«Կանչ»-ը Գանատայի 1 250 ՀՕՄ-ականներուն առաքելութեան ձայնային լրատուն է


Զրոյց՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեանի հետ. վարեց Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանը

Նոր տարուան շեմին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը նոր ծրագիրով մը հանդէս եկաւ բոլորիս աւետելու, որ այսուհետեւ կարելի է հետեւիլ առցանց հեռարձակուող «Կանչ» Podcast հաղորդումին։

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան չափազանց բծախնդրութեամբ կը կատարէ «Կանչ»-ի ծրագրաւորման աշխատանքները, նիւթերու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ իր քաղցրահունչ ձայնով ու անաղարտ հայերէնով կը վարէ այս հաղորդումը, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին հանդիսացած է ՀՕՄ-ին ու ՀՕՄ-ուհիներուն անապակ կարկաչուն աղբիւրին արձագանգը։

Այս առիթով ընկերուհի Լուսին Ժամկոչեանին հետ ունեցած մտերմիկ հարցազրոյցիս ընդմէջէն ատենապետին առաքելութիւնը եւ «Կանչ» Podcast-ին  ձայնը կը հասցնեմ մեր ընթերցողներուն։


Տիրուկ  Մարգարեան Կարապետեան- Նախքան «Կանչ»-ին մասին զրուցելը, եկէք խօսինք ՀՕՄ-ի ծիրէն ներս ձեր կերտած լուսաւոր ճանապարհին եւ ձեզ ոգեւորող ծրագիրներուն մասին։

Լուսին Ժամկոչեան- Կանուխ հասակէս ՀՕՄ-ին անդամակցած եմ եւ եղած եմ Սուրիոյ օգնութեան խաչի արծուիկ, իսկ 18 տարեկանս ամբողջացնելէն ետք, ինքնաբերաբար, անցած եմ Սուրիոյ օգնութեան խաչի շարքերը։ Եղած եմ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ, ապա` փոխադրուած եմ Գանատա․ այդ օրուընէ ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւնս բերած եմ Գանատայի ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն եւ եղած եմ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ։ Եղած եմ մնայուն կամ առժամեայ յանձնախումբերու անդամ, վարչական, ատենապետ, քարտուղարուհի,  Շրջանային վարչութեան անդամ, իսկ յուլիս 2022 թուականէն ի վեր ընտրուած եմ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ։

Իբրեւ մասնաճիւղի երիտասարդ անդամ, սկզբնական շրջանին, զիս մեծապէս տպաւորած է ՀՕՄ-ի ազգանուէր ծառայութիւնը եւ տեղական ձեռնարկները, ինչպիսին են՝ Կանանց միջազգային օրուան ձեռնարկը, տարեցներու գնահատանքի յատուկ միջոցառումը, ՀՕՄ-ի օրուան ձեռնարկը եւ դաստիարակչական յանձնախումբերու ծիրէն ներս կատարուած բոլոր աշխատանքները, որոնց մաս կազմելը ինծի համար շատ գրաւիչ եւ հաճելի աշխատանք մը եղած է։ Սակայն, այսօր ինծի համար չկայ մեծ ու փոքր ծրագրեր, գանատական կամ համաշխարհային առումով, որոնք չեն հետաքրքրեր զիս ՀՕՄ-ի առաքելութեան ծիրէն ներս: ՀՕՄ-ի մարդասիրական, մշակութային, ազգապահպանման նպատակներուն ծառայող բոլոր ծրագիրները  ուշադրութեանս արժանի են:

ՏՄԿ- Որո՞նք են ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետին պարտականութիւնները։

ԼԺ- Ատենապետին պարտականութիւնը քանի մը բառով պիտի փորձեմ ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ. Հետապնդել եւ իրականացնել պատգամաւորական ժողովին առնուած որոշումները, հսկել կատարուած աշխատանքներուն վրայ, հետեւիլ մասնաճիւղերու գործունէութեան եւ պահանջեալ հարկին ուղղութիւն տալ անոնց` մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունենալու։ Ահաւասի՛կ, ներկայիս Արցախի շրջափակման զուգադիպող այս դժնդակ օրերուն, երբ տակաւին մեր երկրի երկինքէն սեւ ամպերը չեն փարատած, ժողովուրդը ուղղութիւն մը կը սպասէ՝ գիտնալու Շրջանային վարչութեան եւ յատկապէս ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին կեցուածքը: Ուստի, մենք՝ հաղորդագրութիւններով եւ շրջաբերականներու միջոցաւ, կը հասնինք մեր անդամներուն եւ կը շարունակենք օժանդակութեան ձեռք երկարել Արցախի խիզախ ժողովուրդին, հայորդիներուն:

Մեզի համար հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը ամէն բանէ վեր է եւ հայ մարդուն օգնութեան ձեռք մեկնելը մեր հանապազօրեայ պարտականութիւնը։

ՏՄԿ- Ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ ունի ՀՕՄ-ը ներկայիս եւ ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք այս ուղղութեամբ։

ԼԺ- Այսօր, բաւականին մեծ մարտահրաւէրներ կան միութեան առջեւ, եւ իբրեւ ատենապետ զանոնք իրագործելու միտումով նպատակասլաց կ’աշխատիմ մեր ընկերուհիներուն հետ, որոնք կ’օժանդակեն ինծի։ Եթէ ընտրութեանս օրէն ի վեր յաջողութիւն արձանագրած ենք, ապա՝ այդ յաջողութիւնը իրականացած է այդ խումբի մեղուաջան անդամներուն համագործակցութեան շնորհիւ։

Անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին վարչութիւնս յաջողեցաւ կազմակերպել միջվարչական առցանց հանդիպում մը տասը մասնաճիւղերու վարչութիւններուն հետ: Հրաւիրուած էին երեք անձեր, որոնք ներկայացուցին զանազան նիւթեր` ժողովական կանոններու, կանոնագրային հիմնական կէտերուն, վարչականի մը պարտականութեան, կեցուածքին եւ, ի հարկ է, դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու չենթարկուելու, իսկ ենթարկուելու պարագային, գործնական օրինակներով, զանոնք յաղթահարելու լաւագոյն միջոցները կիրառելու ձեւերուն մասին։

Դեռ ամիսներ առաջ օժանդակեցինք դրամահաւաքներու, ինչպէս հեծելարշաւի հանգանակութիւնը, որուն նպաստը յատկացուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամ եղած մեր զինուորներու կեդրոնին։ Մասնակցեցանք Հայաստանի եւ Հայ դատի հանգանակային արշաւին: Մեր  յաջորդ հանգանակային ձեռնարկը ջաւախահայութեան երիտասարդական կեդրոններու օժանդակութեան դրամահաւաքն է: Արդէն իսկ 12 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ջաւախքի նուիրուած մեր առաջին  ձեռնարկը։ 

Վարչութեան անդամները, ընդհանրապէս, ամէնօրեայ կապի մէջ են, որուն շնորհիւ  մեր ժողովական կեանքը շատ հեզասահ ընթացքի մէջ է։

Այսօրուան հաղորդակցութեան արդիական հնարաւորութիւններն ու միջոցները մեզի մեծապէս կ’օգնեն մեր սկսած գործունէութիւնը աշխուժօրէն շարունակելու եւ յաջողութեամբ պսակելու:

ՏՄԿ– Առցանց հեռարձակուող «Կանչ» Podcast հաղորդումը ՀՕՄ-ի վերջին եւ նորաոճ նախաձեռնութիւնն է,  խօսինք անոր մասին։

ԼԺ- Այս մեր առաջին փորձառութիւնն է, նախապէս ՀՕՄ-ը նմանատիպ աշխատանք մը չէ ունեցած։ Իբրեւ առաջին նախաձեռնութիւն` փորձեցինք օգտուիլ մեր երիտասարդներէն, որոնք Երիտասարդաց միութեան մէջ` ԳԵՄ-ին համար սկսած էին շատ գեղեցիկ հաղորդում մը` «Արձագանգ» խորագիրով։ Այնքան յաջող եւ դաստիարակչական նկատեցինք այդ հաղորդումը, որ նոյն օրինակին հետեւելով ուզեցինք մենք ալ մեր հաղորդումը ունենալ։ Այս ծրագիրին առաջարկը եկաւ մեր մասնաճիւղերէն։

Անձնապէս հիացմունքով կը հետեւէի այդ հաղորդման եւ շատ տպաւորուած էի երիտասարդներուն արտայայտած գեղեցիկ եւ անթերի  մաքուր հայերէնով։ Մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչները, այս ափերուն վրայ, իսկապէս հրաշալի գործ մը կը կատարէին ու մեզի կը ներկայացնէին գիրքեր եւ այդ գիրքերու նիւթին վերլուծումները։ Մէկ խօսքով` երիտասարդները մեզ ներշնչեցին, իսկ Պատգամաւորական ժողովը վաւերացուց մեր քարոզչական աշխատանք տանելու բանաձեւը` podcast պատրաստելու ուղղութեամբ։

Առաջին հաղորդումը սկսաւ 1 յունուարին եւ այսօրուան տուեալներով, իւրաքանչիւր հարթակի վրայ, մեր ունկնդիրներուն թիւը օր ըստ օրէ կ’աւելնայ։

ՏՄԿ- Որո՞նց շնորհիւ  «Կանչ» հաղորդումը կը հասնի ունկնդիրներուն եւ այսօրուան յաջողութիւնը կ’արձանագրէ։

ԼԺ- Հոկտեմբեր 2022-ին «Կանչ»-ը ճամբայ ելաւ։ Համեստաբար ըսեմ, որ «Կանչ»-ին ծրագրաւորման աշխատանքները ես կը կատարեմ ու կը պատրաստեմ, այսինքն՝ հեռաձայնային կապեր, նամակագրութիւն, շաբաթական ծրագիրներու նիւթեր, եւ այլն։ Այս ծրագիրը մեծ խանդավառութեամբ առաջ կը տանիմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ նորութիւններ պէտք է միշտ  փորձենք։

Սկիզբը ունեցանք հաղորդավար մը` ընկերուհի Արիանա Թասլաքեանը, որ օժանդակեց մեր վարչութեան: Մինչեւ օրս Արեգ Քուշեանը կը հանդիսանայ մեր  ձայնային գործիքներու եւ հաղորդման սփռման պատասխանատուն։ Մեծապէս կը գնահատենք մեր կամաւոր աշխատակիցներուն ճիգն ու անոնց տարած բծախնդիր աշխատանքը։

Հաղորդման ընթացքին կը հրաւիրենք ՀՕՄ-ուհիներ, որոնք կը խօսին իրենց կատարած աշխատանքին մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ՀՕՄ-ուհի ըսելիք ունի եւ իր ձայնը պէտք է հասնի բոլորիս։ «Կանչ»-ին մէջ մենք կը լսենք տարեցին, միջին տարիքի անհատին եւ երիտասարդին ձայնը։

Կանչով մենք կ’ուզենք կանչել հայ երիտասարդը, որպէսզի ան ճանչնայ մեր գործունէութիւնը եւ ՀՕՄ-ի շարքերուն պատկանող երիտասարդը փոխանցէ իր փորձառութիւնը ուրիշներուն, իսկ հոս ուսանած եւ աշխատանքի ասպարէզէն ներս յաջողութիւն գտած երիտասարդը իր փորձառութիւնը մեզի փոխանցէ եւ այդպիսով օգտակար դառնայ այլ երիտասարդներու։ Եթէ ներկայիս երիտասարդները ընկերային հարթակներու վրայ կը հետեւին այլազան հաղորդումներու, ուրեմն անոնք նաեւ առիթ կ’ունենան ՀՕՄ-ի քարոզչութիւնը լսելու։

ՏՄԿ– Ե՞րբ կը հեռարձակուի «Կանչ» հաղորդումը։ Ինչպէ՞ս կրնանք ունկնդրել կամ մաս կազմել անոր։

ԼԺ– Հաղորդումը շաբաթական դրութեամբ կը սփռուի։ Երեսուն վայրկեանէն քիչ մը աւելի տեւողութեամբ ընթացող հաղորդումին ընդմէջէն կ’ուզենք երիտասարդներուն փոխանցել դաստիարակչական եւ քարոզչական տեղեկութիւններ։ Ժամանակը սահմանափակ կը պահենք դիտմամբ` ձանձրոյթ չպատճառելու միտումով։

Սեղմելով ձեզի տրամադրուած այս կապը` linktr.ee/arscanada կրնաք ունկնդրել մեր հաղորդումը եւ հոնկէ ընտրել ձեր փափաքած հարթակը՝ YouTube, Spotify եւ այլն։ Կ’առաջարկենք ունկնդիրներուն արձանագրուիլ (follow/subscribe), որպէսզի անոնց հասնին բոլոր նոր հաղորդումները։ Շատ մեծ աշխատանք պէտք է տանինք տարածելու «Կանչ»-ը, ինչպէս նաեւ մեր ներուժը յատկացնենք անոր տարածման` աւելի մեծ քանակով ունկնդիրներուն հասանելի դարձնելու նպատակով։

Մեր յաջողութիւնը կախեալ է իւրաքանչիւր անդամի քարոզչական աշխատանքին աշխուժութենէն։

ՏՄԿ– Ի՞նչ սրտի խօսք ունիք փոխանցելու «Կանչ»-ի ունկնդիրներուն։

ԼԺ– Իւրաքանչիւր ազգայինի եւ ՀՕՄ-ուհիի պարտականութիւնն է թիկունք կանգնիլ բարեսիրական այս կազմակերպութեան աշխատանքներուն։ ՀՕՄ-ը ո՛չ  միայն նիւթական, այլ նաեւ՝ բարոյական օժանդակութիւն կը խնդրէ։ Կանչը ժողովուրդին մօտենալու միջոց մըն է… եթէ մեր ունկնդիրներէն մէկը ըսելիք մը, գաղափար մը, առաջարկ մը, կարծիք մը եւ կամ միտք մը ունի, ապա՝ կրնայ մեզի փոխանցել, հեռաձայնել, ե-նամակով պատգամ ձգել, իսկ եթէ կամաւոր աշխատանք տանելու ժամանակ ունի, թող մօտենայ իր քաղաքի մասնաճիւղին եւ հոն արձանագրուի։

Մանաւանդ երիտասարդներէն պիտի խնդրենք, որ անոնք արձագանգեն մեր ձայնին, որովհետեւ մենք չենք ուզեր անապատին մէջ հնչող ձայն ըլլալ… ի վերջոյ ՀՕՄ-ը բոլորիս միութիւնն է եւ հայրենիքին ու ազգին օգտակար դարձող ամենէն փայլուն բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ պիտի վերանորոգուի մեր երիտասարդներուն մասնակցութեամբ։