«Ազրպէյճան կը սպառնայ դիմել աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլերու»․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի երեք ամիսներու շրջափակման պայմաններուն մէջ, թշնամին ընկերային, տնտեսական, առողջապահական դժուարութիւններու կողքին նորանոր անվտանգային խնդիրներ կը ստեղծէ եւ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ ալ աւելի դժուարացնելով արցախցիներու կեանքը։

Ստորեւ Արցախի շուրջ ծաւալող մէկ շաբթուան իրադարձութիւններու ամփոփումը․

«Ազրպէյճան կը սպառնայ դիմել կտրուկ քայլերու», յայտարարեց նախագահ Յարութիւնեան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 6 մարտին, Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին մանրամասնութիւններ ներկայացուց ազրպէյճանական կողմին հետ 1 մարտին կայացած հանդիպումէն: Ըստ անոր, քանի որ արցախեան կողմը չէ ընդունած համարկումի երթալու առաջարկը, Պաքուի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ պիտի ըլլան աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլեր:

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը (լուսանկարը՝ Արցախի նախագահի աշխատակազմին)

Այդ հանդիպումին արցախեան կողմը կը գլխաւորէր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան:

«Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը փորձած է քննարկել քաղաքական նիւթեր` օգտագործելով «համարկում» բառը, սակայն պարոն Շահրամանեանը կանխած է` ըսելով, որ եթէ պէտք է քննարկեն քաղաքական հարցեր, ատիկա պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման նիւթի շուրջ: Ան աւելցուցած է, որ քաղաքական հարցերու քննարկման համար իրենք լիազօրուած չեն», Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին պատմած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Յարութիւնեանի համաձայն, անկէ ետք ազրպէյճանական կողմը իր խողովակներով Ստեփանակերտի առջեւ վերջնագիր դրած է` «կա՛մ կ՛ընդունիք համարկումի քաղաքականութիւնը, կա՛մ առկայ խնդիրներուն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ, հակառակը` պիտի ըլլան աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլեր»:

«Մենք չենք ընդունած, պիտի չընդունինք», յայտարարեց Յարութիւնեան` պնդելով, թէ ատիկա միայն Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը չէ: «Մեր ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնը կ’ընդունի, որ մենք մեր անկախութեան իրաւունքէն, ինքնորոշման իրաւունքէն պիտի չշեղինք: Իսկ սա կը նշանակէ, որ յառաջիկային պիտի ունենանք տարբեր զարգացումներ, իրավիճակներ, որոնց պէտք է դիմակայենք», զգուշացուց Արցախի նախագահը:

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով զոհուեցան արցախցի երեք ոստիկաններ, մէկը՝ վիրաւորուեցաւ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ներթափանցող խումբի` 5 մարտին ձեռնարկած յարձակման հետեւանքով զոհուեցան Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան երեք ծառայողներ, եւս մէկը վիրաւորուեցաւ:

«Այսօր առաւօտեան, ազրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախաւորած եւ կրակ բացած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ: Ներթափանցման փորձին հետեւանքով զոհուած են՝ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեան, հարիւրապետ Դաւիթ Դանիէլեան, տասնապետ Արարատ Գասպարեան, եւս մէկ ծառայող` տասնապետ Դաւիթ Յովսէփեանը, ստացած է կրծքավանդակի հրազէնային վիրաւորում եւ կը գտնուի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ», նշուեցաւ Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ազերիները կրակած են Արցախի ոստիկանական մեքենային վրայ

Աւելի ուշ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Արցախի ոստիկանութեան ծառայողներու եւ Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ինքնապաշտպանական ու զսպիչ գործողութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանցիները նոյնպէս ունեցան զոհեր ու վիրաւորներ։

Ազրպէյճանական կողմը կեղծ փաստեր կը ներկայացնէ` պնդելով, որ իբրեւ թէ ոստիկանական մեքենայով զէնք կը տեղափոխուէր Հայաստանէն Արցախ: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ զէնք կը տեղափոխուէր, այլ` ոստիկանութեան ծառայողները Ստեփանակերտէն կ՛երթային դէպի ճամբուն վրայ գտնուող իրենց հերթափոխի վայր:

Պաքու կը պահանջէ «հայկական զինեալ ուժերը» անյապաղ դուրս բերել Արցախէն

Ըստ «Ազատութիւն» կայանին՝ Պաքու կը մեղադրէ հայկական կողմը տեղի ունեցած միջադէպին համար, որուն պատճառով երկու կողմերն ալ զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցան:

«Նման յարձակումն ու սադրանքները ցոյց կու տան, որ Հայաստան չէ հրաժարած Ազրպէյճանի նկատմամբ իր բռնագրաւումի քաղաքականութենէն, որ խաղաղութեան օրակարգի վերաբերեալ Հայաստանի տեսակէտները ոչ այլ ինչ են, քան կեղծաւորութիւն», կ’ըսուի Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքու կը պնդէ Բերձորի միջանցքի մէջ վերահսկողութեան դրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ կը սպառնայ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, թէ Բերձորի միջանցքին մէջ անհրաժեշտ է վերահսկողութեան դրութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ «ձեռնարկել վճռական, անհրաժեշտ քայլեր` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինեալ կազմաւորումները»: Ան նաեւ կը մեղադրէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Բերձորը միջանցքը փակ կը մնայ ազերիներուն կողմէ

Ազրպէյճան կը պնդէ, թէ Հայաստանը կը շարունակէ զինուորական փոխադրումները Արցախ: «Անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ Հայաստանի կողմէ զինուորական բեռներու Ազրպէյճանի տարածք փոխադրումը, Հայաստանի զինեալ ուժերու անձնակազմի ուղարկումն ու հերթափոխութիւնը պէտք է անյապաղ, մէկանգամընդմիշտ դադրեցուի, հայկական զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն: Հակառակ պարագային ազրպէյճանական կողմը հարկադրուած պիտի ըլլայ, օգտագործելով բոլոր կարելիութիւնները, ձեռնարկելու վճռական, անհրաժեշտ քայլեր` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինեալ կազմաւորումները: Հայաստանի նման գործողութիւնները կը նկատուին իբրեւ զինուորական յարձակումի շարունակութիւն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճան դարձեալ խախտեց զինադադարի դրութիւնը Արցախի մէջ եւ խափանեց կազի մատակարարումը

9-10 մարտին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ խախտեցին զինադադարը՝ կիրարկելով հրաձգային զէնքեր:

Ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ հայկական կողմը վնասներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ կացութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է:

10 մարտին ազրպէյճանական կողմը դարձեալ արգելափակեց Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարումը: «Արցախգազ»-ը յայտնեց․ «Քիչ առաջ ազրպէյճանական կողմը հերթական անգամ արգելափակեց Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարումը: Կը խնդրենք խստիւ կերպով հետեւիլ անվտանգութեան կանոններուն»։

Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին կոչ ուղղեց՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկը

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ կը մնայ Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկի խոչընդոտումով, ու կ’ազդէ Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու՝ առողջութեան, կրթութեան եւ պարէնի իրաւունքներուն վրայ:

«Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին եւ բոլոր պատասխանատու անձերուն՝ երաշխաւորելու միջանցքով երթեւեկի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը` 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, եւ կատարելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի որոշումը», կ’ըսուի տարածուած յայտարարութեան մէջ։

Կոռնիձոր-Արցախ ճանապարհը կը կուպրապատուի

AAB Construction ընկերութիւնը կ’իրականացնէ կուպրապատման աշխատանքներ Կոռնիձոր-Արցախի Հանրապետութիւն ճանապարհի 4 քիլոմեթր հատուածին վրայ։

Ընկերութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ նշուած հատուածը ռազմավարական նշանակութիւն ունի` որպէս Հայաստանի եւ Արցախի ճանապարհային հաղորդակցութեան կապի կարեւոր գօտի:

Նշուած հատուածը կը նախատեսուի երթեւեկելի դարձնել 1 ապրիլէն: Իսկ ճանապարհը ամբողջովին` եռաշերտ կուպրապատուած եւ ճանապարհային նշաններով կահաւորուած պիտի ըլլայ ամառը:

Հայաստան-Արցախ այլընտրանքային ճանապարհի շինարարութիւնը

Շրջափակման մէջ ծնած է 318 մանուկ

Արցախի շրջափակման 83-րդ օրը Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Արցախի մէջ ծնած է 318 երեխայ։ Բոլոր բժշկական հաստատութիւններուն մէջ 770 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 144 հիւանդ` համապատասխան բուժում ստանալու համար:

755 տնտեսվարող հիմնարկ (ընդհանուրին 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններուն մէջ կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացածները կը գործեն մասնակի կամ պետական աջակցութեամբ:

Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5,700 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:

Աւելի քան 32,400 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ կը մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ռուս խաղաղապահներու կողմէ մատակարարուած է ատոր միայն չնչին մասը:

«Կեանքի ճանապարհ». Ստեփանակերտի մէջ գիրքի շնորհանդէս

Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանին մէջ 8 մարտին տեղի ունեցաւ գրող Ծովինար Բաղդասարեանի Дорога жизни («Կեանքի ճանապարհ») ռուսալեզու գիրքի շնորհանդէսը:

Բաղդասարեան նշեց, որ գիրքը ծնած է Արցախի շրջափակման օրերուն: Շարունակուող շրջափակման ամէն մէկ օրը կեանքի կոչած է նոր բանաստեղծութիւն մը:

«Հնարաւոր չէր, որ այս գիրքը լոյս չտեսնէր, որովհետեւ ես զայն անուանած եմ կեանքի ճանապարհ:

Արցախի կեանքի ճանապարհը մինչ օրս փակ է, բայց Արցախը կ’ապրի, կ’արարէ, այստեղ կը ծնին երեխաներ:

Ատոր համար այս գիրքը լոյս տեսաւ, իսկ էջերուն մէջ մեծ յոյս կայ, սէր ու հաւատք` մեր պայծառ գալիքի հանդէպ: Ես շնորհակալ եմ լուսահոգի Վարդան Յակոբեանին, որ ընթերցեց իմ բանաստեղծութիւններն ու ըսաւ, որ անոր մէջ ներկայացուած է կեանքի ճանապարհը», ընդգծեց հեղինակը: