Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիներու բացում՝ Լիբանանի մէջ


Թորոնթոհայ արուեստագէտին գործը կը տեղադրուի Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ

Վերջերս Լիբանանի Այնճար հայաւանին եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցան ՀՅԴ գաղափարական մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիներուն, որոնց նախաձեռնողը եւ քանդակագարծն էր թորոնթոհայ արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանը։

Հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացումը: Ձեռնարկին  ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, կուսակցական ընկերներ, քաղաքապետներ, համայնքային եւ միութենական վաչութեանց անդամներ, երիտասարդականի եւ պատաներակնի անդամներ եւ հայրենակիցներ։

«Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կողմէ Յակոբ Այնթապլեան բացման խօսքին մէջ հաստատեց, որ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի զետեղումը Մուսա Լեռ Այնճարի սրտին, նոյնինքն իր անունը կրող ժողովրդային տան շրջափակին մէջ, անոր նիւթական ներկայութենէն անդին անցնելով կեդրոնը կը վերաթարմացնէ այդ մեծ հեղինակութեան ազգային շունչով ու հզօր ոգիով:

Ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը աղօթք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու` ի յիշատակ նահատակ ընկերոջ` Սարգիս Զէյթլեանի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կիսանդրիի քողազերծումը:

Այնթապլեան շնորհակալական խօսքերով հրաւիրեց Մուսա Լեռ Այնճարի զաւակ, արուեստագէտ-քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանը, որուն կը պատկանի կիսանդրիի զետեղման նախաձեռնութիւնն ու մտայղացումը։

Յակոբ Ճանպազեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Մուսա Լերան հերոսասիրտ զաւակ, ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուած եւ անոր ռահվիրաներու շունչով լիցքաւորուած Սարգիս Զէյթլեան անձնուիրաբար եղաւ հաւատարիմ ջահակիրը իր բնօրրանին ու պաշտած կուսակցական երդումին։ «Խոնարհաբար կը բարձրաձայնեմ, որ հոգեկան ներքին մղումներուս,  աստուածատուր տաղանդիս ու ձիրքերուս արուեստի արտայայտութիւնն ու արդիւնքը եղաւ Դաշնակցութեան, հայ ազգին ու հայրենիքին զինուորագրեալ մեծ առաքեալին` ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի այս կիսանդրիի քանդակագործութիւնը: Ի խորոց սրտի փափաքս է, որ պրոնզաձոյլ այս կոթողը դառնայ նուիրաբերումի եւ ծառայութեան կենարար փարոս եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն Այնճար հայաւանի Սարգիս Զէյթլեան կեդրոնի շրջափակէն ներս, ան դառնայ մեր թանկագին զաւակներուն կեանքերը հարստացնող անանձնական նուիրումի գեղեցկագոյն ցուցանիշ», ըսաւ ան:

Ապա, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահ Յարութ Զէյթլեան յուշանուէրով մը պատուեց Յակոբ Ճանպազեանը:

Արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան դրուատական խօսքեր արտասանելէ ետք, պատուանդանի հեղինակ ճարտարապետ` Կարօ Անտոնեանի ու կիսանդրիի հեղինակ կերպարուեստագէտ` Յակոբ Ճանպազեանի հասցէներուն, բարձր գնահատեց վերջինիս ստեղծագործական տաղանդը եւ ըսաւ. «Անոնք, որոնք լաւապէս կը ճանչնային, ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը, կրնան վկայել, որ այս ստեղծագործութեան ընդմէջէն, պինդ նկարագրի տէր յեղափոխականն ու ազգային գործիչը եւս վերակենդանացած կը թուին ըլլալ»:

Խօսք առին նաեւ՝ Արմէն Թաշճեան, որ ընթերցեց Սարգիս Զէյթլեանի ընտանիքին խօսքը, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Տիգրան Ճինպաշեան, Եսայի Հաւաթեան ընթերցեց ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի խօսքը, որոնք վեր առին Դաշնակցութեան ղեկավարին բազմաշնորհ, բազմահմուտ, գաղափարական ուժեղ կարողութիւնը, քաղաքական խորաթափանց եւ կանխատեսող միտքը, կազմակերպչական կողութիւնը եւ յարատեւ աշխատանքը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կուսակցական ներկայացուցիչներու, մամուլի բարեկամներու եւ Սարգիս Զէյթլեանի ընտանեկան պարագաներուն:

(լուսանկարը՝ «Ֆոթօ Ռաֆֆի»-ի)

Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան: Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: