Ես կը սպասեմ (Ղօղանջ կեանքի ու մահուան)


Խաչիկ Տէտէեան

Ու փշրուեցան երազները բոլոր,
Խաբկանքը մեր, տարաւ մեզ անդունդ,
Մարմրացող յոյսերը մտան մահաքուն,
Երգերը՝ կրկին հագան ողբ, կոծ ու սուգ:

Պիտի երկա՜ր կրենք սեւ բախտը հագին,
Ու անիծենք ամէնքը, մօտն ու հեռուն,
Ճակատագիր կոչուած դիակին սրսկենք միւռոն ու բոյր,
Նայինք գալիքին՝ մութ աչքերով արցունքածոր:

Օ՜հ, ի՞նչ օգուտ, ցաւին, ողբին ու անէծքին,
Միթէ՞ պիտի գայ Վրէժի Ոգին հրեղէն,
Վերափոխէ մեր խեղճ ու անտէր հոգին
Ու բանայ նոր ուղին մեր, հզօր գալիքին…

Ես չեմ հաւատար կեղծ յոյսերուն անզօր,
Չեմ հաւատար աղօթքին՝ անզօր ու սին,
Պիտի քանդել բոլոր կուռքերը երէկի,
Կերտել հաւատքի նոր տուն, հզօր ու ամուր:

Օ՜հ, մենք խաբեցինք մենք զմեզ.
Սիրեցինք մամոնան, փառքն ու աթոռ,
Կեղծ խաբկանքներուն տուինք զոհ ու յոյս,
Անիրաւ աշխարհին սին խօսքերուն հաւատացինք.
Միամի՜տ էինք աղաւնիին պէս, հէգ ու բարի:

Ի՞նչ օգուտ ստացանք, ինչ ցանեցինք մեր ձեռքերով.
Պիտի երկա՜ր կրենք մեր սեւ բախտի հագին,
Բայց պիտի շտկե՞նք մեր մէջքը կրկին,
Այս անգամ նոր ապագայի ուղին գծած,

Մե՜ր ձեռքերով, մաքո՜ւր ձեռքերով անբիծ,
          անշահախնդիր,
Հաւատքի անկեղծ տեսիլքով մը մաքրամաքուր,
Ես չեմ հաւատար ալ կեղծ պատրանքներուն,
Կը հաւատամ հաստատաքայլ երազի ուղիին:

Փորձաքարի դիմաց ենք կանգնած ազգովի,
Ես կը սպասեմ մե՜ր հրաշքին, որ մեր ձեռքերն են
Կառուցելու, ո՛չ աշխարհն ու երկինք…

Եւ ի՞նչ իմաստ անէծքին՝ աշխարհին ու մարդոց,
Երբ մե՛ր հոգիները ազնիւ չէին եւ ուղղամիտ,
Խելագարուի՞նք այս ցաւէն, թէ՝ մեռնինք,
Որո՞ւ հոգը եթէ վերանանք աշխարհի երեսէն:

Ես կ’ուզեմ հաւատալ թէ սա վերջը չէ մեր երթին,
Բայց իմաստութիւնն անգամ ունի իր ուղին,
Ունի օրէնքները կեանքի ու յաղթանակի,
Անանձնական այդ ճանապարհէն պիտի քալե՞նք ազգովի:

Սպիտակն ու սեւը քանդեցին մեզ,
Եւ ուրիշները, հեռաւոր ու մօտիկ.
Պղծուեցան խաչ, գերեզման ու մեռելներն անգամ,
Անէ՛ծք, հազա՜ր անէծք, բայց ի՛նչ օգուտ։

Ու ճանապարհները տարին մեզ հո՛ն, ուր որ ենք,
Փրկութեան լաստը պիտի տանի՞ մեզ ափ,
Փոթորիկներուն դիմաց ունի՞նք կամք հաստատ.
Միայն թէ լոզունգները չըլլան մեզի նաւակ:

Երգ, խօսք, աղօթք ու մրմունջ անզօր են հիմա,
Չգիտեմ եթէ մխիթարութիւնը բալասան է բուժիչ,
Բայց գիտեմ, որ պիտի բուժենք մեր վէրքերը ցաւոտ,
Նայինք գալիքին՝ աղջամուղջէն անդին:

Պատմութեան ճահիճներէն լսուող աղաղակները խուլ,
Կը հալածեն մեզ, որպէս անարձագանգ վիժում,
Ու կանգառները մեր պատմութեան ու ճակատագրի,
Դարձած են ու դեռ՝ փորձաքարը մեր գոյութեան:

Պիտի մաքրել տունը, տաճարը հաւատքի,
Մաքրել տաճարը մեր ոգիի՜ հանճարի,
Սրբել աչքերը աղօտած, ղօղանջը ողբի,
Հաւատալ թէ արշալոյսը վաղ թէ ուշ պիտի զարթնի…
Ես կորսնցուցի համբերութեան ուժը, յոյսին սպասումը,
Խաբկանքին զոհը, մնացի մինակ,
Աշխարհին մէջ այս, անարդար ու ամայի,
Ո՞վ պիտի տայ ինծի ոգի՜ն յարատեւութեան…

Լռեց ղօղանջը հաւատքի տան, լո՜ւռ են
Ու անտարբեր շփոթած աստղերը երկնքի.
Թռչուններուն երգն անգամ անլսելի է դարձած,
Գուցէ համր երգեր էին մեղեդիները անոնց շրթներուն:

Անիրաւ աշխարհի ձեռքին արդարութիւնը գործիք է,
Խաբկանքներով կը կերակրէ խիղճը մարդկութեան,
Ապա կը յօշոտէ բորենիի մը նման, անգութ ու դարանակալ,
Երբ արդէն ո՜ւշ է, մենք՝ զոհը իր պատրանքին…
Տկարին կարեկցանքը վերջին աղօթքն է անոր՝ մեր դամբանին:

Անիրաւ աշխարհին միշտ զոհեր են պէտք,
Աշխարհն այս կը սնանի իր զոհերուն արեամբ.
          ինչպէս վամպիրը խաւարի,
Զարմանալին՝ հակառակին հաւատալն էր արդէն,
Չփոխուող, ոչինչ չսորվող մեր տեսակին ցաւն է միշտ։

Մեղաւոր ենք բոլորս անկասկած, անխտի՛ր,
Միշտ կրկնուող մեր սխալներուն համար.
Պատմութիւնը պիտի չներէ մեզ այս անգամ,
Յիմարի պիտակը, անէծքի խարանը պիտի հալածէ մեզ ընդմիշտ։
Հազար ու բիւր հոսանքալարերով դաջուած՝
          կորսուած իմ հայրենիքին՝
Անզօր ու մոլոր կը քալեմ ճամբաներէն օտար,
Ուր երգ ու աղմուկ ղօղանջող երգեր են լուռ,
Անցեալին մէջ կորսուող ցաւի կոտտանքներ լոկ:

Երանի՜ կու տամ հիմա անդարձ մեկնողներուն,
Անոնք չտեսան մահուան գացող իմ ժողովուրդը,
Գուցէ կ’ապրին կապոյտ երազանքները երէկի,
Որոնք փշրուեցան ու նետուեցան աղբանոցը մոռացութեան:

Բողոք ու կարեկցանք՝ քնաբեր դեղահատեր,
Որո՞ւն պէտք, որո՞ւն հոգ, տկարին բերնին մրմունջ,
Կլլէ՛ զայրոյթդ որպէս գալիքի վրէժ ու կամք,
Նայիր աշխարհին ու ոսոխին,
Որպէս պարտամուրհակ մը գանձելի:

Օ՜հ սիրտ իմ վշտոտ, գրիչն իմ անզօր, վիրաւո՜ր,
Ե՞րբ պիտի դադրին ցաւն ու մորմոքը ձեր,
Կը նայիմ երկնքին՝ լուռ, խաղաղ ու անհոգ,
Ժամանակը ցոյց կու տայ ծիծաղկոտ դէմքն իր,
Դո՜ւն ալ կ’երթաս կ’ըսէ, – դէմքը հեռուն յառած:

Յոյզեր ու պատրանք, ապրուած օրերու,
Հաստատ հաշուեհամարը իմ անհասցէ տան,
Խաչելութեան ճանապարհն իմ, կ’երթայ գողգոթա,
Վերջին լապտերները փողոցին պիտի մարին արագ:

Երբ վճիտ գետն անգամ կը միանայ հզօր ծովին,
Մաքրելով կեղտերն ու թափթփուքները իր հունին,
Պիտի մաքրէ՞ գետը մեր՝ աղտերն իր ներքին,
Տեսիլքները մեր անհուն, գրկէ ծովը գրկաբաց:

Կը թափթփին տերեւները վար, աշուն է արդէն,
Կը մաղուին հոգւոյս անձրեւները արագ-արագ,
Բարկութեան քամիները կը զարնուին դէմքիս,
Պարտուած տեսակն իմ անզօր, լուռ կը տնքայ…

Ո՛չ, մեր տեսակը չյաղթեց Բելին, սուտ է,
Հայրենիքը լքեցինք միշտ, երբ սուրն ու մահը հասաւ կոկորդին.
Վերջ տուէք կեղծիքին ու պատրանքներուն սին,
Ոգին հայուն պիտի մաքրել բոլոր կեղտերէն ընդոծին:

Ուրիշներ կը կռուին այլոց հողին համար,
Իսկ մենք կը դրժե՜նք սեփականութիւնը մեր,
Օ՜հ ինչ հեգնանք, ստորնութիւն ժամանակի,
Կ’ընդունինք օտարին դատաստանը, ծաղրը միաժամանակ:

Քարացած մեր հոգիներուն փականը պիտի բանանք,
Յաղթենք մահուան ու աղէտին, մեր կամքը լարած,
Եթէ բուռ մը կայծ, ափ մը տեսիլք ու երազանք
Դեռ կը բաբախեն մեր սրտերուն մէջ, կոտրուած:
Մենք չպարտուեցանք Սուլթանին, ոչ ալ՝ անոր վիժած հրէշին,
Չար ոսոխները յաղթեցին մեզի, բազմագլուխ իժերը անտառի,
Պիտի պատերազմ յայտարարել ընդդէմ բոլորին,
Վրէժի աղեղը պիտի լարել մօտիկին ու հեռուին:

Յաւուր պատշաճի խօսքերը ձեր, նուաղկոտ,
Արձագանգի նման, կորսուած գիշերին մէջ տարտամ,
Չեն կարող սրբել մեղքերը ձեր, ու ամօթը՝
Որ ճիւաղին նման կը հարուածէ մեզ չորսդին:

Ոչ մէկ խիղճ երկնային ու բառեր մարդկային,
Կարող են սրբել ահագնութիւնը ցեղիս սրտին,
Միա՛յն մեր ձայնը ներքին, ահագնացող վրէժի
Պատգամը լոկ կարող է դուրս բերել մեզ դժոխքի
          այս վիհերէն ամայի…

Ու հոգւոյս խորանին առջեւ կանգնած միս-մինակ,
Կ’երդնում ես, ու մենք, բոլորս անխտի՛ր,
Որ պիտի փշրենք մահուան ու ամօթի կապանքներն այս,
Ու աշխարհի խղճին մեխենք մեր նոր արշալոյսը արդար:

Աշխարհէն լքուած, անտէ՜ր, մոլորած ուրուականներու
Նման կը խարխափենք հիմա աշխարհի տարածքին,
Հեգնանքի թանձր աղջամուղջը, սեւ մրուրը մեր սրտին,
Ու կ’երգենք նոյն երգը հնամեայ կորսուած հայրենիքի,
Առեղծուած մեր անցեալի առասպելները գրկած:
Պէտք է շրջել պատմութեան ընթացքն այս թարախալի,
Դարերու անէծքն այս շպրտել անդունդ,
Ողորմութեան ցուպը խրել ոսոխի սրտին,
Շարժիլ առաջ, սուրին շեղբը միշտ տաք պահած:

Հաշուետուութեան ժամը հասած է արդէն,
Կեանքի ու մահուան տառապագին ճանապարհ կտրած
          ժողովո՛ւրդ հայոց,
Պիտի նայի՞նք գալիքին՝ վերափոխուած, մաքրուած,
Ու շրջենք ընթացքը ճակատագրին այս անարգ:

Չորս կողմերէն փչող քամիներուն դիմաց սոնքած,
Գայլերու վոհմակին մէջ ինկած գառնուկներուն նման,
Հաւատացինք գազանին ողորմութեան ու խղճին,
Անոնք չզանազանեցին ճերմակն ու սեւը, բնականաբար:

Տուն ու տաճար լքած կը հեռանանք,
Դատարկուած հայրենիքին արժէքը կը գիտակցինք ուշացա՜ծ,
Երգեր կը հիւսենք վերադարձի, այդքա՛ն միայն,
Խելօք խօսքերը մեր ականջներուն խցկած,
Խելագարած ամբոխին անվերջ կը տանինք պարտութեան:

Ու սերունդներուն գալիք, ի՞նչ ըսենք պիտի հիմա,
Ու հեռացող մարդոց, առանց նահանջի փող ու թմբուկի,
Մեղադրե՞նք պիտի միշտ ու կրկին, որպէս դասալիքներ,
Երբ մեր հոգիներուն մէջ դասալիք եղանք մե՛նք,
Տրամաբանութեան ու խղճի ձայնին մնացինք խուլ ու համր,
Մեղա՜յ, հազա՜ր մեղայ մեր անշրջելի մեղքերուն համար…

 

Հոկտեմբեր 2023
Թորոնթօ