Պարտադրական, ո՛չ պատահական. Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Ամիսներ առաջ գանատական անցագիր ստացայ, ու երկար տարիներով փայփայուող երազին իրականացման առաջին իսկ վայրկեանէն, անոր բարիքներէն ամենէն էականն ու առաջնահերթը վայելելու ահազանգը հնչեց․ մէկ խօսքով` հայրենիք երթալու, հայրենի հողին եւ ջուրին համն ու հոտը զգալու, հարազատներուս միանալու եւ հայրենակիցներուս «ցաւը տանել»ու ժամն էր արդէն։

«Մէկ խօսքով» ըսի ու տասը խօսք իրարու ետեւ շարեցի։ Շատ կը ներէք, բայց երբ որ կարգը հայրենիքին գայ՝ մէկ խօսքը յաճախ անբաւարար կ’ըլլայ եւ բորբ զգացումներով պատուած սրտէս յորդող բառերը՝ աղբիւրի ջուրի առատութեամբ կարկաչահոս ընթացք կ’առնեն։

Արագօրէն ապահովուած տոմսին եւ 6 ամիսներ ետք իրականացուելիք ճամբորդութեան միջեւ գոյացող շրջանը դարերու տեւողութեան պէս բան մը եղաւ ինծի համար` օրերը, ժամերը եւ նոյնիսկ վայրկեանները չէին անցներ, ո՛ւր մնաց, թէ ամիսները…

Վերջապէս հասաւ ժամանման պահը։ Մտքերուս, սպասումներուս, երազներուս, կարօտներուս եւ անհամբերութեանս հետ Թորոնթոյէն ճամբայ ինկայ դէպի Լեհաստան։ Թռիչքի ընթացքին ութ ժամ անքուն մնացի, քնանալու յոյսով աչքերս փակեցի, սակայն ապարդի՜ւն, քունս շատոնցուընէ իր ժամանելու պահը լարած էր Հայաստանի ժամով, ալ քնանալու ի՜նչ յանդգնութիւն։

Հասայ Լեհաստան ու ձանձրոյթով լեցուն ժամերս անցնիլ չգիտցան։ Քանի մը ժամ ետք ետեւի նստարանէն հայերէն խօսակցութիւն լսեցի եւ ընկերուհիիս՝ գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեանի նշանաւոր բացագանչութիւնը մտաբերելով՝ «Ուխա՜յ» բարձրաձայնեցի. շուրջս նայեցայ եւ հայերով շրջապատուած ըլլալու ուրախութեամբ սրտիս դհոլը սկսաւ ուժգին զարնել։

Քիչ մը անդին երեք շիկահեր ու կապտաչեայ կիներ նստեր էին։ Անոնցմէ մէկը ժպտեցաւ դէմքիս. առիթը օգտագործեցի ու` «Հայաստա՞ն կ’երթաք», հարցուցի անոր։ «Այո՛», եղաւ պատասխանը, ու շատ հաճելի զրոյց մը սկսաւ մեր միջեւ։ Եւրոպացի կինն ու իր ընկերուհիները տարիներ առաջ սկսած էին Հայաստանի տարածքին ապրող հայ ընտանիքներ հովանաւորել, ու այսօր անոնց ծանօթանալու պահը հասած էր։ Պուտտիստ էին անոնք եւ ըստ անոնց կրօնքին, իրենց ունեցուածքին քսանհինգ տոկոսը պէտք էր բարեգործութեան նպատակով ծախսէին…այդպէս ալ ըրած էին, ու հայ միջնորդի մը շնորհիւ, Հոլանտայէն նպաստ կ’ուղարկէին կարիքաւոր, սակայն իրենց համար բոլորովին անծանօթ հայ ընտանիքներու։

–Կեցցէ՛ք, դուք։ Հոյակապ բարեգործութիւն է ըրածնիդ։ Երբ որ հասնիք Երեւան պիտի նկատէք այդ ընտանիքներուն՝ ձեզի հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրը, հիւրասիրութիւնը, եւ անոնց սրտին ու օճախին ջերմութիւնը պիտի զարմացնէ ձեզի։ Յիշեցէ՛ք այս խօսքերս։

–Չէ՛, մենք հիւրանոցը պիտի գիշերենք։

–Չե՛ն ձգեր: Հաւատացէ՛ք, որ չե՛ն ձգեր։

Խօսակիցս յանկարծ աչքերը մեծ-մեծ բացած՝ Look at those sportsmen, are they Armenian? հարցուց։ Գլուխս դարձուցի եւ ի՛նչ տեսնեմ…յաղթանդամ մարզիկներ սկսան մօտենալ դէպի մեր կանգնած սպասման վայրը։ Բոլոր ներկաները դարձան դէպի այդ մարզիկներուն ուղղութեամբ, որովհետեւ մարզական համազգեստով հուժկու երիտասարդները իրենց վիզերուն կը կրէին ոսկեգոյն մետալներ, իսկ անոնցմէ մէկուն ձեռքը կար յաղթանակը խորհրդանշող արձանիկ ու պաստառ մը:

