Համազգայինի աննախադէպ «ԿԱՆՉ» ելոյթը ցնցեց թորոնթոհայութեան զգացումները, սրտերն ու հոգիները


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Լուսանկարներ` Յակոբ Գուզուեանի

19 Յունիս 2022-ին, «Համազգային» թատերասրահէն ներս Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի «ԿԱՆՉ» ելոյթը ցնցեց թորոնթոհայութեան զգացումները, սրտերն ու 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքով մղկտացող հոգիները։ Աննախադէպ ու իր տեսակին մէջ եզակի այս ելոյթը, ամբողջութեամբ նոր բեմադրութիւններով, արդար ստորագրութիւնը կը կրէր գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանի, որուն անզուգական դրոշմը անգամ մը եւս խարսխուեցաւ հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ։

Ելոյթը սկսաւ։ Պաստառին վրայ կը ցուցադրուէր Արթուր Գրիգորեանի հեղինակած եւ Ռազմիկ Ամեանի կատարողութեամբ հնչող՝ «Կեանք ու կռիւ» երգի տեսահոլովակը․

«Խաղաղութեան մէջ ամէնքիս ճակատագրերն են տարբերուող,
Բայց հայրենիք պաշտպանելիս դառնում ենք մի երկինք ու հող:
Անփորձ, անվախ հոգիներից հաւաքուեցինք, բանակ դարձանք,
Մեր անցեալի հերոսներից ժառանգեցինք մի երազանք:
Երկիրը սէր է, հողը` կեանք»

Տողերուն իմաստը ամբողջութեամբ ընկալած Համազգայինի պարախումբի անդամները, անցեալի հերոսական երազանքը փոխադրեցին Համազգայինի բեմ ու ամբողջ ելոյթի ընթացքին իրենց ճկուն եւ միեւնոյն ժամանակ խրոխտ շարժումներուն ընդմէջէն երկրի հանդէպ իրենց ունեցած սէրը փոխանցեցին հանդիսատեսին ու անվախ հոգիներով, մէկ բանակ դարձած, կռիւ մղեցին, ու միասնութեան ոգիով պարելով պաշտպանեցին իրենց կեանքի ու ապագայի խորհրդանիշը՝ հողը։

Անոնց, պատերազմի արհաւիրք չտեսած, աչքերուն մէջ մարմնաւորուած էր Արցախեան պատերազմի մղձաւանջը։ Այդ պատանի-պատանուհիներուն խօսուն նայուածքներուն, իւրաքանչիւր շարժումին ու ձեւին համաչափութեան մէջ լռակեաց կանչի ղoղանջը այնքան բարձր հնչեց այդ երեկոյ, որ ներկաները իրենց արցունքները չկրցան զսպել։

Առաջին բեմադրութիւնը սկսաւ խաւարին մէջ, ապա՝ առկայծող լոյսին ընդմէջէն հայ մայրերուն ու անոնց զաւակներուն միացան տղաքը, որոնք մոմերով բեմ բարձրացան եւ պատերազմի արհաւիրքին մթութիւնը փարատել կամենալով, ու մէկիկ-մէկիկ առաջ գալով, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին հանդիսատեսին՝  Հայաստանի ժամանակակից տաղանդաւոր բանաստեղծներէն Յուսիկ Արայի «Մելոդիա» շարքէն համարներ արտասանելով։ Անոնք, իրենց զգացաշարժ առոգանութեամբ,  պատկերացուցին ո՛ղջ իրականութիւնը պատերազմի, որուն զոհը գացին մեր հայկական բանակի հերոս տղաքը։ Բանաստեղծութեան՝ «Մենք կը փնտռենք ձեզ ողջերի մէջ, դուք մեռածների մէջ կը գտնէք մեզ. Բայց դուք կա՛ք, եւ նորից ենք լինելու մենք», տողերուն հետ, պարտութեան թանձր փոշին իրենց ուսերէն թօթափեցին, կամքի զօրութեամբ ոտքի կանգնեցան ու անցեալի յաղթական օրերու փառքն ու խինդը յիշելով առաջ անցան անոնք։

Բեմին առկայծող լոյսերը ճրագներ դարձան ու Ա. խումբը եւ «Էրեբունի» պարախումբի անդամները ամենայն նրբութեամբ եւ հեզաճկունութեամբ պարեցին գանատահայ հռչակաւոր արուեստագէտ, դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի մշակած «Սարի Աղջիկ»ը, եւ այդ զգացաշարժ երաժշտական կտորի խազերը մարմնաւորուեցան հանդիսատեսին աչքին առաջ։ Աղջիկներուն պարային անթերի կատարմամբ, Հայաստանի սարերը շունչ առին ու տուին եւ հին օրերու հանգիստ ու խաղաղ կեանքը երազեցին՝ սարի հայ աղջիկներուն շարժումները վայելելով։ 

Բ. խումբի փոքրինկերը, Կոմիտասի «Երկինքն ամպել է» երաժշտութեան ներքոյ, իրենց կապոյտ ու սպիտակ հագուստներով մէյմէկ ամպիկ դարձած կը սաւառնէին բեմին կապոյտով ներկուած երկնքին մէջ։ Անոնք, իրենց աշխոյժ եւ անսխալ պարով, ամպին ետեւի արեւը ջերմացուցին ու խաղաղ օրեր խոստացան ներկաներուն։

Կոմիտասի «Շուշիկի»-ն բեմականացուցին Գ. խումբի նազելի աղջիկները, որոնք խաղաղ կեանքի քաղցրութիւնը յիշեցուցին ներկաներուն։ Անոնց պարին մէջ կը թեւածէր հայրենի հողին քնքուշ ու մեղմիկ զեփիւռը։ Անոնք խոստումնալից մենակատարողներու վարպետութեամբ պարեցին ու բարձր գնահատուելով գրաւեցին հանդիսատեսին ուշադրութիւնը։  

«Հորովել»-ը (Արցախի եւ Կոմիտասի հորովել) լսուեցաւ։ Երգի կատարողներն էին երաժիշտներ` Նուէր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Լեւոն Գարակիւլլէեան եւ Թորոս Մայդոսեան, որոնց բացառիկ երգեցողութեան զուգահեռ, «Էրեբունի»-ի անդամները մարմնաւորեցին Արցախի հայրենի հողին վրայ անխոնջ աշխատանք տանող գիւղացիները, որոնք իրենց արդար աշխատանքին արգասիքը չվայելած պատերազմի ճակատ գացին ու կորսնցուցին եզը, գութանը, ընտանիքը, տունն ու տեղը։ «Եզօ ջան, ախպեր ջան» բառերը խեղդուեցան պատերազմի ահուդողին մէջ ու այդ ծանր մթնոլորտին մէջ իրենց բացառիկ պարով մրրիկներուն դէմ կռուեցան երիտասարդները ու իրենց պարով խոյացան երկինք եւ արտայայտիչ շարժումներով ո’չ միայն կանչեցին, այլ աղաղակեցին՝ իրենց դէմ խլացած աշխարհէն արդարութիւն ու իրաւունք պահանջելով։  

Հերմինէ Աւագեանի «Ո՞ւր էք գնում, տղե՛րք», բանաստեղծութիւնը հնչեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի կատարողութեամբ եւ հոգեթրթիռ պահեր ապրեցուց ներկաներուն, որոնք քար լռութեամբ ունկնդրեցին իւրաքանչիւր արտասանուող բառ։

Հռչակաւոր արուեստագէտ-դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի «Loss and resilience» («Կորուստ եւ դիմացկունութիւն») անզուգական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ այնքան նրբօրէն, միեւնոյն ժամանակ մահ ու կենաց կռիւ մղող ուժգնութեամբ եւ շարժուձեւի արտայայտիչ յուզումունքով, պարեցին Գ. խումբի սեւազգեստ աղջիկները, որոնք բեմադրութեան սկիզբը բաժնուելով իրենց սիրած երիտասարդէն, եղբօրմէն կամ կողակիցէն՝ երաժշտութեան ելեւէջող ալիքներուն հետ պայքարեցան կորուստի, տեղահանութեան եւ կարօտի ամէնօրեայ դժուարութեան դէմ եւ իրարու ոյժ տալով առաջ տարին մինակութիւն գուժող կեանքի կառքին անիւները։ Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ ծափահարեցին  այս սրտաճմլիկ բեմադրութեան աւարտին, ինչպէս նաեւ հիւրաբար սրահին մէջ գտնուող երաժիշտ Սերուժ Գրաճեանին, իր չափազանց զգացաշարժ երաժշտական յօրինումին առ ի գնահատանք։

Չորս երաժիշտներ` Նուէր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Լեւոն Գարակիւլլէեան եւ Թորոս Մայդոսեան կատարեցին՝ «Հայոց մայրեր», «Մարտիկի երգը» եւ այլ հայրենասիրական երգեր, ու իրենց երգեցողութեան ընդմէջէն հայ զինուորին պայքարի ու հարենիքի կարօտ մնացած ոգիին կաչով թնդացուցին սրահը։ 

Կարգը հասած էր, «Էրեբունի» պարախումբի կատարողութեամբ,  հեղինակ Աւետ Տէրտէրեանի «Պայքար» խորագիրը կրող պարի բեմադրութեան եւ անցեալէն-այսօր, բռնութեան շղթաները քանդելու ու հայկական հողին վրայ արժանապատւօրէն ապրելու մեր կեանքի անբաժան մասնիկը եղող պայքարը մարմնաւորելու։ Սեւ գիշերուան մէջ կատարուող ոճրագործութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքար մղեցին երիտասարդ-երիտասարդուհիները, ու թշնամիին ոռնոցներուն մէջ խելագարուած՝ փշրել փորձեցին բռնութեան շղթաները։ Փամփուշտներուն դէմ պայքարեցան ու ինկան։ Անոնք ինկան ու յառնեցան, եւ ողջ մնացողները միակամ պայքարեցան մահուան սեւին յաղթելու համար։ Ի՜նչ ներդաշնակութիւն, ի՜նչ արտայայտիչ շարժումներ, մահուան հարուածը տեսնող ի՜նչ մահահոտ նայուածքներ, ապրելու ի՜նչ զօրաւոր կամք եւ ի վերջոյ լռութիւնը պատռող ի՜նչ անձայն կա՛նչ ու աղաղա՛կ…այս ամէնը եւ աւելին հանդիսատեսին պարգեւեցին Թորոնթոյի «Էրեբունի» պարախումբի պարողները։ 

Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» բանաստեղծութիւնը ասմուքող Յարութ Տոնոյեան, բարձրորակ կատարողութեամբ յուզեց ներկաները եւ իր շեշտակիր ձայնով ցնցեց ամբողջ սրահը ու անցեալի յաղթանակներու ոգեւորութիւնը կենդանացուց ներկաներուն մէջ եւ մանաւանդ, երբ՝

«…Փա՛ռք քեզ Հայոց անմահ ոգի, փառք յառնումին քո հիասքանչ,
Դու լոյսի սերմ, ցայգածաղիկ, լերան աղբիւր ու հողի կանչ,
Ծիրանի ծառ դու ծաղկաւոր ու շէկ ժայռից բխած գիհի…
…Դու նորածին հուրհեր մանուկ եւ հերոսի դեռ տաք աճիւն,
Եւ քանի դեռ սուր են խրում քո սրտի մէջ ու քո վէրքի,
Քո շուրթերին թող չլռի՛ վրիժառու տողն այս երգի
Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն»:


Տողերուն ընդմէջէն հայու յաղթական ոգիին անմար ճրագը վառեց ու բոլորը մտովի երդուեցին Եռագոյնը դարձեալ ծածանել Շուշիի բերդին գլխուն` հասնելու դէպի յաղթակա՛ն Զէյթուն։ Ասմունքին ընկերակցեցաւ «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերէն, երգահան Հայկոյի հեղինակած երաժշտութիւնը։ 

Յաջորդեց միեւնոյն բանաստեղծին «Հաւատում եմ քեզ» խորագիրով մէկ այլ բանաստեղծութիւն, որ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հոգեթով եւ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ՝ յաղթանակի, լուսածին օրերու եւ խաղաղ երկնքի տակ ապրելու հաւատքով զինեց ներկաները եւ հետեւեալ տողերը`

«…Հաւատում եմ քեզ, իմ հայ ժողովուրդ, 
Քե՛զ, իմ տառապանք, իմ խորին խորհուրդ, 
Քե՛զ, որ Տէր-Զօրի խորշակով կիզուած, 
Եւ այդպէս ցրիւ, եւ այդպէս կիսուած, 
Ապրեցիր նորից, նորից տեւեցիր, 
Դէպի երազդ նորից թեւեցիր, 
Հաւատում եմ քեզ, քո արմատներին, 
Քո հոգու թաքուն խորխորատներին․․․»


Հաստատակամ շեշտով ասմունքող Թամարը՝ մօտիկ ապագային դարձեա՛լ յաղթելու ու արժանապատւութեամբ ոտքի կանգնելու հաւատքը ներշնչեց ներկաներուն ենթագիտակցութեան մէջ։ 

«Քոչարի-զարթօնք» պարային բեմադրութեամբ ելոյթը հասաւ աւարտին։ «Արցախ» ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուցիչները մէջք-մէջքի եւ ուս-ուսի, այնպիսի միասնութեամբ պարեցին, որ կարծես յաղթանակներու աւետիսը պիտի ծնէր իրենց շողշողուն շարժումներուն ընդմէջէն։ Յաղթանակը ուր որ է, պիտի գար։ Այո’, պիտի գար ու անվարան մերը պիտի ըլլար։ 

«Մայրիկ» շարժապատկերէն առնուած երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ կատարուեցաւ հանդիսութեան փակումը, երբ ելոյթի բոլոր մասնակիցները, ինչպէս նաեւ պարուսոյցը, օրուան խորհուրդը մարմնաւորելով` թեւ-թեւի մտած, շատ սեղմ շարքով, կանգնեցան եւ իրենց միասնութեամբ լռելեան աղաղակեցին միասնութեան ԿԱՆՉը՝ բարեփոխելու ներկայի դառն իրականութիւնը եւ յաղթանակներ կերտելու։ 

Սրտի խօսքը հանդիսատեսին փոխանցեց Մակի Սուլեան, որ ըսաւ.  «Այսօր մենք  կանգնած ենք ուս-ուսի միասին։ Մեր ԿԱՆՉԸ միասնութեան կանչ է, հայ զինուորին կանչն է, հայ մօր կանչն է, զարթօնքի կանչ է։ Մեր  սրտի խօսքը ուղղուած է մեր բոլորին` ձեռք ձեռքի տալու, վեր կենալու, ապրելու եւ արարելու  հայօրէն։ Թող մեր երթը ըլլայ լուսաւոր եւ միակամ»։ Ան շնորհաւորեց Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի նուիրեալ երիտասարտները եւ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի աշակերտները, շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատուներուն, ծնողներուն, օժանդակ ձեռքերուն, մասնակիցներուն եւ խորին երախտագիտութիւն՝ գեղարուեստական ղեկավար պարուսոյց բեմադրող Նելլի Կարապետեանին, որ իր արուեստագէտի բարձր գիտակցութեամբ, բծախնդիր աշխատանքով եւ նոր բեմադրութիւններով, չորս ամսուան մէջ, իրականացուց այդ օրուան յաջող ԿԱՆՉ ելոյթը, որ ո՛չ միայն ներկաներուն սրտերուն խորերը ալեկոծեց, այլ՝ անկէ անդին գնաց ու հասաւ ամբողջ թորոնթոհայութեան ականջին՝ յաջողութիւն, արդար վաստակ եւ անզուգականութիւն աղաղակելու։ 

Հանդիսատեսը մեծ գոհունակութեամբ հեռացաւ սրահէն ու իր ականջներուն եւ էութեան իւրաքանչիւր մասնիկին մէջ ահազանգող կանչը իր հետ տարաւ՝ արդարութեան եւ յաղթանակի աղաղակը բարձրաձայնելու ամէնուրեք։