Թորոնթօն մեծ շուքով կ’ողջունէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը


Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ՝ Գանատայի հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ տէր Թորոգոմ եպս. Տոնոյեանի, մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։

Ըստ Ազգային առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան, հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան անդամներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։

Կանոնական աղօթքի արարողութեան ներկայ էին միջեկեղեցական կրօնական պետեր՝ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Մինա եպիսկոպոսը, Գանատայի անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Լինտա արք. Նիքըլս, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Եղիա ծվ. Քիրէճեանը, գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարկարեան, ինչպէս նաեւ` Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ քահանաներ ու սարկաւագներ։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Գանատայի հայոց թեմի ազգային վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեանը կանոնական աղօթքէն ետք բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, որմէ ետք գահակալ հայրապետը փոխանցեց հայրապետական իր օրհնաբեր պատգամը (տեսանիւթը՝ Ազգային առաջնորդարանի):

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Գանատայի հովուապետական այցելութիւնը ծայր առաւ 1 յունիսին՝ Մոնթրէալի մէջ. այցելութիւնը կ’աւարտի 15 յունիսին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով տեղի ունենալիք բոլոր ձեռնարկներուն ցուցակը: