Պիտի հաւատամ. Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

(Առակ)

Ծմակ անտառին մութ անկիւններէն,
Զիլ ձայնով էակն եկաւ դէպի դաշտ,
Աչքերը շփեց, ուժգին յօրանջեց
Եւ ամբողջ ուժով այսպէս գոռգոռաց.

-Եկէ՛ք, ես հո՛ս եմ, ձեր պաշտպան ծառան,
Չար գազաններէն ձեզ հեռու պահող,
Լուսաւոր օրեր ու վարդագոյն կեանք
Ձեզի խոստացող. շողշողուն արեւ,
Պայծառ ապագայ ձեր ոտքին փռող։
Նախկին առիւծներն ու լափող գայլերն
Ոտքի տակ առնենք ու վեր բարձրանանք.
Մեր հսկայ անտառն դալար կանաչով
Պատելու ժամը եկա՜ւ ու անցաւ։
Գիտեմ, որ ունինք գետերով զուլալ
Ու խաժ ծովերով, հո՛ն, շրջապատուած
Պարտէզներ բերրի եւ դաշտեր ոսկի…
Եթէ հաւատաք իմ խոստումներուս
Ու անվախ քալէք, միանաք ինծի`
Իսկոյն կը շրջենք բիբլիական լեռներն
Ու կը հասնինք մեր անցեալի փառքի
Օրերուն թաւիշ։ Հաւատա՛լ է պէտք,
Հաւատալ միա՛յն եւ նոր աւիւնով
Քայլեր կատարել, որմէ ետք, վստա՛հ,
Կ’ոստոստենք, կ’երգենք ու կը դայլայլենք
Մեր անծայրածիր եդեմի բարձր
Ծառերուն վրայ ու կ’ըմպենք միայն
Մեր բիւրեղ գետի ջուրն անմահական։
Տէ՛, հիմա ըսէ՛ք, ո՜վ կը միանայ.
Ո՞վ կը հաւատայ հսկայ քայլերուս
Եւ խաւարէն լոյս սուրալ կը կամի։
Ես կ’ուզեմ ըլլալ ձեր խոնարհ ծառան.
Իշխել չե՛մ ուզեր, ո՛չ ալ փեհեզէ
Վարդագոյն շուրջառ, ո՛չ ալ փառք-պատիւ,
Այլ աստղածորան երկինքին նայող
Վառվռուն աչքեր, որոնք խաղաղ ու
Հանգիստ տարիներ պիտի ունենան
Ու արեւահամ քաղցր պտուղներ
Պիտի ըմբոշխնեն, յաւե՜րժ լիանան…։

Ու խաւարին մէջ, լոյսը երազող
Դաշտեցիները զուր հաւատացին…
Էակը՝ խոհեմ իշխան կարծելով,
Տհոլ-զուռնայով հարսնիքներ սարքած,
Կարմիր գորգերը ոտքին փռեցին,
Օրհնութիւններով եւ աղօթքներով
Փառաւորեցին ու թագադրեցին՝
Ո՛չ միայն այդ մութ անտառի խորքէն
Եկող էակը, այլ`ընտանիքը,
Բարեկամները, ո՜ղջ գերդաստանը։

Եւ ուրախութի՜ւն, խնջո՛յք, քէֆ ու պար,
Դաշտն ալ կարծես թէ լոյս դրախտավայր
Եղաւ` անփորձանք, ուր բոլորն իսկոյն
Գարնան վառ օրեր ու անամպ երկինք
Ունեցան, մոռցան վտանգը որ կար
Ու մութ անտառին երկգլուխ գազանն,
Որ տարիներով ախորժակ սրած
Կերաւ ու լափեց ի՛նչ կար ու չկար։

Անցեալի փառքով, նո՛ր յաղթանակով
Հպարտ, պայքարող ու հաւատացեալ
Անմեղներն, ահա՛, վտանգը ահեղ
Չնկատեցին` կրակը ինկան,
Նոյնիսկ տան իւղէն, բրինձէն եղան,
Մնացին անճար, խեղճ ու մինուճար։
Ա՜հ ու դող, սարսափ՝ այրեցան, լացին՝
Գազանի զօրքին զոհերը դարձան,
Բլուրն իրենց՝ սուրբ լեցուեցաւ յանկարծ
Ինկած զոհերու անմեղ մարմինով։
Ես ըսեմ հազա՜ր, դուն` տա՛սը հազար,
Սուգ ու ողբ այնտեղ, լացին քար ու ժայռ։
Մայրերն անէծքի տոպրակը բացին`
Յանդիմանեցին ու պարսաւեցին,
Բայց լսողն ո՞վ էր, խղճացողն ո՜վ էր,
Լսողներն անգամ չկրցան օգնել,
Զի գազանն, ահա՛, ճատրակի քարեր
Դուրս շպրտելով յաղթական եղաւ.
Այդ հոգիներու դահիճ՝ երկգլուխ
Գազանը իսկոյն մռնչեց ուժգին
Եւ անոնց արտին, դաշտին ու ձորին,
Նոյնիսկ լեռներուն ուզեց տիրանալ։

Ծմակ անտառէն եկող էակը
Ինքզինք ասպետ կարծած՝ փառաբանուեցաւ
Զինք շրջապատող դաշտեցիներէն,
Ւսկ անդին կանգնած թերահաւատներն
Անիծեցին զինք ու մեղադրեցին՝
Սրբութիւնները յանձնելուն համար։
Հոն հրճուեցաւ խառնակ վիճակը
Տեսնող գազանը, որուն երազը
Իրականացաւ եւ հողին վրայ
Հողեր գումարեց՝ գանձեր, գոհարներ…
Մինչդեռ այդ հողին բնիկ տէրերը
Շրջապատուեցան, սոված մնացին,
Ահաբեկուեցան ու մորթուեցան,
Բռնի գաղթեցին, հեռացա՜ն, գացին
Իրենց տուներէն` հողէն հայրենի,
Ու որբացած հողն, իր բերքով բերրի,
Կարօտով կանչեց տէրերն իր բարի։

Տէ՛, հիմա եկո՛ւր, ամբոխին՝ խելար
Ծով համբերութեան դասեր սորվեցուր։
Ի՜նչ համբերութիւն կամ հանդարտութի՜ւն,
Երբ արձակուեցաւ նետը նիզակէն
Եւ դանակն իսկոյն ոսկորին հասաւ,
Ու ձմեռն եկաւ, մնաց, չգնաց։

Երկինքը երկնեց, կրկնեց Հայրիկին՝
«Երկաթէ շերեփ» պատուիրանը հին,
Ու «Պապկէ պսակ ի դաշտ»-ի խրատն,
Ուր ծեր պապիկը թոռը պսակեց
Հայրենի հողին, մաճին, գութանին
Եւ եզներուն հետ, որ այդ կապն ըլլայ
Յաւերժ կենդանի ու անքակտելի։

Սեւ ու սպիտակ, չարակամ, բարի,
«Վրէժ» գոռացողն ու զինուորն արի
Հայրիկին անգին պատուէրն էական
Յիշեցին իսկոյն՝ եղան միակամ.
Ո՛չ «ես», ո՛չ ալ «դուն», այլ՝ միշտ «մե՛նք» ըսին
Եւ բոլորը մէկ բռունցք կազմելով
Կատղած գազանը ոտնակոխ ըրին…
Պարտէզը, արտը, այգին ու ձորը,
Լեռը, բլուրը խի՛ստ որոտացին,
Ու գազանն իսկոյն թողած ամէն բան
Վազեց ու փախաւ, անդարձ հեռացաւ։

Տէ՛, հիմա ըսէք, ո՞վ էր մեղաւոր,
Նորօրեայ արքա՞ն, առիւծնե՞րը հին,
Յօշոտող, ջարդող գազա՞նը լկտի,
Թէ ցրիւ դարձած մոլոր դաշտեցի՞ն,
Որ փորձութենէ անցաւ դարերով,
բայց ո՛ւշ հասկցաւ ճամբան իր ելքի,
Միասնութեան մէջ գտաւ փրկութիւնն
Ու խաղաղութիւնն իր ծո՜վ աշխարհին։

Հաւատալ էր պէտք, միա՛յն հաւատալ
Ու գործի լծուիլ մէկ բռունցք դարձած՝
Հարուածը ուղղել թունաւոր իժին,
Զգետնել, ճզմել ոսոխը այդ հին։
«Երազ էր», չըսէք, ոչ ալ՝ «երազանք»,
Չէ,՛ իրական է, արթնցէ՛ք արագ
Եւ սթափեցէ՛ք, վտանգ կայ, վտա՜նգ,
Սպասել պէտք չէ՛, գործել կամենանք։

Տէ՛, հիմա ըսէք, ո՞վ է մեղաւոր,
Թերեւս ես եմ, դուն ես, ան կամ ինք,
Ինչո՞ւ չէ՝ մենք ենք, դուք, անոնք, իրենք։

Տէ՛, հիմա ըսէք, ո՞վ է մեղաւոր,
Թերեւս ես եմ, որ կը հաւատամ
Մեր ազգին վաղուան շողշողուն այգին։

Ի՜նչ ալ որ ըսէք, ինչքա՜ն համոզէք,
Միեւնոյնն է միշտ, ես կը հաւատա՛մ…
Միեւնոյնն է մի՛շտ, պիտի՛ հաւատամ…
Պիտի հաւատամ… ֍