Ազրպէյճանի մօտ Փորթուկալի դիւանագիտական գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Հորհէ Կապրիէլ Օգոստոս 28ին կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր բողոք ներկայացուած է Փորթուկալի խորհրդարանի անդամ Ռուպինի Պերարտինի դէմ՝ վերջինիս «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ ապօրինի այցելութեան» կապակցութեամբ:
Ակնարկութիւնը կ՛երթայ երեսփոխանին անցեալ շաբաթ Արցախ կատարած այցին։
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, որ փորթուկալցի երեսփոխանը արդէն իսկ ներառուած է Պաքուի «սեւ ցանկ»ին մէջ՝ իբրեւ անբաղձալի տարր։
Հաւատարմատարը իր կարգին յայտնած է, որ այդ այցը պաշտօնական բնոյթ չէ ունեցած, եւ թէ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած է յայտարարութիւն մը, որ երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղ չայցելել: