Արցախեան Շաբաթ


Մարտունիի Կարմիր Շուկայ գիւղէն պատկեր մը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտեց Արցախի գրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ կազմակերպուած ՄԱԿին՝ Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած արարողութիւնը։

«ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Ազրպէյճանի թշնամանքին եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներէն մէկը հանդիսացող բնակավայրին մէջ կազմակերպուած միջոցառումը կը հակասէ միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներուն, գաղափարախօսութեանն ու առաքելութեան․․․։ Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿի հեղինակութեան, ինչը բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան վրայ», ըսուած է Արցախի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանէն-Արցախ գացող վնասուած կազի խողովակի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են

Մարտ 8-էն ի վեր Հայաստանի կառավարութեան ու ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ իրականացուող բանակցութիւններուն շնորհիւ` Ազրպէյճան ի վերջոյ Մարտ 18-ին նորոգեց Շուշիի հատուածին մէջ վնասուած կազի խողովակը: Կազը հասանելի կ՛ըլլայ բնակիչներուն Մարտ 19-էն:

Արցախի համայնքներուն մէջ նոր ծրագիրներ պիտի իրականացուին

Աշխատանքային այցով Փարիզ  գտնուող Արցախի նախագահի խորհրդականներ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Լուսինէ Ղարախանեան հանդիպում ունեցած են SPFA «Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի միջեւ համերաշխութիւն» բարեգործական ֆրանսահայ կազմակերպութեան ղեկավար կազմին հետ, որոնք նախանշեցին յառաջիկային իրականացուելիք նոր ծրագիրները Արցախի մէջ:

SPFA-ի ծրագիրներէն է Արցախի գիւղերուն մէջ գնել բնակարաններ, վերանորոգել, կահաւորել ու նուիրել բազմազաւակ ընտանքիներուն: Ծրագիրը արդէն յաջողութեամբ կը գործէ եւ պիտի շարունակուի։ Անոնք յառաջիկային գիւղատնտեսական ծրագիրներ իրականացնելու, աշխատանոցներ ստեղծելու եւ կրթական համակարգին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են։

Ստեփանակերտի մէջ աւազանկարչութեան կեդրոն բացուած է

Աւազանկարչութեան կեդրոնէն պատկեր մը

Ստեփանակերտի մէջ բացուած է «Sand Planet» աւազանկարչութեան կեդրոնը։ Կեդրոնի հիմնադիր Յասմիկ Արզանեան նշած է, որ աւազաթերափիով երեխաները կ՛արտայայտուին, անոնք կը ստեղծագործեն, ինչպէս նաեւ կը յաղթահարեն, վախն ու տխրութիւնը։ Կեդրոնը ամերիկահայ գործարար Արմէն Արսլանեանի շնոհիւ գնած է աւազանկարչութեան սեղաններ:

Ցուցահանդէսէն պատկեր մը

Նոյն օրը Ստեփանակետի մէջ բացուած է նաեւ «Հաւատք Դէպի Լուսաւոր Ապագայ» ցուցահանդէսը։  Ցուցադրուած էին Կեդրոնի սաներուն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք կատարած աշխատանքները: «Պատերազմէն ետք մենք կ’աշխատինք աւելի մեծ եռանդով, որպէսզի հոգեկան ծանր վիճակէն հանենք երեխաները..։  Մենք կը հաւատանք լուսաւոր ապագային: Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են 575 նոր աշխատանք․․․ Մեր պատանի նկարիչներու աշխատանքները հասած են մինչեւ Գերմանիա, Չեխիա, Յունաստան, Սպանիա, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ», ըսած է «Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան Ստեղծագործական Կեդրոն»ի նախագահ Լիւդմիլա Բարսեղեան։

Կեանքը Արցախի սահմանամերձ դարձած գիւղերուն մէջ

Անցեալ շաբաթ Ասկերանի եւ Մարտունիի սահմանամերձ դարձած կարգ մը գիւղեր ենթարկուած էին ազերիներու կրակոցներուն եւ սպառնալիքներուն։ Այդ պատճառով «Արցախփրես» այցելած է այդ գիւղերը եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած տեղի առօրեային եւ դժուարութիւններուն։

Խրամորթի գիւղապետ Զօրիկ Աբրահամեան տեղեկացուցած է, որ արդէն չորս օր է` համեմատաբար աւելի հանգիստ է, թշնամին չի կրակեր, որուն պատճառը ռուս խաղաղապահներ թշնամիին դիրքերուն մօտ տեղակուիլն է: «Յոյս ունիմ, որ նման իրավիճակ այլեւս չի կրկնուիր, քանի որ անվտանգային պատճառներով կանայք ու երեխաները գիւղէն հանած ենք: Լիարժէք անվտանգութեան պարագային` անոնք կը վերադառնան իրենց տուները», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ի պատասխան ազերիներու գիւղը լքելու կոչերուն՝ իրենք ալ բարձրաձայն հայրենասիրական երգեր ու Արցախի օրհներգը կը հնչեցնեն:

Ասկերանի Նախիջեւանիկ գիւղին մէջ անվտանգութեան պատճառով` գիւղատնտեսական աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրած են։ Թշնամին գիւղի ուղղութեամբ նետած էր արկեր, որոնք ինկած էին բնակելի տարածքին շատ մօտ, ինչպէս նաեւ վնասուած էր թրաքթոր մը։

«Գիւղը ունի 257 բնակիչ, դպրոցը՝ 86 աշակերտ։ Գիւղին մէջ նախադպրոցական տարիքի երեխաները շատ կան, սակայն գիւղը  մանկապարտէզ չունի: Անոնց համար վերջերս խաղավայր կառուցուած է», յայտնած է գիւղապետը:

Արցախի Մարտունիի Նորշէն համայնքի միջնակարգ դպրոցը ունի 54 աշակերտ եւ 23 ուսուցիչ։ Անոնք ամէն օր թշնամիին ուղիղ նշանառութեան տակ կը յաճախեն դպրոց եւ ամէն օր դաս կ’ընեն: Դպրոցի տնօրէն Սամուէլ Աւանեսեան նշած է, որ իրենց համար շատկարեւոր է ռազմական եւ հայրենասիրական դաստիարակութիւնը եւ յաճախ կը կազմակերպեն տարբեր միջոցառումներ, որոնք, իրենց հերթին, այս ծանր ժամանակաշրջանին կը շարունակեն ապրեցնել գիւղը:

Ըստ տնօրէնին՝ թէեւ աշակերտները խուճապի մէջ չեն, բայց թշնամիին կողմէ բաձրախօսներով հնչած գիւղը լքելու կոչերը կ’անհանգստացնեն զիրենք։ Ան դպրոցի հիմնական դժուարութիւնները կը համարէ ջուր եւ զուգարան չունենալը։

Մարտունիի Թաղավարդ գիւղի համայնքապետ Օլեգ Յարութիւնեան նշած է, որ Մարտ 12-էն մինչեւ հիմա թշնամին չի կրակեր։ «Թշնամին կրակոցները բնակիչներուն ուղղութեամբ խուճապ յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ գիւղը լքելու համար են: Սակայն այս ամէնը բնակիչներուն համար դարձած են սովորական, եւ անոնք խուճապի մէջ չեն: Անոնք յաճախ նամազ կը միացնեն, կը փորձեն լսելի դարձնել նաեւ մեզի: Երբեմն կը խոչընդոտեն մեր գիւղական աշխատանքները, սակայն մենք կը շարունակենք մեր գործը․․․», տեղեկացուցած է ան։

Գիւղի 75-ամեայ բնակչուհի Սիլվային համար Թաղավարդը աշխարհի ամենալաւ բնակավայրն է, որովհետեւ իրենցն է:

«Ուրիշ երթալու տեղ չունիմ: Չորս թոռներուս հետ միասին կ’ապրինք ու կ’արարենք այստեղ, կը զբաղինք անասնապահութեամբ ու թռչնաբուծութեամբ, թշնամիին սպառնալիքներն ալ կ’արհամարհենք», ըսած է ան:

Մարտունիի Կարմիր Շուկայի գիւղապետը նշած է, որ ի հեճուկս թշնամիին սպառնալիքներուն եւ կրակոցներուն, բնակիչները կը շարունակեն ապրիլ` ամուր կառչելով իրենց հողին։ Անոնք կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ յարատեւ խաղաղութեան կը սպասեն: Ըստ գիւղապետին՝ այժմ բնակիչներուն համար ամենակարեւորը անվտանգութիւնն է:

Խնապատէն պատկեր մը

Մարտ 11-ին Ասկերանի Խանապատ գիւղի ուղղութեամբ թշնամին նոյնպէս արկեր արձակելով` փորձած էր խուճապ յառաջացնել: Գիւղապետ Սամուէլ Շահրամանեանի խօսքով՝ ներկայիս կրակոցները դադրած են եւ կեանքը բնականոն է։ Գիւղին մէջ պատերազմէն ետք հաստատուած են 106 տեղահանուածներ, որոնք ապահովուած են կենցաղային բարւօք պայմաններով:

Ան վստահեցուցած է՝ բնակիչներու տրամադրութիւնը մարտական է: «Գիւղին մէջ ամէնքն կ’ապրին իրենց առօրեայով: Երկու օր է ի վեր տունկեր կը բաժնենք, որպէսզի բնակիչները այգիներ հիմնեն: Միայն ցաւալին այն է, որ գիւղին պատկանող 170 հեկտար վարելահող սահմանակից է ազրպէյճանական դիրքերուն, եւ մշակելը անհնար է, ինչ որ կը խոչընդոտէ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն», նշած է ան: