«Գանատայի մէջ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանուի» առցանց զեկոյց


Կիրակի, 26 մարտին տեղի պիտի ունենայ «Գանատայի մէջ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանուի» խորագրով առցանց զեկոյցը, կազմակերպութեամբ` Մոնթրէալի պոլսահայ միութեան Մէկ մշակութային յանձնախումբի: Զեկոյցի ընթացքին ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան պիտի ներկայացնէ 2019-ին Մոնթրէալի եւ 2022-ին Օնթարիոյի մէջ կատարուած Հայկական սփիւռքի հարցախոյզի (ՀՍՀ) նախնական արդիւնքները։

Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը (ՀՍՀ) աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է: Դոկտ. Չիլինկիրեանը ուսումնասիրութեան ղեկավարն է եւ Օքսֆորտ Համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց ամպիոնի եւ ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի Հայագիտական մաստերի ծրագիրի դասախօս:

Ըստ ՀՍՀ-ի կայքին, հարցախոյզի նպատակն է «ներկայացնել այն հարցերը, դիրքորոշումները եւ հակումները, որոնք կը բնորոշեն 21-րդ դարու հայկական աշխարհը»: ՀՍՀ-ի հետազօտութեան բոլոր արդիւնքները հասանելի են հանրութեան եւ գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ համայնքային ղեկավարներու եւ հանրային քաղաքականութիւն ճշդողներու: ՀՍՀ-ը կը գործէ Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ:

Անցեալ մարտին, Չիլինկիրեանը անձամբ այցելեց մեր համայնքը եւ թորոնթոհայութեան իրազեկ դարձուց ՀՍՀ-ի մասին: «Թորոնթոհայ» ամսագիրը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ՝ իր այցելութեան առիթով:

Կիրակի օրուան զեկոյցը կը սկսի յետ միջօրէի ժամը 1-ին եւ հայերէն լեզուով պիտի ընթանայ: Մասնակցողները պարտին արձանագրուիլ այստեղ: