Յաղթանակի ճամբու եզրին կուտակուած թնճուկները. Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Ճեյտըն հօր գիրկէն իջաւ, միջանցքէն վազեց դէպի դասարանին մեծ պատուհանը, ու աջ ձեռքը վեր բարձրացնելով սկսաւ պատուհանէն դուրս նայիլ։ Մենք` երկու ուսուցչուհիներ, զարմացած իրարու կը նայէինք երբ հայրը` «Տղա՛ս, եկո՛ւր, նախքան երթալս համբուրեմ քեզ», ըսաւ ու մօտեցաւ դէպի դասարանին դուռը։ «Ո՛չ, ես քեզի ապակիին ետեւէն համբոյր պիտի ղրկեմ ու ձեռքով հրաժեշտ պիտի տամ», ըսաւ թրթռացող ձայնով չորս ամեայ փոքրիկը ու իսկոյն աչքերուն մէջի կուտակուած արցունքի կաթիլները գլորեցան ցած։ Հայրը, ժպտալով գլուխը քերեց ու մեզի «բարի օր» մաղթելով դուրս ելաւ։ Այդ միջոցին, պատուհանէն դուրս նայող պզտիկը կու լար ու ձեռքը օդին մէջ շարժելով առկայծող յոյսի վերջին նշոյլները կը փորձէր վառել, երբ յանկարծ ուրախութեան ճիչ մը արձակեց ու՝ «Տետի՜, տետի՜», կանչեց։

Հայրը, նախորդող օրերուն պէս, փողոցէն, հրաժեշտ տուած էր մանկական անմեղ աշխարհին մէջ սաւառնող մանչին, որուն գունագեղ աշխարհին սիրելիները նախապէս իր ընտանիքին անդամներն էին միայն. հիմա, կեանքի կարկինին բերանը լայնցած, շրջանակին մէջ առած էր մանկապարտէզը, ուսուցիչներն ու ընկերները։ 

Երկուքուկէս  տարի առաջ ի յայտ եկած Քորոնա համավարակի պատճառով, իր հասակակիցներուն նման, մանկապարտէզ չէր յաճախած Ճեյտըն։  Արգելափակումներու թնճուկները կամաց-կամաց քակուելով, մանկապարտէզներուն դռները բացուեցան միայն պզտիկներուն առջեւ։ Ծնողքը, պարտաւորուած էր իր զաւակը ուսուցչուհիին յանձնել մանկապարտէզի դուռէն եւ իսկոյն փողոցը սպասել, որպէսզի իր հոգեհատորը, պատուհանին ետեւէն, օդային համբոյրներով տաքցնէր սառած ապակին, ու այդ ջերմութիւնը հասնէր համավարակի սարսափով տառապող ծնողքին։

Երկու ամիս առաջ, արգելափակման թնճուկի լուծման բարեբաստիկ լուրը հասած էր բոլորին։ Դպրոցի նախօրեակին հրճուած ծնողները չէին կրցած հանգիստ քնանալ, որովհետեւ վերջապէս ներսէն պիտի տեսնէին իրենց զաւկին յաճախած վայրը եւ ծանօթանային անոնց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն։ 

Ահաւասի՛կ, Ճեյտըն, այդ օրն իսկ, նոր օրէնքին բերած փոփոխութիւնները չէր կրցած ընկալել, եւ յիշողութեան մէջ դրոշմուած հին օրերու սովորութենէն ելլելով, ապակիէն այն կողմ, հրաժեշտ տուող հայրիկին երջանիկ աչքերուն ու քաղցր ժպիտին կապած էր մանկութեան յիշողութեան մաքրութիւնը։ 

Մինչ օրս, որքա՜ն ջանք կը թափենք փոքրիկին համոզելու, որ հօրը գիրկին մէջ եղած պահուն այդ հրաժեշտի պահը ստեղծէ ան, սակայն միեւնոյնն է` «Գնա՛, գնա՛, ու դուրսէն հրաժեշտ տուր ինծի», կը կրկնէ ան ու իր ուզած ձեւով հրաժեշտ տալէ ետք,  գոհունակ կը խաղայ ընկերներուն հետ. իսկ արձակուելու ժամուն, դարձեալ պատուհանին դէմ գամուած կը մնայ ու հօրը վերադարձին կը սպասէ։

Ան երբեմն պատուհանէն դուրս նայելով կու լայ ու ես իրեն կը հարցնեմ.

— Ճեյտը՛ն, ինչո՞ւ կու լաս:

Տետիս  կարօտցայ,— կը կրկնէ ան աչքերը սրբելով։

— Նայէ՛, ձագուկս, բոլորն ալ իրենց հայրերը կարօտցած են, բայց անոնք չեն լար։ Քիչ վերջ հայրիկդ կու գայ ու քեզ գրկած տուն կը տանի,— կ’ըսեմ անոր ու կամայ-ակամայ միտքս կ’երթայ հոն։

Այո՛, հո՛ն` սարերէն ու ովկեաններէն անդի՜ն։

Հո՛ն, ուր իրենց տեսադաշտէն անհետացած հարազատներու վերադարձին սպասող շղթայուած լեռներուս կանչը անարդարութեան քաոսին մէջ խեղդուեցաւ։

Հո՛ն, ուր վարդագոյն երազները պատերազմի մոխիրներուն գիրկին մէջ սեւցան։ Հո՛ն, ուր խաղաղութիւնը իր ճամբան կորսնցուց ու ոտնակոխ եղաւ։

Հո՛ն, ուր վիթխարի ընկուզենիները իրենց շուքին տակ նստող հողատէրերուն կարօտ մնացին։

Հո՛ն, ուր «Հորովե՜լ»-ով իր օրը սկսող գիւղացիին արդար քրտինքին կարօտը քաշող կարմիր հողը  արեամբ ներկուեցաւ։

Հո՛ն, ուր «Տէր ողորմեա»-ին փոխարէն` «Էզան»-ը* լսուեցաւ։

Հո՛ն, ուր մեր ննջեցեալները, անգամ մը եւս մեռան ու անոնց գերեզմաններն անգամ պղծուեցան։

Հո՛ն, ուր մեր տունն ու տեղը թշնամիին բնակարան դարձան եւ անոնց պատերուն ականջները հայերէնի կարօտ մնացին։

Հո՛ն, ուր մոլեխոտերը աւելի առատօրէն աճեցան, քան պտղատու ծառերը։

Հո՛ն, ուր ո՛չ երդիք մնաց՝ պատսպարուելու, ո՛չ պատ` հենուելու եւ ո՛չ իսկ պատուհան` հայութեան օրրանին դէմ իր փեղկերը բանալու։ 

Հո՛ն, ուր Շուշին` «Շուշա» անուան տակ կքած ծերուկի նման իր փառքի օրերը որոնեց։

Հո՛ն, ուր մեր «Մօր ու մանկան»-ներու սենեակները թուրք մայրերու երկունքի ճիչերով լեցուեցան։

Հո՛ն, ուր մեր «Սօսէ մանկապարտէզ»-ներուն մէջ այբուբենի փոխարէն սրիկաներուն հնչիւնները արձագանքեցին, ու «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»-ն զրնգալու փոխարէն` «Մէնիմ կիւզէլ մէմլէքէթիմ»-ը** հայհոյանքի պէս հնչեց։

Հո՛ն, ուր հերոսները իրենց անկոտրում կամքով եւ իրենց կեանքի գնով մեր սրբութիւնները պաշտպանեցին ու ինկան։ 

Հո՛ն, ուր կտրիճները վերադառնալ խոստացան ու չեկան։ 

Հո՛ն, ուր ամուսինին ջերմ գիրկին փոխարէն, բարձը գրկեցին հարսները ու կարօտի ալիքներուն տակ խեղդուելով խածոտեցին այդ բարձին սառնութիւնը։ 

Հո՛ն, ուր հազարաւոր փոքրիկներ իրենց սեփական տան պատուհանէն հրաժեշտ տուին իրենց հայրերուն ու անոնց անոյշ բոյրին ու տաքուկ գիրկին կարօտ մնացին։

 Հո՛ն, ուր «երջանկութիւն» բառէն ետք վերջակէտ դրուեցաւ ու նոր էջին վերնագիրը` «Ցաւ, կարօտ, եւ անվերջ սպասում» դրուեցաւ։

…Ու որբացան տուն չվերադարձող մեր հայ մարտիկներուն ձագուկները։

Ո՞վ կրցաւ, կամ ո՞վ պիտի կրնայ մեր անմեղ որբուկներուն համոզել, որ կեանքը սիրեն անոնք կամ կեանքի ապահովութիւնը զգան՝ իրենց հայրերուն բացակայութեամբ եւ առանց իրենց հօր գիրկին ապաւինելու։ Ո՞վ պիտի կրնայ այդ փոքրիկներուն սրտին վրայ բացուած ակօսներուն մէջի արմատ տուած պատերազմի լեղի հունտերը մաքրել եւ անոնց փոխարէն կենաց ծառի սերմերը մխրճել, ապա՝ խաղաղութիւն խոստանալով անամպ երկինք նուիրել անոնց։ Ո՞վ պիտի կրնայ հայրերը դարձեալ տեսնելու ապարդիւն փորձերու կրկնութիւնը կասեցնել, եւ ի վերջոյ՝ ո՞վ պիտի կրնայ մեր հազարաւոր որբերուն քողցուած մանկութիւնը վերադարձնել անոնց։

Ո՞վ, ըսէ՛ք, ո՞վ…

— Մի՛ լար, Ճեյտը՛ն, հայրդ քիչ վերջ կու գայ, ու քեզ գրկելով տուն կը տանի։ Քիչ մըն ալ համբերէ՛, ձա՛գս,— կ’ըսեմ, փոքրիկը կը գրկեմ, եւ մեր հայ որբուկներու պայծառ աչքերուն խոնաւութիւնը մտաբերելով կու լամ…

Յանկարծ փոքրիկներէն մէկը վիզիս կը փաթթուի ու` «Օրիո՛րդ, ինչո՞ւ կու լաս։ Նայէ՛, ես քաջ եմ ու չեմ լար։ Դուն ալ քաջ պէտք է ըլլաս», – ըսելով արցունքս կը սրբէ, ու ես անոր փայլատակող ձայնին մէջ մեր Մօնթէին ու անոր պարգեւած յաղթանակի օրերուն վերադարձին աւետիսը կը լսեմ։ 

— Այո՛, ձա՛գս, քաջերը չե՛ն լար, այլ կը պայքարին, յաղթանակի ճամբու եզրին կուտակուած թնճուկները արմատախիլ կ’ընեն եւ արդարութեան արեւով կը ջերմացնեն մեր ժողովուրդին ու անոնց հազարաւոր որբուկներուն ապագան,— կ’ըսեմ, ու յաղթանակի հունտերով ողողուած ապագային ուրուագիծը կը մարմնաւորուի աչքերուս դէմ։

* Իսլամական աղօթքի կանչ (օսմաներէն)
** «Գեղեցիկ հայրենիքս» (թրքերէն)