Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է


Վահէ Թղլեան

Երբ փոքր տարիքի դպրոցականներ էինք, քննութեան հարցումներէն մէկը այն էր, թէ ո՞ւր ծնած է Յովհաննէս Թումանեան։ Մենք՝ աշակերտներս, քմծիծաղով սորված էինք այդ գիւղի տարօրինակ ու արտասովոր անունը ու երբե՛ք չէինք կրնար մոռնալ.

— Դսեղ։

Տարիներու ընթացքին յաճախ լսելով Մեծն Թումանեանի մասին, մէջս աւելի հետաքրքրութիւն յառաջացած էր այդ հեռաւոր գիւղին հանդէպ ու անպայման կ՚ուզէի երթալ ու տեսնել Թումանեանի ծննդավայրը։ Չէ՞ որ այդտեղ կեանք առած են՝ Անուշը, Գիքորը, Մարօն, հեքիաթներ, բանաստեղծութիւններ եւ շատ ու շատ այլ պատմուածքներ։

Բախտս ժպտաց ու անցեալ Մայիսին, կազմակերպութեամբ «Համահայկական գրողներու միութեան»՝ փոքր խումբով հասանք Դսեղ. դրախտի պատառիկ մը։

Բնութեան տեսարանները դիտելով չէի յագենար. այնքա՜ն հարազատ ու մտերմիկ, ինչպէս եւ տեղացիները, — որոնց հետ կարծես դպրոցական օրերէս մտերմացած՝ կը զրուցէի, — բարի, անկեղծ, ու միայն կը փորձէին մեզի օգտակար ըլլալ․․․ ու եղա՛ն։

Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է։

Դսեղի բնութիւնը, իր լեռներով ու մարգագետիններով, չեմ կրնար բնութագրել. այստեղ չես կրնար չափել գեղեցկութեան հորիզոնը, նոյնիսկ լուսանկարներու մէջ կարելի չէ տեսնել։ Լոռուայ գեղեցկութիւնը միայն սեփական աչքերով պէտք է տեսնել։ Այստեղ գրելու ներշնչման աղբիւր կայ, ի զուր չէ, որ Թումանեանը իր լաւագոյն երկերը ստեղծագործած է Դսեղի մէջ։

Բնականաբար այստեղ իրարու կը խառնուին յուզմունքն ու ուրախութիւնը, երբ կը տեսնես Թումանեանի տունը, որ թանգարանի վերածուած է՝ իր վերնատունով: Այստեղ կարասին ու տան զարդերը նոյնութեամբ մնացած են․ սիրուն լամբը, նկարները, բաճկոնը, ձեռնափայտը…

Թումանեանի տուն թանգարանը (լուսանկարը տրամադրած է հեղինակը)

«Ծնած է Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, 1869-1923»

Ամէն վայրկեան մտքիս մէջ այս տողերը կը հնչէն։

Դուրսը՝ բակի կեդրոնը, թաղուած է բանաստեղծին սիրտը, իսկ մարմինը՝ Թիֆլիս։

Այստեղ կը զգաս պատմութեան հետ միաձուլումդ։



Երեկոյեան, տեղւոյն եկեղեցւոյ մէջ, ուսանողներու հետ մեր գրական ձեռնարկը աւարտած էր։ Պրն. Աբգար Ափինեանը հրաշալի կերպով վարեց այդ հանդիպումը։ Մասնակիցները մեծապէս ոգեւորուած հիւրերու այցելութենէն՝ առաջարկեցին, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախ տեղի ունենան։

Ապա դուրս ելանք գիւղամէջ, հասանք վիթխարի ձորի մը եզերքը՝ դիմացը հրաշալի լեռներու բնապատկերով։ Երեկոյ էր, յանկարծ դիմացի լեռներէն գայլեր սկսան ոռնալ. Հեքիաթ չէր, պէտք է աճապարէինք վերադառնալու հիւրանոց, որ մօտաւորապէս 5-6 քմ հեռու կը գտնուէր։ Տիկին Գոհարը մեզ աւելի խուճապի մատնեց, ըսելով՝ «գայլերի վոհմակը… կարող են 2 րոպէում լինել մեզ մօտ…»։


Արդէն ետեւ նայելու ժամանակ չունէինք ու կ՚աճապարէինք հասնելու գիւղամէջի փոքրիկ հրապարակը՝ թաքսի գտնելու յոյսով։ Ի դէպ, փախուստի ժամանակ հանդիպեցանք տնական շնիկի մը, որ փոխանակ գայլերու կողմը հաջելու, սկսաւ մեր վրայ հաջելու։ Այ քեզ բան, — կ՚երեւի մենք աւելի օտար էինք, քան գայլերը…


Հրապարակը կը գտնուէր Թումանեանի տուն-թանգարանին կից։ Մեր հեւիհեւ փախուստի ժամանակ, մեզ դիմաւորեց խանութպան տիկին Մարօն, որուն երբ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք գայլերու մասին, ամենայն պաղարիւնութեամբ յարեց. «հա՛ էլի, է՛դ գայլերը գիշերը գալիս են գեղամէջ, բայց վախենալու բան չկայ. սրանք շնագայլեր են…»։ Բայց միեւնոյնն է, ան մեզ չկրցաւ հանդարտեցնել։

Մօտեցանք հրապարակին, ուր եւս մեզ դիմաւորողներ կային. Թումանեանի եղբօր ծոռը ու կինը։ Ծանօթացանք։ Երբ իմացան, որ փոխադրամիջոց չունինք, կինը ամուսնուն դարձաւ ու «Էս ժամին ի՞նչ թաքսի, մեքենադ մօտեցրու, մենք միասին կը գնանք»։

Մեքենան 1960-ական թուականներէն «ժիգուլի» մըն էր, երկու դուռով ու առանց ետեւի նստարանի։ «Հեսա՝ հիմի կը սարքեմ», ըսաւ ամուսինը ու կողքի ախոռը մտնելով բերաւ նստարանը, որ մեծ դժուարութեամբ տեղաւորեց ինքնաշարժին մէջ։


Ինչպէ՞ս մերժէինք։


Ախոռաբոյր փոքր մեքենային մէջ, հինգ հոգիով, կերպով մը տեղաւորուեցանք ու «կաղապարուած» հասանք հիւրանոց։ Վերջերս կառուցուած հոյակապ «Կաղնի» հիւրանոցը գիւղին մուտքին էր, աչք շլացնող կանաչ մարգագետնի մը եզերքը, հրաշալի տեսարանով։ Մօտակայ ձորին մէջէն կը հոսի պատմական Դեբետ գետը։ Այս հսկայական կանաչ դաշտի մէջէն խոհարարը սունկ կը հաւաքէ ու մեր առաւօտեան ձուածեղը այդ սունկերով կը պատրաստէ։
Ունեցանք շատ համեստ, բայց նմանը չունեցող բնական նախաճաշ, լոռուայ հռչակաւոր պանիրով, մեղրով, ձուածեղով, կանաչիով ու, ի հարկէ, պտուղի բնական հիւթով։



Մեր խումբէն տիկին Գոհարը մեծ հաճոյքով սունկ կը հաւաքէ, մենք ալ կը միանանք իրեն։ Առաւօտեան դաշտերու վրայ իջած ցօղը անուշ թարմութիւն կը բուրէ։ Շուտով կը հասնինք ձորին բերանը։

Ներքեւ իջնելը բացառուած է, ձորը շատ խորունկ է։ Դեբետը վերէն կը դիտենք ինչքան հնարաւոր է ու կը գոհանանք լուսանկարուելով։ Կը քալենք դէպի գիւղը եզերող տուները, ագարակները. ընտանի անասուններ՝ շուն, ձի, կով, հաւ ու հաւերուն պաշտպան… աքլոր։


Դարձեալ նկարներ. Սուսաննան ձիու կողքին կանգնած անսպառ կը նկարուի։ Աթարի ու ախոռի բոյրը համատարած է. այստեղ բոլոր զգայարանքներովդ գիւղի մէջ ես։



Հիւրանոց վերադարձի պահուն պապիկ մը մեզ նկատեց ու կանչեց։ Հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն էր․ ցուպը ձեռքին մօտեցաւ ու սկսաւ գանգատիլ ներկայ կառավարութենէն, յետոյ աւելցուց․

— Ես չեմ կարող գնամ Երեւան ու մասնակցեմ ցոյցերին։ Ես թոշակառու մարդ եմ  (կը ստանայ ամսական 32 հազար դրամ կամ շուրջ 80 ԱՄՆ տոլար), բայց ուզում եմ այդ մարդկանց, ովքեր արեւի տակ հաւաքների են գնում, իմ թոշակից 2 արկղ խմելու ջուր նուիրեմ։ Որ հանդիպէք Արծուիկ Մինասեանին, ասէք որ Վաչօ պապին է ուղարկել… Ես նրանց ցաւը տանեմ…

Համակ ուշադրութեամբ լսեցի պապիկի կեանքի պատմութիւնը, խօսելու կարողութիւնս կորսնցուցած էի։ Բառերը կոկորդիս մէջ սեղմուած քարացան ու մեծ ճիգով յուզմունքս զսպեցի։ Սուսաննան խոստացաւ, որ «Հայրենիքի ձայն» թերթին մէջ պիտի գրէ այս մասին։

Ի հարկէ մենք չէինք կրնար Վաչօ պապիէն դրամ վերցնել, սակայն՝ յաջորդ օրն իսկ, մեր Երեւան վերադարձին, ջուրի արկղերը յանձնեցինք հասցէատիրոջ։ Վաչօ պապիին մասին անդրադարձան Ֆրանսիական հրապարակէն եւ «Հայրենիքի ձայն» ամսաթերթին մէջ։

Թորոնթօ