Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար»-ի հիանալի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ


Արշօ Զաքարեան

Համազգայնականներս կը ջանանք Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար»-ը ամբողջացնել, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է լման կեանքի մը ստեղծագործութիւնը, հնարամտութիւնը, անդուլ լուռ աշխատանքը, թորոնթոհայ կեանքին եւ կազմաւորման իր ներդրումը խտացնել եւ ներկայացնել երկու ժամուան ընթացքին։

Վայրը՝ Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանն է, եւ ինչպէս Վարագ Պապեանը կը նկարագրէ․ «Գաղութիս հաւատաւոր գրասէրներուն համար կիրակի օրերու, պատարագէն ետք կազմակերպուած այս գրական հաւաքները իրենց խնամուած բնոյթով, դարձած են արդէն գնահատուած ձեռնարկներ եւ գրադարանին յատուկ այս իւրայատուկ շրջապատը կարծէք կը ստեղծէ իտէալական մթնոլորտը՝ գիրի, գրականութեան, բանաստեղծութեան, ստեղծագործութիւններու մասին խօսելու եւ հաղորդուելու գեղեցիկով, ճշմարիտով»։

Օրուան հանդիսավարն է Կարօ Ակինեան, որ հեզասահ կերպով կ՚առաջնորդէ ծրագիրը։ Թուականը կիրակի, 26 մարտն է, ժամը 14-ին ։ Կազմակերպողները Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարան գրատարածն են։

Շուրջ հարիւր ներկաներ եկած են՝ հետաքրքրուած, թէ՛ Վարագ եւ Սարիկ Պապեաններու ներկայացումներով եւ թէ՛ վերյիշելու Սուրէն Չէքիճեանի վաստակը իր ընկերներու վկայութիւններով եւ յիշողութիւններով։ Ներկաներուն մէջ կան երէց ընկերներ, հեռատեսիլի «Նոր հայ հորիզոն» ծրագրի հետեւորդներ եւ երիտասարդներ։ Սուրէնը բոլորին վրայ իր յատուկ ազդեցութիւնը ունեցած է առանց աւելորդ ջանքի, այլ բնական ուղիով։ Վարագ Պապեան լաւ կը բնութագրէ, ըսելով՝ «Սուրէնի ներդրումը կը յիշուի իբրեւ ինքնատիպ եւ մշտական ազդեցութիւն ձգող անձնաւորութիւն»։ Սուրէն Վարագի տարեկիցներուն եղաւ խորհրդատու եւ իմաստուն ուղեցոյց, իր դրոշմը դրաւ անոնց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ։ Նաեւ ինչպէս Արտա Զաքարեանը կը վկայէ՝ ինչպէս զինք քաջալերեց, առաջին իսկ քայլերէն, որ հեռատեսիլի ասպարէզին մէջ ուղղուի, տուաւ իրեն թէ՛ ուղղութիւն եւ թէ՛ ազատութիւն։ Վարագ կ՚եզրակացնէ Սուրէնի ազդեցութիւնը հետեւեալ ձեւով․ «Մենք տղաքս՝ Գառնիկը, Սեւակը, Ռուբէնը, Յակոբը եւ ես, ունէինք միայն դրական մօտեցում իրեն հանդէպ։ Մեզի հետ կը հաղորդակցէր ոչ թէ վերէն նայելով, այլեւ իբրեւ հաւասար անձեր եւ կը մօտենար որպէս համբերատար, իմաստուն բարեկամ մը, որ միշտ պատրաստ էր որեւէ նիւթի կամ մտահոգութեան շուրջ իր հարազատ կարծիքը փոխանցելու»։ Այսօր այս տղաքը իրենց ներդրումը ունին հայ հաւաքական կեանքէն ներս եւ իրենց անհատական կեանքերուն մէջ կը յղկեն իրենց տաղանդները։

Սարիկ Պապեան պատրաստած եւ ուսումնասիրած է խորաթափանց, խնամքով յատուկ անդրադարձ մը «Անաւարտ դիմանկար» գրքին համար։ Իր հետ կը ճամբորդենք գիրքը հասկնալու եւ ընկալելու ուղիով։ Կարելի է խտացուած ձեւով ներկայացնել նիւթը, որ կը դառնայ միջին տարիքը անցած ամուրի Լեւոնի շուրջ եւ այն երեք կիներու, որոնք իր շուրջը կը դառնան։ Կայ արուեստագէտ Քրիստինը, որ վիրաւոր թռչուն մըն է եւ հոգատարութեան կարիքը ունի, օտարուհի մը, որ կ՚այցելէ իր աշխատանոցը եւ ննջարանը։ Առաւել կայ Թալինը, որ գիրքերու եւ գրականութեան հետ է գործը։ Կայ նաեւ Թամը, որ հաւասարակշռուած տիպար մըն է եւ Լեւոնին խիղճը։ Ան կին հերոսները կը գնահատէ երբեւ իր հոգեկան եւ ֆիզիքական կարիքները գոհացնողներ, որպէս հիւանդապահուհի, մուսայ կամ ընկերակցող։ Պապեան շատ լաւ ձեւով կը բնորոշէ գիրքը, երբ կ՚եզրափակէ հետեւեալ ձեւով․ «Ամէնէն յաջող երեւոյթն է գիրքը ընթերցել եւ գաւաթ մը սուրճի շուրջ, արծարծել անոր մասին, որովհետեւ հայ գիրքը եւ արեւմտահայերէնը պէտք ունին ոչ թէ միայն զինքը սրբացողներու եւ պաշտողներու, այլ նաեւ կը պահանջէ, որ զինք քննադատենք, իր շուրջ չհամաձայնինք եւ մեր ձեռնոցները հանած էջերը ծալլենք, ողնահարը ծռենք եւ մեր զետեղած պատուանդանէն իջեցնենք։ Սուրէնի շնորհիւ, ահա ունինք հատոր մը, զոր մեզի վերէն չի դիտեր եւ առիթ կու տայ որ հայերէն լեզուի թեւը անցնինք եւ պարզ ու դիւրամերձ կածան մը ճեղքենք»։

Այս բազմաշերտ ներկայացումէն ետք, գրադարանը կը թնդայ ներկաներու ծափահարութիւններով։ Վարագի եւ Սարիկի վերլուծումները շատ տպաւորիչ են, թէ իրենց պարունակութեամբ եւ թէ մաքրամաքուր հայերէնով։

Սուրէնի Չէքիճեանի ընկերները՝ Լեւոն եւ Սիմոն Հասըրճեանները, Լեւոն Իշխանեանը, Յակոբ Ճանպազեանը, իսկ Աբգար Միրաքեանի կողմէ Արշօ Զաքարեան կը նկարագրեն Սուրէնի հետ իրենց յատուկ բարեկամական մտերմութիւնը, կը վերյիշեն իր բազմակողմանի տաղանդները եւ կարողութիւնը ճանչնալու այլ տաղանդներ, նաեւ իր անուրանալի մասնակցութիւնը Թորոնթոհայ կեանքին մէջ։ Արշօ Զաքարեան կը նշէ Սուրէնի ներդրումը Համազգայինի թատերական կեանքէն ներս։

Ձեռնարկը կ՚աւարտի Համազգայինի գնահատանքի արուեստի գիրքերու պարգեւատուուչութեամբ Վարագին եւ Սարիկին, ապա «Անկատար դիմանկար» գիրքը կը թաթխուի հայկական գինիով։ Բացայայտ է ներկաներուն տրամադրութիւնէն, որ շատ գոհ են որ Սուրէն Չէքիճեան անձը, հայը եւ հեղինակը ներկայացուեցաւ թէ՛ երիտասարդ եւ թէ՛ երէց ընկերներու կողմէ։ Գինիի եւ պանիրի գեղեցիկ եւ համեղ հիւրասիրութեան շուրջ կը շարունակուի յիշատակներու, շնորհաւորութիւններու եւ վերլուծումներու շարքը։