“Նիուզ”․- Հոկտեմբեր 19ին, Արցախի հիւսիսարեւելեան շրջանի զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցէն, զոհուած է զինծառայող, 1998ի ծնունդ Տիգրան Արմէնի Խաչատրեանը:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
Բակօ Սահակեանի սրտորագրած հրամանագիրով՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Տիգրան Խաչատրեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։
Ան Երեւանի Նորք Մարաշ համայնքի բնակիչ էր, ընտանիքի միակ որդին:
19-ամեայ զինուորին հարեւանները պատմեցին, որ ան բանակ զօրակոչուած էր մէկ տարի առաջ` դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք:
«Շատ խելօք երեխայ էր, քանի մը շաբաթ առաջ արձակուրդի եկած էր քանի մը օրով, ծառայութենէն գոհ էր»,- ըսած են հարեւանները:
Խաչատրեանը տան կրտսեր զաւակն էր, իրմէ մեծ քոյր ունի: