Քննչական կոմիտէի բանբեր Գոռ Աբրահամեանը:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 19 սեպտեմբերի մարտական գործողութիւններէն մինչեւ այսօր երեսուն զինուորներու եւ տասներկու քաղաքացիներու գտնուելու վայրը յայտնի չէ:

Բռնի տեղահանուած արցախցիներ (լուսանկարը՝ Ֆոտոլուր-ի )

Ըստ Աբրահամեանի՝ միօրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը առաւել քան երկու հարիւր է. սպաննուած են ինը քաղաքացիներ, որոնցմէ երեքը՝ մանուկներ, վիրաւորուած են երկու հարիւր երեսուն մէկ զինուորներ եւ ութսուն խաղաղ բնակիչներ:

Քննչական կոմիտէն նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանցի զինուորականները տասնչորս անձեր խոշտանգած են:

Այս տուեալները, ըստ Աբրահամեանի, վերջնական չեն. Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներուն վերաբերեալ քրէական գործով քննութիւնը կը շարունակուի: 

 

Արցախէն բռնի տեղահանուած 16 հազար 646 մանուկներ արդէն Հայաստանի դպրոցներ կը յաճախեն

Արցախէն բռնի տեղահանուած 16 հազար 646 մանուկներ արդէն տեղաւորուած է Հայաստանի տարբեր դպրոցներ, 2 նոյեմբերին, Հայաստանի ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ժամանակ յայտնեց Կրթութեան եւ գիտոիթեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:

Արցախցի մանուկներ Հայաստանի մէջ դպրոց կը յաճախեն (լուսանկարը՝ «Հետք»-ի)

Անոր խօսքով` ընդհանուր առմամբ Արցախէն բռնի տեղահանուած է 21 հազարէն աւելի աշակերտ: «Մեր աշխատանքները կը շարունակուին, որպէսզի բոլոր երեխաները դպրոց յաճախեն», ըսաւ ան:

 

Գերմանիան 9.3 միլիոն եուրo պիտի տրամադրէ Հայաստանին Արցախէն տեղահանուածներուն մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար

Գերմանիան օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար, Երեւանի մէջ Հահաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը:

«Մենք տեսանք, թէ ինչպէս դուք բացած էք ձեր սրտերը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին առջեւ, մենք ձեզի մինակ չենք ձգեր: Գերմանիան լրացուցիչ 9,3 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ այդ խնդիրներու լուծման համար», «Արցախպրես»-ի փոխանցմամբ՝ նշեց ան:

 

«Մինչեւ 2026-ի աւարտը կը նախատեսուի Ղարաբաղ Եւ Արեւելեան Զանգեզուր վերադարձնել աւելի Քան 140 հազար ազրպէյճանցի»

«Մենք պիտի իրականացնենք «Մեծ վերադարձ ծրագիրը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ասթանայի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովի ժամանակ յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, «նախկին ներքին տեղահանուածները` այս հողերու իսկական տէրերը, արդէն վերադարձած են Լաչին եւ Ֆիզուլի քաղաքներ, ինչպէս նաեւ երեք գիւղ: Մինչեւ 2026 թուականի վերջ կը նախատեսուի աւելի քան 140 հազար մարդ վերադարձնել Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր»:

Ալիեւ հոկտեմբերի վերջաւորութեան այս յայտարարութիւնը կատարած էր նաեւ Ֆիզուլիի մէջ: