Բռնի տեղահանուած է 100 632 անձ․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախէն տեղահանուած է 100 632 անձ Հայաստանի մէջ հաշուառուած՝ 98.216 անձ

Հազարամեակներ ետք Արցախը կը մնայ առանց հայու, աւելի քան հարիւր հազար հայ Արցախէն բռնի տեղահանուեցան, իրենց ետին ձգելով հայրենիքը, տունն ու տեղը, մշակութային ժառանգութիւնը, պապենական հողին համար արիւն թափած հայերդիներուն շիրիմները․․․ Արցախահայութիւնը կ’ապրի դառն եւ դժուարին ժամանակներ։ Հայաստանի մէջ անոնք կը փորձեն զիրենք պատսպարելու համար գտնել երդիք մը, որ այս օրերուն դժուարացած է ճարելը։ Անոնք կը դինագրաւեն սնունդի, կեցութեան, կրթութեան, աշխատանքի խնդիրներ։

Ըստ պաշտօնական վերջին տուեալներուն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած է 100 632 անձիք, որոնցմէ Հայաստանի մէջ հաշուառուած է 99,3 տոկոսը։

Ըստ քաղաքացիութեան եւ գաղթականութեան ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, 7 հոկտեմբերի դրութեամբ 99,3 տոկոսի տուեալները մշակուած են, անոնք հաշուառուած եւ նոյնականացուած են: Տեղաբաշխումը կը շարունակուի ինչպէս Հայաստանի մարզերուն, այնպէս ալ Երեւանի մէջ: Որոշակի պարագաներու առաջնային կեցավայր մեկնածները կը տեղափոխուին աւելի յարմար բնակավայրեր, որպէսզի յառաջիկայ վեց ամիսը շարունակեն ապրիլ արդէն վարձով բնակարաններու մէջ: Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ այսօրուան դրութեամբ 76,692 մարդ կը գտնուի Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Ընդհանուր ժամանածներուն շուրջ 58,000-ի տեղաւորման ու կեցութեան համար պետութիւնը աջակցած է, միւսներուն պարագային տրամադրուած են որոշ սնունդ, մաքրութեան պարագաներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը իւրաքանչիւր տեղահանուածի միաուագ 100 000 ( մօտ $250) դրամ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ։

Ըստ վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանի, ներկայիս Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին 302 բուժառու, 113-ի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, 11-ի վիճակը` ծայրայեղ ծանր: Վերակենդանացման բաժիններու մէջ կայ 5 երեխայ, 8 երեխայի բուժումը կը շարունակուի սովորական պայմաններու մէջ:

Բռնի տեղահանուած ընտանիք մը

Միւս կողմէն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ 22 արցախցիներ Ազրպէյճանի մէջ «վերահամարկուելու» դիմում ներկայացուցած են։

Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ առաջին հայը նշանակուած է Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ: Ան Սարգիս Գալստեանն է, որ նախապէս եղած է Շուշիի Աւան փլազա հիւրանոցի տնօրէնը:  2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, տարածուեցան տեսանիւթեր, ուր ան կը յայտարարէր, թէ ինքը ազգութեամբ ազրպէյճանցի է, բայց 13 տարի կը բնակի Արցախ:

Ազրպէյճան ձերբակալեց Արցախի ղեկավարները

Ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը ձերբակալուած են եւ տեղափոխուած Պաքու։

 

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պաքուի Սապայիլի շրջանային դատարանը քննեց Արցախի նախկին նախագահներուն՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի գործերով, Ազրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան ներկայացուցած շինծու մեղադրանքները եւ անոնց նկատմամբ խափանման միջոց ընտրեց 4 ամիս ժամկէտով բանտարկութիւնը:

Նշուեցաւ, որ երեքն ալ ձերբակալուեցան Ազրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ եւ տեղափոխուեցան Պաքու. անոնք կը մեղադրուին Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի տարբեր յօդուածներով: Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը շինծու մեղադրանքներ առաջադրեց նաեւ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ: Յարութիւնեան կը մեղադրուի 9 յօդուածներով՝ իբր թէ Ազրպէյճանի դէմ թշնամական պատերազմ վարելու, վարձկաններ հաւաքագրելու, պատրաստելու եւ ֆինանսաւորելու, ահաբեկչութիւն իրականացնելու եւ այլ յօդուածներով:

Նոյն լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Հոկտեմբեր 2020-ին Յարութիւնեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուեցաւ: Յարութիւնեանին կրնայ սպառնալ ցմահ բանտարկութիւն:

Չորս ամիսով Պաքուի մէջ բանտարկուած է նաեւ Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ կը մեղադրուի երեք ծանր յօդուածներով՝ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումէն մինչեւ ապօրինի զինուած կազմաւորումներու ստեղծում:

 Ազրպէյճան նախապէս բանտարկած էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը եւ բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը:

Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանը 5 հոկտեմբերին որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ նաեւ պահանջեց, որ Ազրպէյճան համաներում յայտարարէ 19 սեպտեմբերին եւ անոր յաջորդող օրերուն Արցախի մէջ ձերբակալուածներուն, որոնց կարգին նախկին պաշտօնեաներուն վերաբերեալ: Կառոյցը Ազրպէյճանէն պահանջեց նաեւ պաշտպանել ունեցուածքը հայ համայնքի այն ներկայացուցիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են հեռանալ Արցախէն:

Արցախի պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ինք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ Մելքումեան, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ազրպէյճանական անցակէտով 3 հոկտեմբերին հասան Հայաստան: Նախկին նախագահներուն եւ Ազգային ժողովի նախագահին ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց. ան միայն ըսաւ, որ երբ իրենք ճամբայ ելան, անոնք տակաւին Ստեփանակերտ կը գտնուէին։

Արցախի ներքին գործոց նախարարի խօսնակ Յունան Թադեւոսեան եւս տեղեկացուց իրենց Հայաստան գտնուելուն մասին՝ նշելով. «Որոնողական աշխատանքները վերջին օրերուն որեւէ արդիւնք չէին տար, եւ այդ պատճառով աշխատանքները դադրեցուցած են»։

Ըստ անոր՝ պենզինի պահեստի պայթումի վայրին մէջ գտնուած մասունքները տեղափոխուած են Երեւան` ծինային քննութեան համար: Թէ՛ պայթումին եւ թէ մարտական գործողութիւններուն պատճառով տակաւին կան անյայտ կորսուածներ, սակայն յստակ թիւ առայժմ չէ հրապարակուած:

«Ազատութիւն»ը յայտնեց, որ այլ մանրամասնութիւններ կարելի չեղաւ ձեռք բերել, որովհետեւ Արցախի հետ կապը ընդհատուած է. ներկայիս, Արցախի մէջ կը գործէ «Ազերտելեկոմը»:

ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը «ցնցուած է» Արցախի բնակիչներու յանկարծակի «հեռացումէն»

Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի ղեկավարութեամբ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը ամփոփեց իր միօրեայ այցելութիւնը Արցախ: 3 հոկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեան միջոցաւ, դիտորդները հաստատեցին, որ Արցախի մէջ, իրենց ստացած տուեալներով, մնացած են 50-էն 1000 հայեր:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակը՝ բռնի տեղահանութենէն ետք

«Առաքելութիւնը ցնցուած է, թէ ինչպէ՛ս տեղւոյն բնակիչները յանկարծակի հեռացան իրենց տուներէն, ինչպէս նաեւ տառապանքներէն, որոնք կրնան անոր պատճառը ըլլալ», յայտարարեց ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը:

ՄԱԿ-ի պաշտօնեաները նաեւ յայտարարեցին, թէ ո՛չ տեղւոյն բնակիչներէն, ոչ ալ իրենց զրուցակիցներէն որեւէ հաղորդում ստացած են քաղաքացիներուն նկատմամբ վերջին զինադադարէն ետք բռնութեան դէպքերու վերաբերեալ: Յայտարարութեան հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ իրենց այցելած վայրերուն մէջ քաղաքացիական եւ գիւղատնտեսական ենթակառուցուածքներու վնասներ, աւերածութիւններ, ինչպէս նաեւ որեւէ սատկած անասուն կամ ընտանի կենդանի չեն յայտնաբերած:

«Այս փուլին դժուար է հասկնալ, թէ մտադի՞ր է արդեօք տեղւոյն բնակչութիւնը վերադառնալ: Յստակ է, որ վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւն կայ, իսկ այդ մէկը ժամանակ եւ ջանքեր կը պահանջէ բոլոր կողմերէն», կ’ընդգծէ միջազգային կառոյցի խումբը` հաստատելով, որ ՄԱԿ-ը «պատրաստ է աջակցելու մնացած բնակչութեան եւ անոնց, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ»։

«Գանատան Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը չի բացառեր» Մելանի Ժոլի

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Գանատայի խորհրդարանին մէջ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան հարցով լսումներու ընթացքին չէ բացառած Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կարելիութիւնը:

Երեսփոխան Իվ Փեռոն արտաքին գործոց նախարարէն խնդրած է մեկնաբանել` արդեօք Գանատան Ազրպէյճանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել կը նախատեսէ՞, եւ արդեօք այդ հարցը քննարկուա՞ծ է եւրոպացի գործընկերներու հետ:

«Մենք հակուած ենք պատժամիջոցներու հարցը քննել շարք մը այլ երկիրներու հետ, որպէսզի այդ երկրին վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրուի: Այնպէս որ, ամէն բան սեղանի վրայ է», պատասխանած է Ժոլի:

Ուաշինկթըն մերժեց Արցախի հայերուն բռնագաղթը ցեղային զտում կոչել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Արցախէն հայերու բռնագաղթը ցեղային զտումներ կոչել, «որովհետեւ տակաւին ապացոյցներ չկան»:

Նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն կը վերաբերի ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան եւ այլ վայրագութիւններուն մասին մեղադրանքներուն նկատմամբ: «Մենք մնայուն կապ կը պահենք իրավիճակին մասին տեղեկանալու համար։ Մենք չենք խուսափիր համապատասխան քայլերու ձեռնարկելէ` արձագանգելու վայրագութիւններու մեղադրանքներուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու վայրագութիւններուն համար պատասխանատուները, երբ ապացոյցներ ունենանք, որ անոնք տեղի ունեցած են: Բայց, ինչպէս միշտ, ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ իրականացնելու որոշումը հիմնուած է կանխամտածուած ապացոյցներու վրայ հիմնուած գործընթացի մը վրայ: Այս ամպիոնէն վերջնականապէս չեմ կրնար խօսիլ այդ մասին», ըսաւ Միլըր՝ աւելցնելով. «Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մեկնած են հարիւր հազար, կամ ես պիտի ըսէի շուրջ հարիւր հազար բնիկ հայեր։ Հիմա մենք չենք գիտեր, չեմ կարծեր, որ մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ անոնց քանի՞ տոկոսը կը ծրագրէ մնալ Հայաստան, քանի՞ տոկոսը կը փափաքի վերադառնալ, եթէ պայմանները թոյլ տան. տեղահանուածներուն նկատմամբ պէտք է  ցուցաբերուի համապատասխան վերաբերմունք: Հետեւաբար, մենք կը կրկնենք անկախ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու մեր կոչը, որ պիտի ապահովէ թափանցիկութիւն եւ պիտի հաւաստիացնէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ բնիկ հայերուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի պաշտպանուին, յատկապէս անոնց, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ: Աzրպէյճան այդպիսի հաւաստիացումներ տուած է։ Մենք կը կարծենք, թէ պէտք է ըլլայ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն մը, որ պիտի դիտարկէ եւ երաշխաւորէ զանոնք»:

Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը ընդունեց «Արցախի հայերուն Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն շնորհելու» բանաձեւը

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուց, որ 3 հոկտեմբերին, Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերուն Փարիզ քաղաքի պատուաւոր քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ» բանաձեւը։

«Այս բանաձեւով Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ազրպէյճանի գործած շարունակական յանցագործութիւնները, ներառեալ` 19 սեպտեմբերին սանձազերծուած ռազմական յարձակումը եւ արցախահայութեան դէմ իրականացուող ցեղասպանական գործընթացը:

Ի հաւաստումն Փարիզի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին տրամադրուող աջակցութեան շարունակականութեան` նշուած բանաձեւին համաձայն, արցախահայութեանը խորհրդանշական ձեւով կը շնորհուի նաեւ Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն», կ’ըսուի Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ Ինքնաշարժներով ցոյց եւ հաւաք՝ առ ի զօրակցութիւն Արցախի

1 հոկտեմբերին, ինչպէս աշխարհի չորս կողմը, ներառեալ Գանատայի զանազան քաղաքներու մէջ, Վանգուվըրի մէջ եւս տեղի ունեցաւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցական ինքնաշաժներով արշաւ-ցոյց եւ հաւաք մը։

Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի շրջափակէն աւելի քան 30 ինքնաշարժներով, Գանատայի եւ Արցախի հանրապետութեան դրօշակները պարզած, ցուցատախտակներով  եւ լոզունքներով լի պաստառներով, Վանգուվըրի փողոցներէն անցան ցուցարարները եւ հասան քաղաքի կեդրոն, Ռոպսըն փողոցի խաչմերուկին վրայ հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելով։

Հաւաքին ներկայ էր ՀՅԴ Գանատային Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկերուհի Թիթար Քօչքերեան եւ Քրտական տեղական կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հերթաբար խօսք առին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ ընկերուհի Գառնի Քօչքերեան, Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար տիար Ատրիան Տիքս եւ Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի անդամ  Վահէ Անտոնեան։ Անոնք շեշտեցին, որ Գանատա աւելին պէտք է ընէ, աւելի խստօրէն պէտք է դատապարտէ ազերի-թուրքերու արցախահայութեան դէմ  անվաւեր ձերբակալութիւնները, Վայրագութիւններն  ու բռնի տեղահանութիւնը: Գանատա պէտք է սատարէ Հայաստանին, որպէսզի բռնի տեղահանուած արցախահայեր վերադառնան իրենց պապենական տուները։

Ցոյցի սկիզբէն մինչեւ վերջ, գանատական կարեւորագոյն լրատուամիջոցներէն CBC Canada-ն ներկայ էր, կը նկարահանէր եւ զանազան հարցազրոյցներ ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ անդամներուն հետ։

Տասը հազարէ աւելի ցուցարարներ մասնակցեցան Պրիւքսելի մէջ ի զօրակցութիւն Արցախի համաեւրոպական հանրահաւաքին

Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Նետերլանտներէն հասած տասը հազարէ աւելի մարդ երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով:

Հանրահաւաքի մասնակիցներու ձեռքերուն գտնուող պաստառներուն հիմնական մասը իրենց գրութիւններով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելու համար, կային նաեւ «Ալիեւ, մարդասպան» գրութեամբ պաստառներ: Հանրահաւաքին մասնակցելու համար Ֆրանսայէն եկած էին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, երեսփոխաններ, շրջաններու ղեկավարներ եւ քաղաքապետներ:

Պելճիքայի Հայ կոմիտէի վեհաժողովի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան նշեց. «Այսօր այստեղ հաւաքուածներէդ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատասխանատուութիւն բոլոր այն մարդոց առջեւ, որոնք կ’աշխատին, որպէսզի Արցախի 120 հազար հայերուն ճակատագիրը չմատնուի անտէրութեան: Մենք արդէն կուշտ ենք  յայտարարութիւններէն, եւ եկած է ժամանակը, որպէսզի Եւրոպան գործէ եւ անդրադառնայ հարցին առ այն, որ մենք` իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ, ունինք հաւասար իրաւունքներ պահանջելու այն ամէնը, ինչ որ իւրաքանչիւր եւրոպացին կը պահանջէ: Այսօր միակ բանը, որ մենք կրնանք ընել, բռունցք ըլլալն է, որպէսզի կարենանք մէկ բռունցք եղած պայքարիլ այն բոլոր անարդարութիւններուն դէմ, որոնք, ցաւօք, կը թելադրեն աշխարհաքաղաքական խաղերը»:

Հաւաքուածները խորհրդանշական երդում տուին` պայքարելու յանուն Հայաստանի եւ Արցախի. «Պիտի չզիջինք եւ պիտի չհաշտուինք: Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը կրնայ ապաւինիլ մեզի»:

Հայաստան համահայկական Հիմնադրամը պիտի աջակցի արցախահայութեան

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի վարչութիւնը, Արցախի հայաթափումին ստեղծած մարդկային ճգնաժամին հետեւանքները մասամբ դարմանելու նպատակով, որոշած էր 5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախէն տեղահանուածներուն։

Այժմ, հիմնադրամը որոշած է գործի լծել «Արցախի գաղթականներու նախաձեռնութիւն» ծրագիրը, նախ շարունակելու համար առաւել քան 100,000 տեղահանուածներուն անմիջական աջակցութիւններ հասցնելու աշխատանքը, ապա նախաձեռնելու համար անոնց կեցութիւն ապահովելու ծրագիրներ եւ ապահովելու կրթական, առողջապահական եւ հոգեբանական սպասարկութիւններ:

Ծրագիրին երրորդ մասը պիտի յատկացուի գաղթականներուն գործի կարելիութիւններ գտնելու եւ կենսական այլ կարիքներ ապահովելու ջանքերուն։

Մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել  armeniafund.org կայքը։

Արցախի hայութեան oժանդակութեան մարմին՝ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ

Քանի մը օր առաջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրէն ներս, կաթողիկոսը՝ խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը նշանակեց։  Մարմինին մաս կը կազմեն.

 – Անուշաւան արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին)

 – Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին)

 – Իրաւաբան Ժիրայր Հապիպեան (Ազգային վարչութեան ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին)

 – Շինարար Յակոբ Լուսարարեան (Ազգային վարչութեան անդամ Լիբանանի թեմին)։

Յիշեալ մարմինը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: Արդէն իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու օժանդակութեամբ 100,000 տոլար կը գտնուի մարմինին տրամադրութեան տակ: Օժանդակութեան ընթացքը պիտի կատարուի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով՝ տեղւոյն վրայ նկատի ունենալով կարիքներու առաջնահերթութիւնը ու անմիջականութիւնը:

Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Արցախի մեր սիրելի զաւակներուն օժանդակութեան համազգային աշխատանքին:

Ձեր նիւթական մասնակցութիւնը կրնաք ուղարկել Ժընեւի մէջ յատուկ կերպով հաստատուած դրամատան հետեւեալ հասցէին.

Pictet Account Details – ARTSAKH Fund

Beneficiary: Armenian Catholicosate of Cilicia

Account: W-502039.005

Iban: CH93 08755 0502 0390 0500

Bank: Banque Pictet & Cie SA,

Address: Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73

Swift: PICTCHGG

Reference: Fund for Artsakh