Վերապրողը


Նենսի Գրիգորեան

«Այս ամբողջ ցաւը մեր ո՞ր մեղքերի համար է»։
Վազգէն Ա Կաթողիկոս, 1988


Այս երազին մէջ, կ’անցնիս
դպրոցի մը ճակատին դիմացէն.
իրենց գրասեղաններէն երեխաները
կը կանչեն, ձեռքերով կը բարեւեն: Ուսուցիչը
մատով ցոյց կու տայ Հայաստանի քարտէզը:
Ձեղունները կոպերու պէս կ’իյնան:

Կ’արթննաս մէկ ուրիշ երազի մէջ՝
մուրով պատուած երեսներ կը շրջապատեն
կոտրած աթոռներու բոցավառ կոյտը:
Երանի հողը խաղավայրի մէջի
դագաղներու շարանը կլլէր: Ողջերը

կ’որոնեն այն, ինչ
որ չեն ուզեր գտնել. իրենց աչքերը
մաշկդ կը բռնեն կարթերու պէս:
Դուն պէտք էր Աստուծոյ
ձեռքը ըլլայիր ու մտնէիր
դպրոցը. երեխաները

բարձրանային
ափիդ մէջ, որ կը սաւառնէր
քաղաքին վրայ՝ մինչեւ հողը
դառնար անշարժ. բայց ոչ,
անոնք կարգի կը կենան՝ իրենց անունները
գրելու դրախտի դարպասի գիրքին մէջ:

1989

(Անգլերէնէն բնագիրը առաջին անգամ լոյս տեսած է՝ Parnassus: Poetry in Review հանդէսին մէջ՝ 1992-ին. թարգմանութիւնը՝ «Թորոնթոհայ»-ի)