Ձեռնադրութիւններ, ուրարի տուչութիւն՝ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ


Յարութիւն Դերձակեան

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ը Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ համար տօնական եւ պատմականօրէն յիշատակելի օր մըն էր. դպրաց եւ կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ ձեռամբ՝ Գանատահայոց թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի: Սրբազանին առընթերակայ էին՝ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան եւ հոգեւոր հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագած դասը։

Կիրակի 7 Օգոստոսին, դպրաց եւ կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ: (լուսանկար՝ Վազգէն Քէշիշեանի)

Առաւօտուն ժամերգութեան ժամուն սուրբ խորանին ծառայող եօթը երիտասարդներու, ձեռամբ՝ Սրբազան հօր դպրութեան չորս աստիճաններ տրուեցաւ։ Ապա եկեղեցւոյ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, որ որպէս խմբավար երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եկեղեցւոյ դպրաց դասուն, կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը կանոնական աղօթքներով կատարուեցաւ, որ դասին մէջ Սրբազան հօր առջեւ ծնկաչոք կեցած էր։ ։ Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանի շնորհաւորական սրտի խօսքերէն ու նոր ձեռնադրեալները օրհնելէ ետք, օրուայ առաջին մասը իր աւարտին հասաւ։

Յաւարտ ժամերգութեան եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Սրբազան հօր։ Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին իրեն առընթերակայ էին Տ. Զարեհ Աւ. Քահանան եւ Տ. Հայարի Քահանաները։ Սուրբ սեղանին սպասարկեցին գլխաւորութեամբ Բրշ. Ռոյ սրկ. Քիւչիւքաթէշ, ինչպէս նաեւ Բրշ. Արի Պոյաճը եւ Բրշ. Տարիուս Կիւմիւշճեան սարկաւագները։ Երգեցողութիւնները խիստ ներդաշնակ եւ տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ։ Սուրբ աւետարանը կարդաց եւ Վերաբերումը կատարեց Տէր Զարեհ Աւ. Քահանան։

Յընթացս Ս. Պատարագի տէրունական աղօթքէ առաջ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, առաջնորդութեամբ եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Տէր Զարեհ Աւ. Քահանայի։ Ընծայեալ կիսասարկաւագներ Տիրան Բարունաքօղլու եւ Շահէ Ալթունեան ծնրադիր դասէն դէպի Սուրբ խորան բարձրացան, Տէր հայրը իրենց անարատ կեանքին մասին վկայութիւններ տալէ ետք, ընծայեալները հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ հայ եկեղեցւոյ եւ սուրբ սեղանի ծառայութեան։ Ապա կանոնական արարողութեամբ ձեռնադրիչ Սրբազան հայրը անոնց ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները, անոնց տուաւ սկիհով վերաբերում կատարելու, Սուրբ աւետարան ընթերցելու եւ բուրվառով Աստուծոյ անոյշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը։ Այս արարողութենէ ետք, Սրբազանը նորընծայ հինգ դպիրներու ուրարի տուչութիւնը կատարեց։

Սրբազան հայրը իր խրատական սրտի խօսքերով ձեռնադրութեան կարգը կատարուած սարկաւագներն ու դպիրները ուրախութեամբ շնորհաւորեց, մասնաւորաբար շեշտեց թէ՝ այս մէկը եկեղեցւոյ ուրախութիւնն է, որովհետեւ եկեղեցւոյ ընտանիքը կը մեծնայ սուրբ խորանին ծառայողներով եւ սպասարկողներով, անդրադարձաւ ձեռնադրուածներուն ունեցած պարտականութիւններուն, առաքելութեան եւ շնորհի մասին, շնորհաւորեց ու մաղթեց որ Տէրը զիրենք պատմական շնորհներով զարդարէ, որ կարենան իրենց կոչումին հաւատարիմ մնալով սպասարկեն եկեղեցւոյ խորանին եւ ժողովուրդին։

Հաւատացեալներ վերացած, հոգեկան վայելքով հետեւեցան ձեռնադրութեան տպաւորիչ արարողութեան եւ սքանչելի երգեցողութիւններուն։

Փոխառաջնորդ՝ Տէր Զարեհը խօսք առնելով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր, որ պատարագելով ձեռնադրութիւնները կատարեց։ Շնորհաւորեց նաեւ ձեռնադրեալները եկեղեցւոյ մարմիններու եւ բոլոր հաւատացեալներու անունով։ Ապա Սրբազան հօր պահպանիչով արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Դպիրներու, սարկաւագներու կողմէ կազմուած եկեղեցական պատկառելի թափօրի ուղեկցութեամբ եւ Ուրախ լեր շարականի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը շրջեցաւ ամբողջ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, քալեց ժողովուրդին մէջէն օրհնութիւններ բաշխելով հաւատացեալներուն։