Շարունակե՛նք նեցուկ կանգնիլ մեր համայնքի սրտին՝ մեր վարժարանին


Րաֆֆի Սարգիսեան

Պատիւն ունիմ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն ըլլալով հանդերձ, նաեւ դասաւանդելու ԺԱ կարգի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերլուծելու առիթը ընծայող յատուկ դասընթացք մը՝ անգլերէն լեզուով: Անցեալ տարի, «Գոյատեւելու եւ պայքարի խորհրդանիշներ մեր շրջապատին մէջ» խորագիրով պարտականութիւն մը նշանակած էի մեր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք լուսանկարեն եւ իմաստաւորեն Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի այն բոլոր անկիւնները, որոնք իրենց համար մեր պայքարելու եւ գոյատեւելու ոգին կը խորհրդանշեն: Թէեւ ամէն աշակերտ քանի մը նկար ընտրած էր, ուզեցի ընթերցողներուն համար ներկայացնել մէկական հատ, որպէսզի տեսնէք, թէ ի՜նչ գեղեցիկ կը դիտուի կեդրոնը մեր աշակերտներուն ոսպնեակէն:

Ես հպարտ եմ մեր երիտասարդներով, որոնք հայրենիքէն դուրս հայրենասէր կը մեծնան շնորհիւ նախ՝ իրենց ծնողներուն եւ յետոյ՝ իրենց համար սփիւռքի մէջ Հայաստան մը ստեղծած ղեկավարութեան: Ահա, ինչպէս տունը, եկեղեցին, կեդրոնը եւ ի վերջոյ դպրոցը միատեղ՝ հայ երիտասարդին համար կը դառնան յարատեւ պայքարի, գոյատեւման եւ ստեղծագործելու ապրող եւ շնչող վայրեր: Կը տեսնենք իրենց լուսանկարներէն, թէ ինչպէ՞ս երիտասարդները բարձր կը գնահատեն մեր անցեալն ու ներկան եւ հիմա իրենք՝ որպէս ջահակիր, կը լուսաւորեն ապագան:

Ես հպարտ եմ անոնցմով, որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ այս սուրբ շրջապատը կը շարունակէ ունենալ այն նոյն ազդեցութիւնը, որ ունեցած էր իմ վրայ որպէս սոյն վարժարանի աշակերտ եւ համայնքի կամաւոր գործիչ:

Նկարներէն մէկը ընթերցողին կը ներկայացնէ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը: Աշակերտական տարիներէս սկսեալ ու հետագային որպէս երկրորդականի աշակերտ յաճախ կ’այցելէի գրադարանը: Դպրոցին շնորհիւ էր, որ գրադարանի կարեւորութիւնն ու ճամբան սորվեցայ: Որպէս չափահաս, կը հանդիպէի այն տարիներուն գրադարանի պատասխանատու, շատ սիրելի պարոն Ռոստոմ Եղոյեանին։ Անոր անհատ գիտելիքներէն եւ տեղեկութիւններէն ոգեւորուած, անպայման գիրքով մը կը մեկնէի։ Տարիներու ընթացքին, ամէն մէկ գիրք իր յատուկ ազդեցութիւնը կամ օգուտը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։ Որոշ գիրքեր օգտագործեցի յօդուածներու համար, այլ գիրքեր՝ ուսումնասիրութիւններու։ Սակայն, այն գիրքերը, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան եւ բառերը կեանքիս համար եղան անկիւնադարձային, արժանացան այլ մակարդակի գնահատանքի։

Այն գիրքերէն մէկը Գարեգին Նժդեհի «Հատընտիր»-ն էր։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ այդ պահը, երբ 2001 թուականի կիրակի առաւօտ մը, պարոն Ռոստոմ՝ տեսնելով զիս, ցատկեց տեղէն եւ մեծ ժպիտով ձեռքով կանչեց իր քով եւ ըսաւ. «Րաֆֆի՛, տղա՛ս, քեզի համար գիրք մը պահեցի. պիտի սիրես»: Պարոն Ռոստոմ գիտէր գաղութի զաւակներուն հետաքրքրութիւնները եւ անոնց համար յարմար գիրքեր մէկ կողմ կը պահէր։

Դարակը բացաւ եւ իր սովորական գուրգուրանքով գիրք մը ձեռքս յանձնեց։ Գարեգին Նժդեհի «Հատընտիր»-ն էր իր գինեգոյն կողքով։ Գիրքը ինծի փոխանցեց գիտելիքներ Նժդեհի մասին, իր կեանքէն դրուագներ եւ իր փիլիսոփայութիւններէն դասեր։ Այսպէս, պարոն Ռոստոմ ախորժակդ կը բանար եւ անօթի կը ղրկէր տուն։ Երբ Հայ կեդրոնի դռնէն մեկնեցայ գիրքը ձեռքս, չէի պատկերացներ, որ այս գիրքը պիտի հոգեփոխէր զիս եւ մղէր նուիրուած կամաւորական աշխատանքի, որուն շնորհիւ ես որոշեցի անդամակցիլ ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին, որուն աշխատանքներուն նուիրուեցայ բոլոր սրտով՝ Նժդեհաբար:

Աշակերտական լուսանկարներէն մին աշխարհահռչակ գանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքեանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանն է: Մինչեւ շուրջ տասնամեակ մը առաջ յուշարձանը կը կանգնէր դպրոցի խաղավայրին կից բլուրի մը վրայ, որուն շուքին տակ կը խաղայինք մեր աշակերտական տարիներուն: Մեր հաւաքական ցաւէն վերապրելու խորհուրդը ներկայացնող այս յուշարձանը, որուն դիմաց հաւաքուելով՝ մեզի սորվեցուց Հայ դատի եւ անոր ի շահ հետեւողականօրէն պայքարելու մասին ու կը շարունակէ դաստիարակել եւ ներշնչել սերունդներ:

Ահա հայկական սփիւռքը, ուր մօրս ու հօրս զոհողութեան շնորհիւ յաճախեցի հայկական վարժարան, որուն ուսուցիչները մէջս հայ մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէպ սէրը արթնցուցին նոյն կեդրոնի յարկին տակ, ուր կը գործէ այն գրադարանը, որ իմ դիմաց բացաւ հայաշունչ գիրքերու գանձարանը եւ համայնքային կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք մղեցին զիս կամաւորական աշխատանքի։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր աշխարհասփիւռ դպրոցները, կեդրոններն ու եկեղեցիները լոկ շէնքեր չեն. անոնք վերապրածներու եւ վերապրողներու ճակտի քրտինքով բարձրացած սրբավայրեր են, ուր ամէն անկիւն իր խրատն ունի տալու: Եթէ մեր աչքերն ու ականջները բանանք, ամէն մէկ աղիւսն իր մէջ ունի կենդանի պատմութիւն, որ գրուած է եւ՝ պիտի գրուի: Մեր տուներն ալ թող նմանին այս վայրերուն, թող որ նոր սերունդը չըլլայ պարտուողականութեան դատապարտուած, այլ թող նմանի մեր աշակերտներուն, որոնք իրենց ամէնօրեայ յաճախած վայրին մէջ գտան պայքարի եւ գոյատեւման խորհրդանիշները, որոնցմով հոգեփոխուած կը շարունակեն նուիրուիլ մեր ազգին:

Մեր վարժարանը արդէն սկսած է իր տարեկան դրամահաւաքը՝ տարեկան թելեթոնը. միասնաբար զօրակցի՛նք անոր աշխատանքներուն, քաջ գիտնալով, որ հայ վարժարանը կը ներկայանայ որպէս հայ համայնքը՝ մշակոյթով, լեզուով եւ դատով կայուն պահելու եւ յառաջացնելու կռուանը:

Մեր քաղաքին մէջ այլ ամէնօրեայ վարժարան չկայ, ուր հայ աշակերտը կը դիմաւորուի Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ դրօշակներով՝ Գանատայի եւ Օնթարոյի դրօշերու կողքին: Չկայ այլ վայր մը, ուր հայ աշակերտը ամէնօրեայ դրութեամբ իր դասընկերներուն հետ կրնայ հպարտօրէն երգել Հայաստանի քայլերգը եւ հայերէնով աղօթել Տերունական աղօթքը: Չկայ այլ հաստատութիւն, ուր հայ աշակերտը ամէն օր կրնայ հայերէն սորվիլ եւ ստեղծագործել իր պապենական լեզուով:

Շարունակե՛նք եւ բազմապատկե՛նք մեր տարեկան նիւթական աջակցութիւնը մեր վարժարանին, որպէսզի ունենանք այս յօդուածին կից լուսանկարներու հեղինակներուն նման՝ ազգային պատկանելիութեամբ եւ արժէքներով սնուցուած սերունդ, որմէ կախեալ է մեր ապագան: