Երեւանի մէջ մէկ շաբթուան մէջ 29 արցախցի փոքրիկ ծնած է


Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները տեսակցեցան Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայերուն հետ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները այս տարուան Յունուարի աւարտին եւ Փետրուարի սկիզբը անգամ մը եւս տեսակցեցան Պաքուի մէջ պահուող հայերուն հետ, որոնց անունները հաստատուած են Ազրպէյճանի կողմէ:

Ըստ «Արմէնպրես»-ի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի:

«Ասոնք պարբերաբար կրկնուող տեսակցութիւններ են, որոնք կը համաձայնեցուին տուեալ երկրի ղեկավարութեան հետ», նշեց Ամատունի:

Ըստ անոր՝ տեսակցութիւններուն ընթացքին, ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչները կը ծանօթանան անոնց կեցութեան տարածքի պայմաններուն, առողջական վիճակին եւ կարելիութիւն կը տրուի կապ հաստատելու իրենց ընտանիքներուն հետ:

Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ Պաքու կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիներու ներկայութիւնը` հակառակ անոր որ հայկական կողմը փաստացի տուեալներ ունի, որ Պաքու իր մօտ կը պահէ 32 հայ գերիներ:

 

Կարմիր մահիկի աշխատակիցները այցելեցին Արցախի մէջ մնացած հայերուն
Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի աշխատակիցները այցելեցին Արցախի մէջ մնացած հայերուն` «գնահատելու համար անոնց կարիքները»:

Կարմիր մահիկի աշխատողները կ’այցելեն Արցախի մէջ նկացած հայերուն (լուսանկարը՝ Ազպէյճանի կարմիր մահիկին)

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` այցելութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբը, կազմակերպութեան աշխատակիցները «ծանօթացած են քաղաքացիներուն կենսապայմաններուն եւ անոնց հետ հարցուփորձ ըրին՝ յայտնաբերելու համար բնակիչներուն կարիքները, եւ թէ իրենք ի՛նչ օգնութիւն եւ ծառայութիւններ կրնան տրամադրել»:

 

Պաքուն կը հեռացնէ վկաները, կարգը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին է

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի առաքելութեան փակման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը:

Մանրամասն ու յստակ պատուիրուած յօդուածի մէջ մանրամասն նկարագրուած են բոլոր մեղադրանքները, թէ՛ Ստեփանակերտի առաքելութեան, թէ՛ ամբողջ կազմակերպութեան հասցէին:

Կը պարզուի, թէ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը միշտ ալ որոշակի կասկածներ եւ հարցեր յառաջացուցած է», եւ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Հայաստանի անպատասխանատու եւ ոչ թափանցիկ գործունէութեան պատճառով ղարաբաղեան տագնապին ժամանակ գերեվարուած ու պատանդ վերցուած շուրջ 4000 ազրպէյճանցիներու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է»:

Աւելի՛ն, «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այն կազմակերպութիւններէն էր, որ այս ամբողջ ընթացքին հաշուի չառաւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ, ոտնահարելով մեր երկրի գերիշխանութիւնը, գաղտնաբար համագործակցեցաւ Ղարաբաղի անջատողականներուն հետ»: Հակառակ ազրպէյճանական կողմի յամառ պահանջներուն, «գաղտնիութեան» պատրուակով, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Ազրպէյճանին չէ ծանօթացուցած Ստեփանակերտի մէջ առաքելութիւն բանալու համաձայնագիրի բնագիրին, որովհետեւ «ինքնավստահ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, առաջնորդուելով «մենք անկախ, անաչառ, չէզոք կազմակերպութիւն ենք» թեզով, խուսափած է Ազրպէյճանի այս օրինական պահանջին կատարումէն»:

«Իրականութեան մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) երբեք չի կրնար անկախ կազմակերպութիւն ըլլալ: ԿԽՄԿ-ն զուիցերիական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է», կը կարծեն յօդուածի հեղինակներն ու պատուիրատուները` աւելցնելով, որ «այն փաստը, որ սեպտեմբերեան գործողութիւններէն ետք ԿԽՄԿ-ն գրասենեակ պահած է Խանքենդիի (Ստեփանակերտ, «Թ») մէջ կը վկայէ անոր չարամտութեան մասին, որ այդ կազմակերպութիւնը դարձած է Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական խորհրդարանի եւ ԵԽԽՎ-ի հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան կատարողը:

«ԿԽՄԿ-ին յանձնարարուած է չփակել գրասենեակը, եւ ըսած են, որ անջատողականները պիտի վերադառնան Ղարաբաղ եւ դարձեալ պիտի զբաղին անօրինական գործունէութեամբ, եւ նման պայմաններու մէջ ԿԽՄԿ-ն պիտի շարունակէ «աշխատիլ», ինչպէս աշխատած է մինչեւ 2023 թուականը: Ներկայիս Խանքենդիի (Ստեփանակերտ, «Թ.») գրասենեակը Ղարաբաղի մէջ կը խաղայ Արեւմուտքի «աչքի եւ ականջի» դերը»:

Յօդուածի հեղինակները կու գան այն եզրակացութեան, որ «Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ վերացնել ԿԽՄԿ-ի Խանքենդիի գրասենեակի անհրաժեշտութիւնը: Եկած է Խանքենդիի ԿԽՄԿ-ի գրասենեակը փակելու ժամանակը: ԿԽՄԿ-ի Խանքենդիի գրասենեակը Ազրպէյճանի գերիշխանութեան նկատմամբ անարգալից վերաբերմունքի մաս է»:

 

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլարի լրացուցիչ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն տեղահանուած անձերուն

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլարի լրացուցիչ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն. այդ օգնութեան շնորհիւ, Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 19,300 անձ առաջնային մարդասիրական օգնութիւն պիտի ստանայ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով գործող «Ընկերային պաշտպանութիւն, ներառում եւ հզօրացում» ծրագիրին միջոցով, որ կ’իրականացուի «Տեմոքրըսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ:

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուած է 31 յունուարին` Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկով, որուն ընթացքին բռնի տեղահանուած անձեր ստացած են սնունդ եւ մաքրութեան իրեր: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Աննա Ժամկոչեան Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան Հայաստանի առաքելութեան փոխտնօրէնի պաշտօնակատար Մեթիու Լէյրտի եւ «Տեմոքրըսի Ինթըրնեշընըլ»-ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լիզպեթ Զոնվելետի հետ մասնակցած է ձեռնարկին:

Աննա ժամկոչեան այցելութեան ընթացքին ընդգծած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն մեր հայրենակիցները սեպտեմբեր 2023-ին հաշուըւած օրերու ընթացքին բռնի տեղահանուելով յայտնուեցան իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը վերսկսելու մարտահրաւէրին առջեւ: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ բազմաթիւ անհատներ աջակցեցան անոնց առաջնային կեցութեան եւ ապրուստի միջոցներ հոգալու հարցին մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածները կը շարունակեն պետական դրամական աջակցութիւն ստանալ նաեւ ձմեռուան ամիսներուն: Բոլոր այս պետական ծրագիրներուն մէջ մեր կողքին մեր տեղական եւ միջազգային գործընկերներն են, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ բռնի տեղահանուած ընտանիքին ժամանակ պէտք է իր ինքնաբաւ կեցութիւնը վերագտնելու համար»:

«Ընկերային պաշտպանութիւն, ներառում եւ հզօրացում» ծրագիրը Արցախէն տեղահանուած անձերուն կը տրամադրէ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն` մաքրութեան իրեր, տաք հագուստ, պարենային եւ ոչ պարենային ապրանքներ ու այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Աջակցութեան տրամադրումը սկսած է 2023 թուականի դեկտեմբերին եւ պիտի տեւէ 6 ամիս:

Աշխարհագրութիւնը կ’ընդգրկէ Երեւանը, Արարատի, Կոտայքի, Լոռիի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերը:

 

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ 

 

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանէն կը տեղեկացնեն, որ 6 փետրուար 2024-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ` ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի ներկայութեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան, արցախահայերու Արցախ վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի մէջ արցախահայերու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական վիճակին ու մարդասիրական օժանդակութիւններու վերաբերող հարցեր:

Շահրամանեան ներկայացուց Արցախի կարգավիճակին եւ յառաջիկայ քայլերուն վերաբերող իր պատկերացումները:

Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքներուն:

Նշենք, որ որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները։

 

Ալիեւ իր ընտանիքին հետ քուէարկեց բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ

Ալիեւ կը քուէարկէ Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը՝ ազրպէյճանական լրաըուամիջոցներու)

7 փետրուարին տեղի ունեցած Ազրպէյճանի նախագահական արտակարգ «ընտրութիւններ»ուն, նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքի անդամները քուէարկեցին բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Այլ ընտրատեղամասեր եւս բացուած էին բռնագրաւեալ Արցախի մէջ:

Քուէներուն առնուազն 92 տոկոսը խլելով` Ալիեւ 5-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ նախագահ, ոչ ոք անակնկալի մատնելով։

 

Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ աւերեցին Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորիյուշարձանը

Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ աւերեցին Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) յուշարձանը:

Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրին Սեփանակերտի մէջ

Ըստ ազրպէյճանական Թելեկրամի ալիքներով տարածուած տեղեկութեան, վանտալիզմը տեղի ունեցաւ 1 փետրուարին: Այս փաստը եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ, որ Ազրպէյճան չունի եւ չէ ալ ունեցած խաղաղութեան օրակարգ:

 

Ազրպէյճանը հանած է Արցախի Վանքասարի խաչը, իսկ վանքը որպէս աղուանական կը ներկայացնէ

Հայքի մշակոյթի պաշտպանը յայտարարութիւն տարածած է, որ «ազրպէյճանական ընկերային ցանցերու մէջ հարպակած լուսանկարներուն մէջ կը բացակայի Վանքասարի եկեղեցւոյ խաչը:

Այս եկեղեցին եւս Ազրպէյճանի պետական քարոզչամեքենան կը ներկայացնէ, որպէս աղուանական:

Այս մէկը եւս մէկ անգամ կը վկայէ, որ Ազրպէյճանը պետական մակարդակով բռնագրաւուած Արցախի մէջ կ’իրականացնէ մշակութային ցեղասպանութիւն:

Ազերիները հանած են Վանքասարի խաչը

1954 թուականի Հաագայի կանոնադրութեան 4-րդ յօդուածի համաձայն` կ’արգիլուի մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի ցանկացած գործողութիւն:

Ըստ Հաագայի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան` արգիլուած է գրաւեալ տարածքներու մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները:

Հարկ է յիշեցնել, որ Հաագայի արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբերի որոշմամբ արգիլուած են հայկական եկեղեցիներու պղծման գոծողութիւնները․ «Ազրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կ’իրականացուէին հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ․․․է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Երեւանի մէջ` Արցախէն բռնի տեղահանուածներներու ընտանիքներու մէջ, նախորդ շաբաթ ծնած է 29 փոքրիկ

Նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ ծնած փոքրիկներուն թիւը 1902 է ` 962 տղայ եւ 840 աղջիկ, բնակչութեան աճը կը կազմէ 1 տոկոս։

5 փետրուարին, այս մասին յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանի առողջապահութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Դաւիթ Կարապետեանը:

Ան ըսաւ, որ նախորդ շաբաթ արձանագրուած է ընտանիքի մէջ 8-րդ երեխայի ծննդեան 3 դէպք, 7-րդ-ի եւ 6-րդ -ի` երկուքական դէպքեր:

«Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներու մէջ Երեւանի մէջ նախորդ շաբաթ ծնած է 29 երեխայ` 14 տղայ եւ 15 աղջիկ», յայտնած է Կարապետեանը:

վարչութեան պետի պաշտօնակատարը տեղեկացրեց, որ նախորդ շաբաթ Արցախից տեղահանուած երկու բժիշկ աշխատանքի է անցել Երեւանի բուժհաստատութիւններում: