Արցախն Այս Շաբաթ


Շօշ գիւղի մանկապարտէզը՝ կառուցուած «Հայաստան» հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ

—«Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»-  Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ «Ազրպէյճանը լուծած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կարիքը այլեւս չկայ»:

Բեգլարեան ըսած է․ «Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հանրապետութիւն, եւ ատիկա միջազգային իրաւունքի առարկայ է, թէեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ։ Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած եւ չի կարգաւորուիր այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ազրպէյճան հաշուի չէ առած Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»:

— Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս․ Գալստանեան Արցախ ուխտանգնացութեան ընթացքին Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի հետ այցելեց Յակոբավանք։

7-րդ դարուն կառուցուած, կաթողիկոսներու նստավայր եղած Յակոբավանքն այսօր աւերուած է, ինչպէս մեր շատ ու շատ վանքեր: Տաւուշի եւ Արցախի թեմերու առաջնորդները նշեցին, որ մեր տաճարներուն վիճակը ուղիղ արտացոլանքն է մեր կեանքին` աւերուա՞ծ ու լքուած, թէ՞ շէն ու ծաղկող:

«Մեր դաշտային Արցախը, Նախիջեւանը նայինք` ոչինչ մնացած է, ամբողջը աւերած են: Այսօր մեր ազգը պիտի ինքնիրեն հետ «պայմանագիր» կնքէ, որ այլեւս տալու բան չունի թշնամիին: Եթէ ամէն մարդ իր մէջ նման յստակ որոշում կայացնէ, ատիկա պիտի դառնայ ազգային դաշինք», ըսաւ Տ․ Վրթանէս: 

«Մեր սիրտը յաղթանակին հետ է, եւ թող անիկա սկսի, վերստին մեր առջեւ յառնի Յակոբավանքի վերականգնումով», նշեց Բագրատ Սրբազան:

Նշենք, որ Արցախի կառավարութեան միջոցներով պիտի վերականգնուի Յակոբավանքը։ 

— Պատերազմէն ետք «Ղարաբաղ թելեքոմ» բջջային ընկերութեան կատարուած է շուրջ 10 միլիոն տոլարի ներդրում: Ընկերութեան նոր սեփականատէրը Հայաստանի գործող կապի ընկերութիւններէն մէկուն հետ ունի սերտ կապ, սակայն առարկայական պատճառներով անոր անունը չի հրապարակուիր:

Ղարաբաղ Թելեքոմ

Ըստ ընկերութեան տնօրէն Մխիթար Միրզոյեանի՝ կատարուած ներդրումներուն շնորհիւ, պատերազմին պատճառով գրեթէ քայքայուած ընկերութիւնը այսօր Արցախի բնակչութեան մօտ 90 տոկոսին կ’ապահովէ 4G շարժական համացանցով, իսկ յաջորդին համացանցի ծածկոյթով պիտի ապահովուի բնակչութեան 100 տոկոսը։ Յետպատերազմեան շրջանի խնդիրներէն է թշնամիին կողմէ կապի խափանումները, որուն համար գնուած են նոր սարքեր, որպէսզի բաժանորդները համեմատաբար աւելի կայուն զանգեր կատարեն եւ օգտուին շարժական համացանցէն:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— 14 Յունիսին, Մարտակերտի Ճանկաթաղ գիւղի դպրոցը հինգ համակարգիչ նուէր ստացաւ բարերար Սամուէլ Մովսիսեանէն: Դպրոցի տնօրէն Էմմա Դանիէլեան նշեց,  որ աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ու սիրով ընդունած են համակարգիչները: «Այժմ դպրոցին մէջ գործող 7 համակարգիչ կայ, որոնցմէ 5-ը ստացանք երէկ` Պրն․ Մովսիսեանէն»։ Բարերարը նախապէս դպրոցին նուիրած է projector, երաժշտական գործիք, մանրադիտակներ եւ 700 գիրք:

— Մարտունիի շրջանի սահմանամերձ Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ նոր խաղավայր բացուած է: Գիւղապետ Նարեկ Աթայեան յայտնած է, որ խաղավայրը նախապէս գիւղացիները կառուցած էին, իսկ հիմա կահաւորուած է նոր գոյքով: Համայնքը 200-էն աւելի երեխայ ունի: Անոնք պիտի կարենան իրենց ամառնային արձակուրդը անցնել այստեղ, որմէ պիտի օգտուին նաեւ հարեւան Թաղավարդի մանուկները»։ Կը վերանորոգուի նաեւ գիւղին մանկապարտէզը։

— Մարտունիի Ննգի համայնքը պտղատու այգիներով, աղբիւրներով, անտառներով, բազմաթիւ յուշարձաններով հարուստ գիւղ է, ուր կը շարունակեն ապրիլ եւ արարել հողին ամուր կառչած ու աշխատասէր ննգեցիները:

Համայնապետ Զարմիկ Քամալեանի խօսքով` բնակիչները հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ, երիտասարդներուն մեծ մասը անտառներէն վառելափայտ կը հայթայթէ, կան նաեւ պետական կառոյցներու մէջ աշխատողներ։

Գիւղի 1585 հեկտար տարածքներուն վրայ ցանուած են ցորեն, գարի, խոտ։ Ծովու մակերեսէն 850 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գիւղը ունի ցուրտ կլիմայ, որուն պատճառով կարելի չէ խաղող ու նուռ մշակել: Գիւղի 60 տոկոսը ջուր ունի։ Կը նախատեսուի հրուշակեղէնի եւ միսի խանութ բանալ, որպէսզի գիւղացիները ստիպուած չըլլան մինչեւ մայրաքաղաք երթալու։  

— Արցախի հնագոյն բնակավայրերէն է Մարտունիի Խերխան գիւղը: Համայնքապետ Գրիշա Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ նախքան պատերազմը գիւղը ունէր 990 հեկտար վարելահող իսկ այսօր մնացած է 640-ը: Բնակիչները գարի, ցորեն կը ցանեն: Կան անասնապահութեամբ զբաղողներ: Գիւղին մէջ կը գործեն համայնքապետարանը, դպրոցը, մշակոյթի տունը ու բուժկէտը։ Գիւղը ապահովուած է ելեկտրականութեամբ, ջուրով, կան նաեւ աղբիւրներ, գիւղը սակայն կազ չունի, որ շատ անհրաժեշտ է:

«Պատերազմի ընթացքին մեր փոքրիկ գիւղը 3 նահատակ տուած է: Մենք հաստատակամօրէն պիտի ապրինք եւ արարենք հերոսներուն կեանքի գնով պահուած մեր երկրին մէջ», վերահաստատած է գիւղապետը:

— Կը վերանորոգուի Ասկերանի Շօշ գիւղի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին: Համայնքապետ Էրիկ Աբրահամեան նշած է, որ եկեղեցին կը վերանորոգուի Արցախի հերոս, գնդապետ Կարէն Ջալաւեանի հովանաւորութեամբ: Գիւղին պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէ 13-14-րդ դարերէն:  

Արցախի կառավարութեան ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբի համաֆինանսաւորմամբ` 2015-ին կառուցուած եւ կահաւորուած է համայնքային կեդրոնը, ուր կը գտնուին գիւղապետարանը, մշակոյթի տունը եւ բուժկէտը եւ 250 տեղանոց հանդիսութիւններու սրահը:  

«Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ թորոնթոհայութեան միջոցներով 2004-ին կառուցուած է դպրոց, ուր կը յաճախէ 101 աշակերտ: Ունինք նաեւ նորակառոյց մանկապարտէզ: 44-օրեայ պատերազմին վնասուած էին դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը, որոնք պետութեան կողմէ վերանորոգուեցան», ըսաւ ան: Պատերազմէն ետք տեղահանուած տասը ընտանիք հաստատուած է գիւղ:  

Գիւղին տարածքներուն 75 տոկոսը անցած է թշնամիին կողմը, իսկ մնացած մասն ալ ուղիղ ազերիներու նշանառութեան տակ են։ Քիչ թիւով մարդիկ կը զբաղին անասնապահութեամբ, մեղուաբուժութեամբ, կառուցած են 27 ջերմատուներ, որոնք որոշ չափով կը լուծեն գործի խնդրին: Գիւղը ապահովուած է ջուրով, ելեկտրականութեամբ եւ կազով: Կան երկու մթերային եւ ալիւրի խանութներ, հացի փուռ, գեղեցկութեան սրահ:

— 13-16 Յունիսին Արցախի պետական համալսարանի շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։ Համալսարանի մամլոյ պատասխանատու Զարինէ Սառաջեան նշեց, որ 2021-2022 տարեշրջանին Արցախի մայր համալսարանը աւարտեց 501 ուսանող։ «Աւանդոյթի համաձայն` շրջանաւարտներու վկայականներու յանձնման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ զոհուած ուսանող-ազատամարտիկներու յուշակոթողին մօտ: Ուսանողները, դասախօսները ծաղիկներ կը խոնարհեն` յարգանքի տուրք մատուցելով անմահացած քաջորդիներու յիշատակին: Այս տարի Մանկավարժութեան եւ մարմնամարզութեան բաժանմունքը  BA-ի եւ MA-ի 93 շրջանաւարտ տուաւ, տնտեսագիտութեանը` 88, բանասիրականը` 86, պատմութեան եւ իրաւագիտութեանը` 98, իսկ բնագիտական բաժանմունքը` 127 շրջանաւարտ»։

—  11 Յունիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած  Ռոբերտ Աբաջեանին նուիրուած «Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեան» գիրքին շնորհանդէսը:

Գիրքին հեղինակ Լիլիթ Յարութիւնեան պատմեց. «Ապրիլեան պատերազմի հերոսներու յիշատակին 2019-ին կազմակերպուած երեկոյէն ետք ինծի մօտեցաւ Ռոբերտի հայրը ու ըսաւ․ «Կ’ուզեմ որդիիս՝ ծննդեան տարեդարձին գիրք նուիրել, զգացում ունիմ, որ դուն կրնաս գրել»: Նոյն թուականի Հոկտեմբերին եկայ Արցախ` Մարտակերտ` Ռոբերտի մարտական դիրք: Գիրքը հրատարակուեցաւ Հոկտեմբեր 2021-ին»։

Շնորհանդէսին ներկայ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ․ Բագրատ եպս․ Գալստանեան ըսաւ, որ «Ռոբերտը կը մարմնաւորէ այն բոլոր հերոսներուն կերպարները, որոնք իրենց կեանքը ընծայեցին  հայրենիքին ու մինչեւ այսօր ալ պատրաստ են երթալու այդ քայլին»։ 

— 11 Յունիսին, Ստեփանակերտի մէջ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի մասնակցութեամբ  տրուեցաւ «Երգով ու սիրով» երգչախմբային փառատօնին մեկնարկը:  

 Համերգին կը մասնակցէին նաեւ արցախեան քանի մը երգչախումբեր։

 «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի խմբավար Տիգրան Հեքեքեան ըսաւ․ «Արցախը մեր յենարանն է, մեր ողնաշարն ու սիւնը: Ես այս կարգախօսով արդէն չորս տասնամեակ է ի վեր կը կրթեմ  երեխաները», յոյս յայտնելով, որ Արցախ այցերը այսուհետեւ մշտական պիտի ըլլան:

Ան յայտնեց, որ Հադրութէն եւ Շուշիէն տեղահանուած եւ Երեւան բնակող երեխաներէն միացեալ երգչախումբ մը պիտի կազմեն: «Մենք կ’ուզենք, որ արցախցին ըլլայ միշտ հոգեւոր, որովհետեւ առանց հոգեւորի ան ուժեղ չի կրնար ըլլալ», ըսաւ ան:

Փառատօնին մասնակցող բոլոր երգչախումբերը կատարեցին աշխարհիկ եւ հոգեւոր երգեր:

— Յունիս 16-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի համերգը:

Համոյթին գեղարուեստական ղեկավար Գարի Աւանեսեան ըսաւ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամ համերգ կ’ունենան:

«Երկար պատրաստուեցանք այս համերգին: Նպատակ ունինք մեր ազգաբնակչութեան ներկայացնել ժողովրդական, ազգագրական, հայրենասիրական երգարուեստը: Պատերազմէն ետք նման համերգը անհրաժեշտ է հանդիսատեսին, որպէսզի չընկճուի: Մենք` մշակութային գործիչներս, պէտք է ժողովուրդի ոգին միշտ բարձր պահենք», նշեց ան:

Ան յայտնեց, որ համերգներ պիտի ունենան նաեւ Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ: Համերգին հնչեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, ազգագրական եւ գուսաններու հայրենասիրական երգեր:

— 17 Յունիսին, Մարտունիի Հացի գիւղին մէջ կազմակերպուած է «էլի ցորենն է աշխարհի հիմքը» խորագրով հացի փառատօն:

Փառատօնը սկսաւ Արցախի այայի ողջոյնի խօսքով, որ նշեց․ «Մեր գիւղը շատ հիւրասէր բնակչութիւն ունի, մեր ուզածը միայն խաղաղութիւն է , եթէ խաղաղութիւն ըլլայ, մենք քարէն ալ հաց կը քամենք եւ կ’ապրինք: Մեր գիւղացիներու հիւրասէր ըլլալուն համար ալ գիւղը կոչուած է Հացի», եւ հիւրերը հրաւիրեց թոնրատուն, ուր հաց կը թխէին գիւղին հարսները:

Փառատօնին մասնակցեցան Հացիի եւ յարակից գիւղերու բնակիչները:

«Միջոցառման նպատակը միջհամայնքային կապերու ամրապնդումն ու մշակութային կեանքի աշխուժացումն է, ինչպէս նաեւ ցոյց տալ, որ Արցախը կ’ապրի, կայ եւ պիտի ըլլայ` իր աւանդոյթներով եւ ծէսերով», ըսած է փառատօնին կազմակերպիչներէն Անի Խաչատրեան։