Հայն ու ֆիլիփինցին. Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Բախտաւոր եմ։ Բախտաւոր եմ, որովհետեւ ամէն առաւօտ աշխատանքի մեկնած պահուս, ճամբաս կ’անցնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտէն։

Առաւօտեան ժամը 6։30-ին, երբ երկինքը իր սեւ շղարշով ծածկած կ’ըլլայ Թորոնթոյի, կամ աւելի ճիշդը` Գանատայի ամբողջ տարածքը, հոն, ճամբուս ձախ կողմը գտնուող Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պատուհաններէն արտացոլող ոսկեգոյն լոյսերով կը լուսաւորուի օրս, զոյգ գմբէթներէն` Սիս ու Մասիսէն բխող ճաճանչով կը հանդարտի էրկիրի կարօտով խանձուած ալեկոծ սիրտս, իսկ խաւարին մէջ` զոյգ գմբէթներուն վրայ հաստատակամ կանգնած զոյգ խաչերու խորհրդաւոր ուրուագիծով կը խնկարկուի օտարութեան մէջ ջերմ ու ապահով օճախ գտած հոգիս։

Ո՛չ միայն հոգիս, այլ` ամբողջ էութիւնս իմաստաւորող, հայկական բջիջներուս կենդանութիւն պարգեւող, լաւատեսութեամբ լիցքաւորող եւ հայրենաբաղձ սիրտս կեանքի կոչող սրբավայրն է այդ տարածքին գտնուող եռակողմ կառոյցը` հայկական եկեղեցին, Հայ կեդրոնն ու հայկական վարժարանը։

«Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս…». այս հիասքանչ բառերդ, ամէն առաւօտ, ինքնաշարժիս մէջ երկիւղածութեամբ կ’արտասանեմ եւ կը խաչակնքեմ, ո՜վ մեծն Թէքէեան։ Իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի, մանաւանդ մայր հայրենիքի գիրկին կարօտովը տառապողի, զգացումներու թարգմանն ու հոգիին խաղաղութիւնը ապահովող «Եկեղեցին հայկական»-ին այդ առաջին տողով կը սկսի օրս․․․ եւ ամէն օր «հայկական» բառին իմաստը կաթիլ առ կաթիլ ըմպող, ինծի ընկերակցող ֆիլիփինցի գործընկերուհիս՝ Ճինան, հետս կը կրկնէ իրեն անծանօթ լեզուին, սակայն հայ ընկերուհիին շրթներէն աղօթքի պէս բարձրացող այդ տողը։

Առաջին օրերուն՝ «Look at this church. This is my church, the Armenian church», կը կրկնէի անոր՝ կարծելով, որ քրիստոնեայ մը ըլլալով պիտի հասկնար անոր խորունկ իմաստը, սակայն հոս, հազար ու մէկ ազգի ներկայացուցիչներուն ու այլազան հաւատքներու խառնարանին մէջ ապրող աղջիկը մի քանի օրեր ետք ինծի հարցուց, թէ արդեօք ես ալ իրեն նման Տէր Յիսուս Քրիստոսին կը հաւատա՞մ։

– Օ՜հ, Ճինա՛, դէմդ լաւ նայէ՛։ Հո՛ս, հայելիէն կախուած արծաթեայ խաչն ու Յիսուսի գլուխը չես տեսնե՞ր։ Չէ որ աս ալ իմ եկեղեցիս է. կը հասկնա՞ս, թէ ի՞նչ ըսել է եկեղեցի՜…։

– Ես ի՞նչ գիտնամ, թերեւս պարզապէս աղօթավայր մըն է։

– Ճա՛նս, մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը եղած ենք, քրիստոնէութիւնը պետականօրէն առաջինը ընդունող ազգը:

– Հը՜մ, առաջի՞նը։

– Այո’, Google-էն պրպտէ եւ տես, – կ’ըսեմ անոր ու կը սկսիմ Տրդատ թագաւորին եւ Գրիգոր Լուսաւորիչին մասին պատմել։

Յանկարծ Վահէ Պէրպէրեանի երգիծանքն ու այն խօսքը կը մտաբերեմ, ուր կ’ըսէր, թէ մենք երբ մեր խօսակիցին հայ ըլլալնիս յիշեցնենք, այդ գիտելիքին անպայման կը յաջորդէ առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունած ազգ մը ըլլալնիս։

Ինծի համար այդ մէկը Այբուբենի առաջին տառով սկսելու նման բան մը կը նշանակէ, որուն պիտի յաջորդեն 37 պատմութիւններ ու աւելին… հետեւաբար, մինչեւ Ֆ-ին հասնիլս, թէ՛ այդ ճամբուն վրայ եւ թէ՛ մեր աշխատավայրը եղող դպրոցին մէջ, ինչե՜ր ու ինչե՜ր պիտի պատմուին աղջնակին։

Քրիստոնէութեան` Հայաստանի մէջ տարածուելու պատմութեան կը յաջորդեն Նոյը եւ անոր տապանը, Արարատը, Հայկը եւ Բէլը, Սասնայ ծռերը, մեր թագաւորութիւնները, ծովէ-ծով Հայաստանի տարածքը, ցեղասպանութիւնը, Սուրիոյ մէջ ծնելուս պատճառը ու նախահայրերուս պատմութիւնը, աշխարհահռչակ հայերն ու անոնց ստեղծած գործիքները… եւ ի վերջոյ Արցախն ու 44-օրեայ պատերազմէն ետք հողերու յանձնումն ու ազերիներու կողմէն բանեցուած Արցախի շրջափակումը։ Ասոնց անպայման կ’ընկերակցի պատմական Հայաստանի հսկայ տարածքին ու ներկայի փոքրիկ տարածքին քարտէզները եւ այս բոլորի՜ն բացատրութիւնը։

Այս բնաւորութիւնս հօրմէս ժառանգած ըլլալու եմ, Հայոց Պատմութեան հանդէպ ունեցած սէրս ու գիտելիքներս կ’ուզեմ բաժնել ամբողջ աշխարհին ու հպարտանալ, սակայն այս օրերուն քիչ մը դժուար է, ներկայ իրականութեան հետ հաշտ ըլլալն ու 1992-ի մեր ազգին փառաւոր ու պատուաբեր յաղթանակէն ետք կորսնցնել այն ի՛նչ որ մերն էր, մերը։ Ի՜նչ դժուար է այս ամէնը յիշել եւ տակաւին այլ տարածքներ չկորսնցելու յոյսով ներշնչուիլ։

«Բախտաւոր եմ, որովհետեւ ամէն առաւօտ աշխատանքի մեկնած պահուս, ճամբաս կ’անցնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտէն»: (լուսանկար՝ Google Maps-ի)

 – Ի՜նչ հաճելի պատմելաձեւ ունիս, արդէն աւելին ու աւելին կ’ուզեմ իմանալ հայ ազգին եւ Հայաստանին մասին, կ’ըսէ ան։

– Կը պատմեմ, սիրո՛վ: Oր մըն ալ միասին կը ճամբորդենք ու հայրենիքիս աննման վայրերը ցոյց կու տամ քեզի. միայն տոմսի գումար պէտք ունիս, մնացեալը ես կը հոգամ, անհոգ եղիր։ Գիտե՞ս, պէտք է ամառը երթանք Հայաստան, որպէսզի Սեւանայ լիճին մէջ լողանք, Արագած բարձրանանք, Էջմիածինը տեսնենք, Դիլիջանի հրաշագեղ բնութիւնը վայելենք, վարդավառը նշենք, Սիւնիքի ճոպանուղին նստինք, Ջերմուկն ու Ծաղկաձորը տեսնենք եւ տակաւին շատ մը հոյակապ վայրեր տեսնելու արժանանանք։

– Քու սուրբ լեռդ` Արարատն ալ կը տեսնենք ու անոր փէշերուն նստած համով սուրճ մըն ալ կը խմենք։

– Ա՜խ, երանի՜։ Արարատը կրնանք տեսնել, բայց անոր փէշերուն ինչպէ՛ս նստինք, երբ ան ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս է։

 – Ձեր սուրբ լեռն ալ ձեր միւս հողերուն պէս բռնագրաւուա՞ծ է, sorry, I am realy sorry։

– Միայն լե՞ռը․ լեռը՜, ծովը՜, ցամաքը՜… վէրքերս մի՛ բանար, ընկերուհի՛ս…

Եւ այսպէս, ամէն օր կը պատմեմ ու կը պատմեմ։ Կը խօսիմ մեր նիստուկացին, ճաշատեսակներուն, տօներուն եւ տաղաւարներուն մասին…եւ այդ ի՜նչ զուգադիպութիւն, անոնք ալ մեզի պէս Վարդավառի տօն մը ունին եղեր, որ Սուրբ Յովհաննու Մկրտիչին տօնն է, որուն ընթացքին ջուր կը սրսկեն իրարու դէմքերուն։ Մեր Վարդավառին նկարները ցոյց կու տամ անոր, բերանը բաց կը մնայ եւ ինքն ալ իրենց տօնակատարութեան նկարները ինծի ցոյց կու տայ: Կը խոստանանք օր մը Հայաստանի, օր մըն ալ Ֆիլիփինի մէջ նշել նոյնանման այս տօնը։ Յուսամ օր մը կ’իրականացնենք մեր փափաքը, սակայն ներկայիս կը բաւարարուիմ անոր պատմելով, առցանց պրպտումներ կատարելով եւ օրէ-օր հայութեան մասին աւելի լայնածաւալ գաղափար տալով ամրապնդել անոր գիտելիքները։

Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս տարեդարձիս ուզած էր ինձմէ գաղտնի հայերէն երգ մը սորվիլ ու որպէս անակնկալ՝ երգելով զարմացնել զիս։ Որքա՜ն չարչարուած էր հայերէն երգի մը անգլիատառ գրաշարութիւնը գտնելու համար, սակայն՝ ապարդիւն։ Այդ օրը, ինքնաշարժին մէջ տարեդարձս շնորհաւորելէ ետք՝ «Արմէնչիկին» երգը միացուց եւ ըսաւ. «Շատ փնտռեցի, բայց դիւրին երգ մը չգտայ, որ սորվիմ, ես ալ որոշեցի ծափելով այս երգին մասնակցիլ»։ Բաւական խնդացինք, եւ հոգի՛ս ելաւ մինչեւ որ «շնորհաւոր» բառը սորվեցուցի իրեն։

Առօրեայ մեր երթեւեկութիւնը եւ հայաբոյր խօսակցութիւնը կը շարունակուի առ այսօր, իսկ յաջորդ քայլս ինքնաշարժիս ձայներիզէն լսուող հայերէն երգերէն մէկը Ճինային սորվեցնելը պիտի ըլլայ, ապա` այբուբենը։ Փախուստ չկայ, ուսուցչութիւնը արեանս մէջ է։

Այս օրերուն, առաւօտեան ժամը 6։30-ին, եթէ ձեր ճամբան անցնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ու ինքնաշարժի մը մէջէն լսէք «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս», արտասանուած տողը, գիտցէք, որ այդ ես եմ ու ճակատագրի բերումով հայկականութեամբ պատուաստուած ֆիլիփինցի Ճինան։ Անշուշտ կրնաք միանալ մեզի ու մեր ձայնը հասցնել երկինք։