Տարօն Սրկ. Հալլաճեան կը դասախօսէ Թորոնթոյի Ս. Մորիս եւ Ս. Վերենա Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ


Տարօն Սրկ. Հալլաճեան դասախօսութեան ընթացքին

Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները միշտ կարեւոր տեղ ունեցած են Քրիստոնէական հաւաքական կեանքէն ներս: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին երբեք չէ զլացած իր գործoն մասնակցութիւնը բերելու այս յոյժ կարեւոր առաքելութեան:

Այս սկզբունքէն մեկնելով, եւ ընդառաջելով Ս. Մորիս եւ Ս. Վերենա Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հրաւէրին, 14 Յունիս 2022-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ անունով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Տարօն Սրկ. Հալլաճեան:

Ս. Մորիս եւ Ս. Վերենա Ղպտի եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Ներածութիւն ուղղափառութեան հաւատքին» նիւթին շուրջ, դասախօսական շարքին երրորդ հանդիպման նիւթն էր` «Ներածութիւն Հայ եկեղեցւոյ հայրաբանութեան եւ ի մասնաւորի վարդապետութեան չորս աստիճանները»:

Նախքան իր ներկայացումը, Տարօն սարկաւագը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայր Փիշոյ Սալամային եւ Հայր Թովմաս Հաննային իրենց հիւրընկալութեան համար, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, անոր չորս նուիրապետական աթոռները, եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը: Ան անդրադարձաւ Վեհափառ հայրապետին լայնատարած աշխատանքը միջ-եկեղեցական շարժումի ոլորտէն ներս, կարդաց մէջբերում մը Վեհափառ հայրապետին գրիչէն, ապա շարունակեց ներկայացնել Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանը, թեմակալ առաջնորդը, եւ գաղութիս ծուխն ու անոր հոգեւոր հովիւները:

Sարօն սարկաւագին ներկայացման վերնագիրն էր՝ «The Vartabed of the Armenian Apostolic Church»: Ան նախ բացատրեց, թէ վարդապետ բառը ի՞նչ կը նշանակէ եւ ի՞նչ է անոր դերակատարութիւնը Հայոց եկեղեցիէն ներս: Ներկաներուն հրամցուց փունջ մը մեր եկեղեցւոյ Ս․հայրերէն՝ Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորէնացի, Յովհաննէս Օձնեցի, Խոսրովիկ Թարգմանիչ, Ստեփանոս Սիւնեցի, Ներսէս Շնորհալի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ Գրիգոր Նարեկացի: Սարկաւագը խօսեցաւ նաեւ Հայոց Այբուբէնի ստեղծման եւ Ս․ Գիրքի հայերէն թարմանութեան մասնին, յիշեց նաեւ, որ այդ թարգմանութիւնը կոչուած է «Թագուհի թարգմանութեանց», ինչպէս նաեւ ներկայացուց իւրաքանչիւրին կենսագրականներն ու յատկանշական գործերը: Անդրադարձ կատարեց Օշական Վանքին եւ ցոյց տուաւ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը, մանրամասնելով, որ Էջմիածինի միաբանները ներկայիս իրենց վարդապետական աստիճանները կը ստանան այս վայրին մէջ իրենց թէզերը յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք:

Բանախօսին ներկայացման երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր՝ Մասնաւոր Վարդապետութեան կարգերուն եւ վարդապետական երկօձագլուխ գաւազանին մասին բացատրութիւններ: Ելից գիրքի 3-րդ գլխու դէպքը նկարագրելով, Մովսէսի գաւազանին եւ Աստուծմէ անոր վստահուած առաքելութիւնը կապեց վարդապետական գաւազանի խորհուրդին եւ առաջին աստիճանի տուչութեան հետ:

Ան իւրաքանչուր տուչութեան բնաբանը եւ խորհուրդը ամփոփեց ու պաստառին վրայ զետեղեց ամէն մէկ աստիճանի բնաբանը եւ Աւետարանի ընթերցումը, ինչպէս նաեւ ծիսական արարողութեանց մասին ընդհանուր բացատրութիւն մը տուաւ: Ամէն աստիճաններուն համար զետեղած էր խոկումի յատուկ հարցումներ, որպէսզի ներկաները խորհրդածէին իւրաքանչիւր աստիճանաւորին վստահուած պարտականութեանց մասին՝ ըլլայ ան առաքելական (missional) եւ կամ քարոզախօսական (preaching) ոլոլտներէն ներս:

Դասախօսութեան աւարտին, Տարօն սարկաւագ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հրաւէրին համար եւ Ս.Աստուածին եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ Արամ Ա. Հայրապետի «The Armenian Church» գիրքէն օրինակ մը որպէս յուշանուէր յանձնեց եւ յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասեն Ղպտի մեր քոյր եկեղեցւոյ քոյրերն ու եղբայրները հիւրընկալելու Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս, վերաշխուժացնելու երկու եկեղեցիներու միջեւ պատմական կապերն ու յարաբերութիւնները:

Տարօն սարկաւագի սրտաբուխ աղօթքով երեկոն իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ:

Թղթակցութիւն` Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