Մշոշ. Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը


Լենա Թաշճեան

Մշոշ

(3-5 հոգիի համար)

Աւանդական Պահքի խոհանոցի ճաշատեսակ է Վանի շրջանէն։ Մշոշ անուանուած է հիմնական բաղադրիչներէն մէկուն՝ վայրի ծիրանին անունով։ Թէեւ հայերէնին մէջ apricot-ը ծիրան կ’անուանուի, սակայն մշոշը վայրի ծիրանի տեսակ մըն է, որ կ’օգտագործուի այս բաղադրատոմսին մէջ։ Կան այս ճաշատեսակին տարբեր տարբերակները, որոնք կը ներառեն դդում, կանաչ լուբիա կամ ճակնդեղ, բայց այս տարբերակը ամենայայտնին է։ Մշոշը յաճախ կը հրամցուի պաղ վիճակի մէջ, բայց զայն կարելի է մատուցել նաեւ որպէս հիմնական տաք ճաշ։

Հայաստան իմ կերած տարբերակներուն մէջ ծիրանը ամբողջական էր, բայց ես կը նախընտրեմ ան ըլլայ կտրատուած, որպէսզի անոր առաջինէն մինչեւ վերջին պատառին համովութիւնը հաւասարաչափ տարածուի։

Մշոշ (լուսանկարը՝ Սիրուն Բարսեղեանի)

Բաղադրութիւնը

  • 1 գաւաթ ոսպ
  • 1 միջակ սոխ՝ մանր մանրուած
  • 3-4 ճաշի դգալ ձէթ
  • 1/2 գաւաթ ծիրանի չիր՝ մանրուած
  • 1/2 գաւաթ սալորաչիր՝ մանրուած
  • 2/3 գաւաթ ընկոյզ, փշրուած
  • 1/4 գաւաթ ազատքեղ՝ մանրուած
  • 3 գաւաթ ջուր
  • աղ եւ սեւ պղպեղ՝ ըստ ճաշակի

Պատրաստման եղանակը

Ծիրանաչիրն ու սալորաչիրը թրջել տաք ջուրի մէջ։ Ոսպը լուալ, աւելցնել ջուրով կաթսայի մը մէջ։ Եռալէն ետք կրակը իջեցնել միջին ջերմաստիճանի եւ ձգել մօտաւորապէս 20 վայրկեան եռայ՝ մինչեւ ոսպը փափկի։ Մինչ ոսպը կ’եփի, սոխը իւղով տապկել՝ մինչեւ թափանցիկ դառնայ, ապա աւելցել  թռչուած եւ քամուած միրգերը, միջակ ջերմաստիճանի վրայ եփել մօտ 5 վայրկեան։ Մարել կրակը, ամբողջ խառնուրդը լեցնել ոսպին վրայ։ Աւելցնել աղն ու սեւ պղպեղը, իսկ մատուցելէն առաջ վրան ցանել մանրուած ազատքեղը։


Խմբ.՝ Անգլերէն vegan բառին հայերէն թարգմանութիւն առաջարկող բառարան չգտանք. նոյնիսկ դիմեցինք արեւմտահայերէնի մանսագէտներու, որոնք նոր բառեր առաջարկեցին: Հետաքրքրական առաջարկներէն մէկը՝ «անասնամերժ»-ն է, որ հաւնեցանք: Իսկ դուք, սիրելի ընթերցողներ, կը փափաքի՞ք առաջարկել ուրիշ բառ մը: Մասնակցեցէ՛ք այս ընթացքին. կը կարծենք, որ օգտակար բան մը ըրած կ’ըլլանք հոմանիշի մը յառաջացման գործընթացին մէջ: Գրեցէ՛ք editor@torontohye.ca-ին: