Թառամած յուշեր


Տարօն Պարոյր

Թառամած յուշեր՝
Պայծառ օրերու,
Լերկ ծառեր՝
աշնան օդերու,
Լոկ, միայնակ, ցուրտ գիշերներ,
Սուլիչ հովին
Դատարկ փողոցներ։

Տան հոգին` աննշմար մեղեդին,
Շշուկ մը հազիւ լսելի,
Ու մելամաղձոտ աչքերի
Թաքուն նշոյլը իր երգի։

Դարձած լռութեան խենթ գերի,
Մնացած են յուշեր միայն խնկելի…