“Ակօս”․- Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպաղայ փողոցը վերանուանուած է պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի անունով:
Սթամպուլի քաղաքային խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած է Թոսպաղայ փողոցը անուանել Արա Կիւլերի անունով:
Կիւլեր երկար ժամանակ ապրած է Թոսպաղայ փողոցին մէջ: Նոյն փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ անոր արուեստանոցը:
Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Կիւլեր, որ կ՛անուանի նաեւ «Սթամբուլի աչք», ծնած է 1928ին: 1950ին սկսած է լրագրողական գործունէութիւնը Yeni İstanbul պարբերականին մէջ:
Ատացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՜ Թուրքիոյ եւ թէ՜ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ:
Ան նկարած է համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքեր՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Առնոլտ Թոյնպի, Պերթրանտ Ռասըլ, Փիքասօ, Սալւատոր Տալի եւ այլք: