Գանատա ջնջեց Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման արգելքը. Արցախն այս շաբաթ


Գանատայի կառավարութիւնը չեղարկեց պաշտպանական արդիւնաբերութեան ընկերութիւններուն նկատմամբ` Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման սահմանափակումները: Անոնք կը կիրարկուէին 2020-էն ի վեր, երբ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճան գանատական WESCAM սարքեր օգտագործեց խաղաղ բնակչութեան դէմ։

Արգելքը ջնջելու որոշումը որդեգրուեցաւ, երբ Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ Շուէտի` ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան:

Այս առնչութեամբ Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբը դատապարտեց Գանատայի կառավարութեան այս որոշումը։ Ան յայտնեց, որ այս որոշումը տագնապալի մտահոգութիւններ կ’առաջացնէ գանատահայ համայնքին մօտ, քանի որ կը վտանգէ Գանատայի հաւատարմութիւնը մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային անվտանգութեան ու արդարութեան։

Հայ դատի յանձնախումբը Գանատայի կառավարութեան խստակեաց կոչ ուղղեց վերանայելու այս անխոհեմ որոշման եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրել թրքական կառավարութեան ռազմատենչութեան դէմ։

«Զէնքի արգելակումը հանելով՝ Գանատա քաջալեր կը հանդիսանայ նախագահ Էրտողանի իշխանութեան, ինչպէս նաեւ կը մեղսակցի թրքական իշխանութեան կողմէ իրականացուող եւ հովանաւորուող յանցագործութիւններուն, որոնք կը սպառնան հայերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներուն: Նման քայլ մը մտահոգիչ ուղերձ է միջազգային հանրութեան եւ կը խափանէ Գանատայի նուիրուածութիւնը մարդկային իրաւունքներուն, խաղաղութեան ու արդարութեան:

Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ կեղծաւորութեան եւ կարճաժամկէտ քաղաքական նկատառումներու փոխարէն առաջնահերթութիւն տայ մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային անվտանգութեան ու արդարութեան: Հայ Դատի յանձնախումբը կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ ականջալուր ըլլալ գանատահայ համայնքին, քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններու մտահոգութիւններուն», ըսուած է Հայ դատի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Բռնագրաւուած Արցախի նախկին ղեկավարները ազրպէյճանական դատարաններու մէջ պիտի դատուին

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Պաքուի մէջ, պիտի դատուին ազրպէյճանական դատարաններու մէջ: Այս մասին յայտնի դարձաւ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քլիամրան Ալիեւի ընդհանուր դատախազութեան ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին կատարած յայտարարութենէն:

25 յունուարին հաղորդուած էր, որ Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ իշխանեանի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը երկարաձգուած է յաւելեալ 4 ամիսով:

Ռուբէն Վարդանեանի պաշտպան փաստաբանը բողոքարկեց անոր բանտարկութեան ժամկէտը 4 ամիսով երկարաձգելու՝ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, սակայն Պաքուի վերաքննիչ դատարանը մերժեց Վարդանեանի բողոքը։

 

Եւրոպահայութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը շարունակելու պայքարը արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար

27 Յունուար 2024-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած, իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 1 հոկտեմբեր 2023-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ:

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը (լուսանկարը՝ )

 

Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը՝ «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ 28 յունուարին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելով ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնել իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնները ի հարկին պատժամիջոցներ գործադրելու Պաքուի բռնապետական իշխանութեան դէմ:

Ինչպէս 1 հոկտեմբեր 2023-ի համահայկական ցոյցին, այսօր եւս շարժումը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել եւրոպայի հայութիւնը, միաւորելով հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, անգամ մը եւս հաստատելով Արցախի արդար դատին համար պայքարի նոր հանգրուան անցնելու հայութեան վճռակամութիւնը:

Շուէտի ցոյցէն պատկեր մը

Հաւաքներու ընթացքին կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ուղարկած ուղերձը, որ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած նախաձեռնութուններուն զօրակցութիւն յայտնելէ ետք, կ’ըսէր թէ անոնք «այս աղետալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են» եւ արցախահայութեան անունով «Երախտագիտութիւն կը յայտնեն այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ կը ցուցաբերեն եւրոպական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ՝ Արցախի օժանդակութեան նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքին միջոցով»: Ապա՛, կը հաստատէ, թէ «Խորապէս համոզուած ենք, որ համազգային համախմբումը եւ անոր սահմաններու ընդլայնումը, հայրենիքի մէջ պահանջուած ու սպասուող աշխատանքի իրականացման հետ մէկտեղ, կարող են ստեղծել այն նախադրեալները, որոնք անհրաժեշտ են մեր գլխաւոր խնդիրի՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձը իրականացնելու համար»:

 

Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան Արցախի հարցով ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան 24-26 Յունուարին Քոնկրեսին մէջ հանդիպումներ ունեցած է ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու հետ՝ բարձրացնելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի ապահովութեան եւ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր։ Հանդիպումներուն ընթացքին, Խաչատրեանին կ’ուղեկցէր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեանը։

Ծերակուտականներ Ճան Ֆեթըրմընի, Մարքուէյն Մալընի եւ Կերի Փիթըրզի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, Խաչատրեան նշած է, որ եթէ Ալիեւի վարչակազմին նկատմամբ պատժամիջոցներ չկիրառուին՝ Արցախի 150,000 հայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան համար, ան շարունակ պիտի սաստկացնէ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ Ան ազդարարած է, թէ Ազրպէյճանի զօրքերը ներկայիս արդէն իսկ կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ՝ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ՝ աւելցնելով, որ Ալիեւ մարտահրաւէր կը նետէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, կը սպառնայ Սիւնիքէն անցնող միջանցք բանալ եւ Թուրքիոյ հետ ցամաքային կապ ապահովել, ինչպէս նաեւ ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ՝ ընդունելու նոր Սահմանադրութիւն։

Խաչատրեան նաեւ ընդգծած է Հայաստան ապաստանած արցախահայերուն համար ամերիկեան օգնութիւնը ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ այլ գործընկերներու հետ աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ խրախուսելու միջազգային երաշխիքներու վերաբերեալ երկխօսութիւն Արցախի կառավարութեան հետ, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ արցախցիներու խաղաղ վերադարձը։

Ան ամերիկացի օրէնսդիրները յորդորած է խստօրէն արձագանգել հայ ռազմագերիներու շարունակող բանտարկութեան՝ նշելով, որ գերիներուն մէջ են նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավա

 

Արմինէ Տիգրանեան իր ձեռք բերածԱզրպէյճանի կողմէ Արցախի յուշարձաններու ոչնչացման փաստերը ներկայացուց միջազգային դատարաններ

Մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային ՀԿ փորձագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Արմինէ Տիգրանեան միջազգային ամենէն բարձր ատեաններէն մէկուն` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան եւ ոչ նիւթական արժէքներու հրատապ պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

24 յունուարին ան ծաւալուն զեկոյցով հանդէս եկաւ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան» համաժողովին:

Արմինէ Տիգրանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, որոնցմէ են հոգեւոր արժէքներու ոչնչացումը եւ ինքնութեան օտարումը: Ան ոչ միայն ներկայացուց բուն կոթողներուն վտանգուած ըլլալու հանգամանքը, այլեւ` Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ոչ նիւթական արժէքներու, որոնց շարքին աւանդոյթներու եւ համայնքային կեանքի պահպանման կարեւորութիւնը:

Արմինէ Տիգրանեանի` «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը. պահպանութեան մեքանիզմները ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային համակարգում» գիրքերը Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ բաժնուեցան համաժողովի բոլոր մասնակիցներուն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արմինէ Տիգրանեան ըսաւ, որ իր զեկոյցէն ետք միջազգային իրաւունքի մասնագէտներէն, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներէն համագործակցութեան առաջարկներ ստացած է:

«Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Փիեր Տաղժան, որ միջազգային դատարաններու մէջ կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան հարցերը, առաջարկեց, որ իմ ունեցած փաստագրական նիւթերս ներկայացուին միջազգային դատարաններ: Այսինքն սկսի իրապաշտ գործընթացը», ըսաւ ան:

Համաժողովին ներկայ գտնուեցան` Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, «Եւրոպա Նոստրա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Դեսպան Բալայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտման, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի ուժով տեղահանուած հայերու ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման յոյժ կարեւորութեան: Ան նշեց, թէ մինչեւ այն ատեն որ Ազրպէյճանը չի կրեր ծանր հետեւանքներ իր կործանարար եւ աղէտալի գործողութիւններուն համար, ապա Ալիեւի վարչակարգը պիտի շարունակէ խախտել միջազգային իրաւունքը, միջազգային իրաւական կարգը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումները: Դեսպան Բալայեան ներկայացուց իր հայրենի գիւղի եկեղեցւոյ նկարները, որ, ըստ արբանեակային նկարներու, քանդուած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, եւ աւելցուց, որ անոնք կը միտին շարունակել այս աղէտալի քաղաքականութիւնը, որովհետեւ կը մնան անպատիժ:

 

Ազրպէյճանը բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի կը վերածէ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը յայտարարութեան մը միջոցաւ ահազանգեց, որ Ազրպէյճանը բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի կը վերածէ։

Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի մը վերածուի (լուսանկարը՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի)

«Ազրպէյճանի` պետական մակարդակով հայկական ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան եւս մէկ դրսեւորման ապացոյցներ հասանելի դարձած են: Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած տեսագրութիւնները հաստատած են Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի վերածելու մասին` դեռ 2021 թուականին յառաջացած հիմնաւոր կասկածները: Այժմ եկեղեցին շրջափակուած է քօղարկիչներով, իսկ տարածքին մէջ կը կատարուին շինարարական աշխատանքներ: Մինչ այդ հրապարակուած նախագիծէն պարզ կը դառնայ, որ եկեղեցին կը վերածուի մզկիթի` երկու մինարեթներով», կ’ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: