«Լոյսի ճանապարհ»-ը կը հմայէ թորոնթոհայութիւնը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի

17-18 յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի «Լոյսի ճանապարհ» ելոյթը, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, շողշողուն լոյս մը սփռեց հայկական մշակոյթի եւ արուեստի ճանապարհին, թորոնթոհայութեան սրտերը բերկրանքով լեցուց, իսկ արուեստասէրներուն հոգիները խայտացին երջանկութեամբ եւ յորդեցան հպարտութեան զգացումներով։

Ելոյթին սկիզբը պարային աշխարհի կապտագոյն երկինքին մէջ յայտնուեցաւ հանդիսատեսը՝ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի աղջիկներուն ներկայացուցած «Ճախրանք» պարի ազդեցութեամբ։ Հոն՝ կռունկներու ճախրանքին կը միանար Ազատ Ղարիպեանի արուեստագէտի ոգին ու «Կռունկ» պարախումբը վերածնող՝ Նելլի Կարապետեանի աներիզ պատկերացումով լոյս կը տարածուէր սրահէն ներս գտնուող հանդիսատեսին սրտին մէջ։

«Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի Ա. եւ Բ. խումբի փոքրերուն ներկայացուցած պարերու ընթացքին, փոքրիկները ամենայն պատասխանատուութեամբ, ինքնավստահ քայլերով, համահունչ շարժումներով, ժպտերես դէմքով ու ջերմիկ արտայայտութեամբ բեմը վերածեցին հեքիաթային աշխարհի, ուր պահի կախարդանքը տարածուեցաւ ամենուրէք։ Փոքրիկները՝ իրենց կատարած անթերի պարի կողքին, դէպի բեմ մուտքն ու ելքն ալ համաչափ քայլերով եւ մասնագէտ պարողներու հանգամանքով կը ներկայացնէին։

Հիասքանչ պարերուն ու նոր բեմադրութիւններուն մէջ բծախնդրութիւնն ու մասնագէտի դրոշմը ակնյայտ էր։ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի պատանիներուն շարժուձեւերուն ներդաշնակութիւնը, դէմքի արտայայտութիւնը եւ միասնական ոգիով պարելու կամքը ներկաներուն աչքերուն առաջ գծեց հայկական լեռնաշխարհի խաղաղ բնութեան օրրանին գիրկը մեծցած պատանիներուն առօրեան, ու Հայաստանի բնութեան համն ու հոտը զգացող հանդիսատեսը մտքով ճամբորդեց դէպի հայրենիք։

«Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի մեծերը բեմ բարձրացան ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Անոնք՝ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան վրայ բժախնդրութեամբ աշխատած, ներկայացուած պարերուն պատմած նիւթերը ամբողջովին հասկցած եւ իմաստը իւրացուցած, մէկ ամբողջութիւն դարձած, պարեցին եւ այդպիսով այդ պահի զգացումը լիովին փոխանցեցին հանդիսատեսներուն, որոնք անյագ փափաքով կը դիտէին, կը հիանային, ծափողջիւններով կը գնահատէին ու աւելին կը պահանջէին։

«Էրեբունի» պարախումբին եւ մենակատարներուն ներկայացուցած պարերու ցանկը շատ ճոխ էր, իսկ պարերու մասնագիտական եւ իւրայատուկ բեմադրութիւնը, մենակատարներուն անթերի շարժումները, պարախումբին միասնական ոգին, պարերու բարձրորակ բեմականացումը, տարազներու գոյներուն եւ ձեւերուն իւրայատկութիւնը եւ այս բոլորին բարձր ճաշակով մատուցելու եղանակը՝ կը ստեղծէին կախարդական այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր յուզիչ, միեւնոյն ժամանակ յուսադրող լոյսի ճանապարհի շողերուն նստած՝ հանդիսատեսը, կը փոխադրուէր Հայաստան եւ Արցախ ու իր զգայարանքներով կը ներծծէր այդ հայկական լոյսին փայլքը, որ մեզ՝ հայերս, պիտի տանէր դէպի յաղթական ապագայ։

«Լոյսի ճանապարհ»-ին վրայ տարածուած նոր բեմադրութիւնները եւ մեր պատմութեան հանգրուաններու պարտադրական իրականութիւնը պատմող ու գերազանցօրէն բեմադրուած պարերը՝ հոգեհարազատ արտայայտութեամբ, ամենայն ճշգրտութեամբ, համաչափ շարժումներով եւ արտայայտիչ նայուածքներով, կատարեցին պարախումբի անդամները, որոնք լրջութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ՝ հայկական մշակոյթն ու արուեստը ներկայացուցին ակնդիրներուն։ Այդ երեկոյ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը հայրենիքէն կտոր մը եւ լոյս մըն էին, ու բոլորը իրարու միանալով՝ Մայր Հայաստանի լուսաւոր քարտէզը մարմնաւորելով, միակամ պարեցին։

Նոր բեմադրութիւններէն մէկն էր նաեւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուցած «Սասունցիներ» պարը, ուր բեմը ծածկող կարմիր ու լայնատարած կերպասը ներկայացուց մեր հազարաւոր նահատակ հերոսներուն արիւնը։ Հո՛ն, մեր հայրենի դաշտերը ներկած կարմիր կակաչներուն կանչը լսեցի… կանչը՝ հարազատ զաւակներուն յաղթանակած վերադառնալու ու հայկական պարերով եւ երգերով լեցնելու մեր Էրկիրը։

Շատ հարազատ եւ տեղին հնչած բանաստեղծական տողերը, երգուած երգերը ու եղանակները թարգմանը դարձան մեր ժողովուրդի հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, փառաւոր պատմութեան, յաղթանակներուն, հպարտութեան, բիւրաւոր ցաւերուն եւ հզօր կամքին։ «Ճանապարհ դէպի լոյս» պարի անդրանիկ ներկայացումի ընթացքին աներեւոյթ հրեշտակի թեւերով ծածկուեցաւ ամբողջ սրահը, իսկ պարին վերջաւորութեան, մենապարողը, յոյսի ու լոյսի շողեր սրսկեց հանդիսատեսին վրայ ու զանոնք ուղղորդեց դէպի լուսաւոր ճանապարհ, ուր արեւաշող ապագան ու յաղթանակը մեզի կը սպասեն։

«Արցախ» պարով փակուեցաւ այդ օրուան աննախընթաց ելոյթը։ «Էրեբունի» պարախումբի անդամները թեւ-թեւի, թիկուինք-թիկունքի, մէկ անձ դարձած կը պարէին։ Իրենց ոտքերը այնպիսի զգուշութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ հողին վրայ կը դնէին, գիտակցելով թէ որքան արիւն թափուած է այդ հողին վրայ։ Անոնց դէմքի խրոխտ արտայայտութիւնը, աչքերուն խոր ու թախծոտ նայուածքը, հարազատ կորսնցնողի ցաւն ու պատերազմի սարսափը կը կարդացուէր իւրաքանչիւր պարողի շարժումէն։

Բարձր գնահատականի արժանի՝ «Լոյսի Ճանապարհ» ելոյթի յուզախառն, յուսադրիչ եւ գօտեպնդող հոգեպարար պահերը ըմբոշխնած պահուս մտաբերեցի պարուսոյց, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարպետեանի, ուսանողներուն ուղղած այս խօսքը․ «Իւրաքանչիւրս անվերջ ձգտենք կատարելութեան եւ լինենք միասին ու մեր եսը չտանենք առաջ, այլ՝ մենքը»… ու ահաւասի՛կ այսօր, պարախումբին անդամները այդ խօսքը գործադրելով՝ միակամ, մէկը միւսին շունչը զգալով կը պարէին, մէկ եւ ամբողջական Հայաստան ներկայացնելով՝ լուսաւոր օրեր կը խոստանային հանդիսատեսին