Հիացմունքս չկրցայ թաքցնել, մանաւանդ երբ անոնց համազգեստին վրայ նկատեցի հայկական զինանշանը։ Ոգեւորուած մօտեցայ անոնցմէ մէկուն, ինքզինքս ծանօթացուցի եւ հարցուցի, թէ արդեօք ո՞ր հաւաքականի մարզիկներն էին անոնք։ Խօսակիցս ինքզինք ծանօթացուց. աշխարհի եւ եւրոպայի ախոյեան Գոռ Յովհաննիսեանն էր, Հայաստանի ուժային ծանրամարտի միութեան (powerlifting)  նախագահի տեղակալը՝ մամուլի գծով։ Պարզուեցաւ, որ մարզիկները Հայաստանի powerlifting-ի հաւաքական խումբի մարզիկներն են, որոնք ո՛չ միայն եկած են Լեհաստանի Շետլեց քաղաքին մէջ կայացած Եւրոպայի առաջնութեան մրցումին մասնակցելու, այլ՝ փայլուն մրցելոյթներու ընթացքին առաջնութիւններ ձեռք բերելով բարձրացուցած են Հայաստանի դրօշը ու մարզական սրահին մէջ քանիցս հնչեցուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը, ու հաւաքականը գրաւած էր աշխարհի երկրորդ դիրքը։

Հայրենիքիս անունն ու դրօշը բարձր պահող իմ հայրենակից եղբայրներուս յաղթանակը ոգեւորեց զիս եւ՝ «Վա՛յ, ես ձեր ցաւը տանիմ, իմ սիրելի՛ աղբերներ, այս ի՜նչ հրաշալի զուգադիպութիւն է», ըսի ու տակաւին օդանաւ չբարձրացած ինքզինքս ամպերուն վրայ զգացի։ «Այսպիսի՛ յաղթանակներու արժանի է մեր ազգը», բարձրաձայնեցի ու Վահագն Դաւթեանի՝ «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» բանստեղծութեան՝ «Թրքաց մայրեր թող լան ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն» տողերը արտասանեցի։

Ծանօթացայ ՀՀ վաստակաւոր մարզիչ, միութեան հիմնադիր-նախագահ, աշխարհի բազմակի ախոյեան, մանկավարժական գիտութիւններու դոցենտ, պարոն Գագիկ Սարոյեանի հետ։ Աստուծոյ նախախնամութեամբ կայացած այս հանդիպման ու մեր միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին տեղեկացայ, որ 1988 թուականին, Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ գիւղերէն անօթեւան մնացած երիտասարդներ, վրաններու տակ հաւաքելով սկսած են մարզել զանոնք` «Այսօրուան մարզիկը, վաղուան զինուորն է» կարգախօսով։ Ներկայիս, երեք հազարէ աւելի մարզիկներ մարզող քառասունէ աւելի կամաւոր մարզիչները անվերապահօրէն կ’աշխատին վաղուան բանակին համար հզօր տղաք պատրաստելու։

Մեր զրոյցը կը շարունակուէր, երբ պրն. Սարոյեան հայրենասէրի իր խրոխտ կեցուածքով ըսաւ. «Մեր մարզիկները միեւնոյն ժամանակ մարտիկներ են։ Մենք 24 զոհ ունեցանք Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին։ Վերջերս ալ երկու մարզիկներ դարձեալ նահատակուեցան»։ Այդ պահուն անոր աչքերուն մէջ կարդացի պատերազմի դաշտին մէջ հարազատ զաւակները կորսնցնող հօր մը վիրաւոր, բայց եւ մշտադալար կենաց ծառի ազդեցիկ պատմութիւնը։ Ան հպարտութեամբ նայեցաւ իր մարզիկ տղոց եւ աւելցուց. «Լեհաստանի մէջ ունեցանք վեց առաջնութիւն, մեր տղաները օրինակ կը ծառայեն՝ յանուն աշխարհին մեր պատիւը բարձր պահելու համար։ Անոնց մէջ ունինք նոյնիսկ տասնչորս տարեկան յաղթանակած մեր պատանին եւս»։

Լայնաժպիտ, սակայն արցունքոտ աչքերով մօտեցայ իւրաքանչիւր յաղթող մարզիկի՝ շնորհաւորեցի, անունները, տարիքները եւ որտեղացի ըլլալնին հարցուցի՝ մէկը միւսէն հզօր, հայու փայլուն աչքերով, ժպտերես, առիւծասիրտ, բայց եւ ազնիւ հոգի ունեցող յաղթանակած մեր մարզիկներուն։ Անոնց՝ Գէորգ Ալեքսանեանին, Մակար Թամրազեանին, Արա Խաչատրեանին, Գառնիկ Աբրահամեանին, Արտեոմ Սալեյեանի, Արմէն Ղազումեանի, Էդգար Բադալեանին, Հայկ Սաֆեանին, Կարէն Պետրոսեանին, Սուրէն Թադեւոսեանին եւ Ժաննա Շահնազարեանին (յաջորդ օրն էր թռիչքը) անունները ոսկեայ տառերով գրուած պիտի մնայ, առյաւէտ, մարզական աշխարհի պատմութեան էջէրուն մէջ։

Թռիչքին ուշացումը բարձրաձայն յայտարարուեցաւ։ Որո՞ւն հոգն էր. մեր՝ հայրենակիցներուս հետ միացումով, ժամանակի հասկացողութիւնը վերացած էր արդէն ու հայրենիքի կարօտի վէրքը կամաց-կամաց սպիանալ սկսած։

Ամիսներ անցած են, սակայն մինչ օրս պարոն Սարոյեանին արտաբերած սրտի խօսքը քաղցրօրէն կը հնչէ սրտիս լարերէն ու գրիչս կը կամենայ արձագանգել զայն ու լսելի դարձնել համայն հայութեան. «Միասնութիւն եմ ցանկանում։ Միասնութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր հայերին»։

Պատահական էր յաղթանակած հայ քաջերուն հետ կայացած այդ օրուան մեր հանդիպումը, բայց մեր ազգին միասնութիւնը պատահական թող չըլլայ, այլ՝ պարտադրական։