Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Եւրոխորհուրդի Մէջ Կաշառակերութեան Դիմելու Մէջ


«Արմենփրես»․-Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի հոլանտացի պատգամաւոր Փիթըր Օմցիխթը (Pieter Omtzigt) սկսած է նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է մանրամասն եւ անաչառօրէն ուսումնասիրել ԵԽԽՎի մէջ­ վերջերս բարձրացուած խախտումներուն կամ կաշառակերութեան վերաբերեալ: ԵԽԽՎ պատգամաւորին ներկայացուցած առաջարկը մասնաւորապէս կը վերաբերի 2013 թուականին Ազրպէյճանի քաղբանտարկեալներու հարցով ԵԽԽՎի մէջ­ իրականացուած քուէարկութեան շուրջ յառաջացած քննարկումներուն։

«Մենք կը տեսնենք Ազրպէյճանի շուրջ գործընթացներու եւ քուէարկութեան շատ կասկածելի արդիւնքներ», ըսած է Օմցիխթը, որ իր ներկայացուցած բանաձեւով կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հետաքննութեան սկսելու` համաձայն ԵԽԽՎ կանոնադրութեան:

Երբ յայտնի դարձաւ, որ ԵԽԽՎ իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէն Պաքուէն առած գումարներուն դիմաց ազրպէյճանամէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ կառոյցին մէջ, ԵԽԽՎ շատ խորհրդարանականներ սկսան պնդելու, որ այս հարցի առնչութեամբ անկախ հետաքննութեան բացակայութիւնը կը կոտրէ վստահութիւնը կառոյցին նկատմամբ:

«Վստահելի չէ, երբ դուն միւս երկիրներուն կոչ կ՛ընես ըլլալ  բաց եւ թափանցիկ, մինչդեռ դուն չես հետաքններ քուէներու կեղծման մասին արժանահաւատ տեղեկութիւնները», նշած է Օմցիխթը: Անոր ներկայացուցած բանաձեւը ստորագրած է ԵԽԽՎ 324 խորհրդարանականներուն 1/5­ը:

Եւրոպական կայունութիւն նախաձեռնութեան (European Stability Initiative) ղեկավար Ճերալտ Քնաուսը նշած է, որ դեռ տարիներ առաջ հարցեր յառաջացած էին ԵԽԽՎ զեկուցողներուն կողմէ ներկայացնել Ազրպէյճանի վարդագոյն կերպարը: «2010, 2013 եւ 2015 թուականներուն մենք Եւրոպայի խորհուրդէն ընտրութիւններու դիտորդներ ունէինք Ազրպէյճանի մէջ: Ամէն անգամ այդ ընտրուած խորհրդարանականները կու գային ու կ՛ըսէին, որ արեւը կը շողայ, մինչդեռ միւս բոլորը կ՛ըսէին՝ կ՛անձրեւէ: Ամէն անգամ անոնք կը յայտարարէին, որ ընտրութիւնները ազատ էին ու արդար, մինչ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ երկարաժամկէտ դիտորդները կը մատնանշէին լուրջ խնդիրներ», կը­ նշէ Քնաուսը:

Ան կը փաստէ, որ ԵԽԽՎ առաջնորդները մշտապէս զարմանալի անտարբերութիւն ցուցաբերած են այս խնդիրներուն նկատմամբ` ընդգծելով, որ եթէ Եւրոպան ձախողի սկզբունքները պաշտպանելու հարցով, ապա ինչ յոյս կայ, որ ատոնք կը պաշտպանուին աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ:

ԵԽԽՎ ղեկավար Փետրօ Ակրամունթը, որ սկզբնական շրջանին կը դիմադրէր անկախ հետաքննութեան, զայն անուանելով «քաղաքական հակառակորդները վարկաբեկելու արշաւ», ի վերջոյ համաձայնած է եւ արտայայտուած հետաքննութեան օգտին` տասնեակ երկիրներէ, որոնց մէջ Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Պալթեան եւ հիւսիսային երկիրներէն ստացած բողոքներէն ետք: Քնաուսը յայտնած է, որ ներկայիս հիմնական հարցը կը վերաբերի հետաքննութեան շրջանակին, որ պիտի ներկայացուի Ակրամունթին Մարտի սկիզբը: