«Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանութիւն է»․ Արցախն այս շաբաթ


«Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանութիւն է»․ Օքամփօ

Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերու կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղ որեւէ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ իրերու առաքումը, կը լուսաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ 2022 թուականի դեկտեմբերէն եւ կը քննարկուի քաղաքական ղեկավարներու կողմէ: Այս մասին նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, արժանթինցի փաստաբան Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկոյց-յայտարարութեան մէջ:

Լուիս Մորենօ Օքամփօ (լուսանկար՝ Միջազգային քրէական դատարանի)

«Իմ աւանդս այն է, որպէսզի բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ ասիկա պէտք է նկատել ցեղասպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու դէմ` Ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի 2(գ) յօդուածին համապատասխան. «Խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք ուղղուած են անոր ֆիզիքական ոչնչացման», կը գրէ Օքամփօ:

Անոր համաձայն, այստեղ կազախցիկներ չկան, եւ «չկան կացիններով յարձակումներ», սակայն կայ այլ զէնք` քաղցը:

«Քաղցը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է: Առանց անյապաղ իրականացուելիք արմատական փոփոխութիւններու, հայերու այդ խումբը քանի մը շաբաթ ետք պիտի ոչնչանայ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու քաղցը շատ առումներով ցեղասպանութեան նախատիպ է կենսապայմաններու թելադրման միջոցով` ուղղուած խումբի ոչնչացման: Ատիկա կ’եզրափակէ ողբերգական շրջանակը, որովհետեւ «1915 թուականին թուրք կառավարիչներու հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքը կ’ապահովէ յարացոյցը ցեղասպանութեան մասին կէտի համար, որ կը վերաբերի կենսապայմաններու պարտադրման:

«Իբրեւ մարդ, որ այս ոլորտին մէջ որոշ փորձառութիւն ունի, ինծի համար պատիւ էր աւանդ ունենալ` անաչառ հաշուետուութիւն ներկայացնելով, եւ ես պատրաստ եմ օգնելու որեւէ կողմի, որ կը ձգտի կանխարգիլել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական խումբի ոչնչացումը», իր զեկուցումին մէջ ընդգծած է Օքամփօ:

 Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի` Արցախի նուիրուած վերջին զեկուցումը «կողմնակալ» որակած է` պնդելով, որ ատոր մէջ բազմաթիւ «չհիմնաւորուած պնդումներ ու մեղադրանքներ կան»:

«Զեկուցումը կողմնակալ բնոյթ ունի, անիկա կ’աղաւաղէ տեղւոյն վրայ կացութիւնը եւ լուրջ փաստական, բովանդակային ու իրաւական սխալներ կը բովանդակէ», կը յայտարարէ Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը:

Արցախի նախագահը հրատապ ուղերձ կը յղէ միջազգային հանրութեան. «Անյապաղ գործե՛լ ու կասեցնե՛լ Արցախի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրատապ դիմում-ուղերձ յղեց միջազգային հանրութեան դերակատարներուն` Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութեան կասեցման եւ շրջափակման վերացման նպատակով հրատապ գործողութիւններու կատարման ակնկալիքով, կը յայտնեն անոր աշխատակազմէն:

«Ես` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանս, այս հրատապ ուղերձով կ’ահազանգեմ, որ նոյնինքն հիմա Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը կ’ենթարկուի ցեղասպանութեան եւ կանգնած է ոչնչացման ու հայրենազրկման իրական սպառնալիքի առջեւ», նշեց Յարութիւնեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան (լուսանկար՝

Ան ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակը, Արցախի 240 օրուան շրջափակման ու անոր պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ապա յայտարեց, որ այս իրավիճակին մէջ անգործութեան կամ անտարբերութեան դրսեւորումը ոչ այլ ինչ է, քան ցեղասպանութեան յանցագործութեան թողտուութիւն. «Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է գործուն անհատական եւ հաւաքական քայլերու ձեռնարկել թոյլ չտալու Ազրպէյճանին մարդկութեան պատմութիւնը համալրել եւս մէկ զանգուածային սովամահութեան եւ ցեղասպանական էջով»:

Ստեփանակերտը Հայաստանին կը յորդորէ յառաջացած մարդասիրական աղէտը անյապաղ ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկման` հրատապ եւ յստակ քայլեր ենթադրող բանաձեւի ընդունման նպատակով, դիմել միջազգային գործընկերներուն` քննարկելու եւ սահմանելու պատժամիջոցներ Ազրպէյճանի դէմ, զգուշ ըլլալ իրավիճակին վերաբերեալ իրենց հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ գնահատականներուն մէջ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կը յորդորէ դրսեւորել բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ առաջնորդութիւն ու գործի դնել ՄԱԿ-ի ամբողջ համակարգը` կասեցնելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող միջազգային յանցագործութիւններու հետագայ ընթացքը:

Դաւիթ Իշխանեան ընտրուեցաւ Արցախի ազգային ժողովի նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ՝ 7 օգոստոսին կայացած գաղտնի քուէարկութեամբ՝ 22 կողմ, 9 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց Դաւիթ Իշխանեանի անցած մարտական եւ քաղաքական ուղին:

ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան ելոյթի ընթացքին (լուսանկար՝ «Ապառաժ»-ի

Ելոյթ ունենալով ներկաներուն առջեւ` Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս վճռորոշ պահուն այս պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելու համար:

«Պայքարի ոգին այսօր կը թեւածէ Արցախի մէջ: Արցախի մէջ բնակող իւրաքանչիւր անհատ` դպրոցական մանուկէն մինչեւ զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամիի օրէ օր սաստկացող ճնշումներուն, կը կարենայ պահպանել իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, հայրերուն եւ պապերուն կերտած պետութիւնը», իր խօսքին մէջ նշեց Իշխանեան` աւելցնելով, որ պէտք չէ հրաշքներու սպասել, քանի որ առանց մեր մասնակցութեան հրաշքներ պիտի չըլլան:

Ազրպէյճանցիները կրակեցին Արցախի ցորենի դաշտի մը մէջ աշխատողներու ուղղութեամբ

Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադեւոսեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանցիները կրակ բացած են ցորենի դաշտի մը մէջ աշխատողներու ուղղութեամբ:

Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական կրակոցներուն թիրախը մարդիկ են: «Այնպէս կրակած են, որ պիտի դպնար վարորդին կամ ուղեւորին: Այդ ժամանակ վարորդն ու ուղեւորը մեքենայի մէջ չէին, մեքենան կայանուած էր դաշտին մէջ, ու ջարդուեցին աջ ու ձախ կողմերուն ապակիները», ըսաւ ան: 

Ազերիներու կրակոցներէն փշրուեցան մեքենայի մը ապակիները (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ասկերանի Սարուշէն համայնքի ղեկավար Կարէն Գասպարեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ ցորենի բերքահաւաքի առաջին օրն էր, բայց աշխատանքները սկսան եւ աւարտեցան նոյն ատեն:  «Մտանք դաշտ, երեւի 15 վայրկեան չաշխատեցանք», յայտնեց ան:

Ատրպէյճանցիներու կրակոցները նորութիւն չեն, բայց նախապէս օդը կը կրակէին, որպէսզի երկրագործները հեռանան, իսկ հիմա սկսած են ուղղակի մարդոց վրայ կրակել: 

Համայնքի յոյսը ցորենի դաշտերն են, որպէսզի գոնէ հաց ունենան շրջափակման այս ծանր եւ չաւարտող փուլին, Սարուշէնի ցորենի արտին մէջ 70 թոն հացահատիկ մնացած է։ «Մեզ համար այսօրուան դրութեամբ կարեւորը բերքահաւաքն է, որ հաց ըլլայ ժողովուրդին համար: Հիմա եթէ չկարենանք այդ բերքը հաւաքել, չեմ գիտեր…», ըսաւ Գասպարեան:

11-օրեայ արգելքէն ետք Արցախէն Հայաստան վերսկսաւ հիւանդներու տեղափոխութիւնը

11-օրեայ արգելքէն ետք, անյետաձգելի բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, 8 օգոստոսին, Կարմիր խաչի մեքերաներով Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան 11 հիւանդներ, 9 օգոստոսին 10, իսկ 12 օգոստոսին եւս 10 հիւանդներ։

Նոյն ժամանակ, Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներով Արցախ պիտի վերադառնան 9 հիւանդներ՝ իրենց ընկերակցողներուն հետ։

Կարմիր խաչի մեքենաները հիւանդեր կը տեղափոխէն Արցախէն Հայաստան

Յայտնենք, թէ վերջին անգամ 29 Յուլիսին էր, երբ Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ Երեւան տեղափոխուեցան հիւանդներ, եւ այդ օրն էր, երբ ազրպէյճանցիները անցակէտէն առեւանգեցին սրտի վիրահատութեան համար Երեւան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանը։

Ասոր զուգահեռ, Լաչինի միջանցքը Ազրպէյճանի կողմէ 8 ամիս անընդհատ փակուած պահուելուն պատճառով, դեղորայքի եւ ուտելիքի խիստ սղութեան եւ շարունակական ճնշուածութեան բերումով՝ պաշարուած Արցախի մէջ նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ աւելցած են կարգ մը հիւանդութիւններ։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ անցնող եօթը ամիսներուն՝ Յունուարէն Յուլիս, մահերու շարքին արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններէն արձանագրուած է մահերու աճ՝ առաւել քան 2 անգամ, ներառեալ՝ սուր եւ քրոնիկ սրտային անբաւարարութենէ մահերու աճ՝ 66 տոկոսով, սրտամկանի սուր տագնապ՝ 20.8 տոկոսով, ուղեղի կաթուած՝ 8.8 տոկոսով։

Յունուարէն Յուլիս՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ գտնուող յղի կիներուն մօտ արեան սակաւութեան մակարդակը հասած է շուրջ 90 տոկոսի, որուն պատճառը ոչ-բաւարար ուտելիքը եւ համապատասխան դեղերու սղութիւնը կամ բացակայութիւնն է։

Հանրապետութեան Շտապ օգնութեան ծառայութեան մօտ Յուլիսին յաճախակի դարձան ուշագնացութեան դէպքերու մասին ահազանգերը։ Նախորդ տարուան Յուլիսին հետ բաղդատած՝ անոնք աւելցած են 91 տոկոսով։

Արցախ արդէն 8 ամիսէ ի վեր շրջափակման, իսկ առաւել քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր ամբողջական պաշարման մէջ է: Ազրպէյճան կ’արգիլէ Լաչինի միջանցքով ուտելիքի եւ դեղորայքի մատակարարումները: Խանութները եւ դեղարանները գրեթէ դատարկուած են. արցախցիները ժամերով հացի եւ կաթնամթերքի հերթի կը կենան: Կան նաեւ երելկտրականութեան, վառելիքի եւ ջուրի սուր տագնապ։

Ազրպէյճան կ’ուզէ հրաժարիլ 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն եւ շարունակել պատերազմը. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ Արցախի ներկայ դժուար մարտահրաւէրներուն մասին:

Յարութիւնեան, չյստակացուց, թէ խօսքը ճշգրիտ ինչի՞ մասին է, Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ-հրապարակաւ ինչ կ’առաջարկեն: Ան միայն յորդորեց Երեւանին՝ զերծ մնալ Արցախի ինքնորոշումը կասկածի տակ դնող քայլերէ:

«Ոչ մէկն իրաւունք ունի կասկածի տակ դնելու եւ սահմանափակելու մեր ինքնորոշումը, մեր ինքնորոշման իրաւունքը: Ատիկա բացառիկ իրաւունք է, որ չէ տրուած իշխանութիւններու կողմէ, այլ միջազգայնօրէն ճանչցուած է, եւ այդ իրաւունքի առումով պատրաստակամութիւն յայտնած է պայքարելու Արցախի ժողովուրդը, որուն սատար կը կանգնի հայ ժողովուրդը», յայտնեց Յարութիւնեան՝ շեշտելով. «Մեզի կը դրդեն ընդունելու Ազրպէյճանի պայմանները»։ 

Յարութիւնեան աւելցուց, որ համաձայն են այն դիտարկման հետ, թէ կայ լուռ համաձայնութիւն կամ որոշում, որ բոլոր կողմերը կ’ուզեն Ազրպէյճանի հետ երկխօսութիւն պարտադրել Ստեփանակերտին՝ Պաքուի օրակարգով: «Միանշանակ մեզի համար անընդունելի է, քանի որ որեւէ երկխօսութիւն, հանդիպում պէտք է առաջին հերթին իրաւահաւասարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու ծիրէն ներս ըլլայ, այդ երեք սկզբունքները խախտուած են, ատոր համար ցանկացած հանդիպում չի կրնար երկխօսութիւն ըլլալ»:

Ան հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Աղդամով բեռներ տեղափոխելու՝ Պաքուի առաջարկին եւ շեշտեց, որ մարդասիրական աղէտը ինքնին Ազրպէյճանի գործադրած քաղաքականութեան պատճառով է: Յարութիւնեան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը բաղդատեց համակեդրոնացման ճամբարի հետ՝ ըսելով. «Այդ ճամբարին մէջ այդպէս կ’ըլլայ, կը դարձնեն ճամբար, յետոյ կը սկսին տրամադրել այն, ինչ եւ որքան նպատակայարմար կը գտնեն»:

Յարութիւնեան շեշտեց, որ որեւէ առաջարկ առաջին հերթին պէտք է ըլլայ մարդասիրական միջազգային սկզբունքներուն համապատասխան եւ յարգէ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։

Արցախի նախագահը յայտարարեց նաեւ, որ Ազրպէյճանը կ’ուզէ հրաժարիլ 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն եւ շարունակել պատերազմը: Ըստ անոր՝ պատերազմը կը շարունակուի պաշարման միջոցով:

«Հայ կրթական հիմնարկութիւն» հիմնադրամի միջոցներով աշակերտներուն համար 1900 պայուսակ պիտի կարուի Արցախի մէջ

«Հայ կրթական հիմնարկութիւն» հիմնադրամը յանձն առած է  այս տարի  առաջին դասարան  յաճախող  փոքրիկներուն նուիրել 1 900 դպրոցական պայուսակ, կը տեղեկացնէ Արցախի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը:

Ըստ «Արցախպրես»-ի, պայուսակները պիտի կարուին Արցախի մէջ, այնուհետեւ նախարարութեան կողմէ պիտի տրամադրուին առաջին դասարանի աշակերտներուն: 

«Սա իւրօրինակ արձագանգ է նախարարութեան կողմէ օրերս յայտարարուած  «Լոյսի պայուսակ» նախաձեռնութեանը: Գտնուած են նաեւ այլ բարի մարդիկ ու կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց միջոցներով ձեռք բերած են նոր պայուսակներ` առաջին դասարանի աշակերտներուն նուիրելու համար:  Կրթութեան նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Հայ կրթական հիմնարկութիւն» հիմնադրամին,  բոլոր բարեգործներուն ու մեր բնակիչներուն` նախաձեռնութեան արձագանգելու եւ մասնակցելու համար: 

Պայուսակները պիտի տրուին այ աշակերտներուն, որոնք հնարաւորութիւն չունին զանոնք ձեռք բերել խանութներէն», ըսուած է պաշտօնական տեղեկատուութեան մէջ:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կոչ կ’ընէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաներու անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը վեր դասելու բոլոր նկատառումներէն

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը միանայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչին․ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ երեխայի իրաւունքներու մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն համապատասխան` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կոչ կ’ընէ բոլոր կողմերուն ապահովել մարդասիրական հասանելիութիւն երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն առաջին անհրաժեշտութեան իրերու բաշխման համար:

 Այդ մասին ըսուած է «Լուրեր»-ու հարցումին ի պատասխան` ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիայի տարածաշրջանային մասնաճիւղի պատասխանին մէջ:

«Մենք վճռականօրէն կոչ կ’ընենք ներգրաւուած բոլոր կողմերուն եւ անոնց վրայ ազդեցութիւն ունեցողներուն` երեխաներու անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը վեր դասելու բոլոր միւս նկատառումներէն», նշած են ԵՈՒՆԻՍԵՖ-էն։

Արցախի թեմի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ միասնական աղօթք

Արցախի թեմի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ 12 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 19։00-ին, ժամերգութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ շաբաթապահքը ամփոփող միասնական աղօթք։

Արցախի թեմը կոչ կ’ընէ բոլոր հաւատացեալներուն Աստուածամօր Վերափոխման տօնի նախօրէին ազգովի միասնաբար աղօթք բարձրացնել առ Աստուած Արցախի համար:

«Անոնք, որոնք յարգելի պատճառներով ի վիճակի չեն ըլլար մասնակցելու ժամերգութեան, կարող միանալ մեզի հետեւեալ աղօթքներով` «Հայր մեր», «Որդի Աստուծոյ» եւ «Տէր ողորմեա», նշուած է թեմի հաղորդագրութեան մէջ:

Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարը