Փաշինեան կը ճանչնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը. Արցախն այս շաբաթ


Փաշինեան Եւ Ալիեւ կը ճանչնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած իր հանդիպումէն ետք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուած է, թէ ունեցած են բաց, անկեղծ եւ արդիւնքի հասնելու միտուած քննարկում: «Ղեկավարները կը կիսեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը: Ես բարձր կը գնահատեմ անոնց համապատասխան ջանքերը: Միասին մենք քննած ենք մեր օրակարգին վրայ գտնուող բոլոր հարցերը», յայտարարեց Միշել:

Ան նշեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած դրական բանակցութիւններէն ետք պէտք է պահպանուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ վճռական քայլեր ձեռնարկելու թափը:

«Սահմանային հարցերուն մէջ մենք քննած ենք յառաջընթացը եւ սահմանի սահմանազատման առնչուած յաջորդ քայլերը: Այս ծիրին մէջ ղեկավարները համաձայնած են սահմանային հարցերու շուրջ երկկողմանի հանդիպումներու վերսկսման շուրջ: Ղեկավարները վերահաստատած են իրենց աներկբայ հաւատարմութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ Հայաստանի (29.800 քառակուսի քիլոմեթր) եւ Ազրպէյճանի (86.600 քառակուսի քիլոմեթր) համապատասխան տարածքային ամբողջականութեան: Սահմանի վերջնական սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացուի բանակցութիւններու միջոցով»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ շարունակած են քննարկումները «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցին վերաբերեալ: Ես Ազրպէյճանին կոչ ուղղած եմ միջազգային ընտանիքին հետ սերտ համագործակցութեամբ մշակելու դրական օրակարգ` այդ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:

Աւելի ուշ, Փաշինեան Եւրոպայի խորհուրդի 4-րդ գագաթնաժողովի ժամանակ «քայլ մը առջեւ» որակեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի նախագահին հետ ունեցած եռակողմանի բանակցութիւնները․ «Մենք մէկ քայլ եւս առաջ գացինք` ընդգծելով, որ Հայաստանը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի 86.6 հազար քառակուսի քմ․ տարածքը, Ազրպէյճանը կը ճանչնայ Հայաստանի 29.8 հազար քառակուսի քմ․ տարածքը»։

Նշենք, որ Ազրպէյճանի 86,600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը կը ներառէ Արցախը եւ Նախիջեւանը:

«ԵՄ ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները». Ստեփանակերտը՝ Շարլ Միշէլին

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակեց Պրիւքսէլի մէջ 14 Մայիսին կայացած եռակողմանի հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերող Շարլ Միշէլի արտայայտութիւններուն գծով՝ նշելով, որ, ինչպէս յայտարարութեան ընդհանուր բովանդակութիւնը, այնպէս ալ անոր առանձին դրոյթները կը վկայեն, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին օրինական իրաւունքներն ու շահերը եւ կ’առաջնորդուի միայն տարածաշրջանին մէջ ունեցած աշխարհաքաղաքական եւ կարճաժամկէտ շահերով՝ ի վնաս միութեան կողմէ հռչակուած ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու արժէքներուն:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Ատիկա կը վկայէ, մասնաւորապէս այն, որ տուեալ յայտարարութեան մէջ կը բացակայի որեւէ յիշատակում Լաչինի միջանցքի արդէն աւելի քան 5 ամիս շարունակուող արգելափակման, միջանցքի մուտքի մօտ ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտի տեղադրման եւ Արցախի 120 հազար բնակչութեան փաստացի պաշարման մասին՝ անկէ բխող բոլոր մարդասիրական հետեւանքներով: Այս փաստը ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ոչ միայն չի խոչընդոտեր, այլեւ փաստացի կը խրախուսէ Ազրպէյճանը Արցախի ժողովուրդի տառապանքներն օգտագործել որպէս քաղաքական գործիք:

«Առանձին երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու որեւէ ներկայացուցիչ իրաւունք չունի տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրը: Աւելին, ուժի ապօրինի կիրառման եւ շարունակուող ահաբեկչութեան օրինականացման վրայ հիմնուած օրակարգը Արցախի ժողովուրդին պարտադրելու ցանկացած փորձ հաւասարազօր է մեղսակցութեան Արցախի էթնիկ զտմանն ու տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մշտական օճախի պահպանման ուղղուած Ազրպէյճանի յանցաւոր ծրագիրներու իրականացմանը, ինչպէս նաեւ՝ վերջինիս տարածքային նկրտումներու ու թշնամական քաղաքականութեան խրախուսման», նշուած է յայտարարութեան մէջ: 

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար միջազգային մեքանիզմ մը պէտք է»Վիքթորին

Կ’աջակցինք Հայաստանին եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Անտրէա Վիքթորին (լուսանկարը՝ ՀՀ ԱԳՆ)

Անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել հանդիպումին` Վիքթորին ընդգծեց. «Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է եւ պատրաստ աջակցելու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին յարատեւ եւ խաղաղ լուծում գտնելու ճամբուն վրայ, ինչ որ ոչ միայն խաղաղութիւն պիտի ապահովէ, այլ նաեւ այս շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի երաշխաւորէ»:

Վիքթորին յայտնեց. «Պրիւքսելի հանդիպումի ընթացքին քնարկուած է Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը: Քանի մը անգամ ընդգծուած է, որ քննարկման առարկայ է նաեւ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու հարցը:

«Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին: Ասիկա նոյնպէս կ’ենթադրէ յառաջիկային լրացուցիչ քայլեր: Կայ այդ ընկալումը, որ միջազգային մեքանիզմ մը պէտք է, սակայն մենք պէտք է աշխատինք զայն ձեւաւորելու ուղղութեամբ եւ բոլոր կողմերու հետ համաձայնեցանք: Հետեւաբար, աշխատանք կայ կատարելիք», ըսաւ ան:

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք՝ Սամուէլ Բաբայեանը պետական նախարար նշանակելու պահանջով

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, 15 մայիսին տեղի ունեցաւ հանրահաւաք` «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանի նախաձեռնութեամբ: 

Սամուէլ Բաբայանի կազմակերպած հանրահաւաքէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ հանրաւաքին Սամուէլ Բաբայեանը ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելքի իր տեսլականը` անդրադառնալով աւելի վաղ իր ղեկավարած քաղաքական ուժի կողմէ ներկայացուած առաջարկները, որոնք անոր խօսքով, անյապաղ պէտք է իրականացուին:

«Առաջինը պաշտպանութիւնն է, քանի որ առանց յուսալի պաշտպանութեան ոչինչ կրնանք ընել: Ատոր համար առաջնային է մասնագիտական բանակի ստեղծումը: Երկրորդը ժողովրդագրութեան վերականգնումն է` ուստի պէտք է խթանել ծնելիութեան աճը: Երրորդը՝ ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական առկայ վիճակէն դուրս բերելը: Արցախը պէտք է ունենայ զարգացող տնտեսութիւն, որպէսզի ապագայ ունենայ», ըսաւ Բաբայեան` վստահեցնելով, որ, հնարաւորութիւն ստանալու պարագային, ձեռնամուխ պիտի ըլլայ այդ խնդիրներու լուծման` արդիւնք ապահովելով կառավարման առաջին 100 օրուան ընթացքին:

Այնուհետեւ հանրահաւաքի մասնակիցներու անունէն հրապարակուած յայտարարութեամբ մը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին պահանջ ներկայացուեցաւ Բաբայեանը պետական նախարար նշանակելու, ինչպէս նաեւ ըստ «ռազմական դրութեան մասին ԱՀ օրէնքի իրաւակարգաւորումներու` համարժէք լիազօրութիւններով օժտելու վերաբերեալ:

Արայիկ Յարութիւնեան առաջարկեց Սամուէլ Բաբայեանին՝ անդամակցիլ Խորհրդակցական մարմինին

16 մայիսին տեղի ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Միասնական հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանի հանդիպումը: Հակառակ ակնկալութեանց, Յարութիւնեան Բաբայեանին պետական նախարար նշանակելու պահանջքը չէ քննարկած:

Փոխարէնը, նախագահը առաջարկեց Բաբայեանին՝ «անդամակցիլ հերթական անձեւ խորհրդակցական միացեալ մարմինին»։

«Ազատութիւն»-ը կը գրէ, թէ Բաբայեանի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Բաբայեան առայժմ տասնօրեայ դադար առաւ եւ բողոքի ցոյցեր պիտի չկազմակերպէ․ փոխարէնը, ան ընդունած է քաղաքական խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նախագահին առաջարկը:

Հռչակուեցաւ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումը

18 մայիսին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ՝ յայտարարուեցաւ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման կազմաւորման մասին։

«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ի անդամներու մամլոյ ասուլիսը Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ի Ֆեյսպուքի էջէն)

Հանրային շարժման նախաձեռնող խումբի անդամներ Ռուբէն Վարդանեանը, Զոյա Սարգսեանը, Կարէն Բազեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Բաղրեանը եւ Նարինէ Աղաբալեանը խօսած են նախաձեռնութեան մասին ու պատասխանած լրագրողներու հարցերուն։

Շարժման համակարգող Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի ապագան ինքնուրոյն որոշելու գաղափարի շուրջ միաւորուած են տարբեր տարիքի, տարբեր ճանապարհ անցած, տարբեր փորձով մարդիկ, որ գաղափարին շուրջ միաւորման կարեւոր օրինակ է։ «Ուրախ եմ, որ բոլորս միաւորուած ենք նպատակի եւ գաղափարի շուրջ, կրցած ենք անձնական, կուսակցական տարբեր շահերը ձգել մէկ կողմ եւ իրարու լսել, ձեւաւորել ընդհանուր ճակատ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Արցախը ըլլայ անվտանգ, հայկական եւ ազատ», ըսած է Ռ․ Վարդանեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ շարժման պիտի միանան հազարաւոր մարդիկ Արցախէն, Հայաստանէն եւ հայկական աշխարհէն։

Վարդանեանի խօսքով՝ անցած է կիսաքայլերու, կիսատ գործողութիւններու ժամանակը եւ միաւորուելով պէտք է ցոյց տալ, որ պատրաստ են մինչեւ վերջ երթալու յանուն հայրենիքի։

«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ անիկա համաժողովրդական շարժման ձեւաչափով ԱԶԱՏ, ԱՆՎՏԱՆԳ, ԵՐՋԱՆԻԿ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽ գաղափար-նպատակին շուրջ կամաւոր հիմունքներով միաւորում է, ուր ներգրաւուած են քաղաքական ուժեր, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատ քաղաքացիներ:

Արցախը հայկական պահելու, անոր ամբողջականութիւնն ու գերիշխանուութիւնը ապահովելու գերխնդրի իրագործման համար շարժումը իր առջեւ նպատակ դրած է համախմբելու հայութեան բոլոր հատուածներն ու առաջին հերթին, Արցախի հանրային, քաղաքական, մտաւորական, մասնագիտական եւ այլ շրջանակներ:

Կարմիր Խաչը վերսկսաւ գործունէութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն վերսկսաւ գործունէութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ: 17 մայիսին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ տեղափոխուեցան Արցախ:

29 ապրիլէն ի վեր կազմակերպութիւնը իր իսկ որոշումով դադրեցուցած էր տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` հիմնաւորելով, որ Հակարիի կամուրջին վրայ ազրպէյճանական անցակէտի տեղակայումէն ետք կողմերուն հետ կը քննարկէ տեղաշարժի պայմանները:

ԿԽՄԿ արցախեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Էթերի Մուսայէլեան տեղեկացուց․ «Հիւանդներու տեղափոխման կամ ընտանիքներու միաւորման հարցը դեռ բանակցային փուլի մէջ է»:

«Ազրպէյճան կ’ոչնչացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական հոգեւոր ժառանգութիւնը», կ’ըսէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնախումբի 2022 թուականի դաւանանքի ազատութեան մասին զեկուցումը, ուր Ազրպէյճանը ներառուած է յատուկ վերահսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու ցանկին մէջ:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի` Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման մասին: «Միջազգային մարմինները եւ այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն կասկածի տակ դնել Ազրպէյճանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` պաշտպանելու եւ պահպանելու կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող յարակից տարածքներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ’առաջարկէ «ֆինանսաւորում տրամադրել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` վերականգնելու, պահպանելու եւ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու մէջ պաշտամունքի վայրերը եւ այլ կրօնական կամ մշակութային վայրերը»:

«Հայերը գրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացուցած են 67 մզկիթներէն 65-ը». Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ հայերը, իբրեւ թէ, Ազրպէյճանի մէջ 30 տարիներու ընթացքին «մշակութային ցեղասպանութիւն» գործած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ան այս մասին յայտնեց Արաբական լիկայի օրէնսդիր կառոյցի` Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ատել պըն Ապտել Ռահման Ասումիի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Ան յայտնեց, որ «հայերու կողմէ գրաւուած» տարածքներուն մէջ ոչնչացուած է իսլամական նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, մասնաւորաբար, աւերուած են 67 մզկիթներէն 65-ը:

Ալիեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահին ըսած է, որ Ազրպէյճան հիմա շինարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներ կը կատարէ այդ տարածքներուն մէջ:

Ստեփանակերտի մէջ՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւն

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ, 18 մայիսին բացուեցաւ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Թանգարանների միջազգային օրուան առթիւ բացուած ցուցադրութեանը ներկայացուած  է 40 գեղանկար: Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան համոզուած է, որ ցուցադրութիւնը թանգարանի վերածնունդը կը խորհրդանշէ:

«Շուշիի ցաւագին կորուստը, յուսահատելու, թեւաթափ ըլլալու փոխարէն, մեզի մղեց գործելու եւ նոր քայլերու: Մենք լծուեցանք դիմակայելու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Շուշիի մեր 4 թանգարանին մէջ մնացին բազում գեղանկարներ, հանքաքարերու մեծ հաւաքածոյ: Դժուար էր պատկերացնել, թէ ինչպէս կարելի ամէն ինչ նորէն սկսիլ, բայց համախմբուեցանք ու լծուեցանք աշխատանքի: Թանգարաններու հիմնադիր, փրոֆէսոր Գրիգորի Գաբրիէլեանցի աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ դարձեալ սկսանք գեղանկարներու հաւաքագրումը: Պատերազմէն ետք մենք յաջողեցանք ձեռք բերել 110 գեղանկար», ըսաւ Գասպարեան:

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշեց, որ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանը կորսնցուց գրեթէ ամբողջ ֆոնտը` շուրջ 648 գեղանկարէն փրկուած է միայն 80-ը:

«Այսօրուան դաժան պայքարին մէջ մեր մշակոյթը, մշակութային ինքնութիւնը պահպանելը, զարգացնելը բոլորիս պարտքն է, որովհետեւ մեր տեսլականի` ամբողջական Արցախի համար պայքարը ոչ միայն ռազմական, քաղաքական ու տնտեսական դաշտի մէջ է, այլեւ` մշակութային ու կրթական», ընդգծեց Յովհաննիսեան: