«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամի համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Շուշիի մէջ կ՝ընթանայ Գոհար Աղա (Վերին Ճումա) մզկիթի վերականգնման ծրագիրը:
Շուշիի Գոհար Աղա մզկիթի վերականգնման ծրագիրը մեկնարկած է 2015ին, երբ IDeA հիմնադրամի նուիրատու, գործարար Գայրադ Պորանպաեւ՝ Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցին ժամանակ՝ ցանկութիւն յայտնած է իր աջակցութիւնն ու ներդրումը ունենալու մզկիթի վերականգնման գործին մէջ եւ այդ նպատակով կատարած է մեծ հանգանակութիւն:
Մզկիթի վերականգման ծրագիրին IDeA հիմնադրամը հանդէս կու գայ իբրեւ հարթակ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան, «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամի (Revival of Oriental Historical Heritage Foundation) եւ նուիրատուի միջեւ:
Ծրագիրով կը նախատեսուի հիմնովին վերականգնել մզկիթը` ապահովելով անոր նախնական տեսքը, բարեկարգել յարակից տարածքը եւ իրականացնել մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող դպրոցի շէնքին հիմնական ամրակայման աշխատանքները` կառոյցի յետագայ փլուզումը կանխելու համար: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ պահպանելու պատմամշակութային յուշարձանը եւ անիկա ապագային օգտագործելու իբրեւ մշակութային-զբօսաշրջային կեդրոն: Արդէն իրականացուած են մզկիթի տարածքի երկրաբանական ուսումնասիրութիւնները, կատարուած են հնագիտական պեղումներ, աւարտած են նախագծային եւ նախահաշուային աշխատանքները: Ներկայիս այնտեղ կ՝ընթանան բուն շինարարական աշխատանքները:
«Շուշին Արցախի իւրօրինակ վայրերէն մէկն է, իսկ Վերին մզկիթը` Շուշիի հին քաղաքի հարուստ պատմութեան եւ մշակոյթի անքակտելի մասը: Ուրախ ենք, որ մեր նուիրատուներէն մէկը ցանկութիւն յայտնեց գումար նուիրաբերելու այդ յուշարձանի վերականգնման համար: Ծրագիրը թոյլ պիտի տայ ոչ միայն ներկայացնելու տարածաշրջանի եւ Շուշիի պատմամշակութային ժառանգութիւնը, այլեւ նոր կեդրոն ստեղծելու Արցախի զբօսաշրջային քարտէզին վրայ», ըսած է IDeA հիմնադրամի Արցախի զարգացման ծրագիրի ղեկավար Սուրէն Ամիրբեկեան:
Քանի որ մզկիթը իրանական պատմամշակութային յուշարձան է, վերականգնման ծրագիրի նախագծային աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են իրանական Part Saman Jahan ճարտարապետական ընկերութիւնը եւ իրանցի մասնագէտներ: Ծրագիրին գործընկերն է «Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդ»ի Հայաստանի ազգային կոմիտէն` ICOMOS Հայաստանը, որ փորձաքննութեան ենթարկած է նախագծային աշխատանքներու համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներուն:
Մզկիթի վերականգնման աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել 2018ի աշնան: