Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը առաջին անգամ ըլլալով ամառնային ճամբար կը կազմակերպէ


Այս ամառ, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամառնային ճամբարը, որուն մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ 29 Օգոստոսին, 2022-ին եւ գործէ մինչեւ 2 Սեպտեմբեր՝ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս (50 Hallcrown Place):

Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին կազմակերպութեամբ իրագործուելիք ճամբարի ծրագիրը «Թորոնթոհայ»-ին ներկայացուց, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմի անդամ՝ Սեւան Զոքեան եւ  ըսաւ. «Կիրակնօրեայ ամառնային ճամբարի ծրագիրը կ’ընդգրկէ աղօթքներ, կրօնական երգեր, ձեռային աշխատանքներու կիրառում, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի խաղեր ու ընկերային գործունէութիւն։ Ճամբարի իւրաքանչիւր օր պիտի ունենայ իր յատուկ թեման, որուն ընդմէջէն աշակերտները պիտի սորվին մեր Քրիստոնէական հաւատքին եւ կրօնքին մասին հիմնական նիւթեր։ Այդ թեմաներն են՝ «Հաւատքի ամրութիւն եւ առաքինութիւններ», «Ազնուութիւն, համեստութիւն եւ առատաձեռնութիւն», «Համբերատարութիւն եւ ինքնազսպութիւն», «Ցնծութիւն եւ խաղաղութիւն» եւ «Սէր»»:

Ճամբարին կրնան մասնակցիլ առաջինէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտները (6-13 տարեկան):

Ճամբարը տեղի պիտի ունենայ ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը: Աշակերտները կրնան ճամբար ժամանել առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ եւ մնալ հոն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5: Աշակերտները իրենց հետ պարտին բերել իրենց ճաշերը (բացի Չորեքշաբթի օր) եւ ջուրի շիշերը. ճամբարի ընթացքին միայն թեթեւ սնունդ (snacks) մը պիտի հրամցուի մասնակիցներուն:

«Բոլոր վճարումները կը կատարուին կանխիկ եղանակով՝ ճամբարի առաջին օրը: Ճամբարին սակը նաեւ տուրք նուազեցնելու յատկութիւն ունի (tax deductible) եւ համապատասխան ստացագիրները պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր մասնակիցի հասցէին։ Ճամբարի սակը՝ շաբաթական 150 տոլար է՝ իւրաքանչիւր երեխայի համար, իսկ շաբաթական 250 տոլար՝ միեւնոյն ընտանիքի երկու երեխաներուն համար:», բացատրեց Զոքեանը:

Ճամբարի մասին հետաքրքրուողները կրնան արձանագրել իրենց զաւակները այս յղումով:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք հեռախօսային կապ հաստատել Սեւան Աթանոսեանի (437-991-7347) կամ Թամար Սարգիսեանի հետ (647-687-7405):