«Birthright Armenia»ի Կազմակերպած՝ «Դէպի Հայք» Ծրագիրին Մասնակից Թորոնթոհայ Երիտասարդներուն Հետ


Թորոնթոհայ մասնակիցները` Ռէմի, Կասիա, Արազ, Դաւիթ եւ Սեւանա, խաղադաշտին մէջ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

«Ապագան նոր սերունդին ձեռքերուն մէջ է» խօսքը ճիշդ տեղին պիտի հնչէ այս առիթով։  Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանէն շրջանաւարտ, համալսարանական ուսում ստացած եւ աւարտած մէյմէկ բիւրեղեայ երիտասարդներու հետ ունեցած հաճելի եւ բովանդակալից հանդիպումս տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներքնասրահին մէջ, ուր Հայաստանի «Birthright Armenia» կազմակերպութեան կազմակերպած՝ «Դէպի Հայք» ծրագիրին մասնակիցներ` Կասիա Թաթիկեանէն (kinesiology-McMaster  University),  Րէմի Կրկեսէն ( Business Management-Ryerson University), Արազ Տէր Օհանէն (Biology-University Of Toronto) եւ ՍԵւանա Պէքմէզեանէն (Accounting-University Of Toronto) տեղեկացայ Հայաստանի մէջ՝ Սեպտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբեր իրենց կամաւոր աշխատանքին մասին։  


Ծրագիրին մասնակից հինգերորդ երիտասարդը` Դաւիթ Դաւիթեանը, տակաւին Հայաստան է։

Չորս կենսուրախ, աշխատասէր եւ լուսամիտ մասնակիցներուն աչքերը փայլփլեցան, երբ սկսանք խօսիլ Հայաստանի մէջ իրենց փորձառութեան եւ անոր շնորհած գոհունակութեան մասին։ Անոնք խանդավառութեամբ պատմեցին, թէ ինչպէս իրենց մասնագիտութեամբ օգտակար դարձան Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի մշակութային ծրագիրներու հետեւեցան եւ առօրեայ կեանքը վայելեցին։

Հայրենիքի ջուրին եւ օդին օրհնութիւնը ըմպած ու լիաթոք շնչած պարման- պարմանուհիներուն հետ զրոյցը ընթացք առաւ իրենց կատարած աշխատանքին ծանօթանալով։ Կասիա Թաթիկեանը ուրախութեամբ հետեւեալը կ’ըսէր. «Աշխատեցայ՝ Արպես Վերականգնողական Կեդրոնէն եւ Պրիմուլա Բժշկական Կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ քարդային խաղ մը` «Այլ Կերպ»-ը, արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանեցի։ Նախ՝ ֆիզիոթերափիսթներու հետ կ’աշխատէի. մեր հիւանդները մէկէն-չորս տարեկան պզտիկներ էին։ Ապա՝ բուսաբուժի կեդրոնի մը մէջ, ուր դեղերու պատրաստման կ’օգնէի, իսկ երրորդը` «Այլ Կերպ» սեղանի քարդային խաղն էր, որ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեան աշխատանքը տարի»։

Րէմին իր տարած աշխատանքը կը բնութագրէր, ըսելով՝ «Համալսարանը աւարտեցի Յուլիսին եւ «Դէպի Հայք» խումբին հետ Հայաստան մեկնեցայ Հոկտեմբերի սկիզբէն մինչեւ Դեկտեմբերի կէսը։ Տնտեսութեան Նախարարութեան մօտ աշխատեցայ, Հայաստանի քափիթալի շուկային (The Capital Market) վերաբերեալ պրպտումներու աշխատանքը կ’ընէի, որուն արդիւնքները երկու շաբաթը անգամ մը տեղւոյն նախարարին կը յանձնէի, եւ այսպիսով աշխատանքը առաջ կը տանէի։ Աշխատանքս անգլերէնով կ’ընէի. այնտեղ ինծի պէս աշխատող քանի մը գանատահայեր կային։ Շատ լաւ առիթ մըն էր մասնակցիլս այս ծրագիրին, որուն շնորհիւ աշխատանքի վերաբերեալ հմտութիւններ ձեռք բերի եւ ծանօթացայ աշխարհի չորս կողմէն Հայաստան ժամանած երիտասարդներու, որոնց հետ կապս պահած եմ մինչեւ այսօր»։ 

Արազ Տէր Օհանն ալ ներկայացուց իր աշխատանքի ծիրը.  «Հայ-Ամերիկեան Առողջութեան Կեդրոնին մէջ աշխատեցայ, որպէս կամաւոր։ Շատ-շատ օգտուեցայ, միեւնոյն ժամանակ մասնագիտութիւնս ճշդելու առիթը ունեցայ, որովհետեւ հոն պաշտօնավարող տարբեր բաժանմունքներու բժիշկներուն հետեւելով եւ երբեմն ալ անոնց օգնելով գործնական շատ մը գիտելիքներ ձեռք բերի, անշուշտ հոս չէի կրնար այդ առիթը ունենալ։ Հո՛ն, այդ կեդրոնին մէջ նոյնիսկ օտար եւ անգլիախօս հիւանդներուն թարգմանիչը եղայ։ Ես զարմիկիս տունը կը մնայի, իսկ միւս ընկերներս իրարու հետ վարձած տան մէջ կ’ապրէին»։

Սեւանան իր տարած աշխատանքին մասին կը պատմէ, ըսելով. «Ես «Grant Thornton Armenia» ընկերութեան խորհրդատուական բաժինին (Consulting department) մէջ աշխատեցայ: Ես ալ Րէմիին պէս պրպտման աշխատանքներ ըրի,  վերլուծումներ եւ Business plan-ներ կազմեցի յաճախորդներու համար։

«Աշխատանքի ժամերէն դուրս ի՞նչպէս կ’անցընէիք ձեր ժամերը», հարցումիս Կասիան կ՛ըսէ. «Նուազագոյնը շաբաթը 30 ժամ պէտք էր աշխատէինք։ Այդ ժամերէն դուրս, շաբթուան ընթացքին, կրթական եւ մշակութային հաւաքներ եւ ֆորումներ տեղի կ’ունենային (գործարան, թանգարան կամ այլ վայրեր այցելել).  Ինչպէս նաեւ իրենց գրասենեակը կ’երթայինք ու դասախօսութիւններու ներկայ կ’ըլլայինք, այս ծրագիրներէն առնուազն 50 տոկոսին մասնակցելու պարտաւորութիւնը ունէինք, իսկ շաբաթավերջերը քաղաքէն դուրս պտոյտներ կը կազմակերպէին մեզի համար, հետեւաբար Հայաստանի տեսարժան վայրերը տեսնելու առիթը ունէինք (Իջեւան, Դիլիջան, Ծաղկաձոր, Սեւան…)»։

Կեցութեան վայրին, պայմաններուն եւ ծախսերուն վերաբերեալ Արազը կը տեղեկացնէ, որ  «9-էն 14 շաբաթ մնալու պարագային «Birthright Armenia»ն մասնակիցին օդանաւի տոմսին կէս ծախսը կը հոգայ, 14 շաբաթէն աւելի մնալու պարագային ամբողջութեամբ կը վճարէ տոմսին սակը։ Եթէ 6 ամիսէն աւելի պիտի մնայ մասնակիցը եւ հոն աշխատի իր մասնագիտութեան ծիրէն ներս՝ «Դէպի Հայք»ին որպէս մասնակից աշխատավարձ կը ստանայ իրենցմէ։  Որպէս՝ «Դէպի Հայք» ծրագիրին մասնակից, առաւելաբար 1 տարի կրնաս մնալ Հայաստան, հոն՝ կեցութեան կեդրոններ ունին իրենք եւ եթէ 1 տարիէն աւելի պիտի մնաս` առաջին երեք ամիսը իրենք կը հոգան կեցութիւնդ ու ծախսերը, մինչեւ որ հաստատուելու տեղ գտնես»։ Մասնակցելու պայմաններուն մասին ալ Րէմին աւելցուց. «Նուազագոյն 21-էն 32 տարեկան պէտք է ըլլայ մասնակիցը եւ անպայման մէկ-քառորդ հայ։ Եթէ տարիքով աւելի մեծ է կամ հայ չէ` այլ քոյր ծրագիր մըն ալ կայ, որուն կրնան մասնակցիլ փափաքողները, բայց այդ ծրագիրը նիւթական օգնութիւն չի յատկացներ իրենց»։

«Ի՞նչ դրական փոփոխութիւններ եղան ձեր մտածելակերպին մէջ կամ ինչպիսի՞ օգուտ քաղեցիք «Դէպի Հայք» ծրագիրին մասնակցութիւն բերելէ ետք», հարցուցի զրոցակիցներուս, Սեւանան անմիջապէս պատասխանեց. «Առաջինը, որ իմ ճիւղիս մէջ փորձառութիւն շահեցայ, ատկէ զատ` աւելի ամուր կապեր հաստատեցի Հայաստանի հետ։ Նախքան այս ծրագիրին մասնակցիլս չէի կրնար պատկերացնել կեանքս Հայաստանի մէջ, սակայն հիմա կը մտածեմ, որ կարելի է, որ օր մը կրնամ կեանք մը պատկերացնել Հայաստանի մէջ»։ «Ես ալ նոյնպէս», ըսաւ Արազը, իսկ Կասիան այդպիսի ծրագիրի մը տեսլականին մասին խօսեցաւ ու` «Քանի մը տարի ետք թերեւս, երանի՜…» ,ըսելով վերյիշեց պզտիկներուն հետ ունեցած բուժօգնութեան յուշերը եւ իրենց՝ ընկերներով, անցուցած հաճելի պահերը, մանաւանդ Իջեւանի անատառային բացօդեայ խաղավայրին մէջի հրաշալի պահերը։ 

Րէմին իր հերթին աւելցուց` «Կ’առաջարկեմ, որ բոլորը մասնակցին այս ծրագիրին, որուն շնորհիւ առիթը կ’ունենան աշխատելու, Հայաստանը տարբեր դիտանկիւններէ դիտելու, աշխարհի չորս կողմէն Հայաստան եկած սփիւռքահայերու ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ անոնց ապրելակերպին ու կարծիքներուն ալ ծանօթանալու. Իբրեւ արդիւնք միտքիդ մէջ նոր հորիզոններ կը գծուին։ Նաեւ հայաստանցիներուն հետ զրոյցներ կ’ունենաս եւ կը հասկնաս իրենց ապրելակերպը»։

Արեւելահայերէնը հասկնալու դժուարութեան մասին տուած հարցումիս պատասխանը շատ հետաքրքրական հնչեց Սեւանային բերնէն, երբ ան ըսաւ․ «Մենք բախտաւոր ենք, որ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարան յաճախած ենք, ուր արեւմտահայ գրականութեան կողքին արեւելահայ գրականութիւն ալ կը սորվէինք ու գրութիւններ կը կարդայինք, այդ դասերը սորվելով արեւելահայերէնի հիմքը ունեցած էինք արդէն»։ Արազը` «Իմ ծնողներս պարսկահայ են, ես արդէն վարժ եմ արեւելահայերէնին, սակայն հայերէն չգիտցող  եւ սփիւռքի տարբեր վայրերէն եկող մեր սերնդակից երիտասրդութեան համար շատ դժուար էր, որովհետեւ անոնք հայկական դպրոց չէին յաճախած եւ հայերէն խօսիլ չէին գիտեր, ուստի այս ծրագիրին միջոցաւ սկսան որոշ չափով հայերէն սորվիլ, որովհետեւ անոնց համար շաբաթական 2 ժամ հայերէնի դասաւանդման պահեր ունէին անոնք»։

 Մասնակիցներուն թիւին մասին հարցումիս Կասիան ըսաւ. «Յաճախ կը փոխուէր թիւը, սակայն մեր հոն եղած ժամանակ մօտաւորապէս 100 մասնակիցներ կային։ Անշուշտ, որ միշտ նոր եկողներ ու գացողներ կ’ըլլային։ Ծրագիրին հիմնադրման օրէն ի վեր հազարաւոր մասնակիցներ եղած են»։

«Արդեօք փոփոխութիւն մը նկատեցի՞ք ձեր այս ճանապարհորդութեան ընթացքին, խօսքս՝ Արցախեան պատերազմին հետքին, այսինքն յետպատերազմեան շրջանին մասին է», հարցուցի Րէմիին. որ ըսաւ. «Մեզի համար շատ տարբեր չէր մթնոլորտը, սակայն երբ խօսիս հայաստանցիներուն հետ, անոնք կը բացուին ու կ’արտայայտուին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն ու կրած հոգեկան վէրքերուն մասին։ Բայց մենք գիտենք, որ հայ ժողովուրդը շատ զօրաւոր է եւ կրնայ այս դժուար պարագայէն ալ դուրս գալ»։ 

«Մեր պարագային քիչ մը տարբեր էր կացութիւնը, որովհետեւ սփիւռքահայերու հետ էինք ու այդ նիւթին մասին շատ չէինք խօսեր, սակայն երբ հայաստանցիներու հետ շփուէինք` կը զգայինք այդ ցաւը. անշուշտ անոնց դժուարութիւնները մեզի ալ կը պատկանին եւ այդ ցաւերուն մասին լսելով շատ յուզուեցանք, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ հայ ժողովուրդը իր թափը եւ եռանդը երբեք չի՛ կորսնցներ», շեշտեց Կասիան եւ իրեն միացան մնացեալը։

Յիշարժան դէպքի մը մասին երբ հարցուցի եւ Սեւանայէն եկաւ հետեւեալ պատասխանը․ «Արցախի պզտիկները ուրախացնելու համար առաքելութեան մը մասնակցեցանք ու Նոր Տարուան նուէրները փաթթեցինք։ 2 օր ետք ներկայ եղանք այդ միջոցառումին, ուր Արցախէն գաղթած պզտիկներուն ժպիտը տեսնելով շատ յուզուեցանք եւ անոնց հրճուանքը մեզ ուրախացուց»։

Րէմին ալ յիշեց իր եւ Դաւիթին տարեդարձի պատեհ առիթը, ուր թորոնթոհայ եւ սփիռքահայ ընկերներուն հետ նշած էին զոյգ տարեդարձները… «22-րդ տարեդարձս երբեք պիտի չմոռնամ», ըսաւ ան ժպտելով։


Մի քանի անգամ Հայաստան այցելած զրուցակիցներուս երբ հարցուցի, թէ արդեօք կը փափաքէ՞ին դարձեալ Հայաստան երթալ, բոլորը միաբերան` «Այո՛, անշո՛ւշտ…», պատասխանեցին եւ անոնցմէ մէկը՝ «Դժբախտաբար նոյն ծրագիրին չենք կրնար մասնակցիլ, սակայն անոնք մեզի կ’օգնենք, որ այլ կամաւոր աշխատանք գտնենք», պատասխանեց։ Արազը աւելցուց. «Ամէն անգամ, որ Հայաստանի նկարներէն մէկը կը տեսնեմ սիրտս կը ցաւի, որովհետեւ հոն չեմ, կ’ուզեմ միշտ հոն ըլլալ։ Ինծի՝ Հայաստանին կապող շատ թանկագին յուշեր կան»։

Սեւանան ալ իր կարծիքը յայտնելով ըսաւ. «Հայաստանը մեր տունն է, հոն շատ հանգիստ կը զգանք մենք մեզի»։

Կասիան ալ իր կարգին` «Նախապէս, որպէս պտոյտի վայր, ամառները կ’այցելէինք Հայաստան, բայց այս երեք ամսուան ընթացքին աշխատանքի մթնոլորտի մէջ էինք, ընկերներ ու գործընկերներ ունեցանք, մէկ խօսքով զգացինք Հայաստանի մէջ բնակելու համը»։ 

Հայրենիքին մէջ ամիսներով առաքելութիւն ծաւալած ու նոր մտորումներով վերադարձած մասնակիցները ապագային Հայաստանի մէջ հաստատուելու մասին ուղղած հարցումիս ի պատասխան.  «Այո՛… «Երանի՜ հոն ըլլայինք», ըսելու փոխարէն,  «Կը մտածենք այդ մէկը ստեղծել։ Չենք գիտեր ե՞րբ կամ ի՞նչպէս, բայց կը մտածենք», ըսին։

«Արդեօք կը քաջալերէ՞ք ձեր ընկերները, որպէսզի իրենք ալ մասնակցին այս ծրագրին», հարցումիս հաստատակամ պատասխանը եկաւ Արազէն՝ «Անպայման կը քաջալերեմ։ Կեանքիս ամենալաւ երկուքուկէս ամիսններ էր։ Այս մէկը լաւագոյն ծրագիրն է, հաւատացէ՛ք, Գանատայի մէջ այսպիսի փորձառութիւն պիտի չկարենայինք ունենալ»։

Հանդիպման աւարտին «ցտեսութիւն» ըսի եւ յաջողութիւն մաղթեցի այս փայլուն երիտասարդներուն, որոնք այլեւս պատրաստ էին իրենց ընտանիքին, հայրենիքին եւ գաղութին օգտակար դառնալու։