«Սրտիդ մելանը» եւ «Բարձունքներն ի վեր». Տարօն Պարոյր


Ստորեւ կը ներկայացնենք թորոոնթոհայ երիտասարդ բանաստեղծ Տարօն Պարոյրի երկու ստեղծագործութիւնները, որոնք վերջերս հրատարակուեցան «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2023 թիւին մէջ:


Սրտիդ մելանը
Տարօն Պարոյր

Սիրտդ թող մելանի պէս արիւնի ճերմակ կտաւին վրայ.
Շիթ-շիթ կաթիլները ոռոգելով այդ անջրպետը հոգւոյդ
եւ աշխարհին միջեւ։
Սիրտդ թող մելանի պէս արիւնի…

Թող սիրտդ իր արիւնը հեղո՜ւ էջին վրայ,
Թող դուրս բխի սրտիդ պոռթկումը,
Ու բոսոր այդ հեղուկը ծորա՛ սպիտակ այդ յատակին վրայ։
Սիրտդ թող մելանի պէս արիւնի…

Սիրտդ թող ներկէ շէկ երանգով,
Նիրհած սրտերը աշխարհի,
Թող կայծկլտան այդ արեան արցունքները,
Զգացումները ծպտեալ ու վաղեմի։

Սիրտդ թող մելանի պէս արիւնի…


Բարձունքներն ի վեր
Տարօն Պարոյր

Եկէ՛ք սլանանք բարձունքներն ի վե՜ր, ձեռք ձեռքի տուած հասնինք նոր սարեր, միահամուռ եւ միաբանուած՝ նուաճենք նոր սէգ կատարներ, միասին կերտենք պատմութեան նոր փառահեղ էջեր։

Եկէ՛ք սլանանք բարձունքներն ի վեր, երգը թող թնդայ Թորգոմեան ցեղին մեր, փշրենք շղթան հալածանքի, թող պանծայ հայ ազգը հնամենի։

Եկե՛ք սլանանք բարձունքներն ի վեր, հասնինք կատարին այն սուրբ լերան մեր, թռչինք սաւառնինք արծիւի պէս, ու առիւծի նման մռնչալով, թող մեր ձայնը լսուի թունդ ու վէս։

Եկէ՛ք սլանանք բարձունքներն ի վեր, ճախրենք միասին վե՜ր գերիվեր, խաչով բարձրանանք այն գագաթը մեր, ու միասին փառաւորենք ու ըսենք՝ հազար փառք քեզ… Տէ՛ր։