Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-Գրքապատում» հատորը


Դեկտեմբեր 2022-ին լոյս տեսաւ գանատահայ գրող Վրէժ-Արմէնի առցանց նոր հատորը, որ 65 տարուան վրայ գրուած յօդուածներու ժողովածու մըն է՝ կեդրոնացած գրքերու վրայ։ Հատորը կը պարունակէ 67 գրութիւններ, երկուքը անտիպ՝ բաժնուած հինգ գլուխներու՝ ժամանակագրական խմբաւորումներով (400 էջ):

Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն ան գրած է յատկապէս երկու տեսակի գրքերու մասին. «առաջին՝ ընկերային-գաղափարական հարցերու նուիրուած, մանաւանդ գրուած ոչ հայերու կողմէ, սակայն անպայման մեզ հետաքրքրող նիւթերով, որոնցմէ կրնանք ներշնչում մը կամ դաս մը քաղել, եւ երկրորդ՝ մեր հայրենիքին մէջ տիրող խորհրդային կարգերու անմարդկային իրավիճակները հաղորդող վկայութիւններու, նման վկայութիւններ պարունակող գրական յուշագրութիւններու, քանի որ այդ տարիներուն էր, որ լեզուները սկսեր էին բացուիլ»։ Այդ տեսակ գրախօսականներու կամ ակնարկներու եւ ուրիշ այլազան գրքերու, կամ ընդհանրապէս գրքի առնչուած հարցերու նուիրուած յօդուածներու կողքին, «ընդգրկուած են նաեւ պատումներ, յուշեր, օրագրային բնոյթի թէ նորավիպային, ինչպէս նաեւ երգիծական էջեր, հարցազրոյցներ ու դասախօսութիւններ», որոնք ընթերցողին հետ կը բաժնեն «գրքերու հանդէպ ունեցած սէրս, հետաքրքրութիւնս ու ապրումներս»,– կ՚ըսէ ան։

Գիրքը ճոխացած է Անահիտ Աբրամեանի գեղանկարչութեամբ, իսկ յօդուածներուն ընդհանրապէս կ՚ընկերանան ոչ միայն գրախօսուող գրքերու կողքերուն եւ հեղինակներուն նկարները, այլեւ բովանդակութեան մաս կազմող բազմաթիւ նկարներ ալ՝ արուեստի գրքերու պարագային։

Հատորը ձօնուած է հեղինակին կողակցին՝ Նազիկ Գուլաքեան Արթինեանին։

Վրէժ-Արմէնին (Արթինեան) այս ու անոր նախորդած 13 առցանց հրատարակուած հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէն blog-ի կայքին մէջ: Հայերէն blog-ի «Անտիպ»բաժինին մէջ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին նամականիէն մաս մը։