Արցախը 26 օրէ շրջափակման մէջ է․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախը 26 օրէ շրջափակման մէջ է․ Արցախն այս շաբաթ

26 օրէ ի վեր Լաչինի միջացքը փակ մը մնայ ազերիներու կողմէ։ Շրջափակման մէջ մնացած արցախահայութիւնը Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը դիմաւորեցին ճանապարհի բացման սպասումով եւ օրէ օր նուազող պարէնի եւ դեղորայքի դժուարագոյն պայմաններուն մէջ։

Միջազգային  հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած կոչերը, ռուս խաղաղապահներու ճանապարհը բանալու համար վարած բանակցութիւնները մնացին ապարդիւն։

Ամփոփ ձեւով կը ներկայացնենք անցնող շաբաթուան Արցախի անցուդարձը։

* Արցախի պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին Եւ Մաքրոնին կոչ կ’ուղղեն` Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու

6 Յունուար 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները դիմեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն՝  Վլատիմիր Փութինին, Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, կոչ ուղղելով շօշափելի քայլեր կիրարկելու Բերձորի միջանցքի բացման կամ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ: Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.

«Այսօր 25-րդ օրն է, որ կը շարունակուի փակ մնալ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան:

«Մարդասիրական աննախադէպ աղէտի առջեւ կանգնած Արցախի ժողովուրդը, մեծ հաշուով, ո՛չ միայն հասցէական յայտարարութիւններու կարիք ունի, այլ նաեւ, կը կարծեմ, այդ ուղղութեամբ գործնական ու տեսանելի քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը կայ: Առողջական ծանր խնդիրներով հիւանդները զրկուած են անհրաժեշտ դեղորայքէն եւ առողջապահական ծառայութիւններէն, Արցախը զրկուած է մանկական սնունդի եւ պարենային ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մատակարարումէն:

«Քաղաքակիրթ աշխարհին, մասնաւորաբար Մինսքի խմբակին համանախագահող երկիրներուն կոչ կ’ուղղենք որոշակի քայլեր կիրարկելու միջանցքի բացման կամ օդային կամուրջի` Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի արտօնէ ձմեռնային ժամանակաշրջանին քիչ մը կանխելու Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական տագնապալի ճգնաժամը»:

Արցախի պետական պաշտօնեաներ նոյնպէս շեշտեցին ճանապարհը բանալու համար Ազրպէյճանի դէմ պատժաջոցներ կիրառելու եւ օդային ճանապարհը գործարկելու անհրաժեշտութիւնը։

«Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կանխելու համար դատապարտող յայտարարութիւններէն բացի, անհրաժեշտ է, որ միջազգային կառոյցները յստակ պատժամիջոցներ կիրառեն Ազրպէյճանի նկատմամբ», նշեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։  

Արցախի պետական նախարարը Ռուբէն Վարդանեան իր հերթին ընդգծեց օդային միջանցք բանալու կարեւորութիւնը։ «Ստեփանակերտի օդակայանը պատրաստ է ընդունելու միջին չափերու օդանաւներ: Ուղղակի սա աւելի շատ քաղաքական հարց է: Ճնշումը միջազգային կազմակերպութիւններէն, Եւրոպայի երկիրներքն եւ Միացեալ Նահանգներէն շատ կարեւոր է: Այս իրավիճակի մէջ միակ լուծումը, որ թոյլ կու տայ ձմրան ամիսներուն բնականոն պայմաններու մէջ ապրիլ, ատիկա օդային կամուրջ բանալու հնարաւորութիւնն է», ընդգծեց ան:

* Արցախի մէջ պետական պահուստային պաշարներէն որոշ ապրանքներ կը տրամադրուին խանութներուն

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ, 3 Յունուարին, տեղի ունեցաւ շտապի նիստ եւ քննարկուեցան շարունակուող շրջափակման մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան եւ առաջնային կարիքները ապահովելուն վերաբերող հարցեր:

Ներկայացուեցան պարէնային ապրանքներու, դեղորայքի, պենզինի եւ տիզելային վառելիքի շուկաներու ներկայ իրավիճակը եւ խնդիրները: Նշուեցաւ, որ բնակչութեան առաջնային կարիքները ապահովելու համար պետական պահուստային պաշարներէն որոշ ապրանքներ մատակարարուին խանութներ: Վարդանեան կարեւոր համարեց, որ ապրանքները համաչափ բաշխուին, որպէսզի բնակչութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ զանոնք ձեռք բերելու բոլոր խանութներէն:

* Արցախի պետական ներկայացուցիչները բնակչութեան ներկայացուցին Լաչինի միջանցքի փակման մանրամասնութիւնները

4 Յունուարին եւ յաջորդող օրերուն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները տարբեր խումբերով հանդիպումներու սկսան շրջաններու բնակչութեան հետ` ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւն տալու, տեղւոյն վրայ հրատապ հարցերուն ծանօթանալու եւ բնակչութիւնը յուզող հարցերուն պատասխանելու նպատակով:

Հանդիպումներուն ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան փակուելուն պատճառով յառաջացած հարցերը եւ անոնց լուծման ուղիները:

Համայնքներու բնակիչները բարձրացուցին ապահովութեան, հիւանդները տեղափոխելու համար վառելանիւթ տրամադրելու եւ ապաշրջափակման բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Պատգամաւորները հարցերու լուծման գծով կարեւոր նկատեցին միասնութիւնը եւ համերաշխութիւնը`հաստատելով նաեւ, որ Արցախի մէջ կան առաջին անհրաժեշտութեան որոշ տեսակի մթերքի պաշարներ, որոնք շրջափակման շարունակութեան պարագային կրնան բոլորովին սպառիլ։

* Եւս հինգ հիւանդ տեղափոխուցաւ Հայաստանի տարբեր բժշկական կեդրոններ

 Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ, Արցախէն 4 Յունուարին երկու հիւանդներ, իսկ 7 Յունուարին երեք հիւնադներ տեղափոխուեցան Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ:

* Արցախի կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները միասնական աղօթքով խաղաղութիւն խնդրեցին

5 Յունուարին, Սուրբ ծնունդին ընդառաջ Արցախի կիրկնօրեայ դպրոցի աշակերտները միասնական աղօթքով Աստուծմէ խնդրեցին խաղաղութիւն եւ Արցախէն դուրս մնացած իրենց հարազատներու տուն վերադարձը:

Ըստ news.am-ի՝ Ստեփանակերտի Ս․ Աստուածածին Հովանի մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տէր Մատթէոս Դրաւանցի խօսքով, այսպիսով փոքրիկնեևը ցոյց կու տան, որ կան, կ’ապրին` աղօթելով որ Քրիստոսը օգնութեան հասնի: Աշակերտներէն մէկն ալ ըսաւ. «Մենք կ’ուզենք, որ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն ըլլայ, ոչ մէկ մանուկ չտեսնէ պատերազմը, որ տեսանք մենք»:

Այնուհետեւ կէս գիշերին նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Նռօրհնէքի արարողութիւն։ Մարդիկ հաւաքուեցան Նոր տարին դիմաւորելու եկեղեցւոյ մէջ։

* Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագ մատուցուեցաւ

6 Յունուարին, Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ ծննդեան պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Պատարագին ներկայ եղան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու պատասխանատուներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

* «Մեր հայրենիքը նուաճել ցանկացողները եկած ու գացած են, իսկ մենք հազարամեակներով ապրած ենք այս սուրբ հողին վրայ եւ պիտի ապրինք» Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Սուրբ ծննդեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ «մեր ժողովուրդին հնարաւոր չէ ընկճել դժուարութիւններով: Ոչ մէկ շրջափակում, ոչ մէկ ճնշում, ոչ մէկ սպառնալիք ի զօրու չէ կոտրելու արցախցիին ոգին, կամքը, հայրենի հողին վրայ ապրելու վճռականութիւնը: Մենք մեր պատմութեան մէջ շատ աւելի բարդ փուլեր ունեցած ենք: Ցանկացած ծանր շրջան անցողիկ է, մնայուն են մեր արժէքները, մեր ժառանգութիւնը, մեր հաւատքը»:

* Սուրբ ծնունդը ազգային պարերով՝ Մարտունիի մէջ

6 Յունուարին` Սուրբ ծնունդի օրը, Մարտունի քաղաքի Ս. Մեծն Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ՝ Տէր Յովհան Յովհաննիսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէք:

Տօնական օրը շարունակուեցաւ Մարտունիի քաղաքապետարանի բակը` ազգագրական պարերու կատարողութեամբ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի եւ «Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ իրականացաւ «Սուրբ ծնունդը ազգային պարերով Մարտունիում» բացօթեայ միջոցառումը, որուն ներկայ էին Հաղորտիի, Մուշկապատի եւ Մաճկալաշէնի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Մունք» ազգային պարի մանկապատանեկան խումբերը:

«Մունք» ազգային պարի մանկապատանեկան խումբերը ելոյթ կ’ունենան Մարտունիի մէջ (լուսանկարները` Տաթեւիկ Աղաջանեանի)