Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Գէմպրիճ


9 յունիս 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսի Գանատա հովուապետական այցելութեան հանգրուանը Գէմպրիճն էր։

Ըստ Ազգային առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեանց,  հայրապետական թափoրը՝ եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասի ուղեկցութեամբ, ինչպէս նաեւ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Գէմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, երեկոյեան ժամը 7-ին, հասաւ Ս․ Նշան եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ՝ Գահակալ հայրապետը, ընկերակցութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք․ Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս․ Տոնոյեանի մուտք գործեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։

Արարողութեան ներկայ էին՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Գանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր «Փոսթաճեան» սրահին մէջ։

Եկեկոյեան, Գէմպրիճի հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Արամ Ա. հայրապետին։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, միաբան հայրեր, Ս. Նշան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, գործակից միութիւններու ներկայացուցիչները եւ հարաւային Օնթարիոյէն ժամանած հայորդիներ։

Ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր Ցոլեր Փանոսեանը, որ բացման խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառին իր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։

Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն։

Տ. Բաբգէն արք․ Չարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան ճաշկերոյթի յաջողութեան համար։

Ճաշկերոյթ ընթացքին գնահատուեցան նաեւ անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Գէմպրիճի համայնքին։ Վեհափառի ձեռամբ՝ Կիլիկեան իշխանի շքանշանին արժանացաւ Կարօ Փոսթաճեան եւ Կըլիւեան ասպետի շքանշանին արժանացաւ Վրէժ Գասամանեան։

Նորին սուրբ օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ սրբազան հօր, Գանատայի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներուն, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ շքանշանակիրներուն անոնց կատարած երկար տարիներու ծառայութեան համար։

Գահակալ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց աւանդութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ աւանդութիւնը պահելով պահած կ՚ըլլանք նաեւ մեր ինքնութիւնը։

«Մեր կառոյցները, ինքնաքննութենէ անցնելով, պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ Նորին սուրբ օծութիւնը։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։