Արամ Ա. վեհափառը Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ արծարծեց Արցախի շրջափակման հարցը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ Օթթաուայի մէջ, 6 Յունիսին, հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Արցախի շրջափակման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցերը, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գծով գործընթացը։

Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին, Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խմբակցութեան նախագահ Պրայն Մէյը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Գանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը, ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սարօ Տէր Պետրոսեանը, Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեանը, Գէմպրիճի հոգեւոր հովիւ տէր Գեղարդ Քիւսպէքեանը ու Հայրապետի գաւազանակիր հայր Պարոյր Շերնեզեանը։
Գանատայի վարչապետը անդրադառնալով Արամ Ա․-ի հետ հանդիպումին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրեց․ «Գանատահայ համայնքը աշխուժ ու զօրաւոր է. ասոր մասին խօսեցանք, երբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ու ես հանդիպեցանք այսօր: Զրուցեցինք նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ իրականացուած վայրագութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման մեր աջակցութեան մասին»:
Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը նոր համանախագահներ ընտրած է
Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը Օթթաուայի մէջ տարեկան իր նիստը գոմարած է։ Նիստին ընդգծուեցան Արցախի ժողովուրդի եւ գանատացի խորհրդարանականներու միջեւ կապերու ամրապնդումը, կառուցողական երկխօսութեան հարթակի ապահովումը եւ Արցախի ժողովուրդի խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան ձգտումներու կարեւորումը:

Նիստի ընթացքին պատգամաւոր Լէօ Հուսակօսը եւ պատգամաւոր Ռէյչըլ Թոմասը ընտրուեցան խումբի համանախագահներ, իսկ պատգամաւոր Ալեքսանտր Պուլերիսը` խմբի փոխնախագահ:
«Խումբը յոյսի եւ քաջալերանքի աղբիւր պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բնակչութեան համար եւ թոյլ պիտի տայ Արցախի ժողովուրդին գործակցիլ գանատացի օրէնսդիրներու հետ, բարձրաձայնել իրենց պատմութիւնները եւ քննարկել յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ մարդու իրաւունքներու ընդհանուր արժէքները», կ’ըսուի թուիթըրեան յայտարարութեան մէջ:
Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը բանաձեւ ընդունեց Արցախին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին
Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը յունիս 2023-ին ընդունեց բանաձեւ մը Արցախի բնակչութեան կամ Արցախէն Հայաստան տեղահանուածներուն շտապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Բանաձեւին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի, որ հաշուի առնելով Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) շուրջ 120․000 բնակչութիւնը 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր կտրուած է արտաքին աշխարհէն Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով, հաշուի առնելով Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման ենթարկուած բնակչութեան աջակցելու կենսական հրատապութիւնը, հաշուի առնելով, որ 27-նոյեմբեր 2020-ին Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը կողմ քուէարկած է այն բանաձեւին, որով կոչ կ’ընէ Ֆրանսային ճանչնալու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութիւնը, կը դիմէ ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանկոֆոն քաղաքապետներու միջազգային միութեան անդամ օտարերկրեայ քաղաքներուն` խնդրելով նպաստել շտապ մարդասիրական օգնութեան, որ որեւէ կազմակերպութեան միջոցով մարդասիրական բեռնատարներու շարասիւնով չփչացող պարէնային մթերքներ հասցնէ Արցախի բնակչութեան եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած փախստականներուն:
«Աւելի լաւ է դիմանալ մեծ զոհաբերութեան, քան ընդունիլ խաղաղութեան կեղծ խոստումը». Քերոլայն Քոքսի նամակը՝ արցախցիներուն
Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս արցախահայութեան յղեց նամակ մը, կոչ ընելով արցախահայութեան դիմանալու ներկայ դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն եւ շարունակելու ապրիլ հայրենի հողին վրայ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Քոքսի նամակը ամփոփումներով․
«Արցախի Հանրապետութեան ժողովորդին, որուն նկատմամբ ես խորին ջերմութիւն եւ խորին յարգանք ունիմ:
«Ես կը գրեմ ձեզի այսօր, քանի որ 120,000 անմեղ քաղաքացիներ կանգնած են գոյութենական ճգնաժամի առջեւ: Այժմ ստեղծուած են Արցախի հայ քրիստոնեաներու նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնելու պայմաններ:
«Ձեր ժողովուրդը կրած եւ կը կրէ ամենալուրջ միջազգային յանցագործութիւնները: Ես անձամբ ականատես եղած եմ կոտորածներու, վայրագութիւններու եւ բռնի տեղահանումներու արդիւնքներուն: Այնուամենայնիւ, աշխարհն ընտրած է ձեր տառապանքներու առջեւ ականջները փակելու մօտեցումը: Նոյնիսկ ձեր ամենամօտ միջազգային դաշնակիցները կամ ուշադրութիւն չեն դարձուցած, կամ անտեսած են ցեղասպանութեան նախազգուշական նշանները:
«Այս ամենամութ ժամուն ես համերաշխ եմ արցախահայութեան հետ: Ես մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր ունակութեան՝ յաղթահարելու այս ճգնաժամը քաջութեամբ, տոկունութեամբ, զոհաբերութեամբ եւ սիրով. ոչ միայն դուք կը գոյատեւէք, այլեւ կը ստեղծէք գեղեցկութիւն կործանման մոխիրներէն:
«1990 թուականէն ի վեր 88 անգամ այցելած եմ Արցախի Հանրապետութիւն: Ես արտօնութիւն ունեցած եմ զգալու ձեր պատմութեան սէրը եւ երաժշտութեան, պարի եւ արուեստի ձեր հարուստ մշակոյթը: Եւ այս ամէնը ձեր հողի խորդուբորդ լեռներու, թաւ անտառներու, բերրի հովիտներու եւ բիւրեղեայ գետերու շունչ կտրող գեղեցկութեան մէջ:
«Ես առիթ ունեցած եմ հանդիպելու շարք մը հրաշալի մարդոց, որոնցմէ շատերը Անատոլիայի մէջ Մեծ եղեռնի զոհերու անմիջական ժառանգներ են, կամ Սումկայիթի եւ Պաքուի հակահայկական ջարդերու, Արցախի մէջ ցեղային, կրօնական զտումներու զոհեր: Զիս կ’ապշեցնէ այն միաձայնութիւնը, որով անոնք կը կիսեն պարզ ընդհանուր նպատակ մը․ ատիկա իրենց պատմական հողին վրայ խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ ապրիլն է: Այս կարօտը կը շարունակէ լեցնել իմ սիրտը:
«Ես երբեք այնքան մտահոգուած չեմ եղած Արցախի ապագայով, որքան այսօր. 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի երկու երրորդի նուաճումն ու էթնիկ-կրօնական զտումները՝ Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից ջիհադիստ զինեալներու անմիջական աջակցութեամբ, հայերու կալանաւորումները, խոշտանգումները եւ հայ պատանդներու սպանութիւնը. Ազրպէյճանի հետագայ ռազմական ներխուժումները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատկանող տարածքներու գրաւումը, Արցախի ներկայիս շրջափակումը եւ ամբողջ Հայաստանի նկատմամբ անոր տարածքային պահանջքները կը վկայեն այս մռայլ իրականութեան մասին:
«Զիս խորապէս կ’անհանգստացնեն տեղեկութիւնները այն մասին, որ միջազգային տէրութիւններու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ճնշում կը գործադրուի, որպէսզի զոհաբերէ իր հայրենիք Արցախը Ազրպէյճանի Հանրապետութեանը, այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագրի դիմաց: Եթէ հաւատանք զեկոյցներուն, ապա բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուածները կ’ըսեն, որ պայմանագիրը թոյլ կու տայ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները եւ առեւտուր ընել թրքական աշխարհի հետ:
«Իմ սիրելի՛ ընկերներ, ինչպէս դուք տեղեակ էք, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման այս խոստումները գին ունին: Եթէ պայմանագիրը ստորագրուի իր ներկայիս տեսքով, ապա ձեմէ պիտի ակնկալուի, որ հրաժարիք ինքնորոշման միջազգային ձեր իրաւունքէն: Կը սպասուի, որ դուք պիտի զիջիք վերահսկողութիւնը ձեր կեանքի, ազատութեան եւ հողին»:
«Իմ յոյսն ու աղօթքն է, որ բազմաչարչար հայ ազգը շարունակէ պայքարիլ սեփական հողին վրայ խաղաղ եւ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութեան համար»:
«Կ’աղօթեմ ձեզի համար, Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ բոլորիդ, երկար ապրիք ազատ Հայաստանի եւ ազատ Արցախի մէջ»:
Արցախի կողքին զօրակցական հաւաք՝ Աթէնքի մէջ
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային զօրակցութեան հաւաք՝ ի նպաստ Արցախի, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 7 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Աթէնքի ՀՀ դեսպանատան շէնքին առջեւ՝ բարձրաձայնելու ժողովուրդի պահանջը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ արցախահայութեան անվիճելի իրաւունքներուն եւ անոր ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումին։

Հաւաքին ներկայ եղան մեծ թիւով հայեր, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Երիտասարդներ պարզած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները եւ պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր «Ես Արցախի հետն եմ», «Ազատագրեցէ՛ք Արցախը» եւ այլ գրութիւններ։
Յունահայ կառոյցներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը նախօրօք ընդունուեցաւ փոխդեսպան տիկ. Աննա Մկրտչեանի կողմէ, որուն յանձնուեցաւ յատուկ նամակ մը ուղղուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Տեղւոյն վրայ, պատուիրակութիւնը բացատրեց հաւաքի նպատակը եւ նամակի ոգին, մատնանշելով՝ յունահայութեան ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, միաժամանակ յիշեցնելու Հայաստանի պետական այրերուն, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը գերազանցապէս պէտք է պահպանուի։ Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, թէ մերժելի է ամէն խօսք կամ փորձ՝ արծուաբոյն Արցախը տեսնելու Ատրպէյճանի վարչական կազմէն ներս։
15 բուժառու Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ Արցախէն տեղափոխուեցաւ Հայաստանի հիւանդանոցներ
Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կենտրոն»-էն 15 բուժառու` ուղեկցողներու հետ միասին, 9 յունիսին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուեցան Հայաստանի բժշկական կեդրոններ:
Իսկ 16 բուժառուներ, որոնք բուժուելու նպատակով տեղափոխուած էին Հայաստան, վերադարձան Արցախ։
Նշենք նաեւ, որ Ռուսական խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ 28 անձ տեղափոխուած է Արցախէն Հայաստան, իսկ 27-ը` Հայաստանէն Արցախ։ Անոնք բոլորը հրատապ մարդասիրական կարիքներ ունեցող անձիք են, ներառեալ` առողջական, հարազատի խնամքի, ընտանիքի հետ վերամիաւորման:
Ստեփանակերտի մէջ «Մայրութիւն» կազմակերպութեան 35-ամեայ գործունէութեան առթիւ միջոցառում
Ստեփանակերտի մէջ, 8 յունիսին տեղի ունեցաւ միջոցառում` նուիրուած «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կազմաւորման 35-ամեակին:
«Արցախի կանայք, 35 երկար եւ ձիգ տարիներ տեւած պայքարի ծանրագոյն ուղին յաղթահարելով, որպէս հասարակութեան շարժիչ ուժ` արժանաւոր տեղ գրաւած են մեր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Գործունէութիւնը սկսելով ազգային-ազատագրական շարժման առաջին իսկ օրերէն` «Մայրութիւն» կազմակերպութիւնը կրցած է իր շուրջը համախմբել Արցախի լաւագոյն դուստրերը: Կազմակերպութեան նպատակն է կառուցել համախումբ հասարակութիւն, դաստիարակել գիտակից, հայրենասէր երիտասարդ սերունդ, առողջ, աւանդական հայկական ընտանիք` առլեցուն անսպառ հաւատքով ու սիրով, խաղաղութեամբ ու բարօրութեամբ», ըստ «Արցախպրես»-ի՝ ըսած է կազմակերպութեան նախագահ Յասմիկ Միքայէլեանը:


Միջոցառումին հնչած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ուղերձը։ Տեղի ունեցած է նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Երաժշտական եւ պարային կատարումներով հանդէս ելած են Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի երգչախումբը, Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, Արցախի պետական երգչախումբը:
Ներկայ էին Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, ԿԳՄՍ նախարար Նորայր Մկրտչեանը, պաշտօնատար այլ անձինք:
Արցախի փոքրիկները շրջափակուած հայրենիքէն ուղերձ կը յղեն ամբողջ աշխարհին
Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին վրայ, 9 յունիսին «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի փոքրիկներուն համար կազմակերպուած է մշակութային եւ ժամանցային օր, որ կը կրէր «Փոքրիկ արարողը» խորագիրը։
Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ «Արարիչ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Յունան Թադեւոսեան ըսաւ, որ ծրագիրին նպատակը շրջափակուած Արցախի փոքրիկներուն խինդ ու ժպիտ պարգեւելն է՝ պահ մը զանոնք շեղելով երկրի շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններէն:
«Ձեռնարկը պէտք է իրականացնէինք Յունիս 1-ին, սակայն անբարենպաստ եղանակին պատճառով անիկա կայացաւ այսօր։ Ասիկա մեր փոքրիկներուն բերանով Արցախի ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու տարբերակ մըն է, կոչ՝ միջազգային հանրութեան, որպէսզի ապաշրջափակեն կեանքի ճանապարհը, որ աշխարհի վրայ այլեւս պատերազմներ չըլլան, օր մը դադրի զէնքի արտադրութիւնը, եւ բոլորը ապրին համերաշխ։ Արցախցի փոքրիկներու ծնողները իրենց փոքրիկներուն օրը այս գորշ իրականութենէն քիչ մը տարբեր դարձնելու համար ջանք չեն խնայեր: Այսօր այդ բեռը իր վրայ վերցուցած է «Արարիչ»-ը եւ հետաքրքրական նուէրներով, տօնական ծրագիրով փորձած երեխաներուն տօն պարգեւել», ըսած է Թադեւոսեանը։


Արցախի փոքրիկները ուղերձ պատրաստած էին` ուղղուած ամբողջ աշխարհին, եւ UNESCO-ին, կոչ ընելով՝ «Ապաշրջափակելու կեանքի ճանապարհը, ապահովելու արցախցիներուն անվտանգութիւնը, սեփական հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքը»:
Տարբեր տաղաւարներու մէջ ներկայացուած էին մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներուն աշխատանքները։ Կազմակերպուած է նաեւ հիւրասիրութիւն, իսկ ծրագրի աւարտին փոքրիկներուն տրուած են նուէրներ։